jeudi 23 décembre 2010

ՏԱՐԵՎԵՐՋ ԵՒ ՏԱՐԵՄՈՒՏ


Տարի մը եւս կը թողունք մեր ետին, եւ պիտի թեւակողենք նոր տարիէ մը ներս: Հին տարին մեր անցեալին մաս պիտի կազմէ, իր ուրախ, զուարթ, տխուր, յաջող, անյաջող եւ այլ ամէն դէպքերով, իսկ նոր տարին պիտի նորոգէ մեր յոյսերը, իղձ ու փափաքները եւ նաեւ մեր առջեւ պիտի բանայ հորիզոններ. ինչպէս անցեալին մէջ, նոյնպէս ալ ապագային պիտի ապրինք յաջողութեան քով ձախողութիւն, առողջութեան քով հիւանդութիւն, երջանկութեան քով տխրութիւն, յոյսերու քով յուսախափութիւն, անդորրութեան քով վրդովանք, խաղաղութեան քով կռիւներ եւ այլ իրարու հակասական կեանքի իրականութիւններ: Այս կեանքի ընթացքին մէջ եթէ մենք զօրաւոր Սէր, Հաւատք ու Յոյսով զինուած ենք, եւ սիրուելու համար սիրելը, հաշտուելու համար հաշտուիլը, յուսալու համար յուսատու ըլլալը, հաւատքի համար հաւատալը լաւ սորված ենք եւ կամ լաւ գիենք, այդ պարագային է որ, կեանքը մեզի համ կու տայ. Մեր բոլոր բարեկամ, ընկեր, ազգական, գարծընկեր եւ համակիրներուն ջերմագին շնորհաւորանքներ ու լաւագոյն բարեմաղթութիւններ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ: Տօքթ. Սարգիս Ատամ- Գերմանիա

samedi 11 décembre 2010

ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


ՔԱՂՑՐԵՂԷԳԻ ԲՈՒՆ ԻՄԱՍՏԸ
Ա՛րդեօք խորհա՞ծ էք քաղցրեղէգի ծագումին մասին: Ծնունդի քաղցրեղէգը ձեւակերպուած է Ամերիկայի Ինտիանա Նահանգին մէջ ապրող հաւատացեալ արհեստաւորի մը կողմէ, որուն փափաքն էր Յիսուս Քրիստոսը մատնանշող քաղցրեղէն մը շինել: Ան սկսաւ զուտ ճերմակ կարծր շաքարի կտորով մը: Ճերմակ գոյնը կը ներկայացնէր Յիսուսի մօր՝ Մարիամի անարատ կուսութիւնը եւ մեր Տիրոջ անբասիր կատարեալ կեանքը: Ան նախընտրեց կարծր շաքարը կակուղէն, ի մտի ունենալով թէ Յիսուս Իր հետեւորդներուն համար ամուր վէմ է, եւ Աստուծոյ խոստումները անխախտ են: Քաղցրեղէն շինող մարդը ճերմակ կարծր շաքարը տաք եղած ատեն «J» գիրին նմանցուց, ներկայացնելու Յիսուսի անուան սկզբնատառը, որ երբ հակառակ ուղղութեամբ դարձուց՝ նմանեցաւ հովիւի ցուպին: Յիսուս է հաւատացեալին «Բարի Հովիւը», որուն ցուպը մեղքի տիղմին մէջ ինկած բազմաթիւ մեղաւորներու օգնութեան հասած է, եւ խոտորած ոչխարներն ալ ուղիղ ճամբուն կ'առաջնորդէ: Սակայն վարպետը տակաւին գոհ չէր: Ան նկատեց որ քաղցրեղէգը շատ պարզ էր եւ հասարակ: Ուստի, սպիտակ շաքարին վրայ քանի մը կարմիր բարակ գծիկներ աւելցուց, որոնք կը խորհրդանշէին Յիսուսի ստացած գաւազանի հարուածները՝ հռոմէացի զինուորներէն: Ապա հաստ կարմիր գիծ մը գծեց վրձինով՝ մեր Փրկչին Գողգոթայի խաչին վրայ թափած արեան համար, որուն միջոցով մեղաւորը կրնայ թողութիւն ստանալ: Սա կարելի է տեսնել, երբ շեղակի դէմ դիմաց միացնենք երկու քաղցրեղէգները, անոնք կը կազմեն սիրտ մը, որ Աստուծոյ սէրը կը ցուցնէ: Վերջապէս վարպետը գոհ էր: Ան ձեռքին մէջ ունէր քաղցրեղէն մը, որ կը պատկերացնէր քրիստոնեային հաւատքը: Ցաւօք սրտի, տարիներու ընթացքին, մարդիկ մոռցան այս քաղցրեղէգին բուն իմաստը, եւ այդ դարձաւ Ծնունդի աւանդութիւններէն մին: Սակայն անոր պատգամը հոն է տակաւին՝ անոնց համար, որ աչքեր ունին զայն տեսնելու: Ի հարկէ քաղցրեղէգը չի կրնար խօսիլ: Բայց եթէ բերան ունենար, ան մեզի պիտի ըսէր, թէ Ծնունդի բոլոր աւանդութիւններուն մէջ՝ տօնածառ, նուէրներ, լոյսեր ու քաղցրեղէգ, կրնանք տեսնել Յիսուս մանուկը, որ ծնաւ Բեթլեհեմի մսուրին մէջ՝ 2000 տարիներ առաջ, մեզի բերելով Աստուծոյ անհուն սէրը: Տէրը տայ որ այս պարզ քաղցրեղէգով յիշենք եւ պատմենք Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին որ Թագաւոր Թագաւորաց է եւ Տիեզերքին Տէրն ու միակ Փրկիչը: «Եւ Որդի մը պիտի ծնի, ու անոր անունը Յիսուս դնես, քանզի Ան իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ» (Մտթ.1:21):

samedi 20 novembre 2010

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՅԻՍՆԱԿԻ ՕՐԵՐԸ


ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

«ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Ս.Ծնունդի պատրաստութիւնները կը սկսին ծնունդէն յիսուն օրեր առաջ. Յիսնակեաց պահքով: Առաջին, չորրորդ եւ հինգերորդ շաբաթները, պահքի շաբաթներ են, աշխարհականներու համար. Պահքին նպատակը Աստուածային ներկայութիւնը մեր մէջ հաստատելն է: Յիսնակի շրջանին, կիրակմուտքի եօթը օրերուն ընթացքին մէյմէկ ծիրանագոյն մոմեր կը վառուին «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականին երգեցողութեամբ:

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ.

Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս տան աւետիս աշխարհի

Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհեմ քաղաքի.

Որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ:

Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ.

Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմացաւ:»

Յիսնակի շաբաթներու ընթացքին տօնածառ կը զարդարուի տուներուն մէջ, աղօթքներով եւ զԱստուած փառաբանող շարականներով: Տօնածառը որ ընդհանրապէս եղեւնի ծառն է, իր կանաչ գոյնով, խորհրդանիշն է մարդոց յաւիտենական յոյսին. Ծառին գագաթը զետեղուած աստղը երկնային խոստումն է, որ Աստուած խոստացած է Փրկչին՝ աշխարհի համար, իր այդ խոստումին իրականացման նշանն է. Մոմը որ կը վառի ծառին վրայ, կը խորհրդանշէ Խաչը, որ աշխարհին լոյսն է. Երբ կը նայինք այդ մեծ լոյսին կը յիշենք, Յիսուս Քրիստոսը, որ իջած է աշխարհ, իր լոյսով: Ծաղկեպսակը որ կը տեղաւորենք տօնածառին վրայ, կը խորհրդանշէ սիրոյ իսկական բնոյթը: Ճշմարիտ սէրը երբեք չի դադրիր, ինչպէս Աստուծոյ սէրը որ ո՛չ սկիզբ ունի ո՛չ ալ վերջ: Կաղանդ պապիկը խորհրդանիշն է մեծահոգութեան եւ բարութեան որ մենք կը զգանք ամբողջ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Փշարմաւի տերեւները խորհրդանիշն են անմահութեան. նման են այն փշեպսակին որ կրած է մեր Փրկիչը, կարմիր փշարմաւը Անոր արյան խորհրդանիշն է: Շաքարէ ձեռնափայտը որ կը զետեղենք տօնածառի ճիւղերուն վրայ, կը նշանակէ հովիւին ձեռնափայտը, որուն հետ ան ետ կը վերադարձնէ մոլորուած ոչխարները: Հրեշտակը որ կը զարդարէ տօնածառը, կը ներկայացնէ Աստուծոյ որդիին ծնունդը հայտարարող հրեշտակները որ երգեցին. «Փա՛ռք Աստուծոյ, աշխարհին խաղաղութիւն եւ բարիք մարդկանց»: Տօնածառին վրայի զանգակը նշանն է Աստուծոյ ուղեցոյցին ,եւ այն զանգակի ղօղանջին , որուն շնորհիւ կորսուած գառնուկները ետ եկան, . Ան կը խորհրդանշէ առաջնորդութիւնը ու վերադարձը: Յիշեցնելով մեզի թէ, բոլորս ալ Աստուծոյ համար թանկագին ենք:

Յիսնակի վերջին շաբաթը անուշապուր «քաղցրապուր» կը պատրաստուի, որուն աւանդական սովորութիւնը մեզի հասած է դարերէ առաջ: Մեր նախահայրերը երբ տակաւին բնական երեւոյթներու պատճառները չէին կրնար բացատրել, «ինչո՞ւ կ՛անձրեւէ, ինչպէ՞ս գետնէն ջուր կը բղխի, ինչպէ՞ս ծիլը կը ծաղկի, ծառը կը մեծնայ ու քաղցրահամ պտուղներ կուտայ...» հետեւաբար կը խորհէին թէ, այս բոլորին մէջ գերբնական մէյմէկ էակ կ՛ապրի, այսինքն ամէնուն մէջ աստուած մը գոյութիւն ունի: Այս աստուածները պաշտելու համար կուռքեր շինած էին եւ իրենց զոհաբերութեան մասնաւոր օրերուն այդ կուռքերուն զոհեր կը մատուցանէին. Անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու համար: Այդ աստուածներէն մէկն էր Վանատուր կոչուածը, որ Ամանորի, պտղաբերութեան, եւ արդիւնաբերութեան աստուածն էր: Վանատուրի յատուկ զոհաբերութեան օրը կը զուգադիպէր տարուան առաջին ամսուան, Նաւասարդի առաջին օրուան. Նաւասարդը մեր այսօրուան օգոստոսին կը համապատասխանէ: Տօնի այդ օրը ժողովուրդը Բագաւան գիւղը կը հաւաքուէր, գետին եզերքը, դաշտին վրայ, վրաններ կը լարէին, անթիւ

ուխտաւորներ կուգային փառաբանելու, ծաղիկներ նուիրելու Ամանորի աստուածին որ իրենց առատ հունձք եւ բարիքներ պարգեւէ: Կը պարէին, իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, աղաւնիներ կը թռցնէին, փողեր կը հնչեցնէին ու որսի կ՛երթային: Ժողովուրդը այդ օրը հետը կը բերէր իր հունձքէն Վանատուրին համար զատած բաժինը, որմէ քուրմերուն ալ կը նուիրէին, իսկ իրենք, տեղւոյն վրայ, հողի այլազան բերքերէն անուշապուր կը պատրաստէին: Աւանդական այս սովորութիւնը յարգելու համար, մենք ալ նոր տարիի առթիւ կը պատրաստենք այս տօնական քաղցրեղէնը:

Ըստ աւանդութեան՝ անուշապուրը պատրաստելէ գիշեր մը առաջ, ցորենը կը խաշեն եւ սանը սենեակին մէջտեղը տեղաւորելով վրան մաքուր ճերմակ լաթով մը կը ծածկեն ու կափարիչը կը գոցեն. Յետոյ տան անդամներուն, յաջորդ օրուայ հագուելիք զգեստները զգուշութեամբ սանին վրայ կը դիզեն: Առաւօտուն, տունին երեցը, կանչելով բոլոր տան բնակիչները իր քով, կը բաժնէ իրենց հագուստները. Յետոյ խաչակնքելով՝ կը բանայ սանին կափարիչը եւ մէջէն քանի մը ցորենի հատիկ առնելով դրամապնակին մէջ կը տեղաւորէ. ճոխութեամբ ու բարգաւաճութեամբ դիմաւորելու եւ անցնելու համար նոր տարին:

Կաղանդի գիշերը, ժամը ճիշդ տասնըերկուքին, տան բոլոր լոյսերը կը վառեն եւ ծորակները կը բանան որպէսզի առատութիւն հոսի եւ լոյս տեղայ տունէն ներս: Նոր տարիին առաջին վայրկեաններուն տունին հայրը նուռ մը

կը պայթեցնէ դրան սեմին, որուն հատիկները նոյնպէս ճոխութիւն ու առատութիւն կը պարգեւէն ընտանիքին:

«Հայկական աւանդութիւն մը կ՛ըսէ թէ, պահ մը դադար կայ անհետացող տարուան յետին պահուն եւ սկսող տարուան առաջին վայրկեաններուն միչեւ: Այդ դադարին ատեն երկինքի դուռները կը բացուին եւ առատութեան հեղեղ մը կը տեղայ մեր մոլորակին վրայ: Բոլոր աղերսանքները կ՛ընդունուին եւ եթէ մէկը սափորը տանի դնէ աղբիւրին տակ, ոսկիներով կը լեցուի»:

Ճրագալոյսի գիշերը, այսինքն 5 յունուարին, մայրամուտին, եօթը ծիրանագոյն մոմերը միասին կը վառին, ընտանիքը կը հաւաքուի տօնասեղանին շուրջ: Յաջորդ առաւօտ, եկեղեցի երթալով, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան պատարագին կը մասնակցին. Քանի որ Յիսուս Քրիստոս ծնունդէն ճիշդ երեսուն տարի յետոյ, նոյն օրը մկրտուած է, Յորդանան գետը, Սուրբ Ծննդեան պատարագէն վերջ կը կատարուի ջրօրհնենքի արարողութիւնը: Ջուրը կ՛օրհնուի, սուրբ Խաչով, սուրբ Աւետարանով եւ սրբալոյս Միւռոնով. Յետոյ ժողովուրդին կը բաժնուի:

Սուրբ պատարագի ընթացքին եւ յաջորդ ութ օրերուն, ողջոյն կը փոխանակուի. Ըսելով՝

«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ- Օրհնեալ է Ծնունդը Քրիստոի»: