ՏԱՐԵՎԵՐՋ
Ա
Տարի
մը
ևս
աւելցաւ
տարիներուդ
վրայ
անցեալ
Ու
տարիքիդ
հասկին
մէջ
հատիկ
մըն
ալ
հասունցաւ.
Բախտաւո՛ր
ես.
որ
կեանքի
օրհնութիւնները
անբաւ՝
Բարի
կամքովն
Աստուծոյ
վայելեցիր
տարի
մ՛ալ:
Բերքն
օրերուդ
բազմացաւ
նոր
որայով
մ՛երկնացիր,
Բայց
հոգիի
ու
ձեռքի
ձգեցիր
ի՞նչ
հունձք
ետիդ:
Եւ
օրերով
ծանրացա՜ւ
հողեղէն
թիւը
շուքիդ,
Բայց,
ո՛վ
հոգիս,
ի՞նչ
չափով՝
կեանքիդ
որակն
անկշիռ...
Ահա
ծաղի՛կ
մ՛աւելցաւ
տարիներուդ
փունջին
վրան,
Բայց
տարեփունջդ
իր
գեղէն
և
օրերէն՝
իբրև
յուշ՝
Այլոց
սրտին
ու
ձեռքին
մէջ
ի՞նչ
ձգեց
- բո՞յր
թէ
փուշ,
Եւ
ափիդ
մէջ
ի՞նչ
մնաց
իրմէ
- շափրա՞կ
թէ
շլան...
Եսիդ
համար
կերտեցիր
նոր
գանձերու
ամբար
նոր՝
Գուցէ
մի՛այն
ապագայ
կերուխումի
ի
խնդիր.
Տարիներէդ
բայց
պարարտ՝
դուն
ի՞նչ
բաժին
հանեցիր
Նախ
Աստուծոյ,
և
ի՞նչ
շահ
եղան
անոնք
քու
եղբօր:
Գարունն
ետին
կը
թողու
ծաղիկ
ու
տաղ
ու
ժպիտ,
Արեւը
գանձ
ու
բարիք
կը
բաշխէ
լոյս
ու
խինդի,
Ծաղիկին
կեանքն՝
համակ
բոյր,
ճնճուղինն
է
մեղեդի,
Իսկ
դուն
արևդ
ի՞նչ
ըրիր,
ի՞նչ
եղաւ
երգը
շունչիդ:
Բ
Եթէ
գիտցար
պարպուիլ
Եսով
գիրցած
անձէդ
վէս,
Սիրտըդ
ընել
սիրաբար
այլոց
Եսին
սկահակ,
Անոնց
ցինծին
ըլլալ
դա՛փ
կամ
արցունքին՝
թաշկինակ
Ծագէ
ծագ
սէրըդ
բաժնել
ու
ճանաչիլ
լոյսի
պէս:
Եթէ
կրցար
քու
տեսիլքն՝
իբրև
դրօշ
ոսկեղէն՝
Մարդոց
աչքին
ու
սրտին
դէմ
ծածանել
ջահապէս,
Ցնծա՛,
տարիդ
ապրեցար
բազմապատիկ,
երնէ՜կ
քեզ,
Զի
ինչ
որ
դուն
կը
բաշխես՝
ա՛յդ
կը
շահիս
բիւրօրէն:
Բայց
սրտիդ
մեղրն
ու
գինին
եթէ
լոկ
քե՛զ
պահեցիր,
Եթէ
պալատն
օրերուդ
դուն
չոացիր
բնաւին
Անօթևան
ճամբորդին,
կամ
որբուկի
կոյր
լամբին
Չլեցուցիր
լամբիդ
ձէթ՝
որ
ան
վառի
աստղալիր:
Բայց
եթէ
Եսըդ
իբրև
ժայռ
կանգնեցիր
դեգօրէն
Եղբայրութեան
դէմ
մարդոց,
վա՜յ
քեզ,
տարիդ
ու
թերևս
Ողջ
կեանքդ
անդա՜րձ
վատնեցիր
և
կորուսիր
վերջապէս,
Զի
ինչ
որ
քեզ
կը
պահես՝
այդ
կորսուած
ես
արդէն:
Գ
Այսօր,
կայքի՜ն
հին
տարւոյն
և
նոր
տարւոյն
կոյս
շեմին
Օն,
նայէ՛
հեղ
մը
ետև՝
ոտնակոխած
օրերուդ,
Մշակն
ինչպէս
կը
քննէ
ցանած
դաշտերն
ոսկեկոյտ,
Ճամբորդն
ինչպէս
կը
չափէ
ճանապարհած
իր
ուղին:
Նայէ՛
հերկած
տարիիդ...Հոն ամայքէ զատ անույշ
Եթէ
ոչինչ
չգիտես
ու
չտեսնես
հոն
շոշեր,
Դուն
ափսոսա՝
ունայնին
առջև
որ
կեանքդ
է
եղեր,
Թէպէտ
ա՛լ
ողբըդ
ըլլայ
անյունօրէն
զո՜ւր
և
ո՜ւշ...
Դիտէ՛
օրերդ
ակօսած
է
գին
սիրո՜յդ
լուսածին
Ու
քրտինքիդ
սիրածոր
և
հրճուէ՛
դուն
ի
տես
Հունձքի՛դ
շռայլ
ու
շքեղ,
որմէ
հանդերըդ
բեհեզ
Մերկացուցիր՝
պճնելու
մերկ
ամբարներն
ուրիշին,
Որուն
իւղէն
խեղճացար՝
վառելու
լամբ
մը
մթին
Եւ
գինիովը
որուն
լեցուցիր
սիրտ
մը
ծարաւ...
Ինչ
որ
այլոց
բաժնեցիր՝
միակ
վարձքդ
ա՛յդ
է,
հոգի՛ս...
ԱՍՏՂԸ ՑՆԾԱՓԱՅԼ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ
Ես
տեսա՛յ
աստղըդ,
Յիսո՛ւս,
զոր
կոյր
մութիս
յայտնեցիր
Բիւրեղ
ու
բարձր
երկինքէդ՝
իբրեւ
շնորհ
լուսածիր,
Զայն
կախելով
մեղսամած
անդունդին
մէջ
իմ
հոգւոյս,
Որ
ան
ըլլայ
կողմնացո՛յց
յուսակորոյս
քայլերուս...:
Թոթափելով,
մոռնալով,
ուրանալով
ամէն
բան՝
Որ
կեանքըս
պի՛նդ
կը
կապէր
այս
աշխարհի
դիւթական,
Ես,
մոգի
տրո՛ւպ
մանկլաւիկ,
ակնկառոյց
հոգեւին՝
Երկրի
բոլոր
աստղերէն
հետեւեցայ
քո՛ւ
աստղին,
Խոնարհութեամբ
ու
յարդով
հիւսուած
մսո՛ւրդ
գտնելու
-Ուր՝ հողեղէն հանդերձով՝
Աստուածութի՛ւնըդ
իջաւ-,
Եւ
պաշտելու
քեզ
այնտեղ՝
ալէլո՛ւ
առ
ալէլո՛ւ...:
Բայց
ոսկիի,
կնդրուկի
եւ
զմուռսի
տեղ
իրաւ,
Թէպէտ
սակաւ՝
այլ
ամբո՛ղջ
ես
կ'ընծայեմ քու սրտին
Օրհներգութեանըս
կնդրուկն,
համբոյրներուս
զուտ
ոսկին,
Եւ
պաշտումիս
վառ
զմուռսն,
որ
չի՜
հանգիր,
չի՜
հատնիր...:
ՅԻՍՈՒՆԻ ԱՓԻՆ
Թէև
յիսուն
տարեկան,
բայց
նոյն
տղան
եմ
կարծես,
Կենսաթրթիռ,
լուսաթիռ
քսանամեան
երէկուան:
Լոկ
դէ՛մքս
է
քիչ
մը
փոխուէր
և
տժգուներ
են
մազերս,
Բայց
սիրտըս
նո՛յն
կարմիրն
է
և
նո՛յն
տրոփը
գարնան:
Ինչ
որ
երէկ
ունէի՝
այսօր
ալ
գանձս
է
ոսկի:
Տարիներուն
տակ
յիսուն,
որ
կը
ճնշեն
կուռ
ուսիս,
Յիսուն
մկան
զօրութեամբ
հասակըս դեռ կը կանգնի.
Վա՜րդ
են
անոնք
որ
մարմնիս
դեռ
կու
տան
գեղ
ու
մայիս...
Ամառն
որա՜յ
առ
որա՜յ
կը
ծովանայ
աչքս
ի
վար.
Եւ
ես
հնձուորն
եմ
անոր
ոսկիներուն
անթարշամ:
Վաղը,
ի՜նչ
փոյթ,
մարմնիս
վրայ
փչէ՜
դեղին
գոյժն
աշնան,
Իջնէ
պատանքն
հուսկ
նինջին
խաւա՜ր,
դաւաբա՜ր,
Իջնէ՝
ձմերռն
ալ
հողին,
այժմէն
կ՛երգեմ
աւելի՜,
Զի
երէկէն
աւելի
բան
մը
ունիմ
հրաշալի.
Կոյր
քսանէս
ծածկուած
Լոյսն
երկնքի...
ՇՆՈՐՀԱՒՈ՜Ր
Հին
Տարիին
եւ
Նոր
Տարւոյն
Եղբայր
ու
քոյր
կարօտագին
Հանդիպումին
գիշերային՝
Եկէք
վառե՛նք
մոմե՛ր
գոյն
գոյն:
Բայց
ա՛յնպիսի
մոմեր
վառենք
Տօնածառին,
Որ
լո՛յս
բերենք
այս
աշխարհին
Մթին
ու
հին:
Հին
Տարիին
եւ
Նոր
Տարւոյն
Համբոյրի՛
գոյն
Ողջագուրման
միստիք
պահուն,
Երբ
կը
մարին
լոյսերը
հին
Եւ
հին
յոյսերն
ա՛լ
կը
մեռնին,
Եկէք
վառե՛նք
Որպէս
նուէր
ու
կաղանդչէք՝
Երեք
մոմեր,
մոմե՜ր
երեք,
Որ
աշխարհին
այս
վիրաւոր
Բերեն
երկինք
ու
երգեր
նոր
Եւ
անվախճան
մէկ
Ամանոր:
Եկէ՛ք
Երեք
մոմեր
վառենք
Ամանորի,
Որ
ան
լոյսով,
Որ
ան
յոյսով
դիմաւորուի
Իր
մութ
սեմին:
Մէկուն
անունն
ըլլայ
Հաւա՛տք՝
Դառնայ
կրակ,
Բոցը
միւսին
Յո՛յս
թող
վառի՝
Դառնայ
արփի,
Իսկ
երրորդ
մոմն
ըլլայ
Սէ՛ր՝
Խնկէ՛
բոյրեր:
Եւ
եռաբոց
այս
մոմերէն
Ձեռքէ
ի
ձեռք
հրդեհաբար
Մոմե՛ր
վառենք
հազար-հազար,
Որ
մոմանտա՛ռ
դառնար
աշխարհ...
Փշածառին
վրայ
կեանքի,
Իբրեւ
մոմեր
աստեղաբոց,
Եկէ՛ք,
մարդե՛ր,
Վառենք
Հաւատք
ու
Յոյս
ու
Սէր,
Որ
սիրտերուն
մէջ
ան
փոխուի
Տօնածառի
հրաշազօծ:
Ու
մոմերովն
այս
երեք
նոր
Տօնենք
այսօր
Նոր
Ամանոր:
Մոմե՛ր
վառենք
Մենք
Հաւատի,
Սիրոյ,
Յոյսի,
Որ
սիրտին
մէջ
սնանկ
մարդուն՝
Բացուի՛
սուրբ
լոյսը
Հաւատքի,
Որ
փուտ
ու
սուտ
յոյսի
փոխան՝
Ծագի
վաղուան
տեսիլք
ոսկի,
Որ
բողբոջի՜
սիրոյ
շուշան՝
Փուշերուն
տեղ
ատելութեան:
Հոգիէ՛ն
մեր՝
Վառենք
մոմեր
Մենք
Հաւատքի,
Սիրոյ,
Յոյսի,
Որ
ոսկիով
կուռ
Հաւատքի
Հարստանա՜յ
սնանկ
հոգին,
Որ
քաղցրանա՜յ
կեանքի
լեղին
Յոյսի
մեղրով,
Դրախտնա՜յ
վարդո՛վ
Սիրոյ՝
Դժոխք
աշխարհը
այս
փշոտ:
Աստղե՛ր
որպէս՝
երկինքէն
մեր
Վառենք
մոմե՛ր
Մենք
Հաւատի
զմրուխտագոյն,
Որ
մերկ
կեանքերն
հագնին
գարուն,
Մոմե՛ր
Յոյսի
երկնակապոյտ,
Որ
լոյս
երկինքն
իջնէ
երկիր,
Մոմե՛ր
Սիրոյ
հրակարմիր,
Որ
ձմեռոտ
Սիրտերուն
մէջ
արե՛ւ
ծագի,
Կիրակենի:
Հաւատքն
ու
Յոյսն
ու
Սէրը
մեր
Ա՛յնպէս
վառենք,
Մինչեւ
անոնք
ըլլան
մէկ
մէկ
Ջահեր
անշէջ,
Որ
Նոր
Տարին
ամենեւին
Ռդառնայ
հին,
Որ
մարդն
երբեք
չծերանայ
Իր
հոգւոյն
մէջ,
Որ
աշխարհն
այս
չչարանայ
Անգամ
մըն
ալ,
Այլ
օրէ
օր
պայծառանայ
Ու
աղուորնայ,
Միշտ
նո՛ր
մնայ:
Սիրոյ,
Յոյսի
ու
Հաւատքի
Երրեակ
գոյնով
մոմերը
մեր
Այնպէ՛ս
վառենք,
Որ
զգենուն
լոյսի
թեւեր,
Առնեն
թռիչք
բորբ
ու
բոսոր,
Լուսավառեն
աշխարհն
անսէր՝
Անրջական
Արշալոյսովն
Երջանկութեան,
Իբրեւ
ծնէր
աշխարհ
մը
նոր
Եւ
սկսէր
Նո՛ր
Ամանոր:
Կեանքերը
մեր
ընենք
մոմեր
Ամանորեան
Եւ
բաշխուինք
եղբա՜յր
եղբա՜յր
Ճաճանչաբար,
Բաշխենք
Հաւատք
ու
Յոյս
ու
Սէր՝
Լոյսի՝
հանգոյն
Եւ
օրհնութ՛ան
յիսուսագոյն:
Ու
գլխագիր
Արեգակէ՛ն
Տիեզերքին
լուսաւորուա՛ծ
Որպէս
երկինք
աստեղամած,
Մենք
ճաճանչուն
Լուսաւորե՛նք,
աստղավառե՛նք
Ամէն
անկիւն,
Վտարե՛նք
մութը
թշնամի՝
Մոմերովը
մեր
Հաւատքին
Յոյսին,
Սիրոյն,
Մինչեւ
ծագի
ու
ծածանի
Սիրտէ
ի
սիրտ,
ծագէ
ի
ծագ,
Ծիածանը
Եղբայրութեան
Հէքեաթանուն,
Որ
իր
ծոցին
մէջ
երեքգոյն
Պիտի
գրկէ
աշխարհն
համբուն:
Հին
Տարիին
եւ
Նոր
Տարւոյն
Համբոյրի
պէս
Հանդիպումի
պահուն
այս
սուրբ,
Երկի՛նք
պարզած
Մեր
ձեռքին
մէջ
երեք
մոմեր
Արեւահեր,
Երկի՛նք
բարձած
Մեր
սիրտին
մէջ
Հաւատք,
Յոյս,
Սէր
Շուշանավառ,
Հրեշտա՛կ
իբրեւ՝
եկէք
երգե՛նք
Աւետիսի
ձայնով
զուարթ.
-Շնորհաւո՛ր ըլլայ,
Ըլլայ
շնորհաւո՜ր,
Շնորհաւո՜
Ծննդատօն
եւ
Ամանոր
Նոր
Հաւատքի-
Սիրոյ,
Յոյսի
Ու
Կեանքի
նոր,
Ո՛վ
Նոր
Աշխարհ,
շնորհաւո՜ր,
Շնորհաւո՜ր...
Օ՜ ՂԱՐԱԲԱՂ...
Հազար
երակ
մեզ
կը
կապեն
քու
լեռներուդ
Հայախորհուրդ:
Հազար
բանակ
մեզ
չեն
կրնար
բաժնել
յաւէտ
Քու
լեռներէդ,
Օ՜
Ղարաբաղ...
Դարեր
ի
վեր
մենք
մեր
սրտին
մէջ
կը
կրենք
Լեռներըդ
սէգ:
Դուն
չես
դադրեր
մե՛րն
ըլլալէ
քու
լեռներով
Հոգեխռով,
Օ՜
Ղարաբաղ...
Դիւցազներգակ
հէքիաթներդ
արիւնն
են
մեր
Գինովցուցեր.
Իսկ
քեզ
տեսնել
բանտուա՛ծ
բազէ՝
մեզի
արցունք
է,
մեզի
սուգ,
Օ՜
Ղարաբաղ...
Բայց,
չե՜նք
յոգնիր
սպասելէ,
որ
օր
մ'երազ
Տո՛ւն
կը
դառնաս,
Լեռներդ
ի
վեր
կը
ծածանի
ազատատենչ
Արեւըդ
պերճ,
Օ՜
Ղարաբաղ...
Վերադարձի
կոչը
այսօր
կը
փողերգէ
Ամէն
ծագէ:
Քեզի՛,
գերի
ու
որբ
զաւկի՛ն
կարօտ
է
մայր
Հողը
արդար
,Օ՜ Ղարաբաղ...
Հազար
զանգակ
ռո՛ւմբ
ռո՛ւմբ
պայթին
թող
լեռներէդ
Հերոսաւէտ,
Երբ
դուն
ահա՛
կ'ողջագուրուիս
եարիդ
հետ
հին՝
Երեւանի՛ն,
Օ՜
Ղարաբաղ,
մե՛ր
Ղարաբաղ...
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԱՏՕՆԻ ՄԱՂԹԱԳԻՐ
Մոմե՛ր
վառենք
մենք
Հաւատքի,
Որ
սիրտը
մեր
դառնայ
ոսկի:
Վառենք
մոմե՛ր
նաև
Յոյսի,
Որ
մեր
հոգին՝
նման
խունկի՝
Չորս
դին
սփռէ
բոյրն
Յիսուսի:
Բայց
մանաւանդ
մոմե՛ր
Սիրոյ՝
Վառենք
նման
տօնածառի,
Որ
մեր
ողջ
կեանքն
ողջակէզի
Պէս՝
Աստուծոյ
ըլլայ
հաճո՛յ,
Փառքին
համար
Իր՝
գովելի:
Աստղանման
մոմեր
որպէս՝
ՀԱՒԱՏՔ,
ՅՈՅՍ,
ՍԷՐ
թո՛ղ
կեանքին
մեր
Ըլլան
շողերը
օրհնաբեր,
Ծովն
ի
ծով
ծագերն
ի
վեր:
Վառե՛նք,
փայլի՛նք
մոմերու
պէս...:
ՄԵՐ
ՄԱՅՐԵՐԸ
Մեր
տուներուն
ճոխ
ձե՜ռքն
էին
Մայրերը
մեր...
Եւ
այս
ձեռքերն,
առտու-գիշեր,
Կը
պահէին
Թոնիրը
հի՛ր,
լամբարն՝
արթո՛ւն,
Իլիկը՝
ժի՛ր,
օրրա՛նն՝
օրրո՛ւն,
Ամբարն՝
հարո՛ւստ:
Սեղանը՝
լի՛,
քիմքերը
կո՛ւշտ
Կը
պահէին
Հացին
համով
ու
ոսկիով,
Միրգին
հոտով
ու
գինիով:
Եւ
նօթիին
ու
ճամբորդին,
Հրաւէրի
պէս
դուռը՝
ազա՛տ
Ու
մեղրի
պէս
կուժը
առա՛տ
Կը
պահէին:
Մեր
պահապան
մայրե՜րն
էին...
Մեր
տուներուն
վառ
ե՛րգն
էին,
Մայրե՜րգն
էին
Մայրերը
մեր...
Արծաթն
իրենց
ծիծաղներուն
Երբ
արեւուն
հետ
ծնծղայէր՝
Տունը
կ՛առնէր
խնջոյքի
բոյն
Արշալոյսէն
մինչ
իրիկուն:
Իրիկուան
դէմ,
Քնարի
պէս
մայրերը
այս,
Երգերը
այս,
Սեմին՝
ժպիտ
կը
սփռէին,
Գիրկ
ու
կարօտ
կը
պարզէին՝
Դժուար
օրուան
տենդ
ու
տապէն
Տուն
դարձողներն
իրիկնային
Ընդունելու
Զով
ու
շուքովն
ովասիսի:
Կը
սրբէին
անոնց
ճակտէն
Քիրտն
ու
փոշին:
Թաշկինակով
մը
մայիսի
Եւ
հօր
ուսէն
կ՛առնէին
վար
Առօրեայի
բեռը
կապար
-Լե՜ռ մը կապար-
Որ
անոր
սիրտը
խոնջահեւ՝
Շուշաններո՛վ
լեցուի
թեթեւ:
Մեր
հրեշտակ
մայրե՜րն
էին...
Մեր
տուներու
գարո՜ւնն
էին
Մայրերը
մեր...
Մայիսն
իրենց
կը
դարձնէր
Ածուն՝
դալա՛ր՝
Ծաղիկներով
Օրրոցը՝
վա՛ռ՝
Մանկիկներով:
Մեր
մայիսեան
մայրե՜րն
էին...
Մեր
հիւղակին
կախարդն
էին.
-Զայն դղեակի կը փոխէին:
Մեր
պարտէզին
վարդերն
էին.
-Հարսի նման կը պչրէին
Մետա՜քս,
մետա՝քս:
Ընտանիքին
զարդերն
էին.
-Պուպրիկի նէս կը պճնէին
Դահլիճը
տան,
Հարսը
կեսրան:
Եւ
բամբիշի
կարթեր
էին.
-Իրենց յօնքով, իրենց կոնքով,
Խաղ
ու
ժպիտ
կը
շարժէին
Հաջաղին
տակ,
Կը
պահէին
իշխան
փեսան
Իրենց
սրտին
մօտ
յաչախկոտ.
Իրենց
լեզուին
նազ
ու
սազով
Ու
կեռասով՝
Մինչեւ
ի
մահ
նո՛յն
մէկ
բարձին
Կը
գերէին
իրենց
արքան...
Մեր
հարսենի
մայրե՜րն
էին...
Մեր
տուներուն
արե՜ւն
էին
Մայրերը
մեր,
Առաւոտեան
բարե՝ւն
էին...
Իրենց
շողերը
մեղուագոյն
Երբ
զարթնէին
Մութն
ու
լուսուն՝
Տունը
ամբողջ
կ՛ըլլար
ճրա՛գ
-Կը բոցկլտա՝ր,
Տունը
ամբողջ՝
հազար
փեթակ
-Կը թովռա՜ր:
Նոր
օրուան
մը
ղօղանջն
էին,
Որ
կը
կանչէր
Մէն
մի
տնուորն
յատուկ
գործին
Ու
դպրոցին:
Եւ
օրն
ի
բուն,
Աշխատանքի
ողջ
ու
անխոնջ
Խոխոջ
էին
Ալի՛ք
ալի՛ք՝
Խոհանոցէն
մինչեւ
մահիճ,
Ծառայութեան
թժոչք
էին
Առանց
թառի
ու
դադարի՝
Շեմէն
տանիք:
Մեր
մեղուաջան
մայրե՜րն
էին...
Մեր
տուներուն
ի՜նչը
չէին
Մայրերը
մեր...
Հաւատարիմ
ստուերն
էին
Իրենց
այրին:
Համբոյրով
մը
գնորդն
էին
Անոր
խինդին,
Նուռ
ժպիտով
Մը՝
յաճախորդն
անոր
ժպտին
Եւ
արցունքով
Մը՝
բաժանորդն
անոր
վիշտին:
Կը
բաժնէին
բաժա՛կը
նոյն
Մեղր
ու
դիրտի,
Կեանքի
բոլոր
վայրկեաններուն
Ու
վայրերուն:
Առնանման,
արիասիրտ
Ընկերն
էին
զէն
ու
զրահի,
Կեանք
ու
մահի:
Օ՜,
մեր
մայրերն
առաքինի,
Որ
փափկասուն
էին,
թէեւ,
Բայց
գիտէին
կռուի՛լ
նաեւ
Կտրի՛ճ
իբրեւ՝
Իրենց
կտրիճ
մարդուն
կողքին
Պապենական
հողին
համար
Մեռնի՛լ
նաեւ
Խաչին
համար՝
Կոխկոտելով
խարոյկ,
Եփրատ
Թէ
խորխորատ.
Զի
փափկագոյն
էին
թէեւ,
Բայց
կանացի
մորթին
ներքեւ
Ունէի՛ն
եւ
Հայկի
հոգի,
Վագրի
ոգի:
Վա՛յ
մայր
էին...
Պարկեշտութեան
պատնէշ
էին,
Զոր
ո՛չ
զէնք
կրնար
պատռել.
Ու
պատիւի
զրահ
էին,
Զոր
լոկ
մա՛հն
էր
կարող
փշրել...
Մեր
մարտիրոս
մայրե՛րն
էին...
Մեր
տուներուն
մայրե՛րն
էին,
Մայրերը
հայ...
Ջինջ
Մայրենին
իրենց
շուրթին
Ի՜նչ
չէր
եւ
դեռ
ի՜նչ
չէր
ըլլար
Իբրեւ
նեկտար,
Իբրեւ
քնար:
Երբ
ժպտէին՝
Երկինքն
որպէս
թէ
վա՜րդ
շաղէր
Ու
վա՜րդ
շողար.
Իսկ
երբ
լային՝
Կարծես
իրենց
ամբողջ
հոգին
Գոհա՜ր
գոհա՜ր
Կը
գլգլար
Երդիքն
ի
վար...
Համբոյրները
իրենց
սիրոյն՝
Զաւկի
ճակտին
հեշտ
հուր
էին,
Դուստրի
այտին՝
Վարդանման
փրփուր
էին,
Իսկ
ամուսնի
Սրտին
անոյշ
սուր
էին
միշտ...
Ծոց
մ՛ունէին,
Որ
ծո՜վ
մըն
էր
սիրոյ
անծայր,
Գիրկ
մ՛ունէին,
Որ
գի՛րք
մըն
էր
սուրբ
մայրութեան...
Մեր
սիրասուն
մայրե՜րն
էին...
Մեր
տուներուն
տաճա՜րն
էին
Մայրերը
մեր...
Աղօ՜թք
աղօ՜թք
Կը
պահէին
սկիհը
վե՛ր
Ամառ-ձմեռ,
Որ
չարը
տան
չմերձենա՜յ
Իրենց
հոգին
Կը
վառէին
իբրեւ
կանթեղ
Առտու-գիշեր,
Որ
մութի
տեղ՝
Լոյս
Աստուծոյ
գութը
իջնէ
Հայոց
ազգին:
Իրենց
խորան
սրտին
վրա՛ն
Կը
բռնէին
գմբէթն
ողջ
տան,
Որ
հաւատքի
սիւնին
վրայ
Հայ
Ընտանիքն
անքա՛նդ
մնայ
Եւ
ըլլայ
սո՛ւրբ
ադամանդեայ...
Ու
մոմ
առ
մոմ
կը
հալէին,
Որ
որդիներն
իրենց
լոյսով
Ջա՛հ
դառնային,
Բաշխուէի՜ն
Մութ
ու
ծարաւ
մէն
մի
անկիւն
Եւ
չորս
ծագուն:
Կիրակմուտքին.
Երբ
խնկանման
արծարծէին
Բորբ
հաւատքի
իրենց
շունչով,
Անգիր
Նարեկն
իրենց
շուրթին
Կը
դառնար
խո՛ւնկ
Ու
կը
մխար
աղերսագին՝
Արցո՜ւնք
արցո՜ւնք:
Մեր
հոգեւոր
մայրե՜րն
էին...
Մեր
տուներուն
օրհնէնքն
էին
Մայրերը
մեր՝
Ծուխին
հանգոյն
բուխերիկին
Իրիկնային:
Եւ
մթնշաղ
էին
անոյշ,
Ուր
արեւներ
կը
մաշին՝
Կնդրուկի
պէս
կ՛անէանան,
Ուր
ձեւերը
լոյսէն
յոգնած
Ալ
կը
հաշին՝
Մասունքի
պէս
կ՛իտէանան...
Ակութին
շուրջ՝
Ծալապատիկ
հեքիա՜թ
էին
Եւ
գուսանի
պէս
մագաղա՜թ.
Ոսկիին
շուրջ
արծա՛թ
էին,
Ալպոմ
դարձած
յո՜ւշ
եւ
անո՜ւրջ,
Ու
հին
օրե՜ր,
Գարնան
մոխի՜ր,
Անթառամ
սէ՜ր
Կը
բուրէին:
Վերջին
անգամ
Նոր
հարսնիքի
մ՛երթալու
պէս՝
Վերջին
գարնան
կամ
ձմեռուան,
Վերջին
կանչին
ու
փեսային
Կ՛ըսպասէին
Երազային
Տանը
շուքին
ու
շուագին...
Հիմա,
շշուկ
ու
շուք
էին
Հին
յարկէն
ներս,
Ուր
հարսի
մը
լո՝յսն
էր
ցաթեր
Ծիծաղի
պէս,
Ուր
նոր
մօր
մը
ե՛րգն
էր
մտեր
Ծիծառի
պէս:
Եւ
նոր
ծաղկած
մանուկներու
Հողմիկն
ի
վեր,
Աղմուկն
ի
վեր,
Ալ
փսփսուք
եւ
սիւք
էին
Մայրերը
մեր.
Զի
սեւազգեստ
եւ
լուսածամ
Մամիկ
դարձած
մայրե՜ր
էին,
Սրբուհինե՜ր...
Ո՛վ
օրհնութիւն,
Մայրերը
մեր
Միշտ
օրհնութիւն
էին
ճերմակ՝
Կտուրն
ի
վար
Համրիչի
պէս
շափրա՜կ
շափրա՜կ
Կաթող,
օրհնող
ձիւնին
հանգոյն
Երկնաշրչիւն:
Ու
շարական
իրենց
երգէն,
Նշխար
ձեռքէն,
Իրենց
կեանքի
անոյշ
բերքէն,
Միւռոնի
պէս,
Շուշանի
պէս
ու
ցորեանի՝
Օրհնութիւններ
կը
ցողէին
Թոռնիկներու
վարդ
վարդ
գլխին...
Մեր
օրհնելի,
Օրհներգելի
մայրե՝րն
էին...