mardi 10 mars 2020

🙏🕯🙏 ՄԵԾ ՊԱՀՔ 🙏🕯🙏

🙏 Բարի, բերրի, խնկի բոյրով աղօթալի,  Քառասնորդաց պահքի օրեր շնորհալի 🙏

 ՏԻՐՈՋԸ ԸՆՏՐԱԾ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ
Եսայեայ 58

Մարդ արարածը միշտ կը ջանայ զԱստուած հաճեցնել իր գիտցած կամ ըմբռնած ձևով: Բան մը կը գտնէ բնութեան մէջ եւ զայն կը պաշտէ, որովհետեւ մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էակներ ենք եւ մեր ներսիդին կայ պարապութիւն մը, որ միայն Ստեղծիչը կրնայ լեցնել: Սակայն մինչեւ որ մարդը հասկնայ ու գտնէ թէ միայն Յիսուսով կարելի է ամբողջանալ՝ կը փորձէ իր ջանքերով գոհացում գտնել. բայց ի զուր...:
Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ կը սկսի Մեծ Պահքը, որ եկեղեցական իմաստալից շրջան մըն է: Եօթը շաբաթներ եկեղեցիին խորանը սեւով կը ծածկուի «Փակեալ խորան» որուն ընթացքին հաւատացեալներ կը հրաւիրուին ինքնաքննութեան, անձնազոհութեան եւ Աստուծոյ հետ մտերմութեան: Եօթը շաբաթներ հրաժարումի արարողութիւն կը կատարուի մայր եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին քրիստոնեան կ՛ուզէ մաքրուիլ մեղքէն եւ Սատանայի տիրապետութենէն ու պատրաստուիլ Սուրբ Զատկի տօնին:
Մեծ Պահքի նախօրեակին Բարեկենդանի տօնն է եւ վերջաւորութեան Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան փառատօնը: Երկու ուրախառիթ տօնակատարութիւններ, որոնց միջեւ կայ Մեծ Պահքը: Շատ լաւ բան է որոշ ուտելիքներէ զրկել անձը եւ կամ ծոմ պահել, ինչպէս գրուած է Աստուածաշունչին մէջ: Ութսուն անգամներէ աւելի, ծոմապահութեան վերաբերեալ ակնարկութիւններ յիշուած են Աստուծոյ Խօսքին ներքեւ: Այդ կ՛ընդգծէ մեզի թէ կարեւոր է այս պատուէրը պահել:
Աստուածաշունչը մեր հայելին է: Ինչ նիւթի մասին որ ուզենք լուսաբանուիլ անոր դիմելու ենք, որ սորվինք Աստուածահաճոյ ձեւով ապրիլ հոգեւոր կեանքը: «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս լոյս», ուստի այդ լոյսով նայինք Եսայեայ 58-րդ գլխուն, որ ծոմապահութեան ուղղեցոյցն է:
Ամենակալ Աստուած Եսայի մարգարէին կը պատուիրէ. «Բարձրաձայն կանչէ եւ մի խնայէր, ձայնդ փողի պէս բարձրացուր եւ իմ ժողովուրդիս իրենց յանցանքը... ու մեղքը պատմէ» կ՛ըսէ սրտերը քննող Տէրը: Յստակ է որ շատ կարեւոր ըսելիք մը ունի Աստուած Իր ժողովուրդին: Ան կը զարմանայ թէ ինչպէս մարդիկ Իրեն կ՛ըսեն թէ ամէն օր Զինք կը փնտռեն, Իր ճամբաները գիտնալ կը փորձեն, արդարութեան կանոնները կ՛որոնեն եւ Աստուծոյ մօտենալու կը փափաքին ու կը հարցնեն թէ՝ «ինչո՞ւ մենք ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար»: Տէրը այս հարցումին կը պատասխանէ ըսելով թէ ձեր ծոմապահութիւնը ատեցի, քանի որ դուք ձեր ուզածին պէս ծոմ կը պահէք եւ ձեր ամէն պահանջքը խստութեամբ կ՛ուզէք: Կռիւ ու վէճ կ՛ընէք: Կեղծաւորութեամբ գլուխնիդ կը հակէք եղէգի պէս, քուրձ կը հագնիք եւ մոխիրի վրայ կը նստիք, բայց ձեր սրտերը ապականած են:
Ասիկա մեզի յիշել կու տայ Յիսուսի՝ մաքսաւորին եւ փարիսեցիին մասին պատմած առակը: Փարիսեցին անձնակեդրոն ու անձնասէր՝ ինքնագովութեամբ կը յոխորտայ Աստուծոյ առջեւ, մինչ մաքսաւորը այդքան անարժան կը զգայ ինքզինք, որ աչքերը անգամ վեր չուզէր բարձրաձնել, այլ կուրծքը ծեծելով կ՛աղերսէ. «Աստուա՛ծ, ողորմէ ինծի, մեղաւորիս»: Յիսուս ըսաւ. «ասիկա Փարիսեցիէն աւելի արդարացած գնաց իր տունը, վասնզի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ պիտի բարձրանայ» (Ղուկ.18:9-14):
Եսայեայ 58-րդ գլխուն մէջ Տէրը յստակօրէն կը բացատրէ թէ ինչ է Իր ընտրած ծոմապահութիւնը: Նախ՝ Ան կ՛ուզէ որ մենք ամէն լուծէ ձերբազատուինք, սկսելով մեղքի լուծէն, որ մեզ Սատանային իշխանութեան տակ կը դատապարտէ: Այս պատճառաւ է որ անիրաւութեան կապեր ունինք ու կը հարստահարենք մեր ծառաները կամ գործաւորները: Տէրը կ՛ուզէ որ մենք իրաւունքով վարուինք ամէնուն հետ. նախապատութիւնը տանք Աստուծոյ մեր կեանքի ընթացքին, ինչպէս կ՛ըսէ առաջին պատուիրանը. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտէդ, եւ քու բոլոր զօրութենէդ» (Մարկոս 12:30): Երբ այսպէս ընենք եւ Տէր Յիսուսը ընտրենք, կրնանք Իր լուծին տակ մտնել սիրայօժար, «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք, եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ... վասընզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատթ.29:30):

  

Տիրոջ ընտրած ծոմապահութեան երկրորդ պահանջքը անձնազոհութիւնն է: Ան կ՛ուզէ որ Իր անունը կրող հաւատացեալներ անօթին յօժարութեամբ կերակրեն, թափառական տնանկները հիւրասիրեն, մերկերը հագուեցնեն եւ կարօտեալին հոգին կշտացնեն՝ կենաց հացով: Մէկ խօսքով գործադրեն «Քու ընկերդ սիրէ քու անձիդ պէս» պատուէրը որ երկրորդ մեծագոյն հրահանգն է եւ նաեւ օրէնքին լրումը: Տէրը կ՛ուզէ որ զիրար չքննադատենք եւ չարախօսութիւն չընենք: Տէրունական օրը սուրբ պահենք, մեր ցանկութիւնները չկատարենք ու պարապ խօսքեր չխօսինք:
Երբ Աստուծոյ ընտրած ծոմապահութիւնը կատարենք եւ իր պատուէրները պահենք, Տէրը խոստացած է օրհնութեան անձրեւներ տեղացնել մեր վրայ: Ի՜նչ մեծ երանութիւն: Ան կ՛ըսէ «Քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի, բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի, արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ ու Տիրոջը փառքը քու ետեւէդ քեզ պիտի պաշտպանէ: Տէրը պիտի կանչես ու Ան պիտի պատասխանէ, պիտի աղաղակես ու անիկա Ահա Ես, պիտի ըսէ: Տէրը քեզի միշտ առաջնորդութիւն պիտի ընէ, հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, ոսկորներդ պիտի զօրացնէ ու դուն ջրարբի պարտէզի պէս եւ ջուրը չպակսող աղբերակի պէս պիտի ըլլաս»: Նաեւ Տէրը խոստում ունի մեր զաւակներուն համար, որոնք շինարար պիտի ըլլան ու իրենց ծնողաց շաւիղներէն պիտի քալեն (Եսայ.58:8-12): Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, մկրտուելէն անմիջապէս վերջ անապատ տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէսզի Սատանայէն փորձուի (Մատթ.4:1) եւ Ան քառասուն օր, ցերեկ ու գիշեր, ծոմ պահեց: Միայն անկէ վերջ էր որ Որդին Մարդոյ կրցաւ զգետնել Փորձիչը, Աստուծոյ Խօսքին սուրովը: Այլակերպութեան լեռնէն երբ իջաւ Տէր Յիսու, բժշկեց լուսնոտ պատանի մը, որ Իր աշակերտները չէին կրցած բուժել: Երբ առաքեալները հարցուցին թէ ինչո՞ւ իրենք չէին կրցած օգնել հիւանդին, Յիսուս ըսաւ. «Այս տեսակը ուրիշ բանով չելլեր, բայց միայն աղօթքով եւ ծոշապահութեամբ» (Մատթ.17:14-20): Ասիկա կը շեշտէ այդ ճշմարտութիւնը թէ ծոմը կամ պահքը առանց աղօթքի անօգուտ է:
Երբ ծոմ բռնենք կամ պահք ընենք, պէտք է մեր կեդրոնացումը Աաստուծոյ վրայ ըլլայ: Աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կայնինք Ամենակալ Տիրոջ առջեւ եւ մեր անձերը քննենք: Անկեղծութեամբ խոստովանինք մեր մեղքերը, յանցանքները եւ տկարութիւնները ու խնդրենք որ Ան մեզ մաքրէ եւ սրբէ՝ հոգի, շունչ ու մարմին:
«Այսպէս կ՛ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը, որ յաւիտենութեան մէջ կը բնակի ու Անոր անունը Սուրբ է, ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, որպէսզի խոնարհին հոգին կենդանացնեմ ու կոտրած սիրտերը ապրեցնեմ» (Եսայ.57:65): Այս է Տիրոջ ընդունելի զոհը:
Երբ Կայէն եւ Աբէլ՝ Ադամի տղաքը, ընծայ բերին Տիրոջ, Տէրը ընդունեց Աբէլի կենդանի զոհը, բայց անտեսեց Կայէնի բերած պտուղները: Երբ ան զայրացաւ ու երեսը կախեց, Տէրը ըսաւ անոր. «Եթէ աղէկ ընես ընդունելի չըլլա'ր, թէ ոչ մեղքը դրանը քով պառկած է, եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի, ու դուն անոր պիտի իշխես» (Ծննդոց 4:1-8): Տէրը կենդանի զոհ կ՛ուզէ եւ ոչ թէ երկրային պտուղ, մեր անձերը եւ ոչ՝ մեր գործերը: Ան մեր սրտին տրամադրութեան եւ հոգիին կամեցողութեան կը նայի: «Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է, կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ով Աստուած, Դուն չես անարգեր» (Սաղմ.51:17):
Ծոմապահութեան ատեն եւ միշտ, մեր պարտականութիւնն է, որպէս նուիրեալ Քրիստոնեաներ ամէն օր մեր անձը ուրանալ, խաչը առնել եւ Յիսուսի հետեւիլ, մեր հաւատքի առաջնորդին ու կատարողին: Ասիկա ի մտի ունենալով Պօղոս մեծ առաքեալը այսպէս կը գրէ. «Արդ կ՛աղաչեմ ձեզի եղբայրներ, Աստուծոյ ողորմութիւնովը որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը սուրբ՝ Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը եւ մի կերպարանիք այս աշխարհի կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութեամբ նորոգուեցէք, որպէսզի քննէք թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի ու կատարեալ է» (Հռովմ.12:1-3):
Դիւրին չէ պահք բռնել կամ ծոմ պահել, սակայն կարեւոր քայլ մըն է ինքզինքդ աստուածապաշտութեան վարժեցնել, ինչպէս գրուած է. «Ամէն խրատ կամ զոհողութիւն նոյն ատեն ուրախարար չթուիր, հապա տրտմական, բայց յետոյ արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անոր վարժուողներուն» (Եբր.12:11): Տէրը կ՛ուզէ որ մաքուր սրտով ու անկեղծ շարժառիթով Իրեն մօտենանք, անոր համար կ՛ըսէ Լերան Քարոզին մէջ. «Երբ ծոմ պահէք, կեղծաւորներու պէս տրտմերես մի ըլլաք, քանզի իրենց երեսները կ՛աւրեն, որպէսզի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, անոնք իրենց վարձքը առած կ՛ըլլան: Բայց դուն երբ ծոմ պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուայ, որպէսզի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ մը կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ» (Մատթ.6:18):
Աւագ Շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդով՝ Տէր Յիսուսի փառաւոր մուտքը դէպի Երուսաղէմ, ուր ժողովուրդը խանդավառ էր եւ ոգեւորուած, սակայն Որդին Մարդոյ տխուր էր, քանի որ գիտէր թէ այս «Ովսաննաներուն» պիտի յաջորդէր «Խաչը հանէ, խա՛չը հանէ զանիկա» աղաղակները (Յովհ.19:6): Վերնատուն, վերջին ընթրիք, ոտնլուայ, Մատնիչը, Ձիթենեաց Լեռ, արիւն-քրտինք, աղօթք, ձերբակալում, ուրացում, չարչարանք եւ վերջապէս Գողգոթա, ի՜նչ տխուր շաբաթ մը, բայց եւ ի՜նչ իմաստալից: Յիսուս քեզի եւ ինծի համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց եւ Հօրը կամքը լման կատարելով, այժմ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նմտած է եւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ՛ընէ (Եբր.12:2) Փառք Տիրոջ: Մենք ալ «Եթէ Իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, Իր փառքին ալ հաղորդ կ՛ըլլանք» կ՛ըսէ Պօղոս Առաքեալ Հռովմէացիս (8:17)-ին մէջ:
Յարութեան պայծառ առաւօտուն, մեր Տէրը կոտրեց մահուան ու Սատանային կապանքները եւ յաղթական յարեաւ մեռեալներէն: Ան նոյն փառքը եւ յաւիտենական կեանքը խոստացած է բոլոր անոնց որ խաչին տակ կը խոնարհին խոստովանելով իրենց մեղքերը ու կը լուացուին զենեալ Գառնուկին քաւչարար արիւնով, ստանալով վերստին ծնունդ եւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու առանձնաշնորհը:
Միքիա մարգարէն կ՛ամփոփէ մեր խորհուրդները ըսելով. «Քեզի յայտնեց, ով մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութեամբ քու Աստուծոյդ հետ քալել» (Միքիայ 6:8):
Այո՛, «հնազանդութիւնը զոհէն՝ ու խօսք մտիկ ընելը խոյերու ճարպէն աղէկ է» Ուստի հնազանդութեամբ մօտենանք Տիրոջ եւ Իր ընտրած ու Իրեն ընդունելի ծոմապահութեամբ պաշտենք զԱյն: «Այն ատեն Տիրոջմով պիտի ուրախանանք...Ան մեզ երկրի բարձր տեղերը պիտի հանէ ու իրեն ժառանգակից պիտի ընէ, քանզի Տիրոջը բերանը խօսեցաւ» (Եսայ.58:14): ԱՄԷՆ:
 
 
ԹԷ Ի՞ՆՉՈՒ ԾՈՄ ՊԱՀԵԼՈՒ ԵՆՔ

1-Հոգին, մարմինը և միտքը մաքրելու
2-Աստուածային առաջնորդութիւն հայցելու
3-Աստուծոյ երեսը խնդրելու և Իրեն մօտենալու
4-Աստուած աւելի լաւ լսելու և Իր կամքը հասկնալու5-Աստուծմէ զօրութիւն խնդրելու, որ քու միջոցովդ հոսի
6-Հոգեւոր զօրութեան և իշխանութեան դիրք մը հաստատելու
7-Գերութիւններէ և ունակութիւններէ ազատելու
8- Մտքի պայծառութիւն ունենալու
9- Ապականիչ խորհուրդներէ մաքրուելու
10-Յուսալքումի կապանքները քակելու
11- Սատանայի ազդեցութիւնը տկարացնելու
12-Փաթորիկներու մէջ անխախտ մնալու
13-Հոգիով և մարմնով զօրանալու
14-Մարմնային ցանկութիւններէ ձերբազատուելու
15-Աստուածատուր պարգևներդ արծարծելու
16-Ծանր բեռներէ ազատուելու
17- Մաքուր սիրտ ու շիտակ հոգի ունենալու
18- Ժխտական խորհուրդներէ մաքրուելու
19-Բժշկութիւն ստանալու համար և
20-Զօրութիւն առնելու որ կարենամ ընել այդ ինչ որ չեմ կրնար առանց Աստուծոյ օգնութեան ընել:
«Ամէն բանի կարող եմ Քրիստոսով, որ զիս զօրացուց» (Փիլ. 4:13)
 

ԾՈՄ ՊԱՀԷ՛

Ծոմ պահէ՛ քննադատելէ և փառաբանութեամբ լեցուէ՛:
Ծոմ պահէ՛ ինքզինքիդ ողորմելէ և ուրախութեամբ գովերգէ՛:
Ծոմ պահէ՛ բարկութենէ և խաղաղութեան մէջ արածուէ՛:
Ծոմ պահէ՛ նախանձէ և սիրոյ մէջ ողողուէ՛:
Ծոմ պահէ՛ հպարտութենէ և խոնարհութեամբ քալէ՛:
Ծոմ պահէ՛ անձնասիրութենէ և ծառայելով պարապէ՛:
Ծոմ պահէ՛ վախնալէ և հաւատքով գօտեպնդուէ՛:

«Ո՛վ Ասուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ և իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»: (Սաղմոս 51:10)


ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՆ

Օրաթերթի մը առաջին էջին վրայ դրուած նկարին տակ սապէս գրուած էր, «Շաբաթներէ ի վեր տանիքին վրայ կուտակուած ձիւնը տեղի տուաւ վերջապէս»: Ի՜նչ աւեր: Գեղեցիկ տուն մը կքած էր ձիւնի ծանրութեան տակ: Արդեօք ինչո՞ւ օրը օրին չէին մաքրած տեղացած ձիւնը, կը մտածէր արևոտ սենեակի մը մէջ նստած թերթ կարդացող մարդը:
Ընդհանրապէս խօսիլը դիւրին է, իսկ գործադրելը դժուար: Անոր համար Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Արևը ձեր բարկութեան վրայ մարը չմտնէ» Եփես. 4.27: Լաւ է որ օրը օրին ուղղենք մեր սխալները, մաքրենք մեր հարցերը և խոստովանինք մեր յանցանքները, որպէսզի սատանային տեղի չտանք ու չընկճինք մեղքի բեռան տակ:

Մեծ Պահքի շրջանին, մարդիկ կը ջանան իրենք զիրենք զրկել որոշ ուտելիքներէ, հաճոյքներէ կամ ունակութիւններէ, զԱստուած հաճեցնելու նպատակաւ: Որքան որ ֆիզիքական զոհողութիւններ օգտակար կրնան ըլլալ, սակայն հոգեկան մաքրագործութիւնը շատ աւելի կարևոր է: Ահաւասիկ նիւթերու ցանկ մը որոնք կրնանք գործադրել Մեծ Պահքի շրջանին: Մեր Տէրը իր կեանքը տուաւ որպէս կենդանի զոհ՝ մեր մեղքերուն քաւութեան համար: Ուստի մենք ալ պարտինք մեր անձերը մաքրել Իրեն համար:
1-Բարկութենէ դադրիլ՝ ներող հոգի մը մշակել:
2-Գանգատելէ հրաժարիլ՝ գոհացող ըլլալ:
3-Մտահոգութենէ ձերբազատուիլ՝ Ամենակարողին վստահիլ:
4-Բամբասանքէ խուսափիլ՝ շինիչ խօսքեր և հասկացող վարմունք ունենալ
5-Շաբաթը օր մը հեռատեսիլէ հրաժարիլ՝ փոխարէն հիւանդ մը կամ արգելափակուած մը այցելել:
6-Հակառակութեան հոգին մարել՝ սիրոյ արարք մը գործել:
7-Նախանձի ախտէն մաքրուիլ՝ քաղցրութեամբ լեցուիլ:
8-Քառորդ ժամ մը պակաս քնանալ՝ փոխարէնը աղօթել և Սուրբ Գիրք կարդալ:
9-Վախի կաշկանդումներէ ազատիլ՝ լման Աստուծոյ կամքին ենթարկուիլ:
10-Ինքզինքդ անտեղի կերպով մեղադրելէ դադարիլ՝ Տիրոջմով վերականգնելու քաջութիւնը ունենալ:

Ուստի երբ Մեծ Պահքի ընթացքին կամ ո՛րևէ ատեն այս սխալ բաներէն խուսափինք պիտի տեսնենք թէ իրապէս «Մարմինին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց Աստուածապաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ և թէ՛ ապառնի կեանքին խոստմունքը ունի» Ա.Տիմ.4.8:

«ՁԵՐ ՍՐՏԵՐԸ ՊԱՏՌԵՑԷՔ...»
Յովելեայ 2:13

Ահա Մեծ Պահքի շրջանը կը սկսի որպէս Զատկուայ նախապատրաստութիւն: Եօթը շաբաթներ որոնք ինքնաքննութեան եւ զգաստութեան կը հրաւիրեն մեզ: Պահք բռնելը շատ լաւ սովորութիւն մըն է, որ սրտանց ըլլալու է: Աշխարհի վրայ կեղծիքը գագաթնակէտին հասած է եւ ձեւակերպութիւնը բնական դարձած է, որ իրականութեան մէջ կեղծաւորութիւն է: Տէր Յիսուս ութը «վա՜յ»եր կարդաց կեղծաւոր դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն, զանոնք խստիւ դատապարտելով (կարդալ Մատթէոսի 23-րդ գլուխը):
Յովել մարգարէն ալ, Տիրոջը Խօսքը կը փոխանցէ ըսելով. «Ինծի դարձէք ձեր բոլոր սրտով, ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով: Ձեր սրտերը պատռեցէք եւ ոչ թէ ձեր  հանդերձները» (2:13): Հանդերձ պատռելը արտաքին սուգի կամ ողբի երեւոյթ մըն էր, որուն մասին առաջին անգամ կը կարդանք Ծննդոցի 44-րդ գլխուն մէջ: Յովսէփի չարասիրտ եղբայրները իրենց հանդերձները պատռեցին, երբ արծաթէ գաւաթը Բենիամինի քուրձին մէջ գտնուեցաւ:
Միայն մեղուն գիտէ կեղծ կամ իրական ծաղկին տարբերութիւնը: Նոյնպէս Աստուած ալ մեր սրտերը կը քննէ եւ մեր դիտաւորումները գիտէ: Ան կ՛ուզէ որ մենք ալ մեր սրտին իսկական էութիւնը գիտնանք: Որովհետեւ «սիրտը ամէն բանէ աւելի խաբեբայ ու չար է» կ՛ըսէ Երեմիա մարգարէն (17:9): Փորձառաբար տեսած ենք որ շատ անգամ, մեր սրտերը մեզ կը խաբեն, սեւը ճերմակ կը ցուցնեն, չարը՝ բարի, թիթեղը՝ ոսկի եւ կամ ապակին՝ ադամանդ: Ասոր համար պէտք է մեր սրտերը քննենք եւ ի պահանջեալ հարկին զանոնք պատռենք, ինչպէս կ՛ընեն վիրաբոյժները:
Ընդհանրապէս, կրօնական աւանդութիւնները զգացական են եւ կարճ ժամանակի մը համար հանգիստ կու տան ենթակային: Սակայն մեր Արարչին մեզմէ պահանջածը շատ աւելի դժուար է, որովհետեւ սիրտը քարի պէս կարծր է, կ՛ըսէ Եզեկիէլ մարգարէն: Տէրը կ՛ուզէ մեր քարեղէն սրտերը մարմնեղէն սրտով փոխարինել, որպէսզի կարենանք ճշմարտութեամբ Զինք պաշտել եւ Իր պատուէրները պահել:
Տէր Յիսուս Քրիստոսն է մեծագոյն եւ գերագոյն Վիրաբոյժը: Միայն Ան կարող է մեր սրտերը պատռել: Անոր խաչին վրայի աղաղակը երկիրը շարժեց ու ժայռերը պատռեց: Գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմինները յարութիւն առին (Մատթ.27:51): Ահաւասիկ՛ այսօր, Աստուածորդին է, աշխարհի եւ ամէն մարդ արարածի կենսական պէտքը:
Սրտի տագնապ ունեցող ենթական, նախ իր հիւանդ վիճակը ընդունելու է, ապա իր պէտքին գիտակցելով մասնագէտ բժիշկին դիմելով վստահութեամբ յանձնուելու է վիրաբոյժին, որ բանայ սրտերու կղպանքները ու պէտք եղած գործողութիւնը կատարէ: Նոյնն է հոգեկան պարագան: Բոլորս ալ մեղքի ախտով հիւանդագին սրտեր ունինք, որոնք Մեծագոյն Բժշկապետին հպումին կարօտ են: Միայն Տէր Յիսուս կրնայ մեր սրտերը պատռել եւ Իր Գողգոթայի խաչին վրայ թափած արիւնովը բուժել:
Ինքնագիտակցութիւնը շատ կարեւոր ազդակ մըն է: Հարուստ իշխանը արտաքնապէս շատ բարեպաշտ էր, օրինագէտ եւ օրինապահ: Սակայն անոր սիրտը շիտակ տեղը չէր: Նիւթապաշտութիւնը անոր էութիւնը գրաւած էր: Հակառակ իր կրօնամոլութեան, ան չէր գիտէր թէ ինչպէ՞ս կրնար յաւիտենական կեանքը ժառանգել: Տէր Յիսուս Իր ամենատես աչքերով նկատեց անոր սրտին մէջի դրամասիրութեան ախտը եւ մատը վէրքին վրայ դնելով ըսաւ երիտասարդին. «Եթէ կ՛ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛ ունեցածդ տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս» (Մատթ.19:16-22): Թերի էր այս բարեպաշտ մարդուն կեանքը: Ան չի կրցաւ Յիսուսի ախտաճանաչումը ընդունիլ եւ տրտմած հեռացաւ Վարդապետին ներկայութենէն: Ան յօժար չէր սիրտը պատռելու:
Ասոր հակառակը կը տեսնենք Անառակ Որդիի առակին մէջ: Այս երիտասարդին հանդերձները պատռած էին, գրպանը պարապ, կեանքը քայքայուած, սակայն պատրաստ էր իր սիրտը պատռելու, երբ որոշեց տուն վերադառնալ: Ան զղջումով հօրը ոտքերուն ինկաւ, խոնարհաբար խոստովանեցաւ մեղքերը, տեսաւ իր անարժանութիւնը եւ ներում խնդրեց: Սիրակէզ հայրն ալ զինք գրկաբաց ընդունեց ու իշխանական պատմուճանը հագցնելով որդիական իրաւունքը վերստացաւ:
Տասը կոյսերու առակն ալ կը յարմարի մեր բնաբան համարին: Անոնցմէ հինգը արտաքնապէս պատրաստ էին, իսկ միւս հինգը՝ ներքինով եւ թէ արտաքինով պատրաստ չէին փեսան դիմաւորելու:
Շատ յստակ է այն դասը որ մեր Վարդապետը կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել: Հոգեւոր կեանքի դպրոցին մէջ, նախ ելլալը եւ ապա ընելը էական է: Աշխարհի միւս բոլոր կրօնքները ասոր հակապատկերն են: Առաջ ընել եւ յետոյ ըլլալ կը շեշտեն: Սակայն երբ նախ մեր սրտերը կը պատռենք եւ թոյլ կու տանք որ Տէր Յիսուս Իր հրաշագործ ձեռքով գործողութիւն կատարէ ու բազմի մեր սրտի գահուն վրայ, այն ատեն Իրեն ժառանգակից կ՛ըլլանք եւ յաւիտենական կեանք կրնանք ունենալ, ներքին խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն վայելելով:
Վերոյիշեալ Սուրբ Գրային ճշմարտութիւններուն հիման վրայ, նայինք թուղթ առ Կողոսացիս երրորդ գլխուն, ուր հանճարեղ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ հին եւ նոր կեանքի գոյավիճակը: Ան կը յորդորէ մեկդի ձգել «բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը: Իրարու սո՛ւտ մի խօսիք, հին մարդը իր գործերով ձեր վրայէն հանեցէք եւ հագէք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ Իր Ստեղծողին պատկերին նման: Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք որ կատարելութեան կապն է»: Այս է ճշմարիտ Աստուածավայել կեանքը:
Ուստի , եկէ՛ք այս Մեծ Պահքի շրջանին ֆիզիքական ծոմապահութեան կողքին «մեր սրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք Աստուծոյ բարձրացնենք» (Ողբք.3:41): Ներքնապէս մաքրուինք ու սրբուինք Յիսուս Քրիստոսի քաւչարար արիւնով եւ պատրաստուինք Յարութեան սքանչելի ճշմարտութիւնը փորձառաբար ճաշակելու մեր Տիրոջ հետ:
Այս թող ըլլայ մեր ամենօրեայ աղօթքը . «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սաղմոս 51:10): ԱՄԷՆ


Daring Armenian Women


«Գիտե՞ս իմ անունը»: առաջինն է վիդեո մոնտաժների շարքում, որտեղ ներկայացված են աշխարհի տարբեր ծայրերում գտնվող հայ կանայք, ովքեր հաճախ անտեսվում են ՝ պատիվ բերելով իրենց քաջությանը, խելքին, տաղանդին և դիմացկունությանը: Առաջին մոնտաժը, որը արտադրվել է «Բարս մեդիա» -ի հետ համագործակցությամբ, հարգանքի տուրք է կանանց պատմությունից:
Համարձակ հայ կանանց (DAW) նախագիծը նպատակ ունի մարտահրավեր նետել և խանգարել հայ կանանց անանունությունը հանրային տարածքում, ինչպես նաև նրանց անուններն ու կյանքը հայտնի դարձնել:

Հայ կինը, Հայ մայրը ցկեանս նուիրեալ, համեստ, տաղանդաւոր ու սրբալոյս՝ անբաղդատելի ստեղծագործութիւնն է Աստուծոյ: