samedi 11 décembre 2010

ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


ՔԱՂՑՐԵՂԷԳԻ ԲՈՒՆ ԻՄԱՍՏԸ
Ա՛րդեօք խորհա՞ծ էք քաղցրեղէգի ծագումին մասին: Ծնունդի քաղցրեղէգը ձեւակերպուած է Ամերիկայի Ինտիանա Նահանգին մէջ ապրող հաւատացեալ արհեստաւորի մը կողմէ, որուն փափաքն էր Յիսուս Քրիստոսը մատնանշող քաղցրեղէն մը շինել: Ան սկսաւ զուտ ճերմակ կարծր շաքարի կտորով մը: Ճերմակ գոյնը կը ներկայացնէր Յիսուսի մօր՝ Մարիամի անարատ կուսութիւնը եւ մեր Տիրոջ անբասիր կատարեալ կեանքը: Ան նախընտրեց կարծր շաքարը կակուղէն, ի մտի ունենալով թէ Յիսուս Իր հետեւորդներուն համար ամուր վէմ է, եւ Աստուծոյ խոստումները անխախտ են: Քաղցրեղէն շինող մարդը ճերմակ կարծր շաքարը տաք եղած ատեն «J» գիրին նմանցուց, ներկայացնելու Յիսուսի անուան սկզբնատառը, որ երբ հակառակ ուղղութեամբ դարձուց՝ նմանեցաւ հովիւի ցուպին: Յիսուս է հաւատացեալին «Բարի Հովիւը», որուն ցուպը մեղքի տիղմին մէջ ինկած բազմաթիւ մեղաւորներու օգնութեան հասած է, եւ խոտորած ոչխարներն ալ ուղիղ ճամբուն կ'առաջնորդէ: Սակայն վարպետը տակաւին գոհ չէր: Ան նկատեց որ քաղցրեղէգը շատ պարզ էր եւ հասարակ: Ուստի, սպիտակ շաքարին վրայ քանի մը կարմիր բարակ գծիկներ աւելցուց, որոնք կը խորհրդանշէին Յիսուսի ստացած գաւազանի հարուածները՝ հռոմէացի զինուորներէն: Ապա հաստ կարմիր գիծ մը գծեց վրձինով՝ մեր Փրկչին Գողգոթայի խաչին վրայ թափած արեան համար, որուն միջոցով մեղաւորը կրնայ թողութիւն ստանալ: Սա կարելի է տեսնել, երբ շեղակի դէմ դիմաց միացնենք երկու քաղցրեղէգները, անոնք կը կազմեն սիրտ մը, որ Աստուծոյ սէրը կը ցուցնէ: Վերջապէս վարպետը գոհ էր: Ան ձեռքին մէջ ունէր քաղցրեղէն մը, որ կը պատկերացնէր քրիստոնեային հաւատքը: Ցաւօք սրտի, տարիներու ընթացքին, մարդիկ մոռցան այս քաղցրեղէգին բուն իմաստը, եւ այդ դարձաւ Ծնունդի աւանդութիւններէն մին: Սակայն անոր պատգամը հոն է տակաւին՝ անոնց համար, որ աչքեր ունին զայն տեսնելու: Ի հարկէ քաղցրեղէգը չի կրնար խօսիլ: Բայց եթէ բերան ունենար, ան մեզի պիտի ըսէր, թէ Ծնունդի բոլոր աւանդութիւններուն մէջ՝ տօնածառ, նուէրներ, լոյսեր ու քաղցրեղէգ, կրնանք տեսնել Յիսուս մանուկը, որ ծնաւ Բեթլեհեմի մսուրին մէջ՝ 2000 տարիներ առաջ, մեզի բերելով Աստուծոյ անհուն սէրը: Տէրը տայ որ այս պարզ քաղցրեղէգով յիշենք եւ պատմենք Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին որ Թագաւոր Թագաւորաց է եւ Տիեզերքին Տէրն ու միակ Փրկիչը: «Եւ Որդի մը պիտի ծնի, ու անոր անունը Յիսուս դնես, քանզի Ան իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ» (Մտթ.1:21):