Զ Ա Տ Ի Կ
Ինչպէս շատ մը քրիստոնէական տօներ' Զատիկն ալ եկած պատուաստուած է արեւելեան

հին տօնի մը վրայ, որ նուիրուած էր գարնան:
Ինչ կը վերաբերի հայերուն' կ'ըսուի, թէ մեր մէջ եւս այդ օր կ'ողջունէին գարունը:Ընդհանուր զուարճութիւններու մէջ կերուխում կը կազմակերպէին, կ'երգէին, կը պարէին: Մինչեւ վերջերս' հեթանոսական ձեւով Զատիկ տօնելու սովորութիւնը պահուած էր Նոր Ջուղայի մէջ: Զատկուան պատարագէն ետք, երիտասարդ աղջիկները կը շրջապատէին պատարագիչ քահանան, անոր առաջնորդութեամբ պար կը բռնէին բակին մէջ. այնուհետեւ կը սկսէր կերուխումը:
Գալով Զատկուան առթիւ հաւկիթը կարմիր ներկելուն' Արիական ցեղերու յատուկ հին սովորութիւն մըն էր ասիկա եւս, որ յետոյ «քրիստոնէացուեցաւ»:
Գրիգոր Տաթեւացի իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կու տայ քրիստոնէական բացատրութիւնը.-«Աշխարհը կլոր է. հաւկիթը կը խորհրդանշէ այդ կլորութեան ամբողջութիւնը եւ Քրիստոսի Աւետարանը տարածուած է ամէն կողմ...Կարմիր ներկը կը նշանակէ, թէ ամբողջ աշխարհը գնուեաւ Քրիստոսի արիւնով»: