ՀԻ՛ՄԱ ՀԻ՛ՄԱ...
Շուքիս նման
Ա՜յնքան մօտիկ կը քալես դուն քովս ի վեր,
Ա՜յնքան հեզիկ, որ, Սիրակա՛ն,
Շուշանի՛ պէս ձեռքըդ բռնելըս կու գայ:
Եւ շունչիս պէս
Ա՜յնչափ մօտիկ ես դուն նստած իմ կողքիս,
Բայց ա՜յնչափ մօտ, որ, Հա՜րս իմ վարդ,
Հի՛մա հի՛մա քեզ պի՛նդ գրկելըս կու գայ...
Աջ ձեռքիս պէս
Ա՜յնքան մօտիկ ես կռթնած դուն ուսիս,
Օ՜, ա՜յնքան մօտ, որ հի՛մ-հի՛մա
Այդ խնձոր թուշըդ խածխծելըս կու գայ...
Երբ կէս մութի
Քողին տակէն, դէմէս, գողտրիկ ու լռիկ՝
Աչո՛ւկ կ՛ընես ինձ աստղի պէս,
Չա՜ր, հի՛մա քեզ սա՜նկ մը ծեծելըս կու գայ հա՜՜...
Երբ կը խօսիս
Ինձ՝ ու բառերդ ամբրոսի՜ պէս կը հոսին
Շափրակ բերնէդ սիրաթրթիռ,
Խնդութենէ՛ս, օ՜, խենթենա՜լըս կու գայ:
Թեւերուս մէջ՝
Ծաղկեփունջի պէս ի՜նչ գարուն կը բուրես,
Հոգիս ա՜յնպէս կը պարուրես՝
Երգելո՛ւ պէս բանաստեղծելըս կու գայ...
Տրոփիս պէս
Ա՜յնչափ մօտիկ կ՛ըզգամ սիւք շունչըդ դէմքիս,
Ա՜յնչափ քաղցրիկ, որ, Սիրելի՛ս,
Հի՛մա քեզ կո՛ւշտ մը համբուրելըս կու գայ,
Երբ սիրտիս պէս
Ա՛յնպէս մօտիկ, ա՛յնպէս ջերմիկ ես դըրած
Գլուխըդ կուրծքի՛ս, սիրտի՛ս վըրայ՝
Վարդեփունջի պէս փրփրավարս, Ազատուհի՜ս Սիրական...
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Դաժան դարեր անդադար կռփեր, կրծեր, խածխծերԵն ձոյլ մարմինը անոր՝ դարերուն չափ հի՛ն ու ծե՛ր՝:Բայց իր խաչով, որ դրօշակ կը ծածանէ յաղթօրէն,Իր գմբէթով, որ կարծէք Արարատ է հոգեղէն,Դեռ կա՛յ, կանգո՛ւն է Հայ Եկեղեցին:
Թշնամիի հեռ ու հուր մոխրացուցեր են անորՄագաղաթներն հայատրոփ ու նշխարներն հայաբոյր:Բայց Նարեկով իր, որ թէ՛ հեծեծանք է թէ՛ նուագ,Իր Ներսէսով, որ սոխակն է Յիսուսի,- աշխարհին՝Դե՜ռ կը վկայէ Հայ Եկեղեցին:
Սատանայի սեւ հովեր խեղդեր են վառ կանթեղներնԱղթամարի բիւրաւոր: Բայց պսպղուն իր ԱստղովԼուսաւորչի, զոր ո՛չ մէկ քամի կարող է մարել,Էջմիածնով իր ոսկի, որ անշէջ ջահ է ինքնին,Միշտ կը ճաճանչէ՜ Հայ Եկեղեցին:
Բարբար բանակ ու բաբան դարձուցին յուշ եւ փոշի՝Աղօթասլաց գմբէթներն հազար ու մէկ Անիի:Բայց զատկական իր հազար զանգակներով յաղթերգակԵւ Մաշտոցի ոսկեշար շարակնոցով, ծագէ ծագՄի՛շտ կը ղօղանջէ՜ Հայ Եկեղեցն:
Պիղատոսներ գոյնզգոյն, Գողգոթայէ Գողգոթա,Արիւնն անոր քամեցին Տէր-Զօրներու խաչին վրայ:Բայց Վարդանո՛վ անմեռ եւ Ապրիլո՛վ արեան գոյն,Իր Յիսուսով յարուցեալ, եւ Հոգիով Հայկական,Կա՛յ, պիտի ապրի՛ Հայ Եկեղեցին:
Պիտի ապրի՛: Զի թէեւ ըլլամ անշուք քու որդին,Հաւատքի քար մը ե՛ս ալ կ՛աւելցնեմ իմ կարգինՔրիստոսահիմ խարիսխին վրայ, զոր դարբներ են պապերս,Որ լոյսդ երբեք չթօշնի, սիւներդ յաւէտ չփշրի,Մայրենի՛ իմ տուն, Հա՛յ Եկեղեցի:
ԿԱ՛ՆՔ ՈՒ ԿԸ ՄՆԱ՛ՆՔ...
Դուք ձեր մրրիկով մեր Մարմինը թանկ՝
Հազար Տէր-Զօրի կլափին տուիք կե՛ր:
Բայց մե՛նք՝ Սասունցի Դաւի՛թ իբր անմեռ՝
Հազար ծագերէն կը ձայնենք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր բորանին դէմ՝ մենք բո՛րբ արեգակ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր նենգին զէնքով մեր Անունն անժանգ՝
Աշխարհի սիրտէն սրբե՛լ ճգնեցաք:
Բայց մե՛նք՝ յաւերժին մէջ քանդակուած Հա՛յկ՝
Պատմութեան էջէն կը թնդանք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր չար ջանքին դէմ՝ մենք մէ՛կ եւ կո՛ւռ կամք,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր ոխին կրակով դարձուցիք մոխի՛ր,
Չորս հովի՛ն տուիք մեր Գիրն ու Ոգին:
Բայց մենք՝ լուսասփիւռ Մեսրո՛պ լուսածին՝
Անցեալի ձորէն կը գոռանք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր հրդեհին դէմ՝ ծովի՛ պէս անծիր,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խօլ մոլուցքին անկուշտ մանգաղով
Մեր հոգւոյն հանդէպ Հաւատքն յօտեցիք:
Բայց մե՛նք՝ խաչակիր Վարդա՛ն անառիկ՝
Ողջ Աւարայրէն կը փողենք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր մանգաղին դէմ՝ մենք կաղնի՛ անխռով,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խուժ խուժանին ժանիքներով ժանտ
Յօշեցի՛ք մեր Հողն անոյշ եւ կանաչ:
Բայց մե՛նք՝ դարեղէն Մասի՛ս աննուաճ՝
Գալիքի բարձրէն կ՛որոտանք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր ճանկերուն դէմ՝ մենք ժա՛յռ պողպատեայ,
Ձեր հեղեղին դէմ՝ մենք թո՛ւմբ անվտանգ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ...
ԳԵՂՕՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
Մեսրոպ,
Արարատեան ժայռի ճարտար քարակոփ,
Որ երգ քաղեց քնարի պէս քարերէն,
Եւ հայկազեան լեզուի ճշգրիտ բառակոփ,
Որ լոյս փրցուց բիւրեղի պէս բառերէն:
Արարատեան ժայռի ճարտար քարակոփ,
Որ երգ քաղեց քնարի պէս քարերէն,
Եւ հայկազեան լեզուի ճշգրիտ բառակոփ,
Որ լոյս փրցուց բիւրեղի պէս բառերէն:
Մեսրոպ,
Արմենական հանճար ճեղքով բերրի խոփ,
Որ դալարի այլակերպեց քարը մերկ,
Եւ հայ դարերն հերկող գըրիչ քառատրոփ,
Որ աստղերով բեղմնաւորեց էջը լերկ:
Արմենական հանճար ճեղքով բերրի խոփ,
Որ դալարի այլակերպեց քարը մերկ,
Եւ հայ դարերն հերկող գըրիչ քառատրոփ,
Որ աստղերով բեղմնաւորեց էջը լերկ:
Մեսրոպ,
Փոթորիկի անուն, լոյսի դուն ամպրոպ,
Որ բոցերը մութին մարեց, մոխրացուց
Հայ Ոգիի դարբին, բազուկ հրաբորբ,
Որ հաւատքի դողդոջ ամրոցն ամրացուց:
Փոթորիկի անուն, լոյսի դուն ամպրոպ,
Որ բոցերը մութին մարեց, մոխրացուց
Հայ Ոգիի դարբին, բազուկ հրաբորբ,
Որ հաւատքի դողդոջ ամրոցն ամրացուց:
Մեսրոպ,
Օշականին քունին մէջ դեռ արթուն կոպ,
Որ կը հսկէ լամբերուն վրայ Հայ Մտքին
Լուսաւորչի աստղին անմաչ լուսամփոփ,
Որ կը պահէ աշխարհացիր Հայ Հոգին,
Օշականին քունին մէջ դեռ արթուն կոպ,
Որ կը հսկէ լամբերուն վրայ Հայ Մտքին
Լուսաւորչի աստղին անմաչ լուսամփոփ,
Որ կը պահէ աշխարհացիր Հայ Հոգին,
Ով Սուրբ Մեսրոպ,
Ոսկի ողջոյն քեզ, հայ Բանի ով ամպրոպ..:
Ոսկի ողջոյն քեզ, հայ Բանի ով ամպրոպ..:
ՄԵ՛ՆՔ...
Մե՛նք...-Մենք՝ բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան՝
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,
Մենք՝ դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
Մենք՝ սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.
Մենք՝ մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ...
Մենք՝ գի՜ւտ Մեսրոպի... Մենք՝ քնա՜ր լեզու,
Ուր կը վիպերգէ Հոգի՛ն Հայկական.
Սայաթ-Նովայի մենք սա՛զ սիրածու.
Մենք՝ խորախորհուրդ Նարեկի՛ խորան.
Դարերէն հոսող մենք երգի՛ Արաքս,
Ուր կը գլգլայ գինին Կոմիտաս...
Մենք՝ վարդանայա՛ղթ Աւարայրամարտ,
Մեր ձեռքին մէջ զէ՛նք եւ խա՛չ՝ մեր հոգւոյն.
Մենք՝ Էջմիածնի հաւա՛տք ժայռարմատ,
Ուր փուլ կը փշրի ծովը դարերուն.
Մենք՝ աշխարհասփիւռ Ա՛ստղ Լուսաւորչի,
Որուն դէմ խաւարն ի զո՜ւր կը բախի:
Մենք՝ սրախողխող Ապրիլ Քսանչո՛րս,
Մենք՝ միլիո՜ն շիրիմ, հողմացրի՜ւ տերեւ.
Ապրիլեան սուգին եւ մոխրին վրայ գօս,
Մենք՝ Քսանեւութ Մայիսի՜ արեւ.
Մենք՝ պանդուխտի՛ թուղթ, մենք՝ անբո՜յն կռունկ,
Մենք՝ հայրենապիշ կարօտի՜ արցունք...
Այս ամբո՜ղջն ենք մենք...Ու դե՜ռ՝ հերոսի
Եւ մարտիրոսի անմա՛շ Պատմութիւն,
Շուշա՜ն Սրբութիւն, Մշակո՛յթ ոսկի,
Որոնց էջերն են փորուած ժայռերուն
Եւ արեա՛մբ գրուած... Մենք լոյսի՛ ժառանգ
Եւ մութ դարերուն յոյսի՛ հրիտակ...
Օ՜, մենք՝ ոսոխի աչքին փո՛ւշ երկաթ...
Օ՜, մենք՝ աշխարհի անարդար ու խուլ
Խիղճը խարանող արդարութեա՛ն խայթ.
Կեղծ դաշինքներու թաւիշ ու խարխուլ
Սեղանը ռումբի պէս սարսող, թակող,
Արդար պահանջի բըռո՛ւնցք վրիժադող:
Եւ մենք, վա՛ղը, մենք՝ յաղթութեա՛ն բոմբիւն,
Յաղթ ու բամբ կոփի՛ւն կուռ հողին վրայ մեր,
Մենք՝ Նաւասարդի առաւօ՛տ ծիծղուն,
Մենք՝ ռմբեղ հեռով հըրաբխա՛ծ Մհեր
Եւ շղթայազեղծ ծարա՜ւ Արտաւազդ.
Մենք՝ պատեանէն դուրս սրածո՛ղ Եփրատ,
Մենք՝ աշխարհակալ անկա՛խ Արարատ...
Ո՛Վ ՍԻՐԱԿԱՆ, ՍԻՐԱԿԱ՛Ն
Ես այնպէ՜ս մը նկարէի դրախտագեղ քու հոգին,
Օ՜, այնպէ՜ս մը գեղգեղէի հարսանեկան սէրըս մեծ,
Օ՜, այնպէ՜ս մը ես պատմէի պահերը մեր սիրայեղց,
Օ՜, այնպէ՜ս մը, օ՜, այնպիսի՜ ներշնչումով վիպային
Ողողէի թուղթեր թուղթեր սիրտի անլուր բառերով,
Որ եթէ՝ օր մը՝ պատահէր սիրակարօտ, սիրաբաղձ
Օրիորդ մը վարդ կարդար դայլայլն արբշիռ սիրոյս-նախանձա՛ծ
Հէքիաթային մեղրալուսնէն մեր՝ հառաչէ՜ր հոգեխռով.
«Երանի՜ ե՛ս ըլլայի այդ Ազատուհին երջանիկ,
Որ յուշե՜ր է անոր գրչին, էջե՜ր էջե՜ր ներշնչեր,
Եւ թունդ սէրովս զգլխէի թէ՛ իր գըրիչը թէ՛ զինք:
«Ես ըլլայի այս հայ Ժագին հայ քնարին մեղեդին
Ու հառաչանքն իր սիրահեւ, թրթըռումն իր հոգիին:
Օ՜, ան իր սիրտն այնպէ՜ս մը ինձ սիրաբարբառ նուագէր,
Որ խեղճ անունս իր Էջերուն անմահութեան մէջ մտնէր...»
ՄԱՅՐԱՁՕՆ
Թէեւ ա՛լ գոյն ըլլաս ձմրան,
Բայց ինձ համար դուն դեռ երկրի
Գեղեցկագոյն կինն ես պարման,
Սիրելագոյն մայրն ես ոսկի,
Որովհետեւ Մայրի՛կն ես իմ՝
Մանկութեանըս անո՜յշ հոգին,
Թէեւ պատկէր ըլլաս ձմրան:
-Երջանիկ եմ, որ մա՛յրս եղար...
Քու բոցէ՛դ եմ անփայլ կեանքիս
Մոմը վառեր ու ծիլ հոգի՛ս,
Քու լոյս կեանքէ՛դ եմ ուսաներ
Այս աշխարհի բաները լաւ
Եւ քու սիրտէ՛դ եմ փոխ առեր
Ձեռքիս քնարն ոսկեթաթաւ,
Որով կ՛երգեմ սէրերս հազար:
-Երջանիկ եմ, որ մա՛յրս եղար...
Օրերս ի վար, բանաստեղծի
Հոգի՛դ ինծի յուշեցիր դուն,
Որ ե՛ս ալ զայն քնարաբար
Գոյն ու բառի վերածէի,
Եւ Ժագաշունչ այս երգերուն
Մէջէն աշխարհը քեզ ճանչնա՛ր,
Տեսնէր աշխա՛րհը քու հոգւոյն:
-Երջանիկ եմ, որ մա՛յրս եղար...
Մա՛յր, աննման սիրոյդ փոխան՝
Կեա՛նքըս որով ճոխացուցիր,
Ներէ՛, չունիմ այլ ձօն կամ ձիր
Այս էջերէն զատ, ուր գրած
Եմ բառերով յաւերժական՝
Իմ տրոփնե՛րս որդիի գոյն,
Վարդ պատկերէ՛դ ներշնչուած:
-Ի՜նչ օրհնութիւն, որ մա՛յրս ես դուն...
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԱՏՕՆԻ ՄԱՂԹԱԳԻՐ
Մոմե՛ր վառենք մենք Հաւատքի,
Որ սիրտը մեր դառնայ ոսկի:
Վառենք մոմե՛ր նաև Յոյսի,
Որ մեր հոգին՝ նման խունկի՝
Չորս դին սփռէ բոյրն Յիսուսի:
Բայց մանաւանդ մոմե՛ր Սիրոյ՝
Վառենք նման տօնածառի,
Որ մեր ողջ կեանքն ողջակէզի
Պէս՝ Աստուծոյ ըլլայ հաճո՛յ,
Փառքին համար Իր՝ գովելի:
Աստղանման մոմեր որպէս՝
ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ, ՍԷՐ թո՛ղ կեանքին մեր
Ըլլան շողերը օրհնաբեր,
Ծովն ի ծով ծագերն ի վեր:
Վառե՛նք, փայլի՛նք մոմերու պէս...: