Տարւոյն վերջին օրուան արևն ալ, որ արդէն անտեսանելի էր գորշ
ամպերուն ետին, մայրը մտաւ: Ձմեռուան կանխահաս գիշերը զարկաւ մեր դռները:
Քիչ յետոյ ժամացոյցին տասներկու հարուածները պիտի հնչեն աւետելու համար նոր
տարիի մը ծնունդը: Այդ պահուն է որ դուռը պիտի զարնուի ու հոնկէ ներս պիտի
մտնէ մեր այս տարուան Կաղանդ Պապը:
Օ՜ Կաղանդ Պապ:
Ան
որ մանկութեանս առաջին օրէն ի վեր ամէն տարի կու գայ դուռս զարնելու ու
նուէրներ բերելու: Ի՜նչ ուրախութեամբ է որ կը դիմաւորէի զինքը մանկութեանս
առաջին շրջաններուն, երբ հրաշալի խաղալիքներ կը բերէր ինծի: Յետոյ ի՜նչ
ուրախութեամբ է որ սկսայ զինքը դիմաւորել երիտասարդութեանս շրջանին, երբ
այլևս ինծի կը բերէր գիրքեր, գրիչներ, գեղեցիկ տետրակներ: Յետոյ ի՜նչ
ուրախութեամբ է որ շարունակեցի զինքը դիմաւորել հասուն ու ընտանիքէ
պատասխանատու մարդու հասակովս, երբ ան ինծի կը բերէր տնական գեղեցիկ
իրեղէններ, կազմածներ, զարդեղէններ:
Կաղանդ Պապը ինծի
համար միշտ նուէրներ ունէր իր տոպրակին մէջ, ճաշակիս, տարիքիս,
սպասումներուս յարմար նուէրներ, զորս կ՛առնէի ու կուրծքիս կը սեղմէի հազար
շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն: Եւ կը կարծէի որ միշտ այդ իմ սրտի վրայ
սեղմածներս էր որ ան կը բերէր ինծի ու իմ սիրելիներուս:
Շատ ուշ էր որ
կամաց կամաց պիտի սկսէի հասկնալ որ Կաղանդ Պապը, իր տոպրակէն հանած
նուէրներէն զատ, ուրիշ անտեսանելի նուէրներ ալ կը բերէր ամէն տարի:
Անտեսանելի նուէր էր արդարև նոր տարի մը ևս ողջունելու առիթն ու
երջանկութիւնը որ ան կը բերէր ինծի:
Անտեսանելի նուէր էր արդարև տարի մը ևս
ընտանիքիս ու բոլոր սիրածներուս հետ երջանիկ ապրած ըլլալու այն
անդրադարձումը զոր ես կ՛ունենայի Կաղանդի սեմին՝ ամէն տարի: Անտեսանելի
նուէր էր արդարև այն հանդարտ ու անդորր հոգեվիճակը, զոր Կաղանդ Պապը այս
գիշեր ալ ներաշխարհիս մէջ կը բանար գալիք տարուան մը համար՝ որպէսզի ես
սրտի ու մտածումի խոյանքներով յառաջ տանէի իմ սիրելի աշխատանքս:
Անտեսանելի
նուէր էր արդարև մարմնի ու մտքի այն առողջութիւնը զոր Կաղանդ Պապը կը
վերանորոգէր ինծի ու իմ սիրելիներուս համար, նաև նիւթական ու բարոյական այն
բարիքները որոնք տեղացած էին վրաս ամբողջ տարուան մը ընթացքին: Կաղանդ
Պապը բոլոր այս անտեսանելի նուէրներն ալ ունէր իր տոպրակին մէկ անկիւնը և
ես հիմա էր որ կը սկսէի տեսնել զանոնք:
Օ՜ Կաղանդ
Պապ:
Բախտաւոր կամ անբախտ մարդոց համար ամբողջ կեանքի մը ընթացքին
բարիքներու և նուէրներու բարի բեռնակիրն ես դուն: Ամբողջ կեանքի մը
ընթացքին շարունակ կը բերես: Կը բերես ու կը նշմարենք: Կը բերես ու չենք
նշմարեր: Կը բերես ու շնորհակալութիւն իսկ չենք յայտներ:
Երեմն
դժբախտութիւններ ալ կ՛իջնեն մեր վրայ, երբեմն ձախորդութիւններ ու
անբախտութիւններ ալ կը կիզեն մեր սիրտը: Բայց դուն չե՛ս որ կը ղրկես զանոնք
քու տոպրակէն: Դուն բարի Կաղանդ Պապն ես: Դուն բարիքներու և
ուրախութիւններու Պապն ես, դուն թերևս իմ այն պապս ու մեծ պապս ես, զոր ես
չեմ ճանչցած և որուն արիւնը սակայն կը հոսի երակներուս մէջ: Այդ երջանիկ ու
կենարար բարի արիւնը կը տեսնեմ ես քու կարմիր պատմուճանիդ ու գդակիդ մէջ:
Եկո՛ւր
Կաղանդ Պապ, եկո՛ւր դարձեալ քեզի հետ բերելով բոլոր այն բարիքները, որոնց
համար փառք պիտի տանք նախ Աստուծոյ, յետոյ քեզի, յետոյ այն սրբազան հողին,
որուն վրայ ամուր կը կոխենք: Մենք ուրիշ ոչինչ կրնանք ընել եթէ ոչ փառք
տալ, շնորհակալ ըլլալ և աղօթել մեզի ընծայուած այդ նոր տարիին համար ևս:
Ընդունէ մեր աղօթքը ու այս տարի ևս մեր այդ աղօթքը քեզի հետ տար դէպի
երկինք, դէպի երկինքի աստղերը, դէպի Բարձրեալը:
Բեռդ ու բարիքներու տոպրատդ թեթև ըլլայ ուսերուդ վրայ, սիրելի Կաղանդ Պապ:Կը պաղատիմ նո՛րէն եկուր:
ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ