jeudi 23 décembre 2010

ՏԱՐԵՎԵՐՋ ԵՒ ՏԱՐԵՄՈՒՏ


Տարի մը եւս կը թողունք մեր ետին, եւ պիտի թեւակողենք նոր տարիէ մը ներս: Հին տարին մեր անցեալին մաս պիտի կազմէ, իր ուրախ, զուարթ, տխուր, յաջող, անյաջող եւ այլ ամէն դէպքերով, իսկ նոր տարին պիտի նորոգէ մեր յոյսերը, իղձ ու փափաքները եւ նաեւ մեր առջեւ պիտի բանայ հորիզոններ. ինչպէս անցեալին մէջ, նոյնպէս ալ ապագային պիտի ապրինք յաջողութեան քով ձախողութիւն, առողջութեան քով հիւանդութիւն, երջանկութեան քով տխրութիւն, յոյսերու քով յուսախափութիւն, անդորրութեան քով վրդովանք, խաղաղութեան քով կռիւներ եւ այլ իրարու հակասական կեանքի իրականութիւններ: Այս կեանքի ընթացքին մէջ եթէ մենք զօրաւոր Սէր, Հաւատք ու Յոյսով զինուած ենք, եւ սիրուելու համար սիրելը, հաշտուելու համար հաշտուիլը, յուսալու համար յուսատու ըլլալը, հաւատքի համար հաւատալը լաւ սորված ենք եւ կամ լաւ գիենք, այդ պարագային է որ, կեանքը մեզի համ կու տայ. Մեր բոլոր բարեկամ, ընկեր, ազգական, գարծընկեր եւ համակիրներուն ջերմագին շնորհաւորանքներ ու լաւագոյն բարեմաղթութիւններ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ: Տօքթ. Սարգիս Ատամ- Գերմանիա

samedi 11 décembre 2010

ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


ՔԱՂՑՐԵՂԷԳԻ ԲՈՒՆ ԻՄԱՍՏԸ
Ա՛րդեօք խորհա՞ծ էք քաղցրեղէգի ծագումին մասին: Ծնունդի քաղցրեղէգը ձեւակերպուած է Ամերիկայի Ինտիանա Նահանգին մէջ ապրող հաւատացեալ արհեստաւորի մը կողմէ, որուն փափաքն էր Յիսուս Քրիստոսը մատնանշող քաղցրեղէն մը շինել: Ան սկսաւ զուտ ճերմակ կարծր շաքարի կտորով մը: Ճերմակ գոյնը կը ներկայացնէր Յիսուսի մօր՝ Մարիամի անարատ կուսութիւնը եւ մեր Տիրոջ անբասիր կատարեալ կեանքը: Ան նախընտրեց կարծր շաքարը կակուղէն, ի մտի ունենալով թէ Յիսուս Իր հետեւորդներուն համար ամուր վէմ է, եւ Աստուծոյ խոստումները անխախտ են: Քաղցրեղէն շինող մարդը ճերմակ կարծր շաքարը տաք եղած ատեն «J» գիրին նմանցուց, ներկայացնելու Յիսուսի անուան սկզբնատառը, որ երբ հակառակ ուղղութեամբ դարձուց՝ նմանեցաւ հովիւի ցուպին: Յիսուս է հաւատացեալին «Բարի Հովիւը», որուն ցուպը մեղքի տիղմին մէջ ինկած բազմաթիւ մեղաւորներու օգնութեան հասած է, եւ խոտորած ոչխարներն ալ ուղիղ ճամբուն կ'առաջնորդէ: Սակայն վարպետը տակաւին գոհ չէր: Ան նկատեց որ քաղցրեղէգը շատ պարզ էր եւ հասարակ: Ուստի, սպիտակ շաքարին վրայ քանի մը կարմիր բարակ գծիկներ աւելցուց, որոնք կը խորհրդանշէին Յիսուսի ստացած գաւազանի հարուածները՝ հռոմէացի զինուորներէն: Ապա հաստ կարմիր գիծ մը գծեց վրձինով՝ մեր Փրկչին Գողգոթայի խաչին վրայ թափած արեան համար, որուն միջոցով մեղաւորը կրնայ թողութիւն ստանալ: Սա կարելի է տեսնել, երբ շեղակի դէմ դիմաց միացնենք երկու քաղցրեղէգները, անոնք կը կազմեն սիրտ մը, որ Աստուծոյ սէրը կը ցուցնէ: Վերջապէս վարպետը գոհ էր: Ան ձեռքին մէջ ունէր քաղցրեղէն մը, որ կը պատկերացնէր քրիստոնեային հաւատքը: Ցաւօք սրտի, տարիներու ընթացքին, մարդիկ մոռցան այս քաղցրեղէգին բուն իմաստը, եւ այդ դարձաւ Ծնունդի աւանդութիւններէն մին: Սակայն անոր պատգամը հոն է տակաւին՝ անոնց համար, որ աչքեր ունին զայն տեսնելու: Ի հարկէ քաղցրեղէգը չի կրնար խօսիլ: Բայց եթէ բերան ունենար, ան մեզի պիտի ըսէր, թէ Ծնունդի բոլոր աւանդութիւններուն մէջ՝ տօնածառ, նուէրներ, լոյսեր ու քաղցրեղէգ, կրնանք տեսնել Յիսուս մանուկը, որ ծնաւ Բեթլեհեմի մսուրին մէջ՝ 2000 տարիներ առաջ, մեզի բերելով Աստուծոյ անհուն սէրը: Տէրը տայ որ այս պարզ քաղցրեղէգով յիշենք եւ պատմենք Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին որ Թագաւոր Թագաւորաց է եւ Տիեզերքին Տէրն ու միակ Փրկիչը: «Եւ Որդի մը պիտի ծնի, ու անոր անունը Յիսուս դնես, քանզի Ան իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ» (Մտթ.1:21):