samedi 27 décembre 2014

ԲԱՐԻ՜ ՆՈՐ ՏԱՐԻ


ԲԱՐԻ՛ ՆՈՐ ՏԱՐԻ՛
Մտայղացումերս Ամանորի, թոռան, ծոռան ու բոլորի...:
Սիրոյ և ներողամտութեան ճառագայթներէ շլացած հայացքով ողջունենք Աստուծոյ պարգեւած իւրաքանչիւր արշալոյսը այս տարի:
Բարելաւուած, գերազանց օրերու հաստատակամութեամբ, բարձր պահենք մեր տրամադրութիւնը այս տարի:
Հրաժարինք մեղանչելէ, բարեփոխելով մեր ամրապնդուած թանձրամիտ սովորութիւնները, մաքրամատոյց տաճարի վերածենք մեր մեղքերով ժանգոտած խառնիճաղանճ սիրտերը: Յիշելով սոյն առածը՝ «Սովորութիւններ կը սկսին սարդի ոստայնի պէս և կը վերջանան պողպատէ պարանի պէս»
Ժամանակ տրամադրենք մարմնային մարզանքի. առողջ մարմին մը ունենալու ողջամտութիւնը շաղախելով հոգևոր առաքինութեամբ՝ զտենք մեր ապրումներու խառնափնդոր շեղջակոյտը: Ինչպէս քամին աւազի հատիկներով բլուրներ կը կազմէ, մեր աննրբանկատ վերաբերմունքներն ալ մեղքի դէզեր կրնան կուտակել:
Ջանանք տիրապետել մեր վախերուն, բարկութեանը, մարսելով նաեւ մեր հպարտութիւնը:
Հեզութեան, ծառայութեան եւ համեստութեան ամենավսեմ շքանշաններով զարդարենք մեր բնազդը:
Խուսաբինք, բարոյական ապականութենէ, հոգսերու եւ մտահոգութիւններու հոգեհեղձուցիչ սրտաբեկութենէն և հարստութեան հրապոյրէն. որոնք կը ճնշեն ու կը գրաւեն մեր հոգին ի նպաստ փճացման:
Ընտրենք մեր կեանքի նշանաբանը. ցանկալով ի ձեռք բերել, անշահախնդիր ընկերութիւն, բարելաւուած հոգեվիճակ, դրական մտածելակերպ, լաւն ու բարին բաժնեկցելու առատաձեռնութիւն, նուազագոյնը ստանալու յօժարակամ ընդունելութիւն, ծո՜վ համբերութիւն, խղճի անդորրութիւն, սիրոյ և կարեկցութեան շռայլութիւն:
Հուսկ յետոյ, Աստուած երբ տարիները կ՛աւելցնէ մեր կեանքին խնդրենք Իրմէ որ կեանք աւելցնէ մեր տարիներուն:
Ի հոգւով կը մաղթեմ՝ ձեր սրտերուն ամենասուզած ցանկութիւնը իրականութիւն դառնայ այս տարի:
Բարւոք ընդ ձեզ՝
Սիլվի Սրբուհի Մարազեան


http://www.aztagdaily.com/archives/274885