mercredi 26 avril 2017

ԺԱԳ Ս.ՅԱԿՈԲԵԱՆ ♥ ԾԻԱԾԱՆ ☺ ՅՈ՛ՅՍ


ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԾԻԱԾԱՆ
ՅՈ՛ՅՍ

Ա.
Պիտի յուսա՛մ:
Գլխուս վերեւ՝ մութ ու ցուրտ ամպերու պատանք մը կը գերեզմանէ երկինքը:
Ոտքերուս տակ՝ ճամբան եղիճներու եւ խիճերու տափաստան մըն է:
Հեռուն կամ մօտը ո՛չ մէկ ճդագի կայծոռիկ չի կայծկլտար:
Եւ վերը՝ ո՛չ մէկ աստղ չի վառեր իր ադամանդին ժպիտը:
Ես կը յուսա՜մ սակայն:

Բ.
Արեւ չկայ վրաս՝ որ քայլերս լուսաւորէր:
Ծաղիկներ չկան շուրջս՝ որ ուղիս զուարթացնեն:
Ամայաստա՜ն ափէ ափ, ծայրէ ծայր, առանց նո՛յնիսկ ծառի մը կանաչօրէն յուսադրիչ հրաւէրին:
Ի՜նչ փոյթս, որ հեղձուցիչ մշուշը Անստոյգին կը պարառէ միտքս, եւ ուժերուս դիմաց կը պարըսպանայ պողպատեղէն Անկարելին:
Պիտի չվախնա՜մ:
Պիտի չընկճուիմ:
Պիտի չիյնամ:
Որո՛վհետեւ:
Նե՛րսս, անպեղելի խորութեանցս մէջ, անմատչելի անդունդներուս մէջ ունիմ բա՛ն մը, որ կրակներուն ամէնէն բոցավառն է, որ ապրումներուն ամէնէն յաղթականն է:
Օ՜, կանաչներուն ամէնէն կանաչն է ան:

Գ.
Յոյսս ինքնին յաղթանակ է, մթամած երկինքներուն դէմ, տատասկոտ ճամբաներուն դէմ, Անկարելիի եւ Անստոյգի հազար խուժաններուն դէմ:
Որովհետեւ գիտեմ, թէ Ա՛ն, որ յոյսին աստուածատիպ մարմնացումն է,
Ան, վաղ կամ ուշ-բայց շուտո՜վ, պիտի պայծառացնէ երկինքը իր արշալոյսով ու փառքով, վերեւս.
Եւ փուշերը շուշանի պիտի հրաշափոխէ քայլերուս առջեւ.
Եւ հառաչելու պէս այս շնչելը, կաղալու պէս այս քալելը, մեռնելու պէս այս ապրիլը պիտի դարձնէ ե՛րգ ու պար ու թռի՛չք...

Դ.
Եւ ես, այս յոյսով երջանի՜կ եմ.
Իրմով պայծառակերպուած երկնքին պէս:
Ես արփաւո՜ր եմ՝
Իրմով ջահաւորուած ճամբուն պէս:
Ես գեղեցի՜կ եմ՝
Իր աղուորցուցած բաներուն պէս:
Ողջ էութիւնս հիմա յոյսին յաղթական զանգակներով ղօղանջուն զանգակատու՜ն մըն է.
Ու թէեւ շուրջս մո՛ւթ, առջեւս մո՛ւթ, ես կը քալեմ լոյսի մէջէն:
Թէեւ շուրջս ձմե՛ռ, առջեւս ձմե՛ռ, ես կը քալեմ գարունի մէջէն:
Ես ինքս դարձած գարնան կանաչ ճիւղ, դարձած այգի ճառագա՛յթի՝ այն երկնածին յոյսով որ ծաղկեցուցած եւ բռնկեցուցած է սիրտս:

Ե.
Եւ հիմա, յոյսի ե՛րգ մը ունիմ հազա՛ր հազա՜ր բջիջներուս մէջ:
Յոյսի երգով մը հարուստ եմ այս անյոյս մութին եւ այս անյոյս ցուրտին եւ այս անյոյս մահաստանին մէջ, որ կը կոչուի աշխարհ:
Ե՛րգ մը, աւելի՛ բարձր ու յաղթական՝ քան բամբ ձայնը հողին, որ լախտի պէս կ՛իյնայ նաւաբեկեալ դագաղին վրայ:
Յոյսի ե՛րգ մը ունիմ, ո՛վ աներգ աշխարհ, արեւի պէս պայծա՛ռ, մայիսի պէս ծաղկո՛ւն:
Ե՛րգ մը, որ, արեւի շողին պէս ու գարնան շունչին պէս, թռչունները դուրս կը քաշէ իրենց ձմեռնային թմբիրէն ու ձիւնածաղիկ խորշերէն:
Որովհետեւ՝ ան ե՛րգ է յարութեան...
Յոյսս կ՛երգէ ինչպէս կ՛երգէ մշակը՝ ի տես յուռթի հունձքի խոստումին, որ ոսկի ոսկի կը հեղեղէ սերմնալից ակօսներն ի վար:
Սպասման անճամբորդ քարափներուն վրայ յոյսս կ՛երգէ միշտ. բարի գալուստի թաշկինակը ճօճուն ձեռքին, ի տես ձիւնափէշ նաւուն. որ կը փալփլի ու կը ծեքծեքի հորիզոնին:

Զ.
Յոյսիս երգին առջեւ՝ մշուշները կը չքանան եւ մութերը կը պայծառանան:
Գիշերներս ա՛լ գիշեր չեն մնար յոյսիս արեւուն տակ:
Ձմեռներս ա՛լ ձմեռ չեն յոյսիս մայիսին մէջ:
Յոյսս քուն չունի. նո՛յնիսկ երբ գիշերը կը կնքէ ամէն արտեւանունք իր խաւարով, իր կապարով:
Յոյսս չի՛ մսիր, նո՛յնիսկ երբ ձմեռը իր պաղ թեւերով կը գրկէ ամէն բան իբրեւ պատանք:
Ընդհակառա՜կը:
Յոյսս իր ճերմակ ճրագը կը ծագեցնէ անո՛նց, որ գիշերուան սարսափը կ՛ապրին, որպէս թէ գերեզմանին մէջ:
Եւ իր ծիծղուն կրակը կը վառէ անո՜նց, որ ձմրան սարսուռով կը ծիւրին, ի խոհ իրենց վրայ գոցուելիք դագաղներուն:
Յոյսի նետը կը պատռէ կապար երկինքը եւ կը ճախրէ անկէ հեռու, անկէ անդին:
Սահման չի ճանչնար իր թեւը:
Գերեզմանը յոյսիս համար չէ՜...
Ընդհակառա՜կը, յոյսս՝ իր ցնծութեան ծնծղայով կը ծածկէ ամէն արցունք, ամէն հառաչ, ամէն ողբ:
Յոյսս բարեւ ու արեւ ունի բոլոր մոկոտ ու որբ երազներուն եւ իղձերուն:

Է.
Սիրոյ երգը ուրախ չէ միշտ:
Հաւատքի երգը միշտ խնդուն չէ:
Բայց յոյսի երգը մի՛շտ ալ ցնծալից է Զատիկի առաւօտեան պէս ու Ծաղկազարդի ծափերուն եւ ճիւղերուն պէս:
Որովհետեւ՝ եթէ սէրը երջանիկ կը դարձնէ կեանքը.
Եթէ հաւատքը կը լուսաւորէ զայն.
Ապա յոյսը, օ՜, յոյսը կը  գեղեցկացնէ՜ կեանքը:
Կը գեղեցկացնէ զայն, իր ծիծղուն ծիածանը կախելով ու կամարելով նո՛յնիսկ ամէնէն մութ եւ ցուրտ ամպերուն վրայ, ամէնէն մռայլ ու անփայլ սիրտերուն վրայ:
Ու ես, թէեւ փուշերու եւ մութերու մէջ կանգնած, ինչպէ՞ս, այս աստուածահիւս ծիածանին տակ ինչպէ՞ս սիրտս չպահեմ երգո՜ւն՝ ձիւներուն մէջտե՛ղ ալ իր շարականը գլգլացող թռչնիկին պէս:
Այս ծիածանին տակ, ինչպէ՞ս ճակատս չպահեմ պայծա՛ռ՝ ձմրան մէջ ալ իր կանաչը եւ մայիսը ծածանող ծառին նման:
Եւ ինչպէ՞ս, սիրահարի մը տրոփումով եւ թրթռումով՝ ինչպէ՞ս չսպասեմ Անոր. որ անպայման պիտի գայ ծիրանիով ու ծիածանի գոյներով, ծիածանի գոյներուն մէջէն, հրաշակերպելու այս տգեղցած աշխարհը, այս դժբախտացած կեանքը:
Եւ հարսի մը սուրբ անհամբերութեամբը, կեանքիս բոլոր համբոյրներովն ու վարդերովն ու ծափերովը՝ կը պատրաստուիմ ա՛րդէն դիմաւորելու զԱյն-Փեսան:
Որուն անունը, օ՜, անունը ոտնաձայնն է յաւիտենութեան, տրոփն է երկինքին ու միակ շունչն է սրտիս:
Եւ յո՛յսս աւետաբեր:

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ