ԲԱՐԻ՛ ՆՈՐ ՏԱՐԻ՛
Մտայղացումերս Ամանորի, թոռան, ծոռան ու բոլորի...:
Սիրոյ և ներողամտութեան ճառագայթներէ շլացած հայացքով ողջունենք Աստուծոյ պարգեւած իւրաքանչիւր արշալոյսը այս տարի:
Բարելաւուած, գերազանց օրերու հաստատակամութեամբ, բարձր պահենք մեր տրամադրութիւնը այս տարի:
Հրաժարինք
մեղանչելէ, բարեփոխելով մեր ամրապնդուած թանձրամիտ սովորութիւնները,
մաքրամատոյց տաճարի վերածենք մեր մեղքերով ժանգոտած խառնիճաղանճ սիրտերը:
Յիշելով սոյն առածը՝ «Սովորութիւններ կը սկսին սարդի ոստայնի պէս և կը
վերջանան պողպատէ պարանի պէս»
Ժամանակ
տրամադրենք մարմնային մարզանքի. առողջ մարմին մը ունենալու ողջամտութիւնը
շաղախելով հոգևոր առաքինութեամբ՝ զտենք մեր ապրումներու խառնափնդոր
շեղջակոյտը: Ինչպէս քամին աւազի հատիկներով բլուրներ կը կազմէ, մեր
աննրբանկատ վերաբերմունքներն ալ մեղքի դէզեր կրնան կուտակել:
Ջանանք տիրապետել մեր վախերուն, բարկութեանը, մարսելով նաեւ մեր հպարտութիւնը:
Հեզութեան, ծառայութեան եւ համեստութեան ամենավսեմ շքանշաններով զարդարենք մեր բնազդը:
Խուսաբինք,
բարոյական ապականութենէ, հոգսերու եւ մտահոգութիւններու հոգեհեղձուցիչ
սրտաբեկութենէն և հարստութեան հրապոյրէն. որոնք կը ճնշեն ու կը գրաւեն մեր
հոգին ի նպաստ փճացման:
Ընտրենք
մեր կեանքի նշանաբանը. ցանկալով ի ձեռք բերել, անշահախնդիր ընկերութիւն,
բարելաւուած հոգեվիճակ, դրական մտածելակերպ, լաւն ու բարին բաժնեկցելու
առատաձեռնութիւն, նուազագոյնը ստանալու յօժարակամ ընդունելութիւն, ծո՜վ
համբերութիւն, խղճի անդորրութիւն, սիրոյ և կարեկցութեան շռայլութիւն:
Հուսկ յետոյ, Աստուած երբ տարիները կ՛աւելցնէ մեր կեանքին խնդրենք Իրմէ որ կեանք աւելցնէ մեր տարիներուն:
Ի հոգւով կը մաղթեմ՝ ձեր սրտերուն ամենասուզած ցանկութիւնը իրականութիւն դառնայ այս տարի:
Բարւոք ընդ ձեզ՝
http://www.aztagdaily.com/archives/274885