samedi 27 février 2010
Աւետարան ըստ Մատթէոսի
Եօթը անբաւարար բաներ
1. Բաւարար չէ շնչել եւ ապրիլ, հարկ է ապրիլ օգտակար կեանք մը:
2. Բաւարար չէ ձեռք ունենալ եւ ձեռնուիլ մարդոց հետ, հարկ է ջերմութիւն զգալ, կարեկցիլ եւ օգնել:
3. Բաւարար չէ աչք ունենալ եւ նայիլ ու տեսնել, հարկ է դիտող աչք ունենալ եւ առարկայականօրէն ուսումնասիրել:
4. Բաւարար չէ ականջ ունենալ եւ լսել, հարկ է լսող ականջ ունենալ եւ ունկնդրել:
5. Բաւարար չէ ականջ ունենալ եւ մտիկ ընել, հարկ է լսածը ըմբռնել:
6. Բաւարար չէ միտք ունենալ եւ խորհիլ, հարկ է լուծում մը գտնել:
7. Բաւարար չէ լեզու ունենալ եւ խօսիլ, հարկ է իմաստալից, մխիթարական եւ քաջալերական խօսք մը ըսել:
Ուրեմն՝ հետեւինք Տէր Յիսուսի եւ իրագործենք Իր խօսքը ապրելակերպով որ կ'ըսէ.
«Ամէն ինչ որ կ'ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»: Մատթէոս 7:12
Վեր. Սերոբ Ճ. Մկրտիչեան
Դուն կարող ես, որովհետեւ Տէրը կարող է.-
Տիրոջմէն կրնաս խնդրել, որովհետեւ Ան սխալ պատասխան չի տար:
Տիրոջը կրնաս սպասել, որովհերտեւ Անոր ժամադրութիւնները ճշգրիտ են:
Տիրոջը կրնաս վստահիլ, որովհետեւ Ան անսխալական է:
Տիրոջը կրնաս յուսալ, որովհետեւ Անոր ձեռքերուն մէջ է ապագադ:
Տիրոջը մօտ կրնաս հանգչիլ, որովհետեւ Ան կ'ուղղէ քու կեանքդ:
Տիրոջը կրնաս յենիլ, որովհետեւ Ան կատարելապէս հաւատարիմ է:
«Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ'ելլեր»: Յոբ.42:2
Յիսուս քալեց մինչեւ վերջ
«Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ է հոս» (Մտ.17:4): Այսպէս ըսաւ Պետրոս Յիսուսի երբ զայն տեսաւ իր աստուածային փառքով այլակերպուած թաբօր լերան վրայ: Բայց երբ զայն տեսաւ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ այլակերպուած հոգեւոր տրտմութեան պատճառով՝ ո՛չ միայն բան մը չըսաւ, այլ ինքն ալ իր կարգին տրտմեցաւ եւ տրտմութենէն քունի անցաւ:
Քրիստոս առանձին մնաց Գողգոթայի ճամբուն վրայ: Առանձին՝ իր ցաւին մէջ: Ո՛չ ցաւէն փախաւ եւ ո՛չ ալ անոր տակ ընկճուեցաւ: Լուծը ծանր էր ու ճամբան երկար, սակայն ո՛չ լուծին ծանրութիւնը զինք ընկճեց եւ ո՛չ ալ ճամբուն երկարութիւնը՝ յուսահատեցուց: Քալեց հաստատ քայլերով մինչեւ վերջ: Քալեց մինչեւ որ « Ամէն ինչ վերջացած է» յայտարարեց:
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան