ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴԻԿ
Մեր շէնքին մէջ մանկապարտէզը յիշեցնող միակ նշանը՝ մեզմէ ոմանց տրուած կարմիր գոգնոցներն էին, որ կը կրէինք հագուստի փոխարէն, ուղղակի ճերմակեղէնի վրայ: Կօշիկ չունէինք, գուլպայ ու գլխարկ չունէինք: Մեր միակ ունեցածը՝ թիթեղեայ գաւաթ մըն էր եւ պղնձեայ դգալ մը:
Ամէն առտու թէյ կը բաժնուէր: Շարքով կը տողանցէինք կաթսային առջեւէն, ու խոհարար մայրիկը թէյ կը լեցնէր շերեփով: Քովը ուրիշ մայրիկ մը կը բաժնէր հացը: Առաջին շարքը բախտաւոր էր. մինչեւ որ կարգը հասնէր ետեւիններուն, թէյը պաղած կ՛ըլլաէ: Մեծ հոգ մը չէր սակայն թէյին պաղութիւնը, կարեւորը՝ թէյին կաթսային քով դրուած զամբիւղներն էին, որոնց սեւեռած կը մնային մեր աչքերը:
Կային ճարպիկներ, որոնք կը յաջողէին երկու-երեք հացի տիրանալ: Միջոցը հետեւեալն էր. թէյն ու հացը առնելէ ետք կրկին կը սպրդէին չառնողներուն շարքերէն ներս ու սրբուած, չոր գաւաթը ձեռքերնին՝ կ՛անցնէին շերեփին առջեւէն: Հսկիչները տեղեակ էին այս խորամանկութեան ու այդպիսիները հեռացնել կը ջանային՝ աչքերնին տասը բացած եւ գաւազանները ճօճելով: Հակառակ խիստ հսկողութեան՝ միշտ կային փորձողներ եւ յաջողութիւն գտնողներ:
Ես եւս փորձուեցայ օր մը: Թէյս խմած էի ու հացիս կէսը կերած: Միւս կէսը ամուր կապած էի գոգնոցիս տակ, կուրծքիս վրայ: Նկատեցի, որ շարքին պոչը կը պզտիկնար, եւ հսկիչը մէջտեղը չէր: Կամացուկ մը մօտեցայ ու տեղ գրաւեցի ամէնէն ետեւը: Առջեւս կեցող տղան սկսաւ ծաղրել ու սպառնալ:
-Մայրիկին պիտի ըսեմ: Դուն անգամ մը առիր:
-Չառի, հոս չէի:
-Առիր, պիտի ըսեմ:
Ինձմէ պզտիկ էր, կրնայի ծեծել, բայց վտանգ կար, որ մայրիկներէն մէկը կամ հսիչը իմանար: Խոստացայ կէսը իրեն տալ. լռեց, նոյնիսկ իր տեղը ինծի տուաւ:
Ամէն ինչ յաջող անցաւ: Միայն թէ... ձեռքս կը դողար, երբ գաւաթը շերեփին երկարեցի:
-Կոտրելի՛ք, շիտա՛կ բռնէ,- յանդիմանեց մայրիկը:
Հացին տիրանալէ ետք մերժեցի յարգել խոստումս: Միւսը քայլ առ քայլ կը հետեւէր ինծի ու կը պահանջէր կէսը, այլապէս կը սպառնար մատնել հսկիչին:
Լման հաց մը ձեռքը՝ կը պահանջէր իմինիս կէսն ալ:
-Տո՛ւր, թէ ոչ հսկիչին կ՛երթամ:
Տա՞լ, թէ՞ չտալ: Մէջս փափաք մը կար հարուած մը տալու եւ քիթն ու բերանը իրար խառնելու: Կը մտածէի նաեւ հացը արագ-արագ ուտելու մասին: Այս մտածումներուն մէջ էի, ուրկէ-ուր մէջ ինկաւ Չեչոտ Կարպիսը, որմէ կը վախնար ամբողջ մանկապարտէզը: Ան մէկ նայուածքով հասկցաւ ամէն ինչ եւ բռնեց իմ կողմս: Երկու ձեռքով ճանկեց տղուն ականջները:
-Հսկիչին կ՛երթաս, հա՞: Մատնութիւն կ՛ընես, հա՞: Հացին կէսը կ՛ուզես հա՞:
Ամէն «հա՞» ըսելուն՝ աւելի կը ճմլէր տղուն ականջները ու կը ցնցէր անոր գլուխը: Ապա կից մը տուաւ ու անհետացուց զայն բակին խորերը:
Ու դարձաւ իմ կողմս.
-Կէսը ինծի՛ տուր:
Անակնկալ էր հարուածը: Գունատեցայ, հացը աւելի սեղմեցի ձեռքերուս մէջ ու քայլ մը ետ գացի:
-Տո՛ւր կէսը, այլապէս կը զղջաս. ամբողջը կուտաս:
Չտուի:
-Պիտի զղջաս,- մռլտաց ակռաներուն տակէն ու խոյացաւ վրաս:
Այնքան արագ էր յարձակումը, որ ժամանակ չունեցայ հացս գոգնոցիս տակ տեղաւորելու ու հացին հետ ինկայ գետին: Կարպիս նստաւ կուրծքիս վրայ: Ճիգով մը յաջողեցայ ազատիլ՝ խածնելով մատը: Սուր ճիչ մը արձակեց, բայց անմիջապէս յետոյ սկսաւ կատաղօրէն հարուածել: Զիրար գրկած՝ կը տապլտկէինք քարերուն վրայ: Դարձեալ անշարժացուց զիս եւ առաւ տակը: Նորէն յաջողեցայ խածնել ու այն պահուն, երբ կը ջանար մարմինը տեղափոխել ծունկիս վրայէն, ոտքի ուժեղ հարուած մը հասցուցի փորին: Կարպիս երկու ափերով բռնեց փորը ու նստաւ գետին: Իմ գանկս կ՛արիւնէր, նաեւ բերնիս մէկ կողմը: Սուր ցաւ մը կար ականջիս ետեւը, ուր մխրճուած էին եղունգները:
Բազմութիւն մը հաւաքուած էր մեր շուրջը: Ատեն մը ետք Կարպիս գտաւ ինքզինք, բայց նոր յարձակում չփորձեց այլեւս: Կռիւին արդիւնքէն դժգոհ չէի: Հակառակ կերած ծեծիս՝ կրցած էի չափուիլ մանկապարտէզի բռնակալին հետ: Հիացումի նայուածքներ կային շուրջս:
Յաղթանակի հրճուանքը կարճ տեւեց, սակայն, կռիւի ընթացքին կորսոած էր հացը: Գոգնոցիս տակէն ինկած էր նաեւ ի՛մ բաժինս:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
Մանկութիւն Մը՝ Առանց Մանկութեան
Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը ինքնակենսագրական վէպ մըն է եւ Ծառուկեանի ամենայայտնի գործը: Գիրքը կը բաղկանայ իրարու թեթեւօրէն կապուած պատմուածքներէ, ուր հեղինակը կը պատմէ իր որբանոցի կեանքը: Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը Սփիւռքահայ գրականութեան ամենածանօթ գիրքերէն է, եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու, թէ՛ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն եւ թէ՛ ալ Հայաստանի մէջ: Հետաքրքրական է թէ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ծառուկեան կ’ըսէ թէ Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը իր նախասիրած գիրքն է:
Թէեւ գիրքի բոլոր պատմուածքները շատ հետաքրքրական են եւ տպաւորիչ, «Կաղանդ» խորագիրը կրող պատմուածքը յատկապէս խօսած է իմ սրտիս: Խօսած է իմ սրտիս, որովհետեւ մի քանի էջերու մէջ եւ մէկ դէպքի մասին նկարագրումը՝ ամբողջ կեանք մը կը ներկայացնէ: Հարազատօրէն ընթերցողին կ՛արտայայտէ որբի մը դժուարութիւններն ու զուարճութիւնները, մտահոգութիւններն եւ նեղութիւնները, ուրախ եւ տխուր դէպքերը: Կ՛արտայայտէ որբերու պարզութիւնն ու չքաւորութիւնը: Բայց ամենէն կարեւորը, պատմուածքը եւ գիրքը ընդհանրապէս մեզ կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն վերապրած ու որբացած սերունդի մը ապրած կեանքը եւ անոր հետեւանքով՝ ապրելու եւ Հայ ապրելու ձգտումը:
Այսօր, այդ օրերէն գրեթէ հարիւր տարիներ անցած է, որ համաշխարհային պատմութեան համար թերեւս ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Մտաբերելով Հայ որբերու առօրեան, կ՛ուզեմ բաղդատական մը ընել մերօրեայ կեանքին: Որքան բախտաւոր ենք որ այս օրերուն, սփիւռքի բոլոր գաղութներու մէջ, հաստատուած են վարժարաններ, Հայ Կեդրոններ, եկեղեցիներ, իրենց լաւագոյն յարմարութիւններով, որպէսզի հայոց լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն ու հաւատքը հանդարտ ու անվտանգ միջավայրի մէջ կարենանք սորվիլ եւ սորվեցնել մեր գալիք սերունդներուն: Այսօր մենք կ՛ապրինք առատութեան եւ ճոխութեան մէջ, ու օրինակ առնելով մեր նախահայրերու ահաւոր կեանքէն, պէտք է բարձր գնահատենք մեր հանգիստ կեանքը: Եթէ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը կրցան պահել իրենց ինքնութիւնն ու մայր լեզուն, մենք պատճառ չունինք կորսնցնելու զայն ու ճերմակ ջարդի զոհ երթալու մեր հանգիստ պայմաններու մէջ:
Ռուբէն Ճանպազեան
https://hairenikweekly.com/2015/03/19/21269