vendredi 6 janvier 2012

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ


ՅԻՍՆԱԿԱՑ ՊԱՀՔԻ ԵՒ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս.Ծնունդի պատրաստութիւնները կը սկսին ծնունդէն յիսուն օրեր առաջ. Յիսնակեաց պահքով: Առաջին, չորրորդ եւ հինգերորդ շաբաթները, պահքի շաբաթներ են, աշխարհականներու համար. Պահքին նպատակը Աստուածային ներկայութիւնը մեր մէջ հաստատելն է: Յիսնակի շրջանին, կիրակմուտքի եօթը օրերուն ընթացքին մէյմէկ ծիրանագոյն մոմեր կը վառուին «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականին երգեցողութեամբ:

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ. Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս տան աւետիս աշխարհի:
Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհեմ քաղաքի. Որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ: Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ. Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմացաւ:»

Յիսնակի շաբաթներու ընթացքին տօնածառ կը զարդարուի տուներուն մէջ, աղօթքներով եւ զԱստուած փառաբանող շարականներով: Տօնածառը որ ընդհանրապէս եղեւնի ծառն է, իր կանաչ գոյնով, խորհրդանիշն է մարդոց յաւիտենական յոյսին. Ծառին գագաթը զետեղուած աստղը երկնային խոստումն է, որ Աստուած խոստացած է Փրկչին աշխարհի համար, իր այդ խոստումին իրականացման նշանն է. Մոմը որ կը վառի ծառին վրայ, կը խորհրդանշէ Խաչը, որ աշխարհին լոյսն է. Երբ կը նայինք այդ մեծ լոյսին կը յիշենք, Յիսուս Քրիստոսը, որ իջած է աշխարհ, իր լոյսով:
Ծաղկեպսակը որ կը տեղաւորենք տօնածառին վրայ, կը խորհրդանշէ սիրոյ իսկական բնոյթը: Ճշմարիտ սէրը երբեք չի դադրիր, ինչպէս Աստուծոյ սէրը որ ո՛չ սկիզբ ունի ո՛չ ալ վերջ:
Կաղանդ պապիկը խորհրդանիշն է մեծահոգութեան եւ բարութեան որ մենք կը զգանք ամբողջ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին:
Փշարմաւի տերեւները խորհրդանիշն են անմահութեան. նման են այն փշեպսակին որ կրած է մեր Փրկիչը, կարմիր փշարմաւը Անոր արյան խորհրդանիշն է:
Շաքարէ ձեռնափայտը որ կը զետեղենք տօնածառի ճիւղերուն վրայ, կը նշանակէ հովիւին ձեռնափայտը, որուն հետ ան ետ կը վերադարձնէ մոլորուած ոչխարները:
Հրեշտակը որ կը զարդարէ տօնածառը, կը ներկայացնէ Աստուծոյ որդիին ծնունդը հայտարարող հրեշտակները որ երգեցին. «Փա՛ռք Աստուծոյ, աշխարհին խաղաղութիւն եւ բարիք մարդկանց»:
Տօնածառին վրայի զանգակը նշանն է Աստուծոյ ուղեցոյցին, եւ այն զանգակի ղօղանջին որուն շնորհիւ կորսուած գառնուկները ետ եկան, . Ան կը խորհրդանշէ առաջնորդութիւնը ու վերադարձը: Յիշեցնելով մեզի թէ, բոլորս ալ Աստուծոյ համար թանկագին ենք:
Յիսնակի վերջին շաբաթը անուշապուր «քաղցրապուր» կը պատրաստուի, որուն աւանդական սովորութիւնը մեզի հասած է դարերէ առաջ:
Մեր նախահայրերը երբ տակաւին բնական երեւոյթներու պատճառները չէին կրնար բացատրել, «ինչո՞ւ կ՛անձրեւէ, ինչպէ՞ս գետնէն ջուր կը բղխի, ինչպէ՞ս ծիլը կը ծաղկի, ծառը կը մեծնայ ու քաղցրահամ պտուղներ կուտայ...» հետեւաբար կը խորհէին թէ, այս բոլորին մէջ գերբնական մէյմէկ էակ կ՛ապրի, այսինքն ամենուն մէջ աստուած մը գոյութիւն ունի: Այս աստուածները պաշտելու համար կուռքեր շինած էին եւ իրենց զոհաբերութեան մասնաւոր օրերուն այդ կուռքերուն զոհեր կը մատուցանէին. Անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու համար: Այդ աստուածներէն մէկն էր Վանատուր կոչուածը, որ Ամանորի, պտղաբերութեան, եւ արդիւնաբերութեան աստուածն էր:
Վանատուրի յատուկ զոհաբերութեան օրը կը զուգադիպէր տարուան առաջին ամսուան, Նաւասարդի առաջին օրուան. Նաւասարդը մեր այսօրուան օգոստոսին կը համապատասխանէ: Տօնի այդ օրը ժողովուրդը Բագաւան գիւղը կը հաւաքուէր, գետին եզերքը, դաշտին վրայ, վրաններ կը լարէին, անթիւ ուխտաւորներ կուգային փառաբանելու, ծաղիկներ նուիրելու Ամանորի աստուածին որ իրենց առատ հունձք եւ բարիքներ պարգեւէ: Կը պարէին, իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, աղաւնիներ կը թռցնէին, փողեր կը հնչեցնէին ու որսի կ՛երթային:
Ժողովուրդը այդ օրը հետը կը բերէր իր հունձքէն Վանատուրին համար զատած բաժինը, որմէ քուրմերուն ալ կը նուիրէին, իսկ իրենք, տեղւոյն վրայ, հողի այլազան բերքերէն անուշապուր կը պատրաստէին: Աւանդական այս սովորութիւնը յարգելու համար, մենք ալ նոր տարիի առթիւ կը պատրաստենք այս տօնական քաղցրեղէնը:
Ըստ աւանդութեան՝ անուշապուրը պատրաստելէ գիշեր մը առաջ, ցորենը կը խաշեն եւ սանը սենեակին մէջտեղը տեղաւորելով վրան մաքուր ճերմակ լաթով մը կը ծածկեն ու կափարիչը կը գոցեն. Յետոյ տան անդամներուն, յաջորդ օրուայ հագուելիք զգեստները զգուշութեամբ սանին վրայ կը դիզեն:
Առաւօտուն, տունին երեցը, կանչելով բոլոր տան բնակիչները իր քով, կը բաժնէ իրենց հագուստները. Յետոյ խաչակնքելով՝ կը բանայ սանին կափարիչը եւ մէջէն քանի մը ցորենի հատիկ առնելով դրամապնակին մէջ կը տեղաւորէ. ճոխութեամբ ու բարգաւաճութեամբ դիմաւորելու եւ անցնելու համար նոր տարին:
Կաղանդի գիշերը, ժամը ճիշդ տասնըերկուքին, տան բոլոր լոյսերը կը վառեն եւ ծորակները կը բանան որպէսզի առատութիւն հոսի եւ լոյս տեղայ տունէն ներս: Նոր տարիին առաջին վայրկեաններուն տունին հայրը նուռ մը կը պայթեցնէ դրան սեմին, որուն հատիկները նոյնպէս ճոխութիւն ու առատութիւն կը պարգեւէն ընտանիքին:
* «Հայկական աւանդութիւն մը կ՛ըսէ թէ, պահ մը դադար կայ անհետացող տարուան յետին պահուն եւ սկսող տարուան առաջին վայրկեաններուն միչեւ: Այդ դադարին ատեն երկինքի դուռները կը բացուին եւ առատութեան հեղեղ մը կը տեղայ մեր մոլորակին վրայ:
Բոլոր աղերսանքները կ՛ընդունուին եւ եթէ մէկը սափորը տանի դնէ աղբիւրին տակ, ոսկիներով կը լեցուի»:
Ճրագալոյսի գիշերը, այսինքն 5 յունուարին, մայրամուտին, եօթը ծիրանագոյն մոմերը միասին կը վառին, ընտանիքը կը հաւաքուի տօնասեղանին շուրջ: Յաջորդ առաւօտ, եկեղեցի երթալով, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան պատարագին կը մասնակցին. Քանի որ Յիսուս Քրիստոս ծնունդէն ճիշդ երեսուն տարի յետոյ, նոյն օրը մկրտուած է, Յորդանան գետը, Սուրբ Ծննդեան պատարագէն վերջ կը կատարուի ջրօրհնենքի արարողութիւնը: Ջուրը կ՛օրհնուի, սուրբ Խաչով, սուրբ Աւետարանով եւ սրբալոյս Միւռոնով. Յետոյ ժողովուրդին կը բաժնուի:
Սուրբ պատարագի ընթացքին եւ յաջորդ ութ օրերուն, ողջոյն կը փոխանակուի. Ըսելով՝

«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ- Օրհնեալ է Ծնունդը Քրիստոսի»

 *Մինաս Չերազ«Քաղեց եւ պատրաստեց՝ ՍԻԼՄԱՐԺԱՆ»