Երբ թերթերուն մէջ կը սկսին հրատարակուիլ Թարգմանչաց տօնին
ծանուցումները, ես ալ կը պատրաստուիմ մտքիս մէջ հոգեհանգստեան պատարագ մը
մատուցանել մեր թարգմանիչ վարդապետներու, եւ մասնաւորաբար Մեսրոպ Մաշտոցի ի
յիշատակ: Միտքս տաճար մըն է, այդ պահուն, ուր միայն ես կանգնած եմ որպէս
հաւատացեալ, առանձին ու այլամերժ: Այլամերժ, այո՛, որովհետեւ այդ պահուն
անպայման կ՛ուզեմ մնալ առանձին: Չըլլա՛յ որ ուրիշ մըն ալ մտնէ այդ տաճարէն
ներս ու խանգարէ իմ միասնութիւնս մեր ամենասուրբ վարդապետներուն,
վարդապետներու վարդապետ Մեսրոպին հետ:
Մտքիս տաճարին մէջ երգեր կը լսուին ու հայոց լեզուէն արձագանգներ կը
հնչեն: Բոլորին մէջէն կ՛ուրուագծուին Մեսրոպի ձեռքով գծուած գիրերը հայոց,
որոնք կարծես լուսարձակի մը կողմէ պատկերուէին մտքիս պաստառին վրայ, կը
տողանցեն` լոյսի հետքեր ձգելով աչքերուս առջեւ եւ մտքիս մէջէն կը
սահին-կ՛երթան իրենց հետ մէկ-մէկ լուսապսակ տանելով:
Տարին անգամ մը գոնէ:
Տարին անգամ մը գոնէ կ՛ուզեմ առանձին մնալ Մեսրոպ Մաշտոցին յիշատակին
առջեւ, որպէս անոր ամէնէն հաւատաւոր աշակերտներէն մէկը, եւ ըսել իրեն, թէ
որքա՜ն երջանիկ եմ ամուր փարելով իր թողած ժառանգութեան: Կը լսէ՞ զիս, իմ
յուզումէս արձագանգ մը, ալիք մը կը հասնի՞ իրեն: Անտարակոյս: Որովհետեւ
հոգւոյս խորը կը գտնեմ խղճի հանդարտութիւնը այն զաւկին, որ հանդիսաւոր օրով
սրտի իր խօսքը արտասանած է իր հօր եւ որ գլխուն վրայ, մազերուն միջեւ
տակաւին կը զգայ այդ գորովագութ հօր օրհնութեան ձեռքը:
Լսէ՛, Մեսրոպ, քու գիրերով կը խօսիմ քեզի հետ եւ իմ ամբողջ ժողովուրդիս
հետ: Իմ ժողովուրդիս թիւը փոքր է, աւա՜ղ: Առաւել եւս փոքր է թիւը
ժողովուրդիս այն զաւակներուն, որոնք կրնան ինծի հետ կամուրջ հաստատել քու
գիրերուդ շնորհիւ: Բայց քու գիրերդ ամէնէն ապահով կամուրջներն են քու
ցիրուցան, սակաւաթիւ երկրպագուներուդ միջեւ: Ցիրուցան: Եւ սակաւաթիւ: Այս
երկու բառերը, որոնք հոս այսպէս քով-քովի կու գան, կը կոտտացնեն սիրտս:
Բայց հրաշք մըն ալ կը տեսնեմ այդ երկու բառերուն մէջ: Որքա՛ն ցիրուցան են
մեր ժողովուրդին զաւակները, որքա՛ն սակաւաթիւ են որպէս քու երկրպագուներդ,
այնքան աւելի մեծ է երջանկութեան այն բաժինը, զոր կը քաղեն գիրերուդ մէջէն:
Ինչպիսի՜ խորհուրդ մը ու մագնիսականութիւն մը կրցեր ես դնել անոնց մէջ,
ինչպիսի՜ տոկունութիւն մը, ինչպիսի՜ հպարտ ինքնաբաւութիւն մը, որ այդ
գիրերը, հազարումէկ խոչընդոտներու վրայէն անցնելով կը շարունակեն ահա քալել
դարերու մէջէն եւ իրենց ետեւէն քշել-տանիլ իրենց երկրպագուները: Ինչպիսի՜
տաղանդով մը օժտեր ես զանոնք, որ իրարու քով գալով կը հնչեցնեն աշխարհի
ամէնէն գեղեցիկ ձայները, ամէնէն գեղահունչ բառերը, ամէնէն զգայուն երգերը:
Անոնք քով-քովի կու գան ու գիրք կը դառնան, օրաթերթ կը դառնան, նամակ կը
դառնան, պատգամ ու ճառ կը դառնան: Սիրասուն մեր զաւակներուն ձեռքին մէջ
հայոց դասագիրք կը դառնան, մեր եկեղեցիներուն կամարներուն տակ քարոզ ու
շարական կը դառնան: Գետի մը զուլալ ու անապակ ջուրերուն նման կը հոսին ու
կ՛երթան հայ մարդէն դէպի հայ մարդ, զովութիւն, թարմութիւն,
կենսունակութիւն, մխիթարութիւն, ինքնապահպանում բաշխելով մէկէն դէպի միւսը:
Տպագրիչ մեքենաներու գլաններէն կամ համակարգիչներու պաստառներուն վրայէն
թուղթին կը փոխանցուին կախարդական խաղերով ու ճամբայ կ՛ելլեն դէպի այն
հեռաւոր անկիւնները, որոնք գոյութիւն իսկ չունէին քու շրջանի քարտէսներուդ
մէջ: Այդ գիրերը, Մեսրո՜պ, մինչեւ այդ հեռաւոր անկիւնները իրենց հետ կը
տանին քու սուրբ անունդ ալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր տառին մէջ դո՛ւն կաս
դարերէ ի վեր: Կը շրջիս ամբողջ աշխարհին վրայ, դուն որ թերեւս կը կարծէիր
որ պիտի յիշուէիր միայն Օշականէ, Աշտիշատէ, Հացեկացէ, Վաղարշապատէ, Գողթն
գաւառէ կազմուած փոքրիկ հին աշխարհի մը մէջ: Քու գիրերդ ահա քեզ կը տանին
ովկիանոսներուն մէկ կողմէն միւսը, երկինքներուն մէկ ծայրէն միւսը,
հողամասերուն մէկ անկիւնէն միւսը: Ամբողջ աշխարհ բաց է քու առջեւ: Կը
հաւատա՞ս: Կը հաւատա՞ս, որ այսքան ընդարձակ աշխարհ մը պիտի բացուէր քու
գիրերուդ առջեւ:
Չեմ գիտեր թէ ուրիշ ազգեր ալ ունի՞ն իրենց Մեսրոպները, կը յիշե՞ն իրենց
գիրերուն գիւտարարը: Բայց քու ժողովուրդը քեզ կը յիշէ ահաւասիկ մօտաւորապէս
1600 տարիէ ի վեր: Կը յիշէ եւ քեզ կը դասէ իր ամէնէն երանելի սուրբերուն
միջեւ: Ո՛չ մէկ ժողովուրդ կրնայ այնքան շնորհապարտ ըլլալ իր գիրերու
գիւտարարին հանդէպ, որքան եղած է եւ է՛ մեր ժողովուրդը: Որովհետեւ մեր
ժողովուրդին զաւակները, սակաւաթիւ ալ ըլլան, գիտեն թէ դուն, մեր գիրերը
գտնելով, հաստատեցիր ո՛չ միայն մեր մշակոյթը, այլ նաեւ ապահովեցիր մեր
ժողովուրդին գոյատեւումը: Քու գիրերը մեզի համար դարձան աննիւթական
եկեղեցի, ակադեմիա, դպրոց եւ նոյնիսկ պետութիւն, ամէն անգամ որ պակսեցան
իրական եկեղեցին, ակադեմիան, դպրոցը եւ պետութիւնը: Քու հրաշագործ գիրերը
մեր ժողովուրդը իրենց հետ տարին վանքերէն դէպի դպրոց, համալսարաններէն դէպի
եկեղեցի եւ անապատներէն դէպի կանանչազարդ վերածնած մարգագետիններ:
Այսօր մտքիս տաճարին մէջ դարձեալ քեզի հետ կը հաղորդուիմ, Սուրբ Մեսրոպ,
եւ քու գիրերէդ կազմուած համեստ ծաղկեփունջ մը կը դնեմ խորանին վրայ:
ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ