Մեր
ազգային ինքնակառուցողական պատմական ներկայ հանգրուանի առաջին տարիներէն
սկսեալ, Հայրենիքիս հետ ու Հայրենիքիս մէջ ապրիլը, երազային մղիչ ուժ մը
դարձած էր կեանքիս մէջ:
Այսօր, փառք նախախնամութեան, անձնատուր դարձած եմ այդ երազած կեանքիս:
Ստորեւ քանի մը քառեակ, ժամանակին գրուած այդ մտորումներէս:
Հայաստանը քու օճախն է, իմացիր,
Անոր հողին նուիրումով դուն կառչիր.
Օճախիդ մէջ բարի գործեր կատարէ,
Ժողովուրդիդ սէր ու հաւատք ներշնչէ:
* * *
Աստուած կ՛ օրհնէ, շէն կը պահէ օճախդ
Եթէ անձէդ բաժին հանես ուրիշին.
Ունեցածիդ ամուր կերպով մի փարիր,
Զի ան, վստահ, մահէդ անդին չես տանիր:
* * *
Կեանքը ունի վատ ու բարի ուղիներ,
Բարին ընտրէ, վատէն հեռու մնացիր,
Բարիին մէջ դուն պիտ՛ զգաս մարդացած,
Հոգիդ ամբողջ ուրախութեամբ լիացած:
* * *
Ինչ որ շինես հողիդ վրայ բերկրալի,
Յաւերժ կերպով ան կը մնայ լոկ քեզի,
Ուրիշ տեղեր պալատ անգամ կառուցես,
Զաւակներդ օտար հողմին կը յանձնես:
* * *
Ազգդ սիրէ, ժողովուրդիդ հետ ապրէ,
Օտարէն յոյս մի սպասեր դուն ի զուր,
Հայրենիքիդ որքան կապուիս անձնապէս
Այնքան հզօր դուն կը դառնաս հոգեպէս:
* * *
Եթէ հողդ թողուս անտէր, անպաշտպան
Եւ օտարին ձեռքը դառնաս դուն գերի,
Կը խեղճանաս, կը ծառայես ուրիշին,
Նման խեղճուկ Թումանեանի Գիգորին:
* * *
Հայաստանն է քու ապագան, իմացիր,
Օտար հողը քեզի երբեք չի խօսիր,
Ուր ալ երթաս, որ երկիրն ալ թափառիս,
Հայրենիքիդ կարօտովը պիտ՛ մեռնիս:
* * *
Հայեր լսէք, ականջ դրէք իմ խօսքին,
Օտարներէն չկայ մեզի փրկութիւն,
Մեր սեփական հողերուն վրայ միանանք,
Որ ազգովին յաւերժական ուժ դառնանք:
Մարգար Շարապխանեան
Անոր հողին նուիրումով դուն կառչիր.
Օճախիդ մէջ բարի գործեր կատարէ,
Ժողովուրդիդ սէր ու հաւատք ներշնչէ:
* * *
Աստուած կ՛ օրհնէ, շէն կը պահէ օճախդ
Եթէ անձէդ բաժին հանես ուրիշին.
Ունեցածիդ ամուր կերպով մի փարիր,
Զի ան, վստահ, մահէդ անդին չես տանիր:
* * *
Կեանքը ունի վատ ու բարի ուղիներ,
Բարին ընտրէ, վատէն հեռու մնացիր,
Բարիին մէջ դուն պիտ՛ զգաս մարդացած,
Հոգիդ ամբողջ ուրախութեամբ լիացած:
* * *
Ինչ որ շինես հողիդ վրայ բերկրալի,
Յաւերժ կերպով ան կը մնայ լոկ քեզի,
Ուրիշ տեղեր պալատ անգամ կառուցես,
Զաւակներդ օտար հողմին կը յանձնես:
* * *
Ազգդ սիրէ, ժողովուրդիդ հետ ապրէ,
Օտարէն յոյս մի սպասեր դուն ի զուր,
Հայրենիքիդ որքան կապուիս անձնապէս
Այնքան հզօր դուն կը դառնաս հոգեպէս:
* * *
Եթէ հողդ թողուս անտէր, անպաշտպան
Եւ օտարին ձեռքը դառնաս դուն գերի,
Կը խեղճանաս, կը ծառայես ուրիշին,
Նման խեղճուկ Թումանեանի Գիգորին:
* * *
Հայաստանն է քու ապագան, իմացիր,
Օտար հողը քեզի երբեք չի խօսիր,
Ուր ալ երթաս, որ երկիրն ալ թափառիս,
Հայրենիքիդ կարօտովը պիտ՛ մեռնիս:
* * *
Հայեր լսէք, ականջ դրէք իմ խօսքին,
Օտարներէն չկայ մեզի փրկութիւն,
Մեր սեփական հողերուն վրայ միանանք,
Որ ազգովին յաւերժական ուժ դառնանք:
Մարգար Շարապխանեան