dimanche 18 juin 2017

♥ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ ♥

Աստուած օրհնէ ընկերային կեանքի բարոյական սկզբունքներուն համաձայն ապրող, աւանդապահ Հայ ընտանինքի. հայրը, մայրը, տատիկը, պապիկը, երախաները:


ՀԱՅՐԵՐԵԳ

Ես թող շիջիմ մո՛մ օրհաս,
Դուն բորբ վառիս, բո՛ց տղաս.
-Եւ շունչովը կրակիդ՝
Ձմեռըս տաք մնայ միշտ:

Շուք շուք մթնեմ ցայգ մ՛իբրև,
Դուն շողշողաս իբր արև.
-Եւ ճաճանչիդ փառքով պերճ՝
Յուշըս ցոլայ անցքէս վերջ:


Ես թող փլիմ օրէ օր,
Դուն բարձրանաս՝ տո՛ւն աղուոր,
-Եւ քու հասակդ իմ վրան
Դառնայ շքեղ յուշարձան:


Թօշնիմ աշուն առ աշուն,
Դուն բողբոջիս՝ նո՛ր գարուն,
Հասակ նետես կաղնօրէն,
-Եւ սաղարթիդ ներքու շէն՝

Ապրիմ երազըս վերջին...

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ



Հայրերու օր

Բարի հայրիկ իմ սիրելի,
Տօնդ է այսօր ի˜նչ հաճելի:
Արագ եկուր գործէն դուն տուն,
Քեզ կը սպասեմ աշխուժ, ժպտուն:


Հայրերու օր, ի˜նչ ուրախ օր,
Հայրերու օր, տարին մէկ օր,
Մեզ տայ յուշեր տարին բոլոր:


Ուրախ - զուարթ ցատկենք խաղանք
Տօնենք այսօր զուարճանանք:

Քեզի համար երգեր երգեմ,
Ցոյց տամ որ քեզ շատ կը սիրեմ

Հայրերու օր, ի˜նչ ուրախ օր,
Հայրերու օր, տարին մէկ օր,
Մեզ տայ յուշեր տարին բոլոր:


Արմիկ Փանոսեան - Ղազարեան



ՀԱՅՐՍ

Հայրս տանիքն էր մեր տան,
Մայրս թոնիրն էր լռիկ,
ներսում էինք մանկութեան,
Որպէս բերդում անառիկ:


Ձմեռ-գարուն մենք ներսում
Մինչ կ՛երգէինք անտարբեր՝
Մեր տան տանինքն էր մրսում
Դրսում՝ գլխին սեւ ամպեր...


Կայծակներ էր բռնում միշտ
Հայրս՝ տանիք-շանթարգել,
Ներս չէր թողնում հողմ ու վիշտ՝
Մեզ բիւր ցաւից կը փրկէր:


Ի՞նչ գիտնայինք մենք ներսում,
Որ հողմերում անողոք
Կուչ էր գալիս սեւ դրսում
Տանիքի պէս անբողոք:


Գղխին ամպ ու փոթորիկ...
Ու... չզգացինք յաւիտեան,
Որ դողում էր նա լռիկ,
Որ տանիքն էր նա մեր տան...


Յովհաննէս  Շիրազ



«Ան մարդը որ անզօր է հայրական պարտականութիւնները կատարելու մէջ, ինքզինք յանցաւոր պէտք է զգայ հայր դառնալով. ան իր այս աններելի թերացումէն կրած վշտի դառնութեանց մէջ պիտի մնայ անմխիթար:»

Արժ. Սարգիս Աւագ Քհնյ. Անտրէասեան





ՀԱՅՐՍ

Թռչունի գաղջ հայեացքին մէջ
Կ՛արթննար.
Օրուան բոսոր ծաղիկներուն
Հազար ու մէկ լուսամուտներ
Բանալու...

Ու ցայգամերձ փողոցներու լռութեամբ,
Կ՛ունկընդրէի
Ծեր աքաղաղն,
Որ որբացած հրեշտակներ աչքերուն՝
Կը ձայնագրէր,
Թէ արեգակն ամենարդար
Հօրս կիզուած ափերո՛ւն մէջ
Կը ծագէր...

Իր ստուերով,
Կը հանդերձէր
Դաշտերուն մերկ տարածութիւնն օրն ի բուն,
Որ մայրամուտն
Երբ տունէ տուն դատարկէր
Կախարդանքն իր ցորենահա ափերուն,
Թռչուններ կուշտ՝
Հա՛ցն օրհներգեն
Երդիքներու արևախանձ քիւերուն:

Ու երբ յոգնած
Փակեց աչքերն,
Իր ափերուն գմբէթային հեքիաթներէն՝
Դեռ կ՛առկայծէր
Նշո՜յլ մը լոյս,
Մեր աղօթքին
Հանապազօրեայ բառերն լուսաւորելու...

Մատնեմատին,
Վաղնջական լիալուսնի շողը վրան՝
Լռութիւն էր մատանին:
Իր շուրթերուն հեռուներէն,
Համբոյրի պէս հոն ամփոփուած՝
Մօրս շշուկն ամէն րոպէ
Կը յօրինէր
Սրտիս տրոփն առաջին...:


ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ



ՀԱՅՐՍ

Կը գար հայրս Շիրակի հովերի հետ իրիկուայ,
Կը շողշողար բահն ուսին՝ սարից իջնող լուսնի պէս,
Կը գար հայրս, կը յիշեմ երազի պէս երէկուայ,
Կարծես աշխարհն էր մտնում մեր խրճիթի դռնով ներս...


Կը գար բոլոր Շիրակի բոստանների բոյրերով,
Կը շողշողար բահն ուսին՝ մեր տան ոսկի յոյսի պէս,
Եւ ինձ կ՛առներ ուսերին, ու խրճիթում զնգալով
Իմ թոթովանքն էր թռչում՝ «հայրի՛կ ուսիդ բահն եմ ես»...


Բոստաններից միշտ կը գար՝ տու բերելով բոյրն հողի,
Ու ես գիրկը կ՛ընկնէի՝ կը սուզուէի ողջ գիշեր,
Համեմների մարգերը ու մարգերը թարխունի
Մանուկ սիրտս հէքեաթի դրախտներում կը շրջէր...


Կը գար հայրս ու բոյրով եաշտերը մեզ կը բերէր,
Էլ չէի մօրս հաւատայ թէ՝ ախ չունենք մենք բոսդան,
Թէ՝ ուրիշի ջրւորն էր ամպի նման հայրս ծեր,
Կը գար հայրս, կը յիշեմ, ու մանկան պէս դեռ կու լամ:


ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ



Հ Ա Յ Ր Ը

Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ զարդը երդիքին,
Սեղանը բարի օրուան յոգնութեամբ,
Արդար պտուղն է իր բարօրութեամբ:


Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ գանկը երդիքին,
Ան հոգերն, հրճուանք, կ՛ապրի միասին
Զաւակներուն հետ, յոյզերով անգին...:


Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ վարդը երդիքին,
Հայր ու մայր երկու նուիրեալ նմոյշ,
Հիմերն են տանը, կեանքի մը անուշ...:


Սեղանը առանց մօրը ու հօրը,
Անհամ ու անլի է կերակուրը...
Զրկել հայրիկը տանը երդիքնէն,
Մեղքն է մեծագոյն, հեռու բարիքէն...:


Ապրի՛ հայրիկը տանը երդիքին,
Քանի փրկարար սիւնն՝ ընտանիքին,
Մի քանդէ՛ք տունը, անոր պակասով,
Սեղանը չըլլայ տխրամած ու սով...:


Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ կամքը երդիքին,
Ան օրինակը իր շաւիղներուն,
Որոնք պիտ՛ պահեն հարազատ անուն...:


Ծեր հայրն ալ նեցուկ իր զաւակներով,
Մենք, և բոլորս կը պարծինք անով,
Յարգանք հայրիկին, փարքը երդիքին,
Յոգնա՜ծ, պարտասա՜ծ, անոր քրտինքին...:


Գիշերին լո՜յսն է հայրիկը տունին,
Ա՜խ ինչ տխուր է, անոնք որ չ՛ունին...
Որբ ըլլալ հօրմէ, հարազատ մօրմէ,
Թախիծը սրտիդ, մե՜ծ տարապանք չէ...:


ՎԱՀՐԱՄ  ԾՈՒԼԻԿԵԱՆ


ՀԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդ­կա­յին կեան­քը իր խորհր­դա­ւոր կազմ­ուած­քով իր մէջ կը ներգ­րա­ւէ այն­պի­սի նկա­րա­գիր­ներ, որոնք իս­կա­պէս կշիռք մը ու բա­րո­յա­կան պատ­կեր մը կը պար­գե­ւեն անոր:
Ծնող­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը կեան­քի առա­ջին իսկ օրե­րէն, տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն եղած է պատ­մու­թեան մէջ: Հո­գա­տա­րու­թեան, ապա­հո­վու­թեան եւ սի­րոյ կեդ­րոն մըն է ըն­տա­նի­քը որ կը բաղ­կա­նայ ծնող­նե­րէ ու զա­ւակ­նե­րէ:
Ամէ­նէն նուի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւնը մար­դուն հա­մար ըն­տա­նիքն է, եւ հարկ է որ այդ­պէս ըլ­լայ: Ըն­տա­նի­քը եւս ու­նի իր նուի­րա­պե­տա­կան կա­ռուց­ուած­քը, զոր ինք­նին ըն­կե­րու­թիւն մըն է, զայն առաջ­նոր­դող հօր եւ մօր տի­պար­նե­րով, անոնց հսկո­ղու­թեան եւ իմաս­տուն ղե­կա­վար­ման ներ­քեւ:
Ըն­տա­նի­քը իր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ շատ խոր ու բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճան յար­գան­քի ար­ժա­նի մի­ջա­վայր մըն է, որուն եր­դի­կին ներ­քեւ սե­րունդ­ներ ծիլ կ՛առ­նեն, կը ճիւ­ղա­ւոր­ուին եւ կ՛ար­մա­տա­ւոր­ուին: Անոնց առըն­թեր, անոնք կը դաստ­ի­ա­րակ­ուին, կ՛ուռ­ճա­նան բա­րո­յա­կան եւ մարդ­կա­յին սկզբունք­նե­րով, կրօ­նա­կան ու ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեամբ, որոնք ան­մասն մէկ բա­ժինն են այս կեան­քին:
Հայ­րու­թեան մա­սին խօ­սե­լով կամ անոր մե­ծու­թեան մա­սին խոր­հե­լով, ինք­նա­բե­րա­բար կը խօ­սինք ըն­տա­նի­քի մա­սին: Ըն­տա­նի­քը կը հիմ­նադր­ուի հօր ու մօր ներ­կա­յու­թեամբ եւ անոնց որո­շու­մով: Հայ­րու­թիւնը ինք­նին խոր­հուրդ մըն է, զոր հայ­րու­թեամբ կ՛ըմբռն­ուի, հաս­կա­ցո­ղու­թեան կու գայ, կը լից­քա­ւոր­ուի եւ առա­ւել կը հա­սուն­նայ ան­ձի մը հա­մար, ինչ­պէս է պա­րա­գան մայ­րու­թեան:
Հայ­րու­թիւնը, պաշ­տօ­նէ մը կամ տիտ­ղո­սէ մը աւե­լի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն է, նուի­րում ու հա­ւա­տար­մու­թիւն: Բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի գի­տակ­ցու­թիւն, եւ մնա­յուն օրի­նա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ըն­տա­նի­քէն ներս:
Տի­ե­զեր­քի երե­սին չկայ ոե­ւէ հայր, որ ինք­զինք կրնայ զերծ նկա­տել այս պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, որով­հե­տեւ հայ­րու­թիւնը իր էա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, կը տա­րած­ուի բո­լոր հայ­րե­րուն վրայ ու բո­լոր հայ­րե­րուն հա­մար:
Կա­րե­ւոր չէ թէ այ­սօր կրնանք նա­եւ հա­կա­ռակ տի­պար­ներ տես­նել մեր չորս­դին, սա­կայն անոնք միայն դժբախ­տու­թիւն­ներ են, որոնք եր­բեք չեն կրնար խա­թա­րել հայ­րու­թեան նուի­րա­կա­նու­թիւնն ու գու­ցէ սրբու­թիւնը:
Հօր մը տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւնը իր ըն­տա­նի­քի գլխուն, որ­պէս հո­գա­տար ու խնա­մա­կալ, աշ­խա­տա­սէր ու նուիր­եալ էակ, կրնան ար­դա­րաց­նել իր հայ­րու­թիւնը, այ­լա­պէս ան կը դառ­նայ պար­զա­պէս ներ­կա­յու­թիւն եւ անօ­րի­նա­կե­լի ան­հա­տա­կա­նու­թիւն:
Հայ ժո­ղո­վուր­դի մօտ հայ­րու­թիւնը վա­ղուց ար­դէն նուի­րա­կա­նա­ցած իրո­ղու­թիւն է, որով­հե­տեւ մեր կեան­քին մէջ մեծ դեր ու­նե­ցած են եւ ու­նին մեր հայ­րե­րը, որոնք իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ան­կէ դուրս հա­մայ­նա­կան մեր մեծ ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ իրենց վիթ­խա­րի դե­րը ու­նին:
Մեր հայ­րե­րը ուղ­ղա­կի եւ գործ­նա­կան ներշն­չում են մեր ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս, լա­ւա­գոյն տի­պար ու վստա­հե­լի յե­նա­րան մեր մայ­րե­րուն նման: Պատ­մու­թեան էջե­րը երբ ան­գամ մը եւս թեր­թա­տենք, հոն պի­տի տես­նեք, թէ հայ հայ­րե­րը ինչ տե­սակ նկա­րագ­րի տէր մար­դիկ եղած են, որոնց հա­մար իրենց ըն­տա­նի­քը ան­գե­րա­զան­ցե­լի եւ մաք­րա­մա­քուր կա­ռոյց է:
 Ճիշտ այդ պատ­ճա­ռով, թշնա­մի­նե­րը առա­ջին հեր­թին մեր հայ­րե­րուն վնաս հաս­ցու­ցին, զա­նոնք ան­հե­տա­ցու­ցին, հե­ռու քշե­ցին իրենց տու­նե­րէն ու ըն­տա­նիք­նե­րէն, զի­րենք զրկե­լով իրենց հայ­րա­կան կո­չու­մէն, որ­պէս­զի շատ աւե­լի դիւ­րաւ կա­րե­նա­յին ոչն­չաց­նել մեր ան­մեղ մայ­րե­րը, քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը: Սա­կայն այդ ծրա­գի­րը եր­բեք ալ չյա­ջո­ղե­ցաւ, որով­հե­տեւ մեր հայ­րե­րուն թո­ղած աւան­դը, անոնց օրի­նակն ու բարձ­րա­գոյն տի­պա­րը փո­խանց­ուե­ցաւ մեր ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, որոնք ար­ի­ա­բար շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ, գո­յա­տե­ւել եւ հայ­րե­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նել:
Հայ հայ­րե­րուն ու մայ­րե­րուն չար­չա­րանքն ու նա­հա­տա­կու­թիւնը նոր աւի­շով զար­դա­րեց իրենց ըն­տա­նիք­նե­րը, որոնք աշ­խար­հով բո­լոր ներ­կա­յու­թիւն ցոյց տուին ու իրենց ծնո­ղաց դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան հի­ման վրայ սե­րունդ­ներ կեր­տե­ցին:
Ու­րեմն այ­սօր եւս մեր ներ­կայ ըն­կե­րու­թեանց ճգնա­ժա­մա­յին պա­հե­րուն, նոյն գի­տակ­ցու­թիւնը կը պա­հանջ­ուի հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն, ըլ­լա­լու գի­տա­կից, նուիր­եալ, ըն­տա­նի­քը սի­րող ու ամէն մի­ջո­ցի դի­մող, այդ ըն­տա­նի­քի ամուր գո­յու­թեան, շա­րու­նա­կու­թեան ու բեղմ­նա­ւոր­ման ի խնդիր:
Ըն­տա­նիք կազ­մե­լը ար­ժէք մըն է, սա­կայն այդ ըն­տա­նի­քը պա­հե­լը պա­տիւ, ար­ժա­նիք, նուի­րա­կան առա­քե­լու­թիւն եւ օրհ­նու­թիւն է: Ուս­տի ոե­ւէ ան­հատ իրա­ւա­սու չէ զայն քայ­քա­յե­լու, այ­լա­պէս այդ առա­քե­լու­թիւնը զուրկ կ՛ըլ­լայ բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քէ, մարդ­կա­յին չա­փա­նիշ­նե­րէ, Աստ­ուա­ծա­յին օրհ­նու­թե­նէ եւ կը ծա­ռա­յէ միայն այ­լոց վատ օրի­նակ հան­դի­սա­նա­լու եւ այս աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւնը խան­գա­րե­լու:
Որ­քան ալ որ խառն­ուինք օտար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ օտա­րա­մուտ եւ ին­չու չէ շատ յա­ճախ քան­դիչ ու քայ­քա­յիչ մի­ջա­վայ­րե­րու, որ­պէս հայ ազ­գի զա­ւակ­ներ պար­տա­ւոր ենք պա­հել մեր դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րը, որոնց կար­գին է ըն­տա­նի­քի կազ­մու­թիւնը, անոր պահ­պա­նու­թիւնն ու ան­շար­ժու­թիւնը, այ­լա­պէս չենք կրնար կոչ­ուիլ ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­ներ այս դա­րա­ւոր ու ան­գե­րա­զան­ցե­լի ուժ ու­նե­ցող ազ­գին` Հայ­կազն­եան ազ­գին:
Ողջ ու առողջ մնան բո­լոր հայ­րե­րը, եւ անոնց լաւ, բա­րի, ազ­նիւ ու քաջ օրի­նա­կը խթան հան­դի­սա­նայ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն:

ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՊԵ­ՏՈՒՐ­ԵԱՆ