jeudi 11 mai 2017

♥ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ ♥ 3

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ
Մայրերու օրը ամենամեծ տօնն է, զոր մարդիկ երբեք ստեղծած ըլլան, իրենց երախտագիտական եւ գնահատական զգացումները լաւագոյն կերպով արտայայտելու այն նիւթական, բարոյական եւ ֆիզիքական անպատմելի զոհողութիւններուն հանդէպ, զորս մայրեր անսակարկ կը կատարեն:
Մայրը կեանքին ծնունդ տուող կեանքն իսկ է: Կեանքի յաւերժականութիւնն է, մարդկային շղթայի յարատեւման ամրակուռ խարիսխն է, ստեղծագործական ակնաղբիւր եւ սերունդներու մեծ ծառին հրամայական աւիշն է:

Աշխարհ եկած մայրութեամբ, աշխարհին հետ մեր առաջին ծանօթացումի մէջ մեր աչքերուն կախուած գտանք զոյգ մը գորովայորդ ակնարկներ, զոյգ մը բեղուն ժպիտներ, որոնք մեզի ապահովութիւն, վստահութիւն ներշնչեցին, որոնք մեր սրտէն խլեցին հարազատ կանչը, մայրութեան տիտղոսը: Ու այդ կանչը մեծցաւ, իմաստաւորուեցաւ, բեղմնաւորուեցաւ՝ դարձաւ արուեստի զանազան արտայայտութիւններ:

Անծանօթ աշխարհին մէջ, սարսափահար, կեանքին կապուիլ սկսանք, կեանքը ճանչնալ սկսանք, մարդոց ժպտիլ ու մարդոց հետ մարդանալ սկսանք շնորհիւ այն մեծ կապին, որ հանդիսացաւ մեր մայրը:
 ՄՕՐ ԴԵՐԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Մեծ ազգեր ծնունդ եղած են լաւ մայրերու: Պատմութիւնը մեզի ծանօթ ժամանակաշրջանէն սկսեալ կը յիշուի Մայրերու տիրապետութեամբ, այսինքն՝ Մայրապետութեամբ: Որովհետեւ հին ատեն մայրերն էին իրենց ընտանիքի պետերը: 

Նախապատմական շրջանին, երբ տակաւին մարդիկ թափառաշրջիկ էին, հողագործութեան գաղափարը չունէին եւ կը կերակրուէին որսի միսով, այր մարդիկ շարունակ պարտաւոր էին անցնիլ զանազան շրջաններ, երբեմն անոնք տուն չէին վերադառնար եւ առանձինն կը թողէին իրենց կիները իրենց զաւակներուն հետ: 

Բնականաբար այս պայմաններուն մէջ, երբեմն անծնօթ մի քանի պատահական ամուսիններ ունենալով հանդերձ զաւակները կը պատկանէին իրենց մօր, կը կրէին անոր անունը: Սակայն, երբ հողագործութիւնը այր մարդիկը կապեց իրենց հայրենիքին, անոնք տան տէրը մնացին: Աւելի ուշ, երբ ազգութիւններ կազմուեցան, ցեղային զանազան ինքնուրույն մշակոյթներ սկսան ծաղկիլ, այս անգամ մայրը հանդիսացաւ իր ընտանիքին եւ զաւկին կարեւորագոյն նեցուկն ու դաստիարակը:

Իսկ հայկական իրականութեան մէջ միշտ բարձր եղած է մօրը վստահուած պարտականութիւնը, ընտանիքի տնտեսական, կրթական թէ բարոյական հեղինակութեան տեսակէտէն:

ՄՕՐ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պատմութիւնը մեզի կը խօսի հսկայ կայսրութիւններու եւ մեծ քաղաքակրթութիւններու մասին: Մեծ քաղաքագէտներ, մեծ իմաստասէրներ ու մեծ մտածողներ իրենց տաղանդը ի սպաս դրած են կայսրութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու կերտման, բայց ինչո՞ւ անոնց հաստատած սկզբունքները չկարողացան տոկալ ժամանակի փոփոխութիւններուն, ինչո՞ւ տկարացան անոնց հզօր բանակները, դաւերով եւ խարդաւանքներով փուլ եկան կայսրութիւնները, աղօտեցան ու բարբարոսացան քաղաքակրթութիւններ, ինչո՞ւ... պարզ այն պատճառով, որ մայրերը դադրեցան իրենց մայրական պարտականութիւնները կատարելէ եւ սկսան իբրեւ կին ապրիլ առաւելաբար քան իբրեւ մայր, իրենց ժամանակը վատնելով մեծ մասամբ շուայտ եւ ցոփ կեանքի անհատնում վայելքներու մէջ:
Բանակները անհրաժեշտ են, քաղաքակրթութիւնները նոյնքան անհրաժեշտ են երկրի մը տնտեսական միջոգներուն հետ, տուեալ ժողովուրդին ապահովութիւն եւ բարգաւաճում շնորհելու, սակայն, այդ բոլորը անզօր են եթէ հաւասարակշռուած չեն այդ ազգի մայրերու բարոյական զօրութեամբ եւ նուիրումի, ծառայասիրութեան պատրաստակամութեամբ:
  
 ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ

Այսօր, դժգոհ են սերունդները, դժգոհ են եւ կը դիմեն այլասերման ամէն տեսակ միջոցի: Կը բողոքեն բրտութեամբ եւ յարձակողականութեամբ աշխարհը կը փորձեն կրակի տալ:Տագնապի մէջ է համայն մարդկութիւնը. կը ճարճատին, կը սնանկանան դարաւոր արժէքներն ու ընկերային չափանիշները: Արագընթաց փոփոխութիւններու գլանին տակ կը հարթուին սկզբունքները, իսկ անոնց տեղ հաստատուած նորեր իրենց կարգին նորարարութեան այլ ալիքներուն կուլ կ՛երթան: Կը բողոքեն հասնող սերունդները, կը պայքարին նորերը հիներուն դէմ, նիզակ կե ճօճեն: Սերունդները իրարու անհաշտ թշնամիներ դարձած են:

Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ, կը պոռթկայ երիտասարդութիւնը: Ինչո՞ւ մարդկութիւնը այլասերման կը դիմէ, ինչո՞ւ ընկերութիւնները կը քայքայուին հետզհետէ:Որովհետեւ խանգարուած է ընտանեկան երջանկութիւնը, որովհետեւ ընտանեկան մթնոլորտը կորսնցուցած է իր երբեմնի անդորրն ու սրբութիւնը:Իսկ երբ հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս ընկերային այս ախտը մուտք գործեց եւ քանդեց ընտանիքը, պատճառը չենք կրնար ուրիշ տեղ որոնել, եթէ ոչ մայրերուն մօտ:
Որովհետեւ մայրերը լքեցին իրենց ընտանիքները, մայրերը հեռացան իրենց շունչով ու ներկայութեամբ քաղցրացուցած իրենց օջախներէն եւ իրենց բացակայութեամբ ստեղծուած պարապը կարելի չեղաւ լեցնել:
 ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆ

Փառաբանութիւննրու կողքին, մայրական անբացատրելի զոհողութիւններու մասին խօսելով հանդերձ, անհրաժեշտ կը գտնենք շեշտելու, որ այսօր, քաղաքակրթութեան համար մայրութիւնը լոկ ֆիզիքական չէ, անձնազոհութեան ու նուիրումի զանազան պերճախօս օրինակներ կարելի է վերցնել նաեւ կենդանական աշխարհէն: Ինչ որ մեզ կը բաժնէ կենդանիներէն, ատիկա մեր ընկերային մայրութիւնն է, մեր հոգեբանական, դաստիարչական եւ ընկերային անմիջական առաքելութիւնը: Իսկական մայրութիւնը մեծագոյն դաստիարչական աշխատանքն է: 

Դաստիարակութիւնը տունէն կը սկսի, մայրն է առաջին իտէալ դաստիարակը իր զաւկին: Մայրն է, որ առաջին անգամ աշխարհի վրայ ամենէն կարեւոր ու էական բաները կը փոխանցէ իր մանկան, մայրերն են, որ կը գծեն անոնց ապագայ անհատականութեան ծրագիրը, զանոնք կը ներշնչեն զանազան ուղղութեամբ եւ անոնց մէջ կ՛ուռճացնեն ձգտումներ, զիրենք նախաձեռնութիւններու կամ պատասխանատուութիւններու մղելով: Ուրեմն մի զարմանաք, եթէ կարգ մը զաւակներ գահավիժին, իսկ ուրիշներ բարձունքներ նուաճեն:Անհրաժեշտ է մօր մը զարգացումը առողջ սերունդներու գիտակից եւ առարկայական պատրաստութեան համար, սակայն զարգացումը միակ բաւարար ազդակը չէ լաւ մայրութեան մը համար, ակնարկ մը եթէ նետենք մեր իսկ անմիջական շրջապատի վրայ, պիտի տեսնենք յաճախ համեստ ընտանիքներէն բարձունքներ հասած տղաք, կամ ոչ մէկ տեղ հասած զաւակներ մեծահարուստ կամ ուսեալ ընտանիքներէն:Տանք Ձեզի կենդանի կեանքէն առնուած օրինակ մը:


 Կախաղանի չուանին մօտ աւազակին վերջին իղձը արտայայտելու առիթը կուտան: Վայրկեան մը լուռ մտածելէ ետք, երիտասարդը կը խնդրէ կախուելէ առաջ տեսնել ու համբուրել իր մայրը: Կը կատարեն աւազակ զաւկին ցանկութիւնը եւ լալահառաչ մայրը կը նետուի իր զաւկին բաց թեւերուն մէջ: Զաւակը կը խնդրէ իր մօրմէն, որ դուրս հանէ լեզուն եւ մեռնելէ առաջ անգամ մը համբուրէ զայն. եւ երբ մայրը կը կատարէ փափաքը իր որդուն, այս վերջինը կատաղանքով մը կը նետուի, կը խածնէ եւ կը պոկէ զայն զարմանքի մատնելով բոլոր ներկաները: Երբ հարց կուտան աւազակին, իր այս վայրագ արարքին պատճառը, այն նոյն կատաղանքով մը կը բացատրէ հեկեկանքին մէջ խեղդուած ձայնով:

-Եթէ դուք զիս այսօր կախաղանին վրայ կը տեսնէք, ատոր միակ պատճառը մօրս լեզուն էր: Այդ լեզուն էր, որ առաջին գողութիւններուս մէջ քաջալերեց զիս: Պաշտպանեց զիս եւ վէճ ունեցաւ դրացիներուն հետ, երբ առաջին անգամ հաւ մը գողցայ, նոյնքան բուռն կերպով պաշտպանեց, երբ մեծցան գողօնները եւ դարձայ դրամատան կողոպտիչը: Ոչ մէկ յանդիմանութիւն, ոչ մէկ դիտողութիւն:Սիրելի մայրեր, այս եւ բազմաթիւ այլ օրինակներ կարելի է թուել մեր առօրեայ փորձառական աշխարհէն, ինչպէս եւ գրականութենէն, ապացուցանելու համար այն անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը, որ կը ծանրանայ մայրերու ուսերուն:

 ՄԱՅՐԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ամէն ժողովուրդի գրականութիւնն ու արուեստները հարուստ են բարձրորակ ստեղծագործութիւններով, ուր այնքան գեղեցկօրէն կը փայլի մայրական տիպարը, իր զանազան երեսներով: Հայ գրականութիւնը եւս, յատկապէս իր բանաստեղծութեամբ գեղեցիկ եւ յուզական իրաւ ապրումներ նուիրած է հայ մօր: Հայրենի բանաստեղծութեան վարպետ՝ Աւետիք Իսահակեանի քերթողական վաստակի ամենէն յուզիչ քերթուածները կը  բացայայտեն մայրական անհուն սէրը: «Պանդուխտ Որդին», մօր բնազդական սիրոյ մասին կը վկայէ, իսկ «Մօր մը Սիրտը» վէպը մօր անհուն սիրոյն կը հակադրէ որդիական ապերախտութիւնը: Աւելի խոր եւ հիմնաւոր են այն բազմաթիւ քերթուածները, որոնք Յ. Շիրազի կողմէ նուիրուած մօր, զայն այնքան հոգեգրաւ եւ անհրաժեշտ կը դարձնեն: 

Յ.Շիրազ, այն քիչ հայ թէ օտար գրողներէն է, որոնք մայրական սիրոյ հետ եւ ուժգին արտայայտութեամբ մը կը դրսեւորեն նաեւ որդիական սէրը հանդէպ մօր, կը  շեշտէ ան այն կարեւորութիւնը, բոլոր այն առաքելութիւնները, զորս մայր մը միայն կրնայ կատարել: Հայ արձակի մէջ  մայրական սիրոյ կողքին որդիական ապերախտութեան յուզիչ դրուագ մըն է Վահէ Հայկի «Կաթիդ փարան չմոռնաս» պատմուածքը:
 ՄԱՅՐԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Եթէ կարդանք աշխարհի ճակատագրի մէջ իրենց հեղինակութեամբ բաժին ունեցած մարդոց կեանքը, այնտեղ անպայման պիտի հանդիպինք խոստովանութիւններու, որոնց մէջ յիշուած է մայրական առաքելութեան կատարած նախախնամական դերը: Այսպէս, Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացիին սէրը հանդէպ իր մօր, ծանօթ է պատմութեան ինչպէս եւ ծանօթ է կարգ մը բռնապետ մարդոց ընթացքի բացատրութիւնը մայրական խնամքէ զրկուած ըլլալու իրողութեամբ:

Մեր պատմութեան մէջ օրհնեալ եւ բարեյիշատակ համբաւով մը կը ներկայանան հայ մայրերը եւ ասիկա սկսեալ մեր պատմութեան ամենէն վճռական հանգրուանին: Հայոց Աշխարհի փափկասուն տիկինները, հայ մայրերը, իրենց հայրենիքի եւ սուրբ գաղափարի համար այնքան վճռական եւ օրինակելի կեցուածք ունեցան, մինչեւ իսկ ուրանալով իրենց զաւակները: Ահաւասիկ ճշմարիտ դաստիարակութեան գործնական ապացոյց:Նուարդը պարտուած հայ կինն էր, որուն բարոյական զօրութիւնը սնուցեց դարեր շարունակ իր ժողովուրդը, մինչ յաղթական եւ կայսրութեան մը գլուխ նստած վաւաշոտ Շամիրամ կորսուեցաւ, իրեն հետ պատմութեան տանելով իր ժողովուրդը:

 Անցէք ժամանակագրական կարգով մեր պատմութեան բոլոր հանգրուաններէն եւ պիտի հանդիպինք հայ մօր մը, որ իր մայրական սիրոյ հետ իր զաւկին փոխանցած է այն վառ սէրը, որ անհրաժեշտ է սերունդ մը իր ազգային արժէքներուն եւ ազգութեան կապելու:

Ճէնկիզ Խան, որուն մօր շատ քիչ անգամ բարոյական ուժը նկատի առնուած էր, զարմանալով հայկական կեանքին տոկուն եւ յարատեւութեան վրայ եւ ըմբռնած անոր գաղտնիքը, հայկական քաղաքները քանդումէ զերծ կացուցանելու համար կը պնդէր միայն 50 աղջիկ, 50 հայ աղջիկ կաշառ վերցնել, թաթարներուն մէջ ընտանեկան սրբութիւն մտցնելու առաջադրութեամբ:

Հայ մայրերուն բացառիկ առաքինութիւնները երեւան եկան մանաւանդ Եղեռնի օրերուն, երբ զարնուած, հալածուած ու կոտորուած, իր պատիւով ամէն տեսակ աշխատանք կատարել յանձն առաւ մայրը պահելու համար իր ազգային արժանապատուութիւնը եւ այդ հաւատքով պահեց իր խնամքին յանձնուած զաւակները:
 ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐ

Հոգեբանները կը փորձեն վերլուծել զանազան սէրեր եւ անոնց տարողութեան բացատրութիւններ կուտան: Այսօրուայ ձգտումները շեշտը կը դնեն ֆիզիքական սիրոյ վրայ: Ճիշդ ըլլալով հանդերձ առոյգ եւ անսպառ ֆիզիքականի տէր անհատին համար սեռային իրականութեան գոյութիւնը սակայն անիկա իր յարատեւութեամբ չի կրնար նմանիլ եւ հաւասարիլ մայրական սիրոյ, որ այնքան անսակարկ է, այնքան անխարդախ է, անշահախնդիր: 

Միւս ամէն սէր ժամանակաւոր է, սակայն ոչ մէկ պարագայի տակ մայր մը իր սիրոյ մէջ տկարանալ գիտէ, իր նուիրումին մէջ թեթեւանալ գիտէ: Ասիկա գլխաւորաբար անոր համար, որ հոգեկանին եւ զգացականին կը միանայ ֆիզիքականը: Որովհետեւ իրաւունք ունի Ֆրէօյտ, երբ կ՛ըսէ թէ կինը ամէն բանէ առաջ գոհացում կը փնտռէ, սակայն, նոյնքան իրաւունք ունի իր աշակերտը, երբ կ՛աւելցնէ թէ կինը իր իսկական դերը կը կատարէ եւ իր իրաւ լինելութեան մէջ կը գտնուի այն ատեն միայն, երբ մայր կը դառնայ, որովհետեւ իր զաւակը իր մարմնին, իր հոգեկանին մէկ շարունակութիւնն է, որ յարատեւութիւնն ու երկարաձգտումն է, իր առարկայական գոյութիւնն ու պատկերն է:

Մայրական անսակարկ սիրով կը բացատրուի նաեւ հարս-կէսուր վէճը: Արդարեւ, իր զաւկին կապուած, զայն տարիներով իրը նկատած մայրը չի կրնար հաշտուիլ զայն իրմէ խլուած տեսնելու իրականութեան հետ:
 ՄԱՅՐԵՐ ԳԱՂԱՓԱՐԱՓԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ

Չեն մեռնիր այն ժողովուրդները, որոնց մայրերը գաղափարապաշտութիւն ունին, որոնց մայրերը սիրել գիտեն իրենց զաւակները եւ զանոնք հայրենասիրական, մարդկային ուղիին մէջ դնել գիտեն: Մանաւանդ սիրոյ հետ անոնց կարգապահութիւն ներշնչել գիտեն, զանոնք մեթոտներու վարժեցնել գիտեն:

Այսօր մենք մեր մայրերէն կը պահանջենք գաղափարապաշտութիւն. անցեալին նման տէր կանգնին հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներուն: Այս գաղափարաբանութիւնը՝ մայրերը այսօր կը տանի այլ ծայրայեղութիւններու: Անոնք մոռցած իրենց մայրական առաջնահերթ պարտաւորութիւնները, մուտք կը գործեն ընկերային գործունէութեան այլազան կալուածներէն ներս: Դէմ չենք այս բոլորին, դէմ չենք կանացի աշխատանքին, բայց բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք այդ աշխատանքին, եթէ ատոր պատճառով մայրեր պիտի թերանան իրենց պարտականութեանց մէջ: 

Այս պարագային այս աշխատանքը կը դադրի քաղաքակրթութեան ընծայուած բարիք մը հանդիսանալէ: Քաղաքակրթութեան անուրանալի բարիք մըն է, երբ մայրեր ամէն բանէ առաջ իրենց մայրական պարտականութիւնը կատարեն եւ հեռու մնան ամբոխավարական լոզունգներէն:
  
Հաւասարութիւն...համաձայն ենք քաղաքացիական գետնի վրայ այրերու եւ կիներու նոյն իրաւունքներու տուուչութեան, բայց բառին ո՞ր իմաստով այս երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութեան մասին կը խօսուի: Ինչպէ՞ս կարելի է հոգեբանախօսական տարբեր կազմութիւններ ունեցող իգական եւ արական սեռի ներկայացուցիչներու միջեւ բացարձակ հաւասարութիւն փնտռել: Կարելի է մտածել, այր ու կին ամբողջութիւն մը կազմելու մասին, լծակից ըլլալու մասին, բայց բոլորովին անհեթեթ է հաւասարութեան առասպելը: Բազմաթիւ մարզերու մէջ կարելի է հաւանաբար հաւասարութեան մասին խօսիլ, բայց ո՞վ կրնայ ձեզմէ խլել մայրութեան մենաշնորհը, որուն մէջ դուք բնազդական օժտուածութիւն մը ունիք: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսիլ աշխատանքի բաժանումներու, պատասխանատուութիւններու բաժանումի մասին:
 ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Մայրութիւնը պէտք չունի մասնագիտացած տիկիններու, բայց պէտք ունի մայրերու, հարազատ, նուիրուող, զարգացած, իր զաւակը սիրող մայրերու:Դուք պէտք է յաջողիք երիտասարդութեան խանդավառութիւնը ուղեդրել, դուք պէտք է յաջողիք առաջքը առնել այս խօլ ու քանդիչ արշաւին, որուն մէջ կը տուայտի մարդկութիւնը: Դուք էք աղը մարդկութեան, դուք էք մշակները մեր հոգիներուն, առանց ձեր սիրոյ կը ցամաքի, կը վայրենանայ աշխարհը, առանց ձեր դաստիարակութեան, ձեր սիրոյ կ՛որբանան սերունդները:

Տարին ամէն օր, սակայն անգամ մը այսպէս պաշտօնական եւ հանդիսաւոր մենք կը յայտարարենք, որ եթէ երէկ բանաստեղծներ զիրար կը գերազանցէին երգելու համար ձեր անգին զոհողութիւնները, ձեր անսակարկ, ձեր մոմանման հալումն ու մաշումը, այսօր հոգեբաններ ու ընկերաբաններ միացած դաստիարականներու կը խնդրեն ձեզմէ, որ միայն ու միայն մայրութեամբ ծառայէք մարդկութեան, փրկէք մարդկութիւնը: Այս հաւատքով է, որ պիտի շարունակենք մեր ապերախտ զաւկի շրթներուն մէջ պահելու ձեր մայրական մեղրածոր անունը եւ կրկնելու յաւերժօրէն:Փա՜ռք, հազար փառք մայրերուն:


 ՄԱՅՐԻԿԻՍ

Հին օրերու քաղցր խօսք մը՝ բարեկամի մը պէս կ՛անցնի քովէս ու կը յուզէ զիս այս գիշեր:
Հին օրերու ձայն մը խիղճիս կը հպի. մօրս ժպիտն է, մօրս ժպիտը որ կ՛արթննայ իմ մէջս:
Ա՜հ, մայրս հիւանդ ,մայրս նիհար, լքուած կին:
Պատմութիւն մը կը շրջի ականջիս մօտը, անորոշ աղու շեշտերով:
Մայրիկիս ձայնն է որ կը յիշեցնէ այնքան անուշ օրերգ մը թախծոտ:
Օ՜հ, հին բարի երգ, սո՜ւրբ առասպել, ո՞ւրկէ եկար այս գիշեր՝ մօրս ժպիտին հետ:
Ո՜րքան ապրեցայ, Աստուած իմ, մոռցած եմ իր դէմքը տմոյն:
Երանի՜, ո՜վ մայր, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ՝ տանէին հոգիս հովերուն հետ,
ու մեղրամոմի հիւսքերով պատէիր թաթերս մանրիկ:
Հիմա մեղրամոմի թևեր կը խեղդեն զիս ամէն օր, ու հոգիս կը փռուի մութ խորշերու,
խոնաւ լորձնոտ գետիններու վրայ, կատաղի վիրաւոր սողունի մը պէս:
Երանի՜, ո՜վ մայր, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ, ձորին ոգիները հովերուն հետ վազցնէին իմ հոգիս,
ու քու արցունքներուդ մէջ ու քու արցունքներուդ տակ տանէին զիս:
Հիմա արցունքները մեղքի՝ բիւրեղ կ՛ըլլան սուր ու այստերս կը խոցոտեն:
Հիմա համբոյրները հրաշէն երկաթներու պէս դէմքս կը մրկեն, ու սիրտս, տե՛ս, աւերակ:
Օ՜ մայր, համբոյրիդ տակ, արցունքիդ տակ, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ՝ պիտի ուզէի ննջել ու մեռնի՜լ...:

ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ
անվերադարձ մտաւորականներէն...