dimanche 12 mai 2019

❤️ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ💙


Բի՜ւր յարգանք քեզ...

Մայր իմ անոյշ, քաղցր ու քնքոյշ,
Խնամքներուդ և սէրերուդ,
Համար պէս, պէս,
Բի՜ւր յարգանք քեզ:

Փոքր հասակէս, կը յիշեմ ես,
Նման ծառի, դուն հովանի,
Եղար ինծի մա՜յր սիրելի:

Պաչերդ այստիս, սէրդ սրտիտ,
Դրոշմեցին անունդ անգին,
Մա՜յր սիրէկէզ,
Բի՜ւր յարգանք քեզ:


Աստուած մեզմէ անվերադարձ բաժնուող մեր սիրեցեալ ննջեցեալ մայրերուն հոգինները լուսաւորէ:

Մա՜յր դուն երգ ես ու համբոյր,
Դուն մեղեդի ես ու տաղ,
Դուն գարուն ես քաղցրաբոյր,
Գարուն շունչիդ ես մատաղ:





Մայրութեան Սքանչելիքը

Մայիս է։ Տարւոյս ամէնագեղեցիկ ամիսը։ Բնութեան ամէնակենսունակ եղանակը։ Ամիս մը նուիրուած մայրերուն։ Բոլոր մայրերուն։ Առանց գոյնի եւ կրօնքի խտրութեան։ Մայիս եւ մայր։ Բառեր որոնք ներդաշնակօրէն կը նմանին իրարու։
Մայիսը եթէ բնութեան վերածաղկումի եւ բարգաւաճումի շրջան մըն է, մայրն ալ մարդկային գոյութեան աճումին ու զարգացումին խորհըրդանիշն է։
Մայրերու օրուան տօնակատարութեամբ գիտակից մարդկութիւնը կուգայ երախտագիտութեան զգացումները յայտնելու այն բիւրաւոր մայրերուն, որոնք իրենց սիրտն ու հոգին կը մաշեցնեն տիպար զաւակներ մեծցնելու համար։
Մայրերու օրը խոր եւ բազմակողմանի նշանակութիւն ունեցող օր մըն է եւ կը կարօտի լուրջ ուսումնասիրութեան։
Տիեզերական բնոյթ ունի ան։
Մայրական սէրը բնազդէն աւելի դեր մըն է, հոգեկան բնոյթ մը ունի իր մէջ։ Եթէ լոկ բնազդային ըլլար, կենդանիներու սէրէն պիտի չտարբերէր։ Կենդանիները որոնք իբրեւ մայր կը սնուցանեն իրենց ձագերը, կը պաշտպանեն վտանգներէ իրենց կեանքի գնով մինչեւ մեծնան անոնք։
Թռչունները նոյնպէս իրենց ձագերը բոյնէն դուրս կը քշեն երբ հաւատան որ իրենց ծնողական պարտականութիւնը լրիւ կատարած են։
Այսպէս չէ սակայն մարդ արարած մայրը։
Ան իր առաջին վայրկեանէն մինչեւ իր վերջին շունչը կը մնայ մայր իր զաւակներուն, հոգ չէ թէ անոնք չափահասներ ըլլան։
Ան երբեք չի դադրիր իր զաւակները սիրելէ, անոնց կեանքով հետաքրքրուե- լէ, անոնցմով մտահոգուելու եւ անոնց երջանկութեան համար զոհողութիւններ ընելէ։ Անշուշտ բացառութիւններ կ՛ըլլան, բայց ընդհանրապէս մայրական սէրը տեւական է։
Արդիւնք. ի՞նչ է ան որ մայրական սէրը տեւական կը դարձնէ։
Լոկ բնա՞զդ, որ բնութիւն դարձած է իր մէջ։ Բնազդը ի ծնէ մօր մօտ դարձած ուժ մըն է եւ առաքելութիւն։
Առաքելութիւնը՝ անհատը իր մէջ կամաց կամաց կը զգացնէ, գիտակցութեամբ եւ ընկերային շինիչ յարաբերութիւններով։
Ինչ որ մարդկային սէր կը կոչենք, միացումն է ամբողջական, խմորումը բնազդին ու հոգեկան գեղեցկութիւններուն, որոնք իրենց մէջ կը միացնեն, հաւատք, բարութիւն, ճշմարտութիւն, մէկ խօսքով մայրական սէր։ Ընդհանրապէս մայրական սէրը կը վերագրենք բոլոր ժողովուրդներու եւ ցեղերու մայրերուն։
Հայ մայրը սակայն բոլորէն տարբեր է։ Հայ մայրը դժնդակ պայմաններու տակ աւելի զոհուող, աւելի տոկուն կորով է ու գիտակից իր մայրական դերին։
Սփիւռքի մեր կեանքէն ներս, ամէնէն կարեւոր դերը վստահուած է հայ մօր։ Հայ մայրը հարկադրուած է մտածեր թէ ինչպէ՞ս կրնայ անվթար պահել հայրենի սրբութիւնները, ինչպէ՞ս կրնայ վառ պահել իր զաւկին սրտին մէջ ազգային զգացումները, աւանդութիւնները եւ մանաւանդ հայրենիքին սէրը։
Վերջապէս հայ մայրն է գլխաւոր ազդակը ազգապահպանման մեր գործին։
Հայկական ըմբռնումով բարոյապէս ուժեղ եւ կորովով եղան այն մայրերը որոնք իրենց մայրերու օրինակները ու ժառանգորդները եղան ու յաւերժացուցին նախնիքներու հայկականութեամբ օծուն առաքինութիւնները եւ բարոյական արժանիքները՝ կապուած մայրական սիրոյն հետ։
Սփիւռքի մէջ բազմակողմանի վտանգներ կան, եթէ վճռականութեամբ եւ քաջաբար չդիմագրաւենք զանոնք, կրնան քայքայիչ դեր կատարել մեր զաւակներուն ֆիզիքական, մտային եւ բարոյական կեանքին մէջ։
Ինչպէս որ անցեալին մեր մայրերը ըրին, այսօր ալ մենք պէտք է աչալուրջ հսկենք մեր զաւակներու դաստիարակութեան վրայ, որ կը սկսի տունէն եւ հետզհետէ կ՛ենթարկուի դպրոցի, եկեղեցի եւ ուրիշ շատ մը շրջանակներու ազդեցութեան որոնք կը դնեն իրենց դրօշմը մեր զաւակներու նկարագրին վրայ։

Կ. Գ.