samedi 27 février 2010

Աւետարան ըստ Մատթէոսի



Եօթը անբաւարար բաներ

1. Բաւարար չէ շնչել եւ ապրիլ, հարկ է ապրիլ օգտակար կեանք մը:

2. Բաւարար չէ ձեռք ունենալ եւ ձեռնուիլ մարդոց հետ, հարկ է ջերմութիւն զգալ, կարեկցիլ եւ օգնել:

3. Բաւարար չէ աչք ունենալ եւ նայիլ ու տեսնել, հարկ է դիտող աչք ունենալ եւ առարկայականօրէն ուսումնասիրել:

4. Բաւարար չէ ականջ ունենալ եւ լսել, հարկ է լսող ականջ ունենալ եւ ունկնդրել:

5. Բաւարար չէ ականջ ունենալ եւ մտիկ ընել, հարկ է լսածը ըմբռնել:

6. Բաւարար չէ միտք ունենալ եւ խորհիլ, հարկ է լուծում մը գտնել:

7. Բաւարար չէ լեզու ունենալ եւ խօսիլ, հարկ է իմաստալից, մխիթարական եւ քաջալերական խօսք մը ըսել:

Ուրեմն՝ հետեւինք Տէր Յիսուսի եւ իրագործենք Իր խօսքը ապրելակերպով որ կ'ըսէ.

«Ամէն ինչ որ կ'ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»: Մատթէոս 7:12

Վեր. Սերոբ Ճ. Մկրտիչեան

Դուն կարող ես, որովհետեւ Տէրը կարող է.-

Տիրոջմէն կրնաս խնդրել, որովհետեւ Ան սխալ պատասխան չի տար:

Տիրոջը կրնաս սպասել, որովհերտեւ Անոր ժամադրութիւնները ճշգրիտ են:

Տիրոջը կրնաս վստահիլ, որովհետեւ Ան անսխալական է:

Տիրոջը կրնաս յուսալ, որովհետեւ Անոր ձեռքերուն մէջ է ապագադ:

Տիրոջը մօտ կրնաս հանգչիլ, որովհետեւ Ան կ'ուղղէ քու կեանքդ:

Տիրոջը կրնաս յենիլ, որովհետեւ Ան կատարելապէս հաւատարիմ է:

«Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ'ելլեր»: Յոբ.42:2

Յիսուս քալեց մինչեւ վերջ

«Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ է հոս» (Մտ.17:4): Այսպէս ըսաւ Պետրոս Յիսուսի երբ զայն տեսաւ իր աստուածային փառքով այլակերպուած թաբօր լերան վրայ: Բայց երբ զայն տեսաւ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ այլակերպուած հոգեւոր տրտմութեան պատճառով՝ ո՛չ միայն բան մը չըսաւ, այլ ինքն ալ իր կարգին տրտմեցաւ եւ տրտմութենէն քունի անցաւ:

Քրիստոս առանձին մնաց Գողգոթայի ճամբուն վրայ: Առանձին՝ իր ցաւին մէջ: Ո՛չ ցաւէն փախաւ եւ ո՛չ ալ անոր տակ ընկճուեցաւ: Լուծը ծանր էր ու ճամբան երկար, սակայն ո՛չ լուծին ծանրութիւնը զինք ընկճեց եւ ո՛չ ալ ճամբուն երկարութիւնը՝ յուսահատեցուց: Քալեց հաստատ քայլերով մինչեւ վերջ: Քալեց մինչեւ որ « Ամէն ինչ վերջացած է» յայտարարեց:

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

dimanche 14 février 2010

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ




Այս տարուայ Մեծ Պահքի առաջին կիրակին , Բուն Բարեկենդանն է այսօր: Բարեկենդան կը նշանկէ, բարի կենդանութիւն, ուրախութեան եւ զուարճանքի օր: Ան մեզ կը յիշեցնէ Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը, երբ անոնք կապրէին անհոգ ու երջանիկ: Այս օրը, վերջին տարիներուն ընդունուած է նաեւ իբր «սիրահարներու օր» Սուրբ Վալէնթայն: Բացառաբար այս տարի ,14 փետրուարը , նաեւ Չինացիներուն Նոր Տարիին ալ կը զուգադիպի: Այս վերջին երկու տօներու առթիւ սիրողներ իրարու նուէրներ կը փախանակեն, իրենց սէրը յայտնելու համար:
Մի քանի գեղեցկութիւն սիրոյ մասին...ինչպէս գրած էր անմահ բանաստեղծ Յուհաննէս Շիրազ,

ԿԳԱՍ ԲԱՅՑ ՈՒՇ ԿԼԻՆԻ,
ԱՉՔՍ ՄՇՈՒՇ ԿԼԻՆԻ,
ՍԵՐԴ ՄԻՆՉԵՒ ԽԵԼՔԻ ԳԱ՝
ՎԱՐԴԻ ՏԵՂ ՓՈՒՇ ԿԼԻՆԻ

չուշանանաք սիրելու համար...