vendredi 11 mars 2016

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ


ՄԵ՛ՆՔ...

Մե՛նք...-Մենք՝ բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան՝
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,
Մենք՝ դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
Մենք՝ սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.
Մենք՝ մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ...

Մենք՝ գի՜ւտ Մեսրոպի... Մենք՝ քնա՜ր լեզու,
Ուր կը վիպերգէ Հոգի՛ն Հայկական.
Սայաթ-Նովայի մենք սա՛զ սիրածու.
Մենք՝ խորախորհուրդ Նարեկի՛ խորան.
Դարերէն հոսող մենք երգի՛ Արաքս,
Ուր կը գլգլայ գինին Կոմիտաս...

Մենք՝ վարդանայա՛ղթ Աւարայրամարտ,
Մեր ձեռքին մէջ զէ՛նք եւ խա՛չ՝ մեր հոգւոյն.
Մենք՝ Էջմիածնի հաւա՛տք ժայռարմատ,
Ուր փուլ կը փշրի ծովը դարերուն.
Մենք՝ աշխարհասփիւռ Ա՛ստղ Լուսաւորչի,
Որուն դէմ խաւարն ի զո՜ւր կը բախի:

Մենք՝ սրախողխող Ապրիլ Քսանչո՛րս,
Մենք՝ միլիո՜ն շիրիմ, հողմացրի՜ւ տերեւ.
Ապրիլեան սուգին եւ մոխրին վրայ գօս,
Մենք՝ Քսանեւութ Մայիսի՜ արեւ.
Մենք՝ պանդուխտի՛ թուղթ, մենք՝ անբո՜յն կռունկ,
Մենք՝ հայրենապիշ կարօտի՜ արցունք...

Այս ամբո՜ղջն ենք մենք...Ու դե՜ռ՝ հերոսի
Եւ մարտիրոսի անմա՛շ Պատմութիւն,
Շուշա՜ն Սրբութիւն, Մշակո՛յթ ոսկի,
Որոնց էջերն են փորուած ժայռերուն
Եւ արեա՛մբ գրուած... Մենք լոյսի՛ ժառանգ
Եւ մութ դարերուն յոյսի՛ հրիտակ...

Օ՜, մենք՝ ոսոխի աչքին փո՛ւշ երկաթ...
Օ՜, մենք՝ աշխարհի անարդար ու խուլ
Խիղճը խարանող արդարութեա՛ն խայթ.
Կեղծ դաշինքներու թաւիշ ու խարխուլ
Սեղանը ռումբի պէս սարսող, թակող,
Արդար պահանջի բըռո՛ւնցք վրիժադող:

Եւ մենք, վա՛ղը, մենք՝ յաղթութեա՛ն բոմբիւն,
Յաղթ ու բամբ կոփի՛ւն կուռ հողին վրայ մեր,
Մենք՝ Նաւասարդի առաւօ՛տ ծիծղուն,
Մենք՝ ռմբեղ հեռով հըրաբխա՛ծ Մհեր
Եւ շղթայազեղծ ծարա՜ւ Արտաւազդ.
Մենք՝ պատեանէն դուրս սրածո՛ղ Եփրատ,
Մենք՝ աշխարհակալ անկա՛խ Արարատ...


ԿԱ՛ՆՔ ՈՒ ԿԸ ՄՆԱ՛ՆՔ...

Դուք ձեր մրրիկով մեր Մարմինը թանկ՝
Հազար Տէր-Զօրի կլափին տուիք կե՛ր:
Բայց մե՛նք՝ Սասունցի Դաւի՛թ իբր անմեռ՝
Հազար ծագերէն կը ձայնենք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր բորանին դէմ՝ մենք բո՛րբ արեգակ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր նենգին զէնքով մեր Անունն անժանգ՝
Աշխարհի սիրտէն սրբե՛լ ճգնեցաք:
Բայց մե՛նք՝ յաւերժին մէջ քանդակուած Հա՛յկ՝
Պատմութեան էջէն կը թնդանք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր չար ջանքին դէմ՝ մենք մէ՛կ եւ կո՛ւռ կամք,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր ոխին կրակով դարձուցիք մոխի՛ր,
Չորս հովի՛ն տուիք մեր Գիրն ու Ոգին:
Բայց մենք՝ լուսասփիւռ Մեսրո՛պ լուսածին՝
Անցեալի ձորէն կը գոռանք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր հրդեհին դէմ՝ ծովի՛ պէս անծիր,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խօլ մոլուցքին անկուշտ մանգաղով
Մեր հոգւոյն հանդէպ Հաւատքն յօտեցիք:
Բայց մե՛նք՝ խաչակիր Վարդա՛ն անառիկ՝
Ողջ Աւարայրէն կը փողենք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր մանգաղին դէմ՝ մենք կաղնի՛ անխռով,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խուժ խուժանին ժանիքներով ժանտ
Յօշեցի՛ք մեր Հողն անոյշ եւ կանաչ:
Բայց մե՛նք՝ դարեղէն Մասի՛ս աննուաճ՝
Գալիքի բարձրէն կ՛որոտանք.
-Ներկա՛յ...
Ձեր ճանկերուն դէմ՝ մենք ժա՛յռ պողպատեայ,
Ձեր հեղեղին դէմ՝ մենք թո՛ւմբ անվտանգ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ...


ՀԱՅԿԱ՛Կ, ՁԵ՛ՌՔԴ ԱՌ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔ
 
Երբ հայերէն գիրք ձեռք կ՛առնես
Մականի պէս,
Պակաս չես դուն թագաւորէ,
Թէև ճակտիդ չունենա՛ս թագ,
Տղա՛ս հայկակ:
Հայամարտի զէնք մըն է ան,
Բայց անվնաս:
Յաղթանակի սէգ դրօշակ
Կը ծածանես դուն յաղթօրէն,
Երբ կը բռնես գիրք հայերէն:
Այդ մատեանով հայաբարբառ,
Հարուստի պէս
Տէ՛ր կը դառնաս դուն ոգեղէն
Ադամանդի ու ոսկիի
Անհաշուելի:

Երբ ձեռք կ՛առնես հայերէն գիրք,
Մաշտոցի լոյսը կը բռնես
Մատներուդ մէջ, հայկա՛կ տղաս,
Եւ կը դառնաս
Դուն ջահակիր մը լուսասփիւռ:
Դուն կը գրկես սիրտիդ վրայ
Ծաղկեփունջ մը մեսրոպաբոյր,
Երբ ձեռք կ՛առնես հայերէն գիրք:
Երբ հայերէն գիրք ձեռք կ՛առնես,
Դուն կը բռնես սկի՛հ կարծես,
Որմէ բառեր միւռոնազօծ
Կը բաշխուին որպէս նշխար՝
Հոգիներո՛ւն պապակահար:

Իսկ երբ կարդա՛ս հայերէն գիրք,
Կարծես կ՛ըլլաս
Նուագածու հայաթրթիռ,
Եւ Այբ-Բեն-Գիմը գիրքին
Պիտի շրթներդ
Օծեն մեղրովն հայ բարբառին:

Ամէն անգամ
Որ հայերէն գիրք ձեռք կ՛առնես,
Դուն չե՛ս թողուր, որ ծերանա՜յ,
Որ մահանա՜յ
Քու մայր լեզուդ, լեզո՛ւն հայոց,
Իր վարդերով, իր բառերով
Հրաշածին:

Ամէն անգամ որ ձեռք կ՛առնես
Հայերէն գիրք,
Դուն կը բռնես
Ա՛փ մը՝ հողէ՛ն Հայաստանի,
Դուն կը կրես բո՛ւռ մը Մասիս,
Կարծես նոյնիսկ
Ձեռքերուդ մէջ հրաշքի պէս
Տիտանաբար
Արարատ սարը կը շալկես:

Ամէն անգամ որ ձեռք կ՛առնես
Հայերէն գիրք,
Սուրբ Մեսրոպի այբ-բենածոր
Փետրագրիչէն
Հէքիաթահամ ընթերցումի
Օրհնութիւններ ու վայելքներ
Պիտի քաղես
Պտուղի պէս՝
Ու աւելի՛ հայանաս դուն:

Ու վերջապէ՛ս,
Երբ հայերէն գիրքը սիրես՝
Մա՛յր մը ինչպէս,
Հայատրոփ, հայաբորբոք
Ժագ Յակոբեան բանաստեղծին
Թունդ աղօթքի՛ն պատասխանած,
Իր սուրբ բաղձա՛նքը պսակած
Պիտի ըլլաս,
Հայկա՛կ տղաս:

Տղա՛ս, ձե՛ռքդ առ հայերէն գիրք...


ԳԵՂՕՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
Մեսրոպ,
Արարատեան ժայռի ճարտար քարակոփ,
Որ երգ քաղեց քնարի պէս քարերէն,
Եւ հայկազեան լեզուի ճշգրիտ բառակոփ,
Որ լոյս փրցուց բիւրեղի պէս բառերէն:
Մեսրոպ,
Արմենական հանճար ճեղքով բերրի խոփ,
Որ դալարի այլակերպեց քարը մերկ,
Եւ հայ դարերն հերկող գըրիչ քառատրոփ,
Որ աստղերով բեղմնաւորեց էջը լերկ:

Մեսրոպ,
Փոթորիկի անուն, լոյսի դուն ամպրոպ,
Որ բոցերը մութին մարեց, մոխրացուց
Հայ Ոգիի դարբին, բազուկ հրաբորբ,
Որ հաւատքի դողդոջ ամրոցն ամրացուց:

Մեսրոպ,
Օշականին քունին մէջ դեռ արթուն կոպ,
Որ կը հսկէ լամբերուն վրայ Հայ Մտքին
Լուսաւորչի աստղին անմաչ լուսամփոփ,
Որ կը պահէ աշխարհացիր Հայ Հոգին,

Ով Սուրբ Մեսրոպ,
Ոսկի ողջոյն քեզ, հայ Բանի ով ամպրոպ..:




100-ԱՄԵԱԿ

Կամքովն Աստուծոյ
Եւ իր շնորհքով,
Գլխո՛ւս տակաւին
Կեանքի թա՛գ
Փալփլուն,
Ես կը մտնեմ
Հարիւրէն ներս
Արքայի պէս,
Թէեւ քիչ մը կաղ
Եւ կորաքամակ՝
Խիստ լեցուած
Պարկի նման,
Տեսակ-տեսակ
Տարիներու
Ժամանակի
Բեռնի տակ:
Ա՛լ վրայէս
Թօթափելով
Ցնցոտին հին
Տարիներուս,
Ես՝ հողէն ժայթքած
Ծիլի հանգոյն
Վերանորոգ,
Գարունո՛վ
Պիտի քալեմ
Արքայօրէն
Եւ ընթանամ
Դէպի երկրորդ
Հարիւրի նոր,
Նո՛ր արշալոյս,
Միշտ օգնութեամբն
Ու օրհնութեամբն
Աստուծոյ:

ՕԾԷ՛ ԶԻՍ, ՀՈԳԻ՛ ՍՈՒՐԲ...

Օծէ՛ զիս, Հոգի Սուրբ, քու միւռոնով սրբարար...
Օծէ՛ աչքերս լոյսովը քու սրբութեան
Որ տեսնելով թակարդը նենգ խաւարին,
Խո՛յս տամ անկէ, չմոլորիմ բաւիղներուն մէջ մեղքին,
Չգլորիմ իր խորխորատը անել:

Օծէ՛ շրթներս, որ չխօսին թոյնի նման Ստութիւն,
Հոսի՛ն միայն ջինջ ջուրի պէս ճշմարտութի՛ւն,
Եւ մեղրի պէս անուշ խօսքեր եղբայրութեան:

Ո՛վ Հոգի Սուրբ, քու օրհնութեամբ օծէ՛ զիս,
Որ մարմնիս մէջ չորնա՛յ տատասկը մեղքին,
Իսկ հոգւոյս մէջ ծաղկի շուշանը Սրբութեան:

Օծէ՛ բաժակը սիրտիս, որ չցամքի գինին սիրո՛յ եղբայրական,
Օծէ՛ ճրագը միտքիս, որ լոյսն անոր մնայ վա՛ռ:

Ներշնչէ՛ միտքըս խոհերով մաքրամաքուր,
Որ արարքներս ըլլան քեզի՛ հաճելի
Եւ նմանիս պիտանի՛:

Օծէ՛ ձեռքերս, Որ լոյսի պէս բարիք սփռեն,
Բաշխեն պտուղ բարութեան:
Օծէ՛ ոտքերս,
Որ քալեն լո՛կ բիւրեղ ուղին պարկեշտութեան:

Օծէ՛ նաեւ
Ականջներս իմ՛ որ խո՛ւլ դառնան Սատանային սուտերուն,
Բայց Աստուծոյ ձայնին ըլլան պատուհա՛ն մշտաբաց,
Եւ ականջ տամ ճշմարտութեա՛ն միմիայն:

Ցօղէ՛ պարտէզը սիրտիս, որ մշտարծարծ՝ բուրէ ան սէր,
Սէրըս հասնի բոլորի՛ն
Եւ բոլո՛րն ալ ընդգրկէ համբոյրո՛վ մը աշխարհի՛ չափ:

Օծէ՛ զիս՛ Հոգի Սուրբ, քու օրհնութեամբ կենարար...
Ամէն

ՄԱՅՐԱՁՕՆ

Թէեւ ա՛լ գոյն ըլլաս ձմրան,
Բայց ինձ համար դուն դեռ երկրի
Գեղեցկագոյն կինն ես պարման,
Սիրելագոյն մայրն ես ոսկի,
Որովհետեւ Մայրի՛կն ես իմ՝
Մանկութեանըս անո՜յշ հոգին,
Թէեւ պատկէր ըլլաս ձմրան:
-Երջանիկ եմ, որ մա՛յրս եղար...

Քու բոցէ՛դ եմ անփայլ կեանքիս
Մոմը վառեր ու ծիլ հոգի՛ս,
Քու լոյս կեանքէ՛դ եմ ուսաներ
Այս աշխարհի բաները լաւ
Եւ քու սիրտէ՛դ եմ փոխ առեր
Ձեռքիս քնարն ոսկեթաթաւ,
Որով կ՛երգեմ սէրերս հազար:
-Երջանիկ եմ, որ մա՛յրս եղար...

Օրերս ի վար, բանաստեղծի
Հոգի՛դ ինծի յուշեցիր դուն,
Որ ե՛ս ալ զայն քնարաբար
Գոյն ու բառի վերածէի,
Եւ Ժագաշունչ այս երգերուն
Մէջէն աշխարհը քեզ ճանչնա՛ր,
Տեսնէր աշխա՛րհը քու հոգւոյն:
-Երջանիկ եմ, որ մա՛յրս եղար...

Մա՛յր, աննման սիրոյդ փոխան՝
Կեա՛նքըս որով ճոխացուցիր,
Ներէ՛, չունիմ այլ ձօն կամ ձիր
Այս էջերէն զատ, ուր գրած
Եմ բառերով յաւերժական՝
Իմ տրոփնե՛րս որդիի գոյն,
Վարդ պատկերէ՛դ ներշնչուած:
-Ի՜նչ օրհնութիւն, որ մա՛յրս ես դուն...

Ո՛Վ ՍԻՐԱԿԱՆ, ՍԻՐԱԿԱ՛Ն

Ես այնպէ՜ս մը նկարէի դրախտագեղ քու հոգին,
Օ՜, այնպէ՜ս մը գեղգեղէի հարսանեկան սէրըս մեծ,
Օ՜, այնպէ՜ս մը ես պատմէի պահերը մեր սիրայեղց,
Օ՜, այնպէ՜ս մը, օ՜, այնպիսի՜ ներշնչումով վիպային

Ողողէի թուղթեր թուղթեր սիրտի անլուր բառերով,
Որ եթէ՝ օր մը՝ պատահէր սիրակարօտ, սիրաբաղձ
Օրիորդ մը վարդ կարդար դայլայլն արբշիռ սիրոյս-նախանձա՛ծ
Հէքիաթային մեղրալուսնէն մեր՝ հառաչէ՜ր հոգեխռով.

«Երանի՜ ե՛ս ըլլայի այդ Ազատուհին երջանիկ,
Որ յուշե՜ր է անոր գրչին, էջե՜ր էջե՜ր ներշնչեր,
Եւ թունդ սէրովս զգլխէի թէ՛ իր գըրիչը թէ՛ զինք:

«Ես ըլլայի այս հայ Ժագին հայ քնարին մեղեդին
Ու հառաչանքն իր սիրահեւ, թրթըռումն իր հոգիին:
Օ՜, ան իր սիրտն այնպէ՜ս մը ինձ սիրաբարբառ նուագէր,
Որ խեղճ անունս իր Էջերուն անմահութեան մէջ մտնէր...»

ՀԻ՛ՄԱ ՀԻ՛ՄԱ...

Շուքիս նման
Ա՜յնքան մօտիկ կը քալես դուն քովս ի վեր,
Ա՜յնքան հեզիկ, որ, Սիրակա՛ն,
Շուշանի՛ պէս ձեռքըդ բռնելըս կու գայ:

Եւ շունչիս պէս
Ա՜յնչափ մօտիկ ես դուն նստած իմ կողքիս,
Բայց ա՜յնչափ մօտ, որ, Հա՜րս իմ վարդ,
Հի՛մա հի՛մա քեզ պի՛նդ գրկելըս կու գայ...

Աջ ձեռքիս պէս
Ա՜յնքան մօտիկ ես կռթնած դուն ուսիս,
Օ՜, ա՜յնքան մօտ, որ հի՛մ-հի՛մա
Այդ խնձոր թուշըդ խածխծելըս կու գայ...

Երբ կէս մութի
Քողին տակէն, դէմէս, գողտրիկ ու լռիկ՝
Աչո՛ւկ կ՛ընես ինձ աստղի պէս,
Չա՜ր, հի՛մա քեզ սա՜նկ մը ծեծելըս կու գայ հա՜՜...

Երբ կը խօսիս
Ինձ՝ ու բառերդ ամբրոսի՜ պէս կը հոսին
Շափրակ բերնէդ սիրաթրթիռ,
Խնդութենէ՛ս, օ՜, խենթենա՜լըս կու գայ:

Թեւերուս մէջ՝
Ծաղկեփունջի պէս ի՜նչ գարուն կը բուրես,
Հոգիս ա՜յնպէս կը պարուրես՝
Երգելո՛ւ պէս բանաստեղծելըս կու գայ...

Տրոփիս պէս
Ա՜յնչափ մօտիկ կ՛ըզգամ սիւք շունչըդ դէմքիս,
Ա՜յնչափ քաղցրիկ, որ, Սիրելի՛ս,
Հի՛մա քեզ կո՛ւշտ մը համբուրելըս կու գայ,

Երբ սիրտիս պէս
Ա՛յնպէս մօտիկ, ա՛յնպէս ջերմիկ ես դըրած
Գլուխըդ կուրծքի՛ս, սիրտի՛ս վըրայ՝
Վարդեփունջի պէս փրփրավարս, Ազատուհի՜ս Սիրական...

 

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Դաժան դարեր անդադար կռփեր, կրծեր, խածխծեր
Են ձոյլ մարմինը անոր՝ դարերուն չափ հի՛ն ու ծե՛ր՝:
Բայց իր խաչով, որ դրօշակ կը ծածանէ յաղթօրէն,
Իր գմբէթով, որ կարծէք Արարատ է հոգեղէն,
Դեռ կա՛յ, կանգո՛ւն է Հայ Եկեղեցին:

Թշնամիի հեռ ու հուր մոխրացուցեր են անոր
Մագաղաթներն հայատրոփ ու նշխարներն հայաբոյր:
Բայց Նարեկով իր, որ թէ՛ հեծեծանք է թէ՛ նուագ,
Իր Ներսէսով, որ սոխակն է Յիսուսի,- աշխարհին՝
Դե՜ռ կը վկայէ Հայ Եկեղեցին:

Սատանայի սեւ հովեր խեղդեր են վառ կանթեղներն
Աղթամարի բիւրաւոր: Բայց պսպղուն իր Աստղով
Լուսաւորչի, զոր ո՛չ մէկ քամի կարող է մարել,
Էջմիածնով իր ոսկի, որ անշէջ ջահ է ինքնին,
Միշտ կը ճաճանչէ՜ Հայ Եկեղեցին:

Բարբար բանակ ու բաբան դարձուցին յուշ եւ փոշի՝
Աղօթասլաց գմբէթներն հազար ու մէկ Անիի:
Բայց զատկական իր հազար զանգակներով յաղթերգակ
Եւ Մաշտոցի ոսկեշար շարակնոցով, ծագէ ծագ
Մի՛շտ կը ղօղանջէ՜ Հայ Եկեղեցն:

Պիղատոսներ գոյնզգոյն, Գողգոթայէ Գողգոթա,
Արիւնն անոր քամեցին Տէր-Զօրներու խաչին վրայ:
Բայց Վարդանո՛վ անմեռ եւ Ապրիլո՛վ արեան գոյն,
Իր Յիսուսով յարուցեալ, եւ Հոգիով Հայկական,
Կա՛յ, պիտի ապրի՛ Հայ Եկեղեցին:

Պիտի ապրի՛: Զի թէեւ ըլլամ անշուք քու որդին,
Հաւատքի քար մը ե՛ս ալ կ՛աւելցնեմ իմ կարգին
Քրիստոսահիմ խարիսխին վրայ, զոր դարբներ են պապերս,
Որ լոյսդ երբեք չթօշնի, սիւներդ յաւէտ չփշրի,
Մայրենի՛ իմ տուն, Հա՛յ Եկեղեցի:

ԴՊՐՈ՛ՑՆ ԱՀԱ

Դպրո՛ցն ահա հայկական… Մեսրոպակո՛փ ապառաժ`
Կ՛ամբարտակուի դարերու անծայրածիր դաշտին վրայ.
Ու հեղեղին դէմ անոնց` կաղնիօրէն կո՛ւրծք կու տայ,
Կոթողուելու անյողդողդ` հողմերուն մէջ յարաշարժ:

Դպրո՛ցն է հոն հայկական… Մեսրոպասի՛ւն ապարանք`
Հազար գանձով ու զարդով ու զրահով կը փայլի,
Ու կը նայի Գալիքին` յոյսէ աչքովն անցեալի,
Որուն մէջէն կը ժպտին երկու Սուրբեր սպիտակ:

Դպրոցն, այնտեղ, Սահակի պարթեւ հասակը ունի,
Ու իր ստուերն հայկական դարե՜րն ի վեր կը սփռէ.
Ու ան ունի Մեսրոպի հարուստ ճակատը լուսէ,
Ճաճանչն որուն կը ճախրէ աստղերն ի վեր յաւերժի:

Դպրո՛ցն ահա` վէմի պէս, որ ցուպին տակ մաշտոցեան
Կը բխէ ջուրն հայ լեզուի` զուտ ու ազնիւ զերթ գինի:
Դպրո՛ցն ահա` արտի պէս, ուր` քիրտին տակ Ուսուցչի`
Հունտ խոստումները լոյսի պիտի քիչ-քիչ մայրանան:

Դպրոցն ահա հայկազեան… Մեսրոպակո՛ւռ զինարան`
Իր բովին մէջ կը ձուլուին սո՛ւրն ու ասպարն հայ հոգւոյն,
Մինչ կատարին` ծագէ ծագ կը ծածանի երեսուն
եւ ութ երփնեան դրօշակն Այբուբենի մաշտոցեան:

Խորանն է ան` ուր խոհուն Խորենացին կը խնկէ,
Պարտէ՛զն` ուր սազ ու սրինգ կը գլգլան քուչակեան,
Ան երգեհո՛նն է` զոր խօ՜լ կ՛ալեկոծէ Վարուժան,
Անտա՛ռն` ուր քա՛ջ կը շաչէ Սիամանթօն մրրիկէ:

Դպրո՜ցն ահա մեսրոպեան` նաւու մը պէս վեհափառ…
Բեռցած նշխարն անցեալի ու ներկայ փառքն Հայ Գիրին,
Առագաստներն իր պարզա՛ծ իբրեւ երամ աստղային,
Ճաճանչօրէն կ՛ընթանայ դարերու մութ ծովն ի վար`

Լուսէ ցռուկը մխած արեւուն մէջ ապագայ…

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԹՈՂ ԲԱ՛Ց ՄՆԱՅ...

Սուրբ Գիրքը թող բաց մնայ սեղանիդ վրայ տիւ ու ցայգ՝
Ծաղկամանի պէս բուրեղ, որ իր ծաղկուն էջերէն
Թորեն, բուրեն Աստուծոյ բառերը վարդ ու մեխակ
Տունը իրենց քաղցրութեամբ ու սրբութեամբ լեցընեն:

Սուրբ Գիրքը թող բաց մնայ սեղանիդ մէջ մշտօրէն՝
Խնկամանի պէս վառող, իր խօսքերը խնկուն
Եւ իր խոհերը խորունկ՝ տունըդ խորա՛ն դարձընեն
Ու երկինքի կապոյտով և անդորրով զայն լնուն...

Միշտ բա՛ց մնայ սնարիդ՝ ճրագի պէս բոցահև,
Որ լուսեղէն իր բառերն ուղղեն ճամբէ՛ն Յիսուսի
Ցայգերըդ մութ ու մոլար և ցերեկնե՛րդ ալ արև,
Ու Տէրն ի՛նք քեզ քայլ առ քայլ և բիբ առ բիբ ուղեկցի...

Մօր գիրկի պէս՝ էջ առ էջ թող բա՛ց մնայ ան, տղա՛ս,
Որ խոցերուն դէմ կեանքի և փորձութեանց մէջ իր բոց՝
Քու խռովքներըդ լալու սփոփավա՜յր մ՛ունենան
Եւ մեծ սիրոյ մը տեսիլքն՝ ատելութեան դէմ մարդոց:

Թո՛ղ բաց, թո՛ղ լայն մնայ միշտ սեղանի պէս հացալի,
Որ քեզ երաշտ չթողո՜ւ այս ճոխ աշխարհը, տղա՛ս,
Օրուան խաչը կրելու ոյժը սիրտըդ չպակսի՛,
Չհանգի՛ յոյսն հասնելու լերան գագաթն երկնահաս

Խոհերուդ մէջ թէ գործքիդ՝ Սուրբ Գիրքը թող բա՛ց մնայ,
Եւ հոգւոյդ մէջ մի՛շտ ներկայ, միշտ կենդանի՛ մնայ թող,
Որ ամէն մէկ վայրկեանիդ, մէն մի քայլիդ, ճամբուդ վրայ,
Կեանքիդ վըրայ, մանանա՛յ առ մանանա՛յ, շո՛ղ առ շո՛ղ,

Օրհութիւններ անձրևեն բարի ձեռքէն Աստուծոյ...

ԱՐԻ՜ՒՆԴ, ՅԻՍՈՒՍ...

Ամէնիշխան թէև մահն իր կրունկին տակ մարմար
Եւ մականովն է՛ կարող քանդել քանքար, գեղ ու գանձ,
Բայց ոյժ չունի՜, ոյժ չունի՜ մանգաղներովն իր հազար՝
Մեղքի մէ՜կ իսկ շղթայէն զիս արձակել յաղթապանծ:

Ո՞ր ջրհեղեղը հզօր պիտի մարէր մինչեւ ծայր
Սոդոմ-Գոմորն՝ ուր ես ե՛մ, դժոխքն՝ ուր ո՜ղջ կը վառիմ,
Ո՞ր առաւօտն ատրաշէկ պիտի հալել կարենար
Դևի խաւարն՝ որ եմ ե՛ս, անէծքն՝ որով կը մեռնիմ:

Բայց կենարար քու լանջէդ բխած կաթի՛լ մը արիւն,
Յիսո՛ւս, փրկիչ արիւնիդ ցօղէն կաթի՜լ մը միայն՝
Լեռնակուտակ մեղքերուս մինչեւ փոշին յետնագոյն
Պիտի անյուշ եւ անհետ սրբէ՛ր սրտէս յաւիտեան

Եւ սպիտակ զիս ընէր՝ հրեշտակի մը նման...

ԱՂՕԹՔԸ

Աղօթքը զա՛րկն է զօրեղ որուն դիմաց կը բանայ
Երկինքն իր դուռն երկաթեայ.
Եւ հայցագին կանչն է ան՝ որուն կուտայ պատասխան
Երկնանիստ Հայրն անպայման:

Աղօթքն արցո՛ւնքն է՝ որուն ի լուր գութո՜վ կը շարժի
Մարդասէր սիրտն Յիսուսի.
Քնա՜րն է ան՝ որ կ՛երգէ փառքն ու բարիքն Արարչին,
Սուրբ բա՛ռն է ան սիրային:

Աղօթքն աղբիւրն է անդուլ՝ ուրկէ սիրտերն յուսահատ
Կ՛ըմպեն յոյսի անոյշ կաթ.
Ան ովասի՛սն է ծաղկուն՝ անապատին մէջ կեանքի,
Ուր խոնջ հոգին կը հանգչի:

Աղօթքն ուղին է անյայտ՝ որ խունկի պէս կ՛երկարի
Մինչեւ խորա՜նն երկնքի.
Ան արդարին մաքրագոյն եւ սուրբ համբո՜յրն է սիրոյ՝
Որ կ՛ընծայուի Աստուծոյ..


ԽՕՍԷ՛  ՀԱՅԵՐԷՆ

Ով Հայ խօսէ հայերէն
Շէկ զարթօնքէդ մինչեւ քուն
Բազմութեան մէջ թէ մենակ
Տան թէ ճամբայ շուկայի
Օտարին հետ ու եղբօրդ
Իբրեւ յաղթերգ պանծալի
Հպարտութեամբ,բարձրաձայն
Լոկ հայերէն խօսէ՛ դուն...

Կանաչ բակէն դպրոցին
Մինչեւ մահիճն յետնագոյն
Խօսքդ ըլլայ մի՛շտ հայերէն
Զի մէն մի բառն հայրենի
Օղակ մ՛է նոր ու հզօր
Որով տակաւ կ՛երկարի
Հայ լեզուին հնաւանդ
Շղթան ոսկի եւ անհուն...

Բերանացի, գրաւոր ու մտովին հոգեւին,
Միշտ հայերէն դուն խօսէ
Ի սէր մեր մեծ Անցեալին,
Որ իր հողին տակ ննջող մեր
Նախնիքները ցնծա՜ն...

Թէ հարկ ըլլայ Աստուծոյ հետ ալ խօսիլ անպայման,
Հպարտօրէն,ոսկրերովդ
Ու շրթներովդ հողածոյ
Խօսէ՛,դարձեալ,հայերէն,այդ
Սուրբ լեզուն Աստուծոյ:

ՄԱՅՐԱՎԷՊ

Մայրիկիս՝ որ ամէն մայրիկի պէս մէկ-հատիկ է

Ջինջ կաթիթ հետ ,որ լեցու՜ց ,հասունցուց հասկն իմ մարմնին,
Սիրոյ մեղրովն ալ հոգի՛ս դիեցուր սիրո՜յ մայր,
Ու երբ մեծնամ՝ քաղցրութիւնդ ու սէրդ, ժառանգ իբր անգին,
Իմ սեղանէս ու սրտէս մարդոց բաժնեմ դարաբար:

Այբբենարան շրթներէդ ինծի հպա՜րտ ուսուցիր
Մեսրոպաշունչ քու լեզուն – հայակարկա՜չ մեղեդին.
Միտքըդ դպրոցս եղաւ, ուր ինձ բացիր ոսկեգիր
Դիւցազնագիրքն ու փառքերն մասիսեղէն իմ ցեղին:

Մա՛յր ,ո՛ղջ մնաս:Մրմուռիս մէջ մեղեդի մնաս ,
Քաղցիս դիմաց քաղցրիկ հա՛ց ,եւ ծիծա՛ղ դէմը լացիս.
Մութիս մնաս լոյսի գի՛րկ, խռովքիս մէջ ջինջ երա՛զ,
Կեանքի փուշին ու բուքին դէմ ովասի՛ս ու մայի՛ս.
-Աստուծմէ ետք երկնքի՝ մա՜յրն է միայն երկրի վրայ...

ՀԱ՜ՅՐ, ՀԱՅԵՐԷ՜Ն ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ...

Հա՜յր, հայերէն սորվեցուր սա մանուկին հայկազուն
Արհեստիդ հետ առօրեայ և գիշերուան աղօթքին,
Հայրերդ ինչպէս զայն քեզի սորվեցուցին օր մը հին,
Որ, օր մը նոր՝ քո՛ւ կարգիդ՝ զայն կտակես քու տղուն:

Հա՜յր, հայերէ՛ն սերմանէ վաղորդայնիդ քու սիրոյն՝
Իբր յուռթի հերկ, բարի գործ, նա՛և իբրև պարտք սրբին,
Որ չար հովին դէմ գիտնա՜յ տոկալ, աճիլ քու որդին,
Իր կեանքն ապրի հա՛յօրէն ու երջանի՛կ ու բեղո՛ւն...

Զի Հայ Լեզուն միա՛կ լաստն է Հայութեան տարագիր,
Ուր կարենա՜յ կառչիլ Հայն իր յաւերժին ի խնդիր,
Հայրենի՛ք է ոգեղէն՝ հայրենիքին քով հողէ...

Տղուդ բերրի միտքին մէջ, հա՜յր, անհաշիւ դուն ցանէ՛
Հայ բառերու լոյս հունտեր՝ ապագայի իբրև ծառ,
Որուն շուքին կարենա՜ս փակել աչքերդ հեշտաբար...

ՀԱՅՐԵՐԵԳ

Ես թող շիջիմ մո՛մ օրհաս,
Դուն բորբ վառիս, բո՛ց տղաս.
-Եւ շունչովը կրակիդ՝
Ձմեռըս տաք մնայ միշտ:

Շուք շուք մթնեմ ցայգ մ՛իբրև,
Դուն շողշողաս իբր արև.
-Եւ ճաճանչիդ փառքով պերճ՝
Յուշըս ցոլայ անցքէս վերջ:

Ես թող փլիմ օրէ օր,
Դուն բարձրանաս՝ տո՛ւն աղուոր,
-Եւ քու հասակդ իմ վրան
Դառնայ շքեղ յուշարձան:

Թօշնիմ աշուն առ աշուն,
Դուն բողբոջիս՝ նո՛ր գարուն,
Հասակ նետես կաղնօրէն,
-Եւ սաղարթիդ ներքու շէն՝

Ապրիմ երազըս վերջին...


ԶՐՈՅՑ ԳՐԻՉԻՍ ՀԵՏ

Գրի՛չ խանդավառ,
Որո՞ւ համար
Կը գրես անծայր՝
Էջեր հազար:

Գրի՛չ իմ յիմար,
Որո՞ւ համար
Կը տրոփես յար
Երգերո՛վ վառ:

Ո՞վ կը կարծես
Կ՛ունկնդրէ քեզ՝
Սիրողի՛ պէս:
Մի՛ խաբեր զիս,
Մե՜ղք է սիրտիս.
Լսող չունի՛ս,

Ափսո՜ս, հոգի՛ս...



ԻՆԾԻ՛ ՀԱՄԱՐ...

Աստուծոյ Որդին...սիրեց զիս և ինքզի՛նք ընծայեց ինծի համար:
Պօղոս առաքեալ

Ես՝ անարդա՛ր, իսկ դուն՝ արդա՛ր,
Ի՞նչպէս մեռար ինծի համար:
Ես՝ մեղաւո՛ր, իսկ դուն՝ անմե՛ղ,
Զենեցիր կեանքդ՝ ի՛մ արեան տեղ:

Օ՜, ես՝ խաւա՛ր, դուն՝ անմար լո՛յս,
Յօժարեցա՛ր խաչին, Յիսո՛ւս:
Ես՝ փուշի՛ պէս, դուն՝ շուշանի՛,
Քեզ մեղքերո՛վս իմ խոցեցի:

Ես՝ ցե՛խ գռիհի, դուն՝ ձի՛ւն անեղծ,
Սէրըդ ի՜նչպէս սևըս մաքրեց:
Ես՝ անպիտա՛ն, իսկ դուն՝ անգի՛ն,
Բայց գնեցի՛ր իմ թանկ հոգին:

Եթէ մեռար դուն ինձ համար,
Որ արիւնովդ ըլլամ արդա՛ր,
Փրկի՛չ, քեզի ի՜նչպէս չգամ
Եւ չընծայեմ կեանքըս լման:

ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

Հիմա գիշեր: Օրավերջի ժամն է ճշգրիտ՝
Ու ես կ՛ընեմ խիղճըս կըշիռք նուրբ ու վճիտ:
Ցանգեր է օրն ահա լամբիս հսկուն աստղին,
Սեղանիս քով, ուր սրտամփոփ և անձկագին՝
Շիջած օրուան լուսանկարն աչքիս դէմ խոր
Ինձ հարց կու տամ, -Հոգի՛ս, ես ի՞նչ ըրի այսօր...

Ես ի՞նչ ըրի մէն մի րոպէն իմ այսօրուան,
Ի՞նչ լոյսի յուշ կտակեցի իմ մութ վաղուան.
Ի՞նչպէս և ո՞ւր ես բաշխեցի իմ երկնաձիր
Հոգւոյս, մտքիս, քիրտիս գանձերը ոսկելիր.
Եւ ի՞նչ հանդերձ ես հիւսեցի խօսք ու գործի
Որուն ջերմով դողդոջ թշուառ մը ծածկէի...

Եթէ կրցայ կեանքս ընել ցանք մը պտղաբեր՝
Հոգիներու ակօսներուն մէջ ապալեր,
Սէրըս վառել անոնց համար որպէս արև
Եւ բարութեան անձրև տեղալ անոնց վերև,
Թո՛ղ վրաս ծագի Աստուծոյ աջը օրհնական,
Զի իր շնորհած ոսկի կեանքին դարձայ արժան...

Իսկ թէ հունտերն աստուածատուր ես մսխեցի
Ունայնօրէն աւազներու մէջ անջրդի,
Թէ չըկրցայ ժամերս կոփել զերդ մարգարիտ,
Մարդոց ըլլալ Յիսուսի բոյր, լոյս ու ժպիտ,
Թո՛ղ դժոխքին շանթը -վա՛յ ինձ- գլխուս տեղայ,
Զի ես չեղայ հաւատարիմ ու ժիր ծառայ:

Այսպէս, հիմա, սուրբ Մատեանի ճրագին տակ,
Սեղանիս վրայ հոգիս փռած իբրև մուրհակ,
Ես ինծի դէմ դատաւո՛ր խիստ՝ սակայն արդար,
Ես նոյն ատեն ամբաստանեա՛լ սարսափահար,
Ի սէր մաքուր ու երջանիկ հաշուեփակի,
Այժմ արցունքով ու դողով հարց կու տամ ինծի.

-Դուն ի՞նչ ըրիր կեանքըդ, Հոգի՛ս, դուն ի՞նչ տուիր...

ԿԱՐ ՈՒ ՉԿԱՐ...

Կար ու չկար: Հէքիաթի պէս է կեանքն ալ:
Այս մարդը կար, կը շնչէր դեռ քիչ առաջ.
Եւ ալ չկայ հիմա հէքիաթ իբր անցեալ:

Հոս էր երէկ: Ներկայութիւնն իր լոյս էր
Եւ կը ծափէր իր տրոփիւնը բամբիռ.
Իր տեղն հիմա պարապն ոստայն է հիւսէր:

Ոտնաձայնին տեղ, որ երէկ տակաւին
Կեանքի ճամբուն մէջ իբր առուակ կը խայտար,
Այսօր գուժան ու սուգ կոչնա՜կը լուռին:

Կենսաթրթիռ իր անուան դէմ, զոր ահա
Ես կը կանչեմ հոծ կարօտով ջայլաձայն,
Ունայնէն զատ արձագանգ ո՛չ ոք կու տայ:

Կար ու չկար: Հէքիաթի պէս է կեանքն ալ:
Մարդը, որ կար ճշմարտապէս քիչ առաջ,
Հիմա չկայ...Հէքիաթ դարձած մոխրափայլ՝

Պիտի հալի ան մշուշին մէջ յուշի...

ԳԻՐ ԻՄ ՄԱՅՐԻԿԻՆ

Հեռուներէն այս օտար, որբութեան մէջ այս մռայլ,
Մա՛յր, քու վրադ կը խորհիմ ինչպէս գարնան ու լոյսին
Եւ գեղեցիկ բաներուն ու բառերուն սիրային
Եւ խորհելով քու վրադ մանուկ կ՛ըլլամ ես դարձեալ:

Հոգիիս մէջ, իբրև սէր՝ բոլոր վարդերն աշխարհի,
Բոլոր ամպերը աշնան որպէս թախիծ, որպէս սուգ,
Ձմրան հազար անձրևներն՝ աչքերուս մէջ իբր արցունք,
Մա՜յր, քու վրադ կը խորհիմ՝ կարօտահա՜ր ես որդի:

Անապատի արեւու պէս կարօտըդ կը խանձէ
Սիրտըս կարծես և մոխիր կը դարձնէ ծաղիկներս.
Բայց քու վրադ կը խորհիմ՝ ովասիսի մը ինչպէս.
Ինչպէս անոր զովութեան՝ վրադ խորհիլը քա՜ղցր է...

Մա՜յր, մտածումըդ կ՛իջնէ շաղին նման առտուան՝
Կրակներուս վրայ ներքին, զոր քու անձուկն է վառեր,
Մա՛յր, մտածումըդ կ՛իջնէ իմ որբութեան վրայ ծեր
Եւ օրհնութեամբն իր կ՛ընէ աքսորը շէն ծաղկաստան:

Երբ կը խորհիմ քու վրադ հեռուներէն ծովային,
Ներս կը մտնէ սենեակէս ներկայութիւնդ որպէս սիւք
Եւ բերելով միասին բոյրն օրերուս իմ մանուկ՝
Թևերուդ պէս մայրական կը պարուրէ իմ հոգին:

Եւ գիրկի պէս սփոփիչ մտածումիդ մէջ, մա՛յր իմ,
Ո՛րբ ու պանդո՛ւխտ ես տղայ՝ կը կծկտիմ երջանիկ,
Ես զիս նորէն կարծելով քու թևերուդ մէջ ջերմիկ
Ու մանկական օրերուս օրօրին մէջ մտերիմ:

Մա՜յր, երբ վրադ կը խորհիմ, մանուկ կ՛ըլլամ ես կրկին:

ԾԱՂԻԿ ՈՒ ՃՐԱԳ

Ներկայութիւնդ իմ կեանքիս մէջ,
Մա՛յր իմ, ճրագ մ՛է, որուն պերճ
Լոյսէն կ՛ըմպեմ աստուածահամ
Օրհնութիւնը քու մայրութեան:

Ներկայութիւնդ իմ յարկիս տակ,
Մա՛յր, փունջ մըն է երգ ու մեխակ,
Որուն բոյր ու փայլով այսօր
Տունըս դրախտ դարձած է նոր:

Թէև ձմեռ օր մը անգութ,
Ներկայութիւնդ ամէնօրեայ
Ա՛լ աչքերուս առջև չըլլայ

Իբրև գիծ, գոյն ու սովորոյթ,
Ան սրտիս մէջ սակայն պիտի
Չթարշամի և չմարի,

Իմ ծաղիկ մայր, իմ ճրագ մայր...

ՏԷՐ-ԶՕՐ

Օր մը երթաս Տէր-Զօր՝ այցի...
Այցի՝ որո՞ւն,
Երբ չգտնես պիտի ճամբուդ՝
Ո՛չ մէկ հայ տուն
Կամ հողակոյտ...
Մի՛այն աւազ, միայ փոշի,
Մի՛այն հրդեհ անապատի,
Անէծք փուշի,
Մի՛այն բուեր գիշեր ատեն
Եւ կարիճներ տօթ ցորեկին:

Հոն, ո՛չ մէկ հետք ու յիշատակ՝
Պատմութենէն եղերերգակ,
Ո՛չ մէկ շիրիմ, ո՛չ մէկ արձան՝
Կարաւանէն աքսորական,
Ու երէկուան մարդերէն վառ՝
Ոչ մէկ անուն եւ ո՛չ մէկ բառ:
Ոչինչ կեանքէն, ոչինչ, ոչինչ...
Պա՜ղ ու պատան՜նք ծայրէ ի ծայր
Եւ անհատնո՜ւմ, անզարթնո՜ւմ նինջ...

Բայց հայե՜ր են հոնկէ անցեր՝
Հալածական իբրեւ հօտեր.
Միլիոն հայեր են ամբոխներ,
Զայն շէնցուցեր- ի՜նչ հեգնութիւն.
Հոգեվարքի
Հռնդիւնով ու հեւքերով
Եւ զարդարեր զայն դիակի
Ոսկերիքով,
Դալարիքով...
Անոնք եղեր են քու հայրերդ,
Եղեր մայրերդ, եղբայր ու քոյր,
Եւ իմիններս, զանոնք թէպէտ
Մենք չենք ճանչցեր:

Մեր հայրե՜րն են հոնկէ անցեր
Օր մը կեանքի, օր մը մահուան,
Որ Ապրիլի քսանչորսն էր:
Այդ ուղիէն միլիոնաբար
Անցե՜ր անծայր՝
Իբրեւ ստուեր եւ ուրուական
-Շքե՜րթ մահուան...

ՈԳԻՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ

Ապրիլեան Ոգին չունի՛ յուշարձան:
Ան ե՞րբ է մեռեր, որ իբր հրիտակ՝
Թողու դարերուն աճի՛ւն ու դամբա՛ն
Եւ խորշ մը հանգչի, լռէ մութի տակ,
Իբր հալած դրօշ ու ծալուած պատգամ:

Ապրիլեան Ոգին հողակոյտ չունի՛:
Ե՞րբ է յոյսի սիւնն ինկեր սուրի տակ,
Ե՞րբ հաւատքի ժայռն եղեր կե՛ր հուրի,
Որ հայ գալիքին՝ իբրեւ սփոփանք՝
Ան ձգէ հեքիա՛թ ու քանդա՛կ ոսկի:

Ապրիլեան Ոգին չէ՛ ոսկր ու փոշի,
Սուգի սեւ կսկիծ, լաց ու լռութիւն,
Որ ջահուի մռայլ գեղովը խաչի,
Ծաղկի եւ խունկի բոյրով զարդարուի.
Զի լոկ մա՛հն ունի գերեզման ու քուն:

Մինչ դուն, ո՛վ անմեռ Ապրիլեան Ոգի,
Կեա՛նք ես ուժայորդ, որ մայի՜ս մայի՜ս,
Ոստերով հազար կը շաքլի, կ'աճի,
Անապատին մէջ կ'ըլլայ ովասի՛ս,
Խաւարի տեղ՝ լո՛յս, տօ՛ն՝ փոխան սուգի:

Ոգի՛ Ապրիլեան, յուշարձանդ ահա՛.
Մոխիրէն յառնած, աւազէն ծաղկած
Նոր ժառա՛նգը հայ, որ կը ծովանայ,
Ու եփրատավազ հեղեղով հիմա,
Հայրենի ափէն ափերն հեռակեաց,
Կ'ողողէ աշխարհն երգո՛վ յաղթութեան...

ՆՇԽԱՐՆԵՐ

Մենք ունեցանք Անցեալ մը վառ,
Որուն մոխրին ու մոռացման
Եւ քարերուն ու դարերուն
Տակ կը պառկին անմխիթար`
Հայ նշխարներ ու աճիւններ
Անյառնելի,
Մագաղաթներ ու հեքիաթներ
Անկանգնելի
Եւ ամբողջ գանձ մը Ոգիի:
Հո՛ն են թաղուած անկրկնելի
Մեր հայրերուն
Սուրբ երկունքներն ու խոկերը,
Արցունքներն ու աղօթքները,
Որոնք` ուժովն իրենց շինող`
Լոյսի շողէն ծնունդ տուին,
Քար ու հողէն ծաղկեցուցին,
Մասիս կողէն դուրս քաշեցին
Եկեղեցի պալատ, կոթող,
Աստուածաշունչ ու Ոսկեդար,
Եւ Մշակոյթ ու Պատմութիւն
Եւ հայ Ոգի:
Ափսո՜ս հազար,
Թէեւ չկա՜ն անոնք հիմա`
Կաթողիկէ, դպրոց, դղեակ,
Վանք ու հրաշք,
Բայց անցեալի գանձ ու փառքէն,
Մոխիրներուն վերեւ մռայլ,
Մոռացումէն վեր միգափայլ,
Իբրեւ ներկայ`
Տակաւին կայ ու կը մնայ
Ոգի՛ն նոյն հին,
Ոգի՛ն միշտ նոր,
Որո՛վ միայն կրնայ ներկան
Դառնալ հզօր, ըլլալ աղուոր,
Բերել իրեն հետ Ապագայ
Մը յաղթական:
Վերադառնանք այդ Անցեալի՛ն
Մեր սրբենի, մեր արքենի,
Որ կը կոչուի սուրբ բառերով`
Էջմիածին, Մաշտոց, Վարդան,
Նարեկացի, Յիսուսի Որդի:
Այսօր մտնենք
Մեր անցեալի թանգարանէն,
Սրբարանէն
Ներս` տաճարնե՛րը լուսեղէն…
Հաղորդուի՛նք
Հոգիին հետ մեր հայրերուն,
Ոգիին հետ մեր Պատմութեան,
Յիսուսազօծ
Կամարներուն եւ կապոյտին
Ներքեւ անոնց:


ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ