mardi 29 avril 2014

♫ ՕՐՕՐԵՐԳ ♫

ՔՈՒՆ ԵՂԻՐ ՊԱԼԱՍ
Յասմիկ Յարութիւնեան
Rosebud
Happy Baby Music

dimanche 27 avril 2014

jeudi 24 avril 2014

╬ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՎԱՍՆ ՀԱՄԱՅՆ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ╬

Ապրիլ 24 թուականը կը յիշեցնէ մեզի, մեր նահատակուած 1,5 միլիոն արիւնակիցները: 1915-ի ջարդերը աննախընթաց էին իրենց տարողութեամբ, խժդժութեամբ ու առաջադրութեամբ: Կանխամտածուած և ծրագրուած այս անմարդկային ոճիրը կատարուեցաւ անխղճօրէն և կատարեալ անտարբերութեամբ: Հինգ տարիներու ընթացքին Պատմական Հայաստանը պարպուեցաւ իր բնիկ ժողովուրդէն:Մեր ազգակիցները նահատակուեցան իրենց ազգային ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը չզիջանելուն համար:
Այսօր 99 տարիներ ետք, հայ ժողովուրդը կայ և կ՛ապրի, հայրենիք կը կերտէ, օճախ կը շէնցնէ: Մենք ենք մեր նահատակ պապերուն միակ ներկայացուցիչները. յիշելով ու յիշեցնելով աշխարհի թէ որքան ահռելի է ցեղասպանութիւնը և զայն չդապարտելը՝ ոգեկոչենք մեր բիւրաւոր անշիրիմ ու անմեղ նահատակներ. ներշնչուելով անոնց զոհողութենէն. պահենք մեր հաւատքը ու ազգային ինքնութիւնը, փոխանցելով մեր զաւակներուն, ազգասիրութիւնն ու հոգևոր օրհնութեան կարևորութիւնը:

mercredi 23 avril 2014

ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ու ԴԵՌ...ՇԱՏՆԱՆՔ

Տէրը օրհնէ մեր նահատակներուն անմահ յիշատակը, յաւերժացնէ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն մէջ Հայեցի ինքնութեան զօրութիւնը և հագևոր օրհնութիւնները:
Յարգենք մեր անմեղ նահատակներուն խնկելի յիշատակը և հաւատքով սպասենք արդարութեան:

lundi 21 avril 2014

╬ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ╬ ՎԱՍՆ ՀԱՄԱՅՆ ՆՆՋԵՑԵԼՈՑ ╬

Մահը չի տանիր ամբողջութեամբ մեր սիրեցեալները. անոնց յիշատակները մեզ կը խրախուսեն շարունակել  խիզախօրէն կեանքի դժուարին պայմաններուն հանդէպ:
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ