samedi 24 avril 2021

As Voice Vocal / Lia - Hay enq / Լիա - հայ ենք (cover by Silva Hakobya...

 

Ապրիլի 24 - Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակի օր: Մենք հիշում և պահանջում ենք: 1915 թվականի ապրիլի 24-ին Օսմանյան կայսրությունում (այժմ ՝ Թուրքիա) սկսվեց հայերի սիստեմատիկ ոչնչացումը ազգային հիմքի վրա, որը կոչվեց Հայոց ցեղասպանություն: Այդ օրվանից այս օրը նշվում է որպես Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակի օր: Հավերժ հիշատակ ցեղասպանության զոհերին:

dimanche 4 avril 2021

🌹♥️ԶԱՏԻԿ♥️🌹«Արամ Հայկազ»


Զատիկ ըսել ու անցնիլ կ՛ըլլա՞ր... Մեղա՜յ, հարիւր անգամ, հազար անգամ մեղա՜յ: Չէ՞ որ Զատիկը գաւառացիին համար տօներուն ամենէն մեծը, ծանրը, նուիրական էր: Աստուածորդին՝ Քրիստոս, դարեր առաջ հեռու տեղ մը՝ Երուսաղէմ, ուր մարդիկ հաճի ըլլալ կ՛երթային, եւ ուրկէ մեր հայութիւնն ու քրիստոնէութիւնը վաւերացնող Սուրբ Միւռոնը կու գար, յարութիւն էր առած... Չէ՞ որ «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն Իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց...»: Մինակ ա՞ս. չէ՞ որ մեռած բնութիւնն ալ, Տիրոջ հետեւելով, յարութի՜ւն կ՛առնէր... Հազար կանաչի ու նոյնքան ալ ծաղկի մէջէն գարունը գլուխ բարձրացուցած՝ ձայն կու տար...Արեւը կը շողար, լեռնագագաթներու ձիւներն իսկ հալիլ կը սկսէին, գետերը՝ պղտորիլ, հողերը՝ մխալ... Նախիրին առջեւ գոմերու դռները լայն կը բացուէին, ու ածան հաւերու քչքչոցը ու «կո՛ւտ-կո՛ւտ-կուհա՛ս»ները կը լեցնէին օդը: Հաւկիթին ութը հատը քառասուն փարայի կ՛իջնէր, ու արտերուն մէջ գունաւոր հագուստներ հագած բանջար ժողուողներ կ՛երեւէին: Բակ ու տանիք կը լեցուէինուլերով ու գառնուկներով, եւ նոր հարսերը՝ մօրերուն տունը «Զիարէդա երթալ» կը պատրաստուէին: 
Դպրոցը, ի մեծ երջանկութիւն տղոց, լման շաբաթուան մը համար կը փակուէր, ու Խթման իրիկուն ժամը գիրք կարդացող տղաք, գլանաձեւ մագաղաթները թեւերնուն տակ, իրարու տուն փորձի կ՛երթային: Անոնց հպարտութիւնը ըսես, տեղ մը չկար... Բայց այդ հպարտ տիրացուներուն ամենէն հպարտը Դանիէլի գիրքը կարդացողն էր. ձմերուկ էր սեղմեր իր թեւերուն տակ: Օրն երկու անգամ հում հաւկիթ կը խմէր, որ «Ընթերցուածս Դանիէլայ մարգարէի՜» պոռացած ատեն ձայնը չմարի, չխայտառակուի... Բայց ես Շաբաթը Հինգշաբթիէն առաջ բերի: Հինգշաբթի երեկոյ էր, որ առաջնորդ վարդապետը, սեղանին առջեւ ծունկի եկած (որպէսզի իր ծունկը վէմ քարին վրայ չցաւի, ժամկոչ Աղաջանը բուրդով լեցուած փափուկ մինտէր մը կը դնէր հոն», տասն անգամ օճառուած մեր ոտքերը անգամ մըն ալ ինք կը լուար ջուրին մէջ թաթխուած մանածի կամով մը, որուն վրայ կը դնէր կաղինի մեծութեամբ կտոր մը կարագ, որ չհալեցուցած տուն տանինք՝ իբրեւ պէրէքէթ...Այդ գիշեր ամէնի տան մէջ հաւկիթ կը խաշուէր ու օրեր առաջ հաւաքուիլ սկսող սոխի կեղեւներով կարմիր կը ներկուէր: 
 
Ես այդ հաւկիթներէն հատ մը՝ կեղեւած ու լափուելու պատրաստ վիճակի մէջ, կը դնէի գրպանս ու Շաբաթ երեկոյ կ՛երթայի եկեղեցի: Պատարագիչի՝ «Առէ՛ք, կերէ,ք»ը ըսածին պէս կը կոխէի բերանս... անգամ մը քիչ մնաց խեղդուէի, բայց դաս չեղաւ, այդ ագահ սովորութիւնը պահեցի, մինչեւ որ Սեւ թուական մը եկաւ, ու ո՛չ ժամ մնաց, ո՛չ պատարագ, ո՛չ Զատիկ, ո՛չ Մեծ Պահք եւ ոչ ալ այդ բաները պահող կամ անոնցմով հետաքրքրուող...
Քանի դեռ խօսքը հաւկիթին վրայ է, ըսեմ նաեւ, թէ եթէ մեծերուն համար Զատիկը բարեկամներու ու ազգականներու տուն այցելել, սեւ սուրճով ու թութի օղիով հիւրասիրուիլ, «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց» ու «Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի» ըսել եւ օրուայ վախճանին կէս, ամ լման գնով տուն գլորիլ կը նշանակէր, տղոց համար այդպէս չէր: Անոնց համար նոր զգեստի տիրանալ ու նոր զգեստին գրպանն ալ հաւկիթ լեցնելու երջանկութիւն էր ան: Սխալ չհասկնաք. Հաւկիթը ուտելու համար չէր, որ գրպանները կը լեցուէին, այլ «ծեծկըտուելու»: 
 
Ո՞ր գաւառացի տղան չէր կրնար հաւկիթը իր ակռային զարնելով հասկնալ անոր տոկունութեան չափը, «ղոչ» (ամուր) կամ «թըռթըռ»(թոյլ) ըլլալը... Մօրը խաշած հաւկիթներուն ղոչերը գրպանը լեցնողը կը վազէր ժամուն բակը, ուր հաւաքուած կ՛ըլլային մարտնչելու պատրաստակամներն ու զանոնք դիոտղները: Ամուր հաւկիթի տէր եղողը կ՛առնէր բոլոր «քիթ»ն ու «ոռ»ը ջարդել յաջողած հաւկիթները, ու եթէ իր աւարը մեծ ըլլար, տեղւոյն վրայ զեղչուած գինով կը ծախէր զանոնք:
Ինչպէս կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, այս պարագային ալ շահու համար խարդախութիւն ընողներ պակաս չէին առհասարակ: Սպիտակ, անարատ մարմարէ հաւկիթ ունեցողներ երեւան կու գային միամիտներու շրջանակին մէջ ու կը յաողէին զանոնք կողոպտել... 
 
Բայց ասոնք ուշ կամ կանուխ կը բռնուէին ու խայտառակուելէ վերջ կը մեկուսացուէին: կար նաեւ խարդախութեան դիմողի աւելի վտանգաւոր ու վարպետ տեսակը, որ առհասարակ օձիքը չէր տար ձեռք: Ասոնք օրեր առաջ հին հաւկիթ մը ծակած ու այդ ծակէն անոր պարունակութիւնը ծծելով՝ պարպած կ՛ըլլային, յետոյ զայն կը լեցնէին սեւ ձիւթի բարակ ձողիկներով, մինչեւ որ պարպուած հաւկիթի ծանրութիւնը մօտաւորապէս հաւասարէր իրական հաւկիթի ծանրութեան, այն ատեն զայն կը դնէին տաք ջուրի մէջ, որ ներսի ձիւթը հալելով հաւաքուի քթին կողմը՝ դարձնելով հաւկիթին կեղեւը անբեկանելի: Այն ատեն կիրով կը գոցէին փոքր ծակը, ու յաղթանակի զէնքը պատրաստ կ՛ըլլար: Ու որպէսզի խարդախութիւնը յայտնի չըլլայ, 5-6 յաղթանակէ վերջ կ՛արձանագրէին մէկ պարտութիւն՝ կռուեցնելով ճիշդ ախոյեանին նմանող թըռթըռ հաւկիթ մը, որը տունէն կանխօրօք բերած կ՛ըլլային հետերնին:
 
Հիմա ո՞ւր մնացին այդ օրերը... 
Թող անոնք ետ գային, թող մանկութիւնս, պատանեկութիւնս ետ գար, թող ընկերներս ու բարեկամները ետ գային, ու ես սիրով, մեծ սիրով կու տայի բոլոր հաւկիթներս իրենց... Կու տայի նոյնիսկ խարդախներուն, անկուշտնրուն, չարերուն... 
Որովհետեւ ես զանոնք նոյնիսկ կարօտցած եմ...
 
Արամ Հայկազ (1900-1986)