dimanche 25 avril 2010
ՀԱՅՐ ՄԵՐ...
Հայր Մեր... Ըսէ՛ «Հայր», նոյնիսկ եթէ որպէս որդի չես ապրիր, թերեւս յիշես, թէ Աստուած քու Հայրդ է: Ըսէ՛ «Որ երկինքն ես», նոյնիսկ եթէ միայն երկրաւորներով հետաքրքրուած ըլլաս, թերեւս միտքդ բարձրանայ երկինք: Ըսէ՛ «Սուրբ եղիցի անուն Քո», նոյնիսկ եթէ դուն քու անունդ կը փառաբանես, թերեւս անդրադառնաս, թէ անունդ անարժէք է առանց Աստուծոյ: Ըսէ՛ «Եկեսցէ արքայութիւն Քո», նոյնիսկ եթէ միայն կ՛աշխատիս սեփականացնելու ամէն ինչ, թերեւս օր մը ձգտիս Երկնքի Արքայութեան: Ըսէ՛ «Եղիցին կամք Քո», նոյնիսկ եթէ միայն դուն քու կամքդ կը կատարես, թերեւս գիտակցիս, թէ Աստուծոյ կամքը քու սրբութիւնդ է: Ըսէ՛ «Հանապազօրեայ հացը տո՛ւր մեզի», նոյնիսկ եթէ հացդ չես բաժներ մերձաւորիդ հետ, թերեւս մարմինդ ձերբազատուի երկրաւորներէն: Ըսէ՛ «Թող մեզ զպարտիս մեր», նոյնիսկ եթէ չես ներեր քեզ նախատողին, թերեւս հասկնաս, թէ ներումը դուռն է Երկինքի: Ըսէ՛ «Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն», նոյնիսկ եթէ հոգիդ կ՛ենթարկես փորձութեան, թերեւս օր մը քալես արդարութեան ու սրբութեան ճանապարհէն: Ըսէ՛ «Այլ փրկեա զմեզ ի չարէն», նոյնիսկ եթէ միայն չարը գործել կ՛ուզես, թերեւս օր մը գիտակցիս, թէ Աստուած քու միակ Փրկիչդ է: Ըսէ՛ «Ամէն», նոյնիսկ եթէ հաւատարիմ չես, թերեւս խիղճդ արթննայ՝ դառնալու համար հաւատարիմ ու հարազատ որդի: