dimanche 23 novembre 2014

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐ💙ՈՍԿԵՀԻՒԵԱԿ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒ


ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ
Մեր լեզուն մեր խիղճն է դա,
Սուրբ հացը մեր սեղանի,
Մեր հոգու կանչն է արդար
Ու համը մեր բերանի:

Մեր լեզուն ծուխն է մեր տան,
Մեր կշիռն աշխարհի մէջ,
Նա աղն է մեր ինքնութեան,
Էութեան խորհուրդը մեր:

Մեր լեզուն արիւնն է մեր,
Արիւնից աւելի թանկ,
Մեր բուրմունքն ու գոյնն է մեր,
Մեր լեզուն մենք ենք որ կանք:

Նա պիտի մեր առաջին
Ու վերջին սէրը լինի,
Ի՞նչ ունենք էլ աշխարհում,
Որ այսքան մերը լինի:
  


ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ


 «Սուրբ հացը մեր սեղանի»,Մեր անզուգական ոսկեղնիկը, մեր հիասքանչ մայրենին, մեր աղօթքի բոյր, սիրոյ աղբիւր հայերէնը, մեր մռայլ սիրտերուն անդորրը ալեկոծող քաղցրահնչիւն լեզու..., 
կը ծառայեմ քեզ:Մեր ամրակուռ հաւատքին, մեր անվեհեր յոյսին, մեր անձնուրաց սիրոյն, մեր ամենահեստ ու ամենահզօր զգացումներուն անգերազանցելի թարգմանը՝ կը վայելեմ քեզ: Գեղաթոյր ծաղիկներու բուրաստանը, մեր սրբալոյս Հայերէնը, մատաղ լինեմ քեզ:Համօ Սահեանին վերոյիշեալ բանաստեղծութիւնը մեկնաբանող, Պոլսահայ, հմուտ ու տաղանդաւոր երգչուհի Սիպիլը ունկնդրելու և անգամ մը ևս մեր բերկրանքի գինիին բիւրեղեայ բաժակը վերցնելով «Սուրբ հացը մեր սեղանի» երգելու, յոյսի յաղթական զանգակներովը ղօղանջող էութիւնովս՝ կը հրաւիրեմ Ձեզ:

♥ Սիլվի Սրբուհի ՄԱՐԱԶԵԱՆ ♫













lundi 10 novembre 2014

♫ ♥ ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ♫ ♥

Գեղաթոյր է աշունը. երփնազան փունջերու նման, խիտ առ խիտ շարուած ծառերուն տերեւաթափը, գունագեղ ժանեակի փրփուրներուն պէս հմայիչ ներդաշնակութեամբ կը ծածկէ անտառը:
Անկենդան տերևներուն անկումը հեղառատ անձրևէն թրջած կենդանի հողին վրայ, կարծես մարդկային թախծոտ զգացումներու նկարագեղ նմանութիւնը կը ցոլացնէ: Բնութիւնը, գոյներու պարահանդէս մը կը նուիրէ, երևակայութեան ճախրանքներով յափշտակուած գերզգայուն հոգիներուն:
Աշունը ամէնէն յարմար եղանակը կը թուի ստեղծագործական ներշնչումներու. ընծայելով երփնագեղ մթնոլորտ մը, նրբազգաց հոգիներուն, զորս վերացումի կ՛ենթարկուին, արևով ջնարակուած, ոսկեգոյն երանգներու դիւթիչ ներդաշնակութեամբ գեղերփնուած բնութեան մը առջև:
Իւրայատուկ ոճովը, վսեմաշուք բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան «Աշնան Իրիկուն» բանաստեղծութեան մէջ, սապէս կը նկարագրէ ներքնային ընդվզումը:
«.....Հատ-հատ կը թափին
Այս լուռ ծովափին
Արցունքներ անտէր...
Իսկ ես չեմ գիտեր
Տանիմ դէպի ո՞ւր
Այս սիրտը թափուր...»
Վառվռուն սէրերու լուսատես անդորրութիւնը վայելած տաղանդաւոր բանաստեղծ Վահան Տէրեան իր «Աշնան» խորագրով  քերթուածին մէջ...
«Քու մշուշը, քու ոսկի
Տերեւները հողմաւար
Դիւթանքը քու մեղմ խօսքի
Արցունքները քու գոհար...
Եւ քու երգը թախծալի..
Աշուն քաղցր ու բաղձալի..»

ըսելով աշնանային մելամաղձոտ մտածումներուն համահունչ, պատկեր մը կը ներկայացնէ:
Իսկ եթէ ես քերթող մ՛ըլլայի աշնանային մտորումներս սապէս պիտի համադրէի...
ԱՇՆԱՆ ԱՐԵՒ

Գողտրիկ, թալուկ, դալկահար,
Ճաճանչներով շղարշուած,
Աշնան արև.
Զգլխիչ երանգներուդ,
Դիւթիչ շողարձակումիդ,
Շլմորիչ դաշնակութեանդ,
Հմայքովը՝
Գերզգայուն հոգւոյս բուրաստանին
Բոցագոյն վարդենին ես դուն:
Արևածագը՝ գունագեղ ու պսպղուն,
Մայրամուտը՝ երաժշտային ու ցնորական,
Հոգեպարար ենթարկութեամբ լիազօր,
Պատրանքներովս ոլոր-մոլոր,
Կը գերեն հոգիս, անդուլ ու անդորր:
Շոյանք մ՛ես դու աշնան արև,
Շողերովդ ջնարակուած,
Անծայրածիր թօշնած տերև...
Ցոլքէդ արբշիռ՝
Կը թափթփին,  գլխուս վերև...:

Սիլվի Սրբուհի Մարազեան 

http://www.armweeklynews.am/w/wm/m/m128.php