mardi 29 janvier 2019

ՓԱՌ՛Ք ՔԵԶ Ո՛Վ ՏԷ՜Ր ╬



Քու աչքերովըդ, Տէր, ուղղէ զիս,
Փորձիչէն քեզի դառնամ.
Թեւերուդ տակ, Տէր, պահէ զիս.
Միշտ քու քովըդ թող կենամ:
 
Քու շնորհքըդ, Տէ՜ր, թող ինձ ներէ,
Ո՞վ իր մեղքերն կը հասկընայ,
Կամ իր յանցանքը միտք կ՛առնէ.
Ո՞վ քու առջիդ կ՛արդարանայ:

Քու շնորհքըդ, Տէ՜ր, թող զիս սրբէ,
Քու բընութիւնդ ինծի ալ տուր.
Ճշմարտութեամբըդ զիս մաքրէ,
Ինչպէս որ է Փրկիչս մաքուր:

Քու շնորհքըդ Տէ՜ր, թող ինձ օգնէ,
Քանզի ես ինքս եմ խիստ տկար,
Թշնամիէն միշտ պաշտպանէ,
Երբեք ինձմէ մի՛ հեռանար:

Քու շնորհքըդ, Տէ՜ր, թող զիս պահէ,
Ինձ պատուիրեր ես որ հսկեմ.
Դուն ալ քու բազուկովդ բռնէ,
Որ փորձութեան մէջ չմտնեմ:

Քու շնորհքըդ Տէ՜ր,թող սնուցանէ,
Զիս կերակրէ երկնից հացով.
«Քու խորհրդովդ առաջնորդէ,
Ու վերջն ալ ընդունէ զիս փառքով:»