vendredi 13 octobre 2017

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ

ԱՅԲՈՒԲԵՆ ՈՍԿԵԶՕԾ


Այբուբեն բիւրեղեայ,
Կաթնաղբիւր կենարար,
Բալասան ցաւերու,
Անոյշ բոյր ծաղիկներու,
Աղօթք, սէր ու նշխար
Մանկանց սուրբ աշխարհ:

Մեղրածորան մի վտակ,
Յորդառատ ու կենսունակ,
Հմայիչ դաշնակութիւն,
Փառք, պատիւ ու մեծարանք.
Ժանեակի հիւսուածք,
Գոհարներ ընդելուզուած,
Ոսկեղինիկ զուտ բարբառ,
Հայոց լեզու գեղատառ:

Բառամթերք փառաւոր,
Նորակերտ ու հինաւուրց,
Ճամբորդութիւն յաւերժական,
Տաղ, երգ, արձակ ու զրոյց:
Հրաշագեղ մի աշխարհ,
Երկարաշունչ մի պտոյտ,
Առինքնող մի գեղօն,
Հայոց լեզո՛ւն անձանձրո՛յթ:

Պատի՛ւ, յարգա՛նք, ակնածա՛նք,
Քեզ վառ պահող քերթողին,
Ծաղկող, գրող, մշակող,
Ուշիմ արհեստաւորին:
Խօսող, լսող, կարդացող,
Մտաւոր, շինականին.
Դասախօս, դպրոցական,
Տատիկ, պապիկ, քաւորին:

Մնաս անթառամ, անպարոյր,
Նման աստղերու ոսկեթոյր.
Ապրիս յաւե՜րժ, ժառանգ որդւոց,
Լինե՛ս անշէջ, կրակի բո՛ց.
Շնորհաշա՜տ սիրոյ հնոց :

Սիլվի Սրբուհի Մարազեան


Առանց մայրենի լեզուի, Հայ ժողովուրդի համար չկայ գոյատեւում: Օտար լեզուով գոյատեւումը խաբուսիկ է, առժամեայ է, հիմք չունի: Ուժեղ կ՛երեւի, բայց խախուտ է:

Մեր մայրենի լեզուն գեղեցիկ է:
Բայց մեր մայրենի լեզուն գեղեցիկ է միայն անոնց համար որոնք կ՛երջանկանան, որոնք կը յուզուին, որոնք գուրգուրանքի զգացումով կը լեցուին մեր լեզուին գեղեցկութեան դիմաց: Եւ մեր մայրենիին սիրահար նմանօրինակ մարդոց շնորհիւ է որ մեր լեզուն կ՛արժեցնէ ու կը մերկացնէ իր բոլոր գեղեցկութիւնները:
Մենք այդ գեղեցկութիւնները տեսնող երջանիկներէն ենք: Մենք գիտենք նաեւ որ չի բաւեր ճանչնալ գեղեցկութիւնը ու հիանալ անոր վրայ, այլ պայման է նաեւ պահել-պահպանել այդ գեղեցկութիւնը: Տէր կանգնիլ այդ գեղեցկութեան: Չարտօնել որ անգիտակներ կեղտոտեն այդ գեղեցկութիւնը կամ զայն նետեն զամբիւղ:
Եւ ի՜նչ լաւ որ առանձին չենք:
Ողջոյն բոլոր այն սիրելի մարդոց, որոնք մեզի կը միանան մեր լեզուին գեղեցկութիւններն ու հարստութիւնները վայելելու երջանկութեան մէջ:
Ռոպէր Հատտէճեան
ԱՅԲ-ԲԵՆ-ԳԻՄ

Դուն լուսոյ տաճար
Հոգւոյս խորանին
Անմար ճառագայթ
Մոլոր ճամբէքիս...
Հաւատքի խորա՛ն
Ուր յար պլպլան
Տառերդ լուսէ
Աստուածապարգեւ...
Դուն անարատ սէր
Այլեւ բոցարծարծ
Սէր հուրհրատես
Մնաս անսպառ...

  Դուն վառ էութիւն
Ջահ ես յուսավառ
Ամէն հայ հոգւոյն
Մէջ կը շողշողաս...
Մեզ միշտ տուն կանչող
Կոչ ես մայրական
Աղմուկին մէջ գոռ
Ղօղանջ սիրավառ..
Դուն հաց հոգեկան
Հաց հանապազորդ
Քեզմով ապրեցանք
Պիտ' տեւենք քեզմով...
Ու թէ պղծեն քեզ
Դուն որոտ ու շանթ
Գիրերդ դառնան
Անյաղթ սուր, վահան..


ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ