jeudi 7 novembre 2019

Մահազդ ու Վշտակցութիւն ╬

╬ Յիսուսաբոր տաղերու բանաստեղծ, արժէքաւոր ուսուցիչ ու յարգարժան մտաւորական 
ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ 
երկնային արքայութեան արժանացաւ:(07-11-2019)

Այս տխուր առիթով կը յայտնենք մեր սրտաբեկ ցաւակցութիւնները հանգուցեալի ընտանիքին եւ ազգիս Հայոց. հայցելով Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնն ու համբերութիւնը:
Աստուած հոգին լուսաւորէ. հողը թեթեւ ըլլայ:

ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՈՎ ՏԵՂ ՄԸ ՈՒՆԻՄ...

Թէեւ ըլլամ ես անարժան,
Յիսուսի քով տեղ մը ունիմ խաղաղութեան,
Ուր ո՛չ անձկոյթ, ո՛չ ալ հոգեր
Կ՛ալեկոծեն սիրտս հէք
Զի երկինքն եմ, քո՛վը անոր որ փրկիչս է,
Որ կը պահէ, կը պահպանէ իմ թանկ հոգին:


Թէեւ ըլլամ մարդ մը մեղքոտ,
Յիսուսի քով տեղ մը ունիմ ուրախութեան,
Ուր ո՛չ մէկ ցաւ ու ո՛չ վիշտ
Կը խոցոտեն սիրտըս իմ,
Զի երկինքն եմ, քո՛վը անոր որ Տէրն է իմ:
Որ կը պահէ, կը պահպանէ իմ թանկ հոգին:


Եւ անառակ եթէ ըլլամ,
Յիսուսի քով տեղ մը ունիմ մեղքի ներման,
Ուր պատիժի ո՛չ սարսափ
Կը գալարէ սիրտըս իմ,
Զի երկինքն եմ, քո՛վը անոր որ Աստուածս է,
Որ կը պահէ, կը պահպանէ հոգիս իմ թանկ:


Եթէ ըլլամ ես վիրաւոր
Այս աշխարհի մրրիկներէն բազմապիսի,
Յիսուսի քով տեղ մը ունիմ
Ես հոնգիստի գերերջանիկ:
Զի երկինքն եմ, հե՛տը անոր որ հայրս է իմ,
Որ կը պահէ, կը պահպանէ իմ թանկ հոգին:


Թէեւ ըլլամ մրջիւնի պէս
Ես աննշան՝ աշխարհի մէջ ծովածաւալ,
Յիսուսի քով տեղ մը ունիմ
Ես համբաւի շողշողուն,
Զի երկինքն եմ, քո՛վը անոր որ արքան է իմ,
Որ կը պահէ, կը պահպանէ իմ թանկ հոգին:


Թէեւ ըլլամ ես ո՛րս մահուան
Եւ մայր հողին դառնայ մարմինս, ու փճանամ,
Ո՜չ, չեմ մեռած, զի երկինքն եմ
Յիսուսի քով որ դրախտի
Երջանկութեա՛մբ հարուստ կեանքս է յաւերժափառ,
Եւ կը պահէ, կը պահպանէ հոգին իմ թանկ:


Հո՜գըս եթէ մարմինս հինցած
Կլափին մէջ սեւ հողին դառնայ կե՛ր ճճիին,
Յիսուսի քով տեղ մը ունիմ
Ողորմութեան եւ շնորհքի,
Զի երկինքն եմ քո՛վն անոր որ յարութիւնս
Է յաղթապանծ եւ կը պահէ հոգիս յաւէտ:


ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ապրիլ 2017