jeudi 17 décembre 2015

♫ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ♫


Սեղանին շուրջ կաղանդի
Հին ընկեր մը մանկութեան
նոր Աշխարհէն աւետեաց
Իր թուղթին մէջ կարօտի
Այսպէս կ'ըսէ սրտաբաց.

Այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի՝
Ես ու կինս լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած
Ութը անձ...
Սպասեցինք ընդերկար,
Որ շնչաւոր մէկը գար,
Զարնէր մեր դուռը ամուր
Եւ սրտալի բարեւ տար:
Սպասեցինք մենք ի զուր
Մեր հիւրերուն,մեր զաւկին,
Ու երբ որ ձայնը զանգին
Մնաց երկար քարացած,
Կինս ըսաւ.«Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը անգին
Մեր սիրելեաց բացակայ»:
Լռութեան մէջ անձկագին
Բաժակը լոկ զրնգաց,
Շրթները լուռ մնացին,
Պատերը՝ մերկ մեր դիմաց
Եւ չտուին արձագանգ:
Տօնածառը գլխահակ,
Իր լոյսերով ամօթխած,
Նայեցաւ մեզ ու գթաց...

Մուշեղ Իշխան