♥ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ ♥

Սիրոյ, թախիծի, 
պատրանաթափ կեանքի և երազանքներու 
♥բարեհամբոյր ջատագովը♥

ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԱԶ Է

Սէրն իսկ, այս գիշեր,
Չունի ինձ հրաւէր...
Մեռած են աղուոր
Իղձերը բոլոր.
Ու Ձայնը նորէն
Մութ հեռուներէն
Նոյն բանը կ՛ըսէ.
-Կեանքը երա՜զ է...:


ՏԻԵԶԵՐՔԸ ԵՒ ՀԱՄԲՈՅՐՍ

Այս իրիկուն՝
Մանիշակներն իր աչքերուն
Երբ համբուրել կ՛երթայի,
Յանկարծ կեցայ՝ օրօրուն
Եզրը կապոյտ ջուրերուն...
Մտածեցի.-
Ո՞րն է յարգի,
Մէկ մանիշա՞կն իր աչքին,
Թէ մարգրիտներն երկնքին,
Ու գտայ որ
Մեծ Բնակիչն երկնաւոր
Նուա՛զ հարուստ էր քան ես,
Իր Տիեզերքն, իրաւ որ,
Այնչա՜փ էր փոքր՝ համբոյրէս...:

ԳԻՆԱՐԲՈՒՔ

Լեցո՛ւր բաժակը՝ խմե՛մ
Գինին անո՜յշ հեշտանքին.
Ալ կը ծաղրե՛մ այս կեանքին
Սրբութիւնները դժխեմ:
Լեցո՛ւր բաժակը՝ խմե՛մ
Գինին կախա՛րդ հեշտանքին.
Այսքան ցաւով՝ երկնքին
Ինչպէ՜ս ճամբան ես գտնեմ:
Լեցո՛ւր բաժակը՝ խմե՛մ
Գինին բոսո՜ր հեշտանքին.
Կ՛ուզեմ հո՜ւրը դժոխքին,
Ալ լուսնի լոյսն ի՛նչ ընեմ:
Լեցո՛ւր բաժակը՝ խմե՛մ
Գինին պղտո՜ր հեշտանքին.
Քիչ մ՛ալ այս մութ վայրէջքին
Ծով-ծով խռովքը փորձեմ...
Լեցո՛ւր բաժակը՝ խմե՛մ
Գինին հարո՜ւստ հեշտանքին.
Գինով ըլլամ ու կեանքին
Անմըտութիւնը երգեմ...
Լեցո՛ւր բաժակը՝ խմե՛մ.
ՄԱ՛ՀՆ է ահա աչքիս դէմ...:


ՄԵՂՔ Է...

Այս աշխարհիս մէջ ի՞նչ ըրի ես, ի՞նչ...
Դեռ սրտիս վրայ վարդ մը չեմ սեղմեր,
Եւ արդէն շուրջս են ագռաւի տարմեր.
Թոյլ պիտի տա՞ս, Տէ՜ր, որ աչքերըս ջինջ
Ըլլան անոնց կեր...
Դեռ չեմ ողջուներ Աստղը վարդերանգ,
Որուն ըղձանքէն ըրիր զիս դեղին.
Մե՜ղք է, Տէր Աստուած, որ նետես հողին
Այսքան կայծ ու խունկ, երգ ու երազանք,
Մե՜ղք է քու փառքին...:


ԳԻՏԵ՞Ս

Գիտե՞ս, գիտե՞ս,
Ո՜վ իմ աղուոր,
Հոգիս պղտո՜ր
Է ծովի պէս...
Մո՜ւթ՝ ծովի պէս...
Ու խոր, շա՜տ խոր.
Ո՜վ իմ աղուոր,
Գիտե՞ս, գիտե՞ս...
Ու ցա՛ւ մ՛ունիմ,
Գիտե՞ս, գիտե՞ս,
-Անրունդի պէս-,
Որմէ կ՛այրիմ...
Ու կ՛արբենամ...
Գիտե՞ս, գիտե՞ս,
Թէեւ սրտէ՜ս
Ես միշտ կու լամ...
Ա՜հ, ինչու որ,
Ո՜վ իմ աղուոր,
Հոգիս պղտո՝ր
Է ծովի պէս...:

ՀՈՎՈՏ ԳԻՇԵՐ

Մոմը տակաւ կը մարի,
-Հոգիս դատա՛րկ է նորէն-
Գիշերուան հովն ուժգնօրէն
Հին ցաւերուս կը փարի...
Մտածումներս կը հատնին.
-Հոգիս դատա՛րկ է նորէն-
Ցուրտ բարձերուն ծայրերէն
Ցաւոտ յուշեր կը ծընին...
Սիկարս յուշիկ կը սպառի.
-Հոգիս դատա՛րկ է նորէն-
Կապոյտ ծուխը հեղգօրէն
Կ՛երազկոտի, կը ցնդի...
Միտքս ՈՉ ին կը յարի.
-Հոգիս դատա՛րկ է նորէն-
Գիշերուան հովն ուժգնօրէն
Ա՛լ ցաւերուս թող փարի,
Մոմըս տակաւ կը մարի...:

 Չ՛ԸՍԻ՞

Մութը չիջած, իրիկուընէ,
Իրեն ըսի թէ ինձ համար
Սէրը տժգոյն ծաղիկ մըն է,
Չոր շունչիս տակ չէի կրնար
Ապրեցընել―լուռ, կը խնդար․․․

Մութը չիջած, իրիկուընէ,
Իրեն ըսի թէ ինձ համար
Սէրը հիւանդ կարապ մըն է,
Չոր շրթունքներս չէին կրնար
Կեանքի բերել―լուռ, կը խնդար․․․
Մութը չիջած, իրիկուընէ,
Իրեն ըսի թէ ինձ համար
Սէրը մեռնող նշոյլ մըն է,
Զոր իմ հոգիս ալ չէր կրնար

Բոցավառել―լուռ, կը խնդար․․․
Ու լուսնին տակ, կես-գիշերին,
Երբ կ՛իջնէինք բլուրն ի վար՝
Կը կշտամբէր զիս հոգևին․
«Տես, հիւանդ եմ, ու չե՛ս գթար»
Կը մրմնջէր ու լուռ կու լար․․․

Բայց ես իրեն չըսի՞, չըսի՞,
Իրիկուընէ, մութը չիջած,
Թէ ցուրտ Հովէն եթէ մսի՝
Այս հոգիովս, ցավէն շիջած,
Չէի՛ կրնար հուր տալ, չըսի՞․․․

ՊԶՏԻԿ ԱՂՈՒՈՐ ԱՂՋԿԱՆ

Պըզտիկ աղջիկ, աղուոր աղջիկ,
Ինձմէ հեռու․
Կը վայլեն քու վարդ ու յասմիկ
Լոկ աստղերու․․․

Իզո՛ւր ճակատդ ինձ կ'երկարես,
Որ համբուրեմ․
Թախիծն առա՛ւ լոյսն աչքերէս,
Ու ես կո՜յր եմ․․․

Ու ես քեզի, տես, կը բերեմ
Հոգի մը ծեր․․․
Աստղերուն տար ― ես կը ներեմ ―
Համբոյրդ ու սէր․․․

Պըզտի՛կ աղջիկ, անո՛յշ աղջիկ,
Ինձմէ հեռու․
Կը վայլեն քու վարդ ու յասմիկ
Աստուածներու․․․


ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Իր թախիծովն անսահման՝
Աշնան սա վարդն է նման
Սրտի մը մութ:
Օրէնք անգութ.-
Կը մեկնի բոյրը վարդէն,
Կ՛երթայ ժպիտը մարդէն՝
Որ աւելնայ
Հողին վրայ
Ափ մըն ալ հող, ուր սակայն
Նոր-նոր սերմեր կը դողան:

ՀՈՎԸ ՔԻՉ-ՔԻՉ

Հովը քիչ-քիչ կ՛անհունի,
Հիւա՜նդ է ծովը արդէն...
Կարծես թէ բի՜ւր վէրք ունի,
Որոնք շարա՜ւ կը ծորեն...
Սէրս քիչ-քիչ կ՛անհունի,
Հիւա՜նդ է սիրտըս արդէն...
Հազար-հազա՛ր վէրք ունի,
Որոնք արե՜ւ կը ծորեն...:
 
ԿԸ ՍԻՐԵՄ...

Կը սիրեմ իրեն
Գիշե՜ր նայուածքին
Տաղերը մեկին...
Կը սիրեմ իրեն
Անդո՜ւնդ մազերուն
Նուագն օրօրուն...
Կը սիրեմ իրեն
Ծոծրակը ձիւնէ,
Որ երա՜զ մըն է...
Ու շա՜տ կը սիրեմ
Իրիկնամուտին՝
Համբոյր մ՛իր ճակտին...
Բայց ամէնէն շատ
Կը սիրեմ իրեն
Արցո՜ւնքն հոգիէն...
ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ

Ինչպէս մանուկ մը նսեմ՝
Մայրամուտէն տժգունած՝
Ահա նորէն, Տէ՛ր Աստուած,
Կարօտագին կը սպասեմ...
Ո՞վ պիտի գայ՝ Չե՜մ գիտեր:
Ցուրտ երկնքիդ ակնդէտ,
Իմ այս յոգնած սրտիս հետ՝
Որո՞ւ համար կու լամ, Տէ՜ր...:

ԼՈՒՌ ՑԱՒ

Գունատ իր դէմքէն
Արցունք մը կ՛իյնայ
Ցուրտ ձեռքիս վրայ...
Լռութի՜ւնն այդ մութ...
Աչքերն իր ունին
Թախի՛ծն անհունոն...
«Ինչո՞ւ, քոյր, ինչո՞ւ...»:
Արցունք մ՛ալ կ՛իյնայ
Ցուրտ ձեռքիս վրայ...
«Անդո՞ւնդը տեսար...»:
Աչքերն իր ունին
Գիշե՛րն անհունին...
«Քեզ կը սիրե՜մ, քոյր...»:
Հիւանդ կուրծքիս վրայ
Լուռ կը հեկեկայ...
Տէ՛ր, մեզի գթա՜...:
 
ՊԱՂԱՏԱՆՔ

Լա՜ց...
Արցունքներէդ իղձերըս վա՛րդ եղան, տե՛ս.
Հոգիս՝ ճերմա՜կ, ձիւնի պէս...
Լա՜ց...
Աստղի աղբիւրն այդ քու վճիտ
Հոգիիդ
Բա՜ց, բա՜ց...
Ահ, քի՛չ մըն ալ, քի՛չ մըն ալ
Կ՛ուզեմ մնալ
Մարգարտաշիթ այդ անձրեւին տակ քու վճիտ
Հոգիիդ...
Յետոյ քեզ հետ
Ըլլանք անհետ
Սա տարօրէն ճամբաներէն անհունին...
Կը տժգունին,
Տե՛ս, աչքերըս կիսաբաց.
Լա՜ց, քոյր, լա՜ց...: