vendredi 13 janvier 2012

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


Հ Ա Յ Ա Ս Տ Ա Ն

Զարմանալի՜, հնամենի՜, հիանալի՜ երկիր,
Վանայ ծովի, Վայոց ձորի, Արարատի երկիր,
Շա՜տ ես տեսել անկոչ հիւրեր, հիւրասէր ես բայց շատ,
Հայկի, Դաւթի, Արտաշէսի եւ Վահագնի երկիր:

Հին քաղաքներ, հին պատմիչներ ու երգիչներ գողթան,
Մեծն Տիգրան- քաջն Վարդան՝ պահպանիչներ քո տան,
Գրի Մաշտոց եւ Զուարթնոց, մանրանկար որդան,
Խորենացու, Շիրակացու, Նարեկացու երկիր:

Սելջուկն եկաւ, Պարսիկն եկաւ, եկան Արաբ եւ Թուրք,
Ծուէն-ծուէն արեցին քեզ, տարան աւար եւ տուրք,
Յետոյ Արազն ափին տուեց, ժայթքեց զայրոյթ եւ թուք,
Կոմիտասի, Վարուժանի եւ Զօհրապի երկիր:

Անսէր դարում սէր երգեցին՝ Քուչակ, Սայաթ-Նովա,
Ֆրիկն ելաւ ընդդէմ Աստուծոյ, Թոնդրակեցին ելաւ,
Ելան Տարօն, Զէյթուն, Սասուն եւ Սիւնիքը ելաւ,
Մարզպետունու, Պահլաւունու, Դաւիթ-Բէկի երկիր:

Քո մեծ եղբօր մեծ օգնութեամբ հասար բախտին քո մեծ,
Օրին օրհնեց, Աբովեանը, եւ Թումանեանն օրհնեց,
Շողաց Տէրեան, նոր աստղագէտ, զոյգ վարպետներ, Չարենց,
Շահումեանի, Անդրանիկի, Բաղրամեանի երկիր:

Տուն են գալիս որդիներդ՝ Ոդիսեւսի նման,
Աչքերի մէջ օտար ծովեր, հոգիներում՝ Սեւան,
Էջմիածինն էր ուխտատեղի, Երեւանն է հիմա,
Սարոյանի, եւ Սեւակի, եւ Շիրազի երկիր:

Շա՜տ ես լացել, շա՜տ ես թախծել, հիմա զնծա՜, երգի՜ր,
Խաղաղութեան, երջանկութեան, անմահութեա՜ն երկիր...:

«ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ»


ՀՈ՜ՎԵՐ


Դուք ո՞ր երկրէն կու գաք, հո՛վեր,
այսքան քնքուշ ու մեղմ այսքան.
ո՞ր լեռներէն կու գաք, հո՛վեր,
համբոյրի պէս քրոջական:
Այնքան մեղմ էք, հեռուի հովեր,
կարծես շունչն էք քնած մանկան:

Մեր լեռներէն, հեռուի հովեր,
համբո՛յր տարէք ձեր լեռներուն,
վարդերու բոյր տարէք, հովեր,
մեր դաշտերէն՝ ձեր դաշտերուն:
Բայց թէ մէկ օր, հեռուի հովեր,
հողմեր բերէք մեր լեռներուն՝
մեր ամպերը, մեր սարերէն՝
շա՛նթ կը բերեն ձեր լեռներուն:

Շա՛նթ կը բերեն մեր լեռներէն,
մա՛հ կը սփռեն ձեր դաշտերուն,
ձեր դաշտերուն, ձեր լեռներուն,
ձեր աշխարհին, ձեր արեւին...

Մեր լեռներէն, հեռուի հովեր,
համբո՛յր տարէք ձեր լեռներուն.
համբոյր տարէք,
գարուն տարէք,
արե՜ւ տարէք աշխարհներուն:

«Յովհաննէս Շիրազ»


ՀԱՅՈՒ ՈԳԻՆ

Մի՛ հարցնէք, ի՞նչ է, ո՞ւր է,
ուրկէ՞ կու գայ հայու ոգին:
ինչպէս արեւն է հուրհրան,
ինչպէս կանաչն է դաշտերուն,
ա՜յ, ճիշդ այդպէս, ամէն տեղ է
Հայու ոգին:

Մեր հովերուն, մեր լեռներուն,
մեր դաշտրուն հոսող առուի
կանչի հետն է
Հայու ոգին:

...Ան եկած է Աւարայրի մեր յաղթական պատմութենէն,
շէն Անիի հազար ու մի գմբէթներէն,
հազար ու մի զանգակներու ղօղանջներէն:
Մեր հողերուն նետուած բեղուն
սերմերուն պէս ապրող սիրտն է
Հայու ոգին:

Ան մեզ կու գայ մեր վանքերու քարո՛տ ճամբով.
ժամ-վարժարան բանուկ ճամբով:
Մեր պապերու ոսկորներէն, գերեզմանի տխուր ճամբով,
արեւին հետ ան վար կ՛իջնէ մեր արտերուն, մեր սրտերուն,
ու վեհափառ Արարատի անե՛լ, անյայտ ճամբով կու գայ
Հայու ոգին:

...Ինչ ալ ըսենք, բայց դեռ քիչ է.
ի՜նչն է իրաւ հայու ոգին:
Եթէ նայիք ձեր հոգւոյն մէջ,
պիտի գտնէք մեր պապերէն բազմութիւն մը.
պիտի գտնէք սաղաւարտեայ բանակ մը հին.
պիտի գտնէք իմաստութիւնն ու ճրագը մեր վանքերուն:

Ձեր հոգւոյն մէջ պիտի գտնէք
ձեր լեռներուն ու ժայռերուն մէջ թաքնուած,
արձագանգի պէս թաքնուած,
Հայու ոգին:

«ՀԱՄԱՍՏԵՂ»


Ս Է Ր

Հրեշտակաց բուրաստանի լուսաբողբոջ շուշանին

Բաժակովը ես ըմպեցի նեկտար սիրոյդ կաթօգին,
Պայծառացաւ սիրտ իմ հանգոյն լուսազարդեալ սուրբ խորան
Ուր կը պահեմ բաժակն այն. իբրեւ սկիհ սրբութեան:

Փարատեցան մռայլ կեանքիս մթին ամպեր սգաւոր

Անհուն սիրոյ արշալոյսի ժպիտներով լուսաւոր:
Ծագեց արեգ լուսաճաճանչ՝ կնիք սիրոյ համբոյրի
Որ զետեղեց Աստուած ճակտին արարչութեան տաճարի:

Անգայտացան կապանք հոգւոյս, նա խոյացաւ դէպ երկինք

Գլեց անցաւ բարձրունքները խորհրդաւոր կամարին:
Լռեց երգը մեծ աղօթքի լուսաթաւալ աստղերուն
Որք ճախրէին նուագելով. «Սէր ես Աստուած, սէր անհուն»:

Սէր ես Աստուած. սէր ես անկուն, սէր ես համակ էութեամբ

Տիեզերքը կը ցոլանայ սիրոյդ շողի զօրութեամբ.
Երկինք գրեց այդ մեծ սէրը իր բիւրաւոր աստղերով,
Ես կարդացի այդ Սուրբ սէրը յափշտակեալ իմ հոգւով:

«Յովհաննէս Մուրատեան»