lundi 15 février 2016

Հատուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնին Մէջ» Վէպէն



Քնարաշունչ բանաստեղծութիւններու հեղինակ Ռուբէն Սևակ, Սէրն ու Մահը միշտ գլխագիր գրած է, յաճախանք մըն է բանաստեղծին մտքին մէջ, ո՛վ գիտէ, թերեւս նախազգացում մը:
«Սէրը» կոչուած բանաստեղծութենէն հատուածներ.
Քնարիս եօ՛թն աղիքներէն կանացի
Եօթը որբուկ հառաչանքներ հանեցի.
Ես մի՛շտ ժպտիլ կը կարծէի, մի՛շտ լացի...:

Սէրը ճերմակ անհունին մէջ կոյր ա՛չն է.
Սէրը՝ սիրոյ ովսաննան չէ՛, իր խա՛չն է,
Իր ցաւերուն ընդդիմացող ո՞ր քաջն է...:

Սէրը սէր չէ, մահը մահ չէ, սէ՛րն է մահ,
Սէրն անդունդին մէջ ընկլուզումն է անվա՜խ,
Սէրն աչքը գոց ցայգաշրջի՛կն է անմահ...:

Երջանկութեան սեղանին վրայ խրախճան՝
Բեհեզ, կարմիր ծածկոյթին տակ պատմուճան՝
Սէրը կմա՛խք կոչնականն է դաւաճան...:

Կը տեսնե՞ս սա վիհին վրայ Սէր-ակը.
Հազարնե՛ր կուլ է տուէր այդ սե՛ւ ակը.
Իր ջուրէն օր մը խենթեցաւ Սևակը:

Այս բանաստեղծութեան վերջաւորութեան Սևակ անունը կը գործածէ թէ՛ իբրև ստորագրութիւն, թէ՛ իբրեւ վերջին տողին տէրբայը: Սիրոյ ակը վիհին եզերքը կը գտնուի, սև ակ մըն է ան, հազարներ կուլ տուեր է ան, և հիմա Սևակն է որ կը խմէ անոր ջուրը ու կը խենթենայ:
Սէրը ա՛յս էր Ռուբէն Սևակին համար և թերեւս իրաւունք ունէր երբ ինքզինք կը կոչէր Սէր-Ասուած:

Ռոպէր Հատտէճեան
Յուշատետր-47