Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի գործիչներէն Մուրատ Պեպիրօղլու։ Դժբախտաբ ան վերջին շրջանին կը
տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ երէկ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ աւանդած է
իր հոգին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բարեկամական շրջանակները։
Մուրատ Պեպիրօղլու 1942 թուականին ծնած էր Արաբկիրի մէջ։ Ծննդավայրին մէջ սկսած ուսումնառութիւնը շարունակած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Ապա յաճախած Իսթանպուլի համալսարանը, ուրկէ վկայուած էր որպէս տնտեսագէտ։ Յաջորդող տարիներուն ան գործունէութիւն ծաւալած էր հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու ոլորտէն ներս՝ հիմնելով գովազդներու գործակալութիւն մը։ Այդ գետնին վրայ ձեռք բերած էր դրական համբաւ եւ հեղինակութիւն։ Մուրատ Պեպիրօղլու համայնքային կեանքին ալ մասնակցութիւն կը բերէր իր մտաւորական պաշարով։ Հեղինակած էր գիրքեր եւ յօդուածներ։ Միշտ միտք կը յոգնեցնէր մեր համայնքի վարչական խնդիրներուն շուրջ, մանաւանդ կեդրոնանալով անոնց իրաւական հէնքին վրայ։
1998 թուականի պատրիարքական ընտրութիւններուն Մուրատ Պեպիրօղլու ընտրուած էր պատգամաւոր։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Մուրատ Պեպիրօղլուի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին, հարազատներուն եւ համայն ընտանիքին։
Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017