ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ
Մեր այբուբենի հայրը' Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է մօտաւորապէս 362 Թուականին Տարօն նահանգի Հացեկաց գիւղը: Հայաստանի մէջ ան ստացած էր յունական կրթութիւն, բայց լաւ գիտեր նաեւ պարսկերէն, ասորերէն եւ վրացերէն: Սկիզբը' ան մտած էր Հայաստանի թագաւորին ծառայութեան մէջ , բայց 32 տարեկանին կը դառնայ հագեւորական, կը նուիրուի ժողովուրդի ծառայութեան եւ կը մտահոգուի Հայաստանի պարզած վիճակով:
Այդ տարիներուն' մեր երկիրը քաղաքականապէս բաժնուած էր երկու մասի: Արեւելեան մասը կը գտնուէր պարսկական գերիշխանութեան տակ, արեւմտեանը' յունական: Մէկ մասէն ներս կը տարածուէին պարսկական լեզուն, մշակոյթը, սովորութիւնները. միւսէն ներս' յունականը: Հայաստանի այս երկու մասերը հետզհետէ կը խորթանային իրարմէ եւ ենթարկուած էին իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին: Եկեղեցական գիէքերն իսկ յունարէն կամ ասորերէն էին, ժամերգութիւնը կը կատարուէր ժողովուրդին համար անհասկնալի այդ լեզուներով:
Մեսրոպ Մաշտոց համոզուած էր, որ այս վտանգներուն դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ էր հայերէն այբուբեն ունենալ, որպէսզի գիրքերը գրուէին հայերէնով, կրօնական արարողութիւնները կատարուէին հայերէնով: Կրօնական, լեզուական եւ մշակոյթային կեանքէն ներս հայերէն լեզուն գործածելով' կարելի պիտի ըլլար միացնել քաղաքաանապէս երկուքի բաժնուած Հայութիւնը:
Մեսրոպ Մաշտոց իր այս միտքերը կը յայտնէ օրուան կաթողիկոս Սահակ Պարթեւին, որ նոյն մտահոգութիւնները ունէր: Սահակ Պարթեւ մասնաւոր ժողով մը կը հրաւիրէ հայերէն գիրեր ստեղծելու հարցին շուրջ: Վռամշապուհ թագաւորն ու ներկաները անմիջապէս կը համաձայնին: Մեսրոպ Մաշտոցի վրայ պարտականութիւն կը դնեն, որ լուծէ հայերէն գիրեր ունենալու հարցը:
«Ան շատ նեղութիւններ քաշեց իր ազգին բարի օգնութիւն մը գտնելու համար» կը գրէ Մեսրոպի աշակերտ եւ կենսագիր Կորիւնը' նկարագրելով Մեսրոպ Մաշտոցի անցուցած փնտռտուքի շրջանը:
Ի վերջոյ սակայն'405 թուին Մեսրոպ կը ստեղծէ հայերէնի հնչիւնները ճշգրտօրէն արտայայտող առանձին տառեր եւ անոնց անունները. Այբ, Բեն, Գիմ, Դա... կը ճշդէ նաեւ անոնց արժէքը' որպէս թիւ. Ա-1 ,Ժ-10 , Ճ-100 Ռ-1000 :
Բայց դեռ կը մնային լուծուելիք հարցեր: Օրինակի համար' հայերէնը յունարէնի պէս ձախէն դէպի ա՞ջ գրել, թէ ասորերէնի պէս' աջէն դէպի ձախ: Մեսրոպ կ'որդեգրէ առաջին ձեւը: Ան կը ճշտէ նաեւ մեր լեզուի ուղղագրութեան հիմնական օրէնքները:
Մեսրոպի գիւտէն ետք, Հայաստանի բոլոր կողմերը դպրոցներ բացուեցան: Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ հայրապէտ, իրենց աշակերտներուն հետ հայերէնի թարգմանեցին Աստուաղաշունչը, Մեսրոպի բացած դպրոցներէն դուրս եկան ուսում ստացած երիտասարդներ, ասոնցմէ նշանաւոր եղան Կորիւն Սքանչելի, Մովսէս Խորենացի, Եզնիկ Կողբացի, Ղեւոնդ Երեց եւ ուրիշներ:
Պատմութիւնը ցոյց տուաւ թէ, քաղաքական ամենէն ծանր փորձանքներէն ալ անդին' մեր ազգային այբուբենին ու եկեղեցիին շնորհիւ մենք պահեցինք մեր մշակոյթային ինքնութիւնը:
Թարգմանչաց տօնը, Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Գիրքը թարգմանողները յիշատակելու տօնն է: Ամէն տարի կը զուգադիպի հոկտեմբեր ամսուն երկրորդ շաբաթ օրուան: