dimanche 11 octobre 2009

ԵՐԵՔ ԽՐԱՏ

ԵՐԵՔ ԽՐԱՏ

Գիւղացիին մէկը ճնճղուկ մը կը բռնէ եւ կ'ուզէ տանիլ տուն:
Ճնճղուկը կ'ըսէ. «ախպեր ջան, ի՞նչ միս կայ վրաս, որ մորթես ուտես: Աւելի լաւ է' եկուր զիս ազատ ձգէ. քեզի երեք խրատ տամ. կեանքի մէջ պէտք կ'ըլլայ:
Մարդը կը համաձայնի եւ ճնճղուկը ազատ կ'արձակէ:
Ճնճղուկը, ուրախ, կը թռչի, կը թառի ծառի մը ճիւղին վրայ եւ կ'ըսէ.
-Երբեք ձեռք մի' երկարեր այն բանին, որուն ձեռքդ չի հասնիր. անցած բանը մի' ափսոսար. անհաւատալի բանի մի' հաւատար:
Գիւղացին կ'ըսէ.
-Եթէ գիտնայի, որ ասոնք են քու խրատներդ, քեզ ազատ չէի արձակեր:
Ու ձեռքը կ'երկարէ որ դա'րձեալ բռնէ ճնճղուկը:
-Քեզի չըսի՞ որ ձեռք չերկարես այն բանին, որուն ձեռքդ չի հասնիր.- կ'ըսէ ճնճղուկը եւ կը թառի աւելի բարձր ճիւղի մը վրայ: Իսկ եթէ գիտնայիր, թէ փորիս մէջ ի՛նչ անգին մարգարիտ մը կայ, զիս բնա'ւ ազատ չէիր արձակեր:
-Ափսո՛ս, վա՛խ.- կ'ըսէ գիւղացին եւ դա՛րձեալ ձեռքը կ'երկարէ որ բռնէ ճնճղուկը:
Ճնճղուկը ա'լ աւելի բարձր ճիւղի վրայ կը թառի եւ կ'ըսէ.
-Քեզի չիսի՞ որ անցած բանը չափսոսաս: Յետոյ, այդ ի՞նչ խելք է քու խելքդ, որ կը կարծես թէ փորիս մէջ մարգարիտ կայ: Քեզի չըսի՞ որ անհաւատալի բանի չհաւատաս...: