jeudi 11 mai 2017

♥ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ ♥ 3

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ
Մայրերու օրը ամենամեծ տօնն է, զոր մարդիկ երբեք ստեղծած ըլլան, իրենց երախտագիտական եւ գնահատական զգացումները լաւագոյն կերպով արտայայտելու այն նիւթական, բարոյական եւ ֆիզիքական անպատմելի զոհողութիւններուն հանդէպ, զորս մայրեր անսակարկ կը կատարեն:
Մայրը կեանքին ծնունդ տուող կեանքն իսկ է: Կեանքի յաւերժականութիւնն է, մարդկային շղթայի յարատեւման ամրակուռ խարիսխն է, ստեղծագործական ակնաղբիւր եւ սերունդներու մեծ ծառին հրամայական աւիշն է:

Աշխարհ եկած մայրութեամբ, աշխարհին հետ մեր առաջին ծանօթացումի մէջ մեր աչքերուն կախուած գտանք զոյգ մը գորովայորդ ակնարկներ, զոյգ մը բեղուն ժպիտներ, որոնք մեզի ապահովութիւն, վստահութիւն ներշնչեցին, որոնք մեր սրտէն խլեցին հարազատ կանչը, մայրութեան տիտղոսը: Ու այդ կանչը մեծցաւ, իմաստաւորուեցաւ, բեղմնաւորուեցաւ՝ դարձաւ արուեստի զանազան արտայայտութիւններ:

Անծանօթ աշխարհին մէջ, սարսափահար, կեանքին կապուիլ սկսանք, կեանքը ճանչնալ սկսանք, մարդոց ժպտիլ ու մարդոց հետ մարդանալ սկսանք շնորհիւ այն մեծ կապին, որ հանդիսացաւ մեր մայրը:
 ՄՕՐ ԴԵՐԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Մեծ ազգեր ծնունդ եղած են լաւ մայրերու: Պատմութիւնը մեզի ծանօթ ժամանակաշրջանէն սկսեալ կը յիշուի Մայրերու տիրապետութեամբ, այսինքն՝ Մայրապետութեամբ: Որովհետեւ հին ատեն մայրերն էին իրենց ընտանիքի պետերը: 

Նախապատմական շրջանին, երբ տակաւին մարդիկ թափառաշրջիկ էին, հողագործութեան գաղափարը չունէին եւ կը կերակրուէին որսի միսով, այր մարդիկ շարունակ պարտաւոր էին անցնիլ զանազան շրջաններ, երբեմն անոնք տուն չէին վերադառնար եւ առանձինն կը թողէին իրենց կիները իրենց զաւակներուն հետ: 

Բնականաբար այս պայմաններուն մէջ, երբեմն անծնօթ մի քանի պատահական ամուսիններ ունենալով հանդերձ զաւակները կը պատկանէին իրենց մօր, կը կրէին անոր անունը: Սակայն, երբ հողագործութիւնը այր մարդիկը կապեց իրենց հայրենիքին, անոնք տան տէրը մնացին: Աւելի ուշ, երբ ազգութիւններ կազմուեցան, ցեղային զանազան ինքնուրույն մշակոյթներ սկսան ծաղկիլ, այս անգամ մայրը հանդիսացաւ իր ընտանիքին եւ զաւկին կարեւորագոյն նեցուկն ու դաստիարակը:

Իսկ հայկական իրականութեան մէջ միշտ բարձր եղած է մօրը վստահուած պարտականութիւնը, ընտանիքի տնտեսական, կրթական թէ բարոյական հեղինակութեան տեսակէտէն:

ՄՕՐ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պատմութիւնը մեզի կը խօսի հսկայ կայսրութիւններու եւ մեծ քաղաքակրթութիւններու մասին: Մեծ քաղաքագէտներ, մեծ իմաստասէրներ ու մեծ մտածողներ իրենց տաղանդը ի սպաս դրած են կայսրութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու կերտման, բայց ինչո՞ւ անոնց հաստատած սկզբունքները չկարողացան տոկալ ժամանակի փոփոխութիւններուն, ինչո՞ւ տկարացան անոնց հզօր բանակները, դաւերով եւ խարդաւանքներով փուլ եկան կայսրութիւնները, աղօտեցան ու բարբարոսացան քաղաքակրթութիւններ, ինչո՞ւ... պարզ այն պատճառով, որ մայրերը դադրեցան իրենց մայրական պարտականութիւնները կատարելէ եւ սկսան իբրեւ կին ապրիլ առաւելաբար քան իբրեւ մայր, իրենց ժամանակը վատնելով մեծ մասամբ շուայտ եւ ցոփ կեանքի անհատնում վայելքներու մէջ:
Բանակները անհրաժեշտ են, քաղաքակրթութիւնները նոյնքան անհրաժեշտ են երկրի մը տնտեսական միջոգներուն հետ, տուեալ ժողովուրդին ապահովութիւն եւ բարգաւաճում շնորհելու, սակայն, այդ բոլորը անզօր են եթէ հաւասարակշռուած չեն այդ ազգի մայրերու բարոյական զօրութեամբ եւ նուիրումի, ծառայասիրութեան պատրաստակամութեամբ:
  
 ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ

Այսօր, դժգոհ են սերունդները, դժգոհ են եւ կը դիմեն այլասերման ամէն տեսակ միջոցի: Կը բողոքեն բրտութեամբ եւ յարձակողականութեամբ աշխարհը կը փորձեն կրակի տալ:Տագնապի մէջ է համայն մարդկութիւնը. կը ճարճատին, կը սնանկանան դարաւոր արժէքներն ու ընկերային չափանիշները: Արագընթաց փոփոխութիւններու գլանին տակ կը հարթուին սկզբունքները, իսկ անոնց տեղ հաստատուած նորեր իրենց կարգին նորարարութեան այլ ալիքներուն կուլ կ՛երթան: Կը բողոքեն հասնող սերունդները, կը պայքարին նորերը հիներուն դէմ, նիզակ կե ճօճեն: Սերունդները իրարու անհաշտ թշնամիներ դարձած են:

Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ, կը պոռթկայ երիտասարդութիւնը: Ինչո՞ւ մարդկութիւնը այլասերման կը դիմէ, ինչո՞ւ ընկերութիւնները կը քայքայուին հետզհետէ:Որովհետեւ խանգարուած է ընտանեկան երջանկութիւնը, որովհետեւ ընտանեկան մթնոլորտը կորսնցուցած է իր երբեմնի անդորրն ու սրբութիւնը:Իսկ երբ հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս ընկերային այս ախտը մուտք գործեց եւ քանդեց ընտանիքը, պատճառը չենք կրնար ուրիշ տեղ որոնել, եթէ ոչ մայրերուն մօտ:
Որովհետեւ մայրերը լքեցին իրենց ընտանիքները, մայրերը հեռացան իրենց շունչով ու ներկայութեամբ քաղցրացուցած իրենց օջախներէն եւ իրենց բացակայութեամբ ստեղծուած պարապը կարելի չեղաւ լեցնել:
 ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆ

Փառաբանութիւննրու կողքին, մայրական անբացատրելի զոհողութիւններու մասին խօսելով հանդերձ, անհրաժեշտ կը գտնենք շեշտելու, որ այսօր, քաղաքակրթութեան համար մայրութիւնը լոկ ֆիզիքական չէ, անձնազոհութեան ու նուիրումի զանազան պերճախօս օրինակներ կարելի է վերցնել նաեւ կենդանական աշխարհէն: Ինչ որ մեզ կը բաժնէ կենդանիներէն, ատիկա մեր ընկերային մայրութիւնն է, մեր հոգեբանական, դաստիարչական եւ ընկերային անմիջական առաքելութիւնը: Իսկական մայրութիւնը մեծագոյն դաստիարչական աշխատանքն է: 

Դաստիարակութիւնը տունէն կը սկսի, մայրն է առաջին իտէալ դաստիարակը իր զաւկին: Մայրն է, որ առաջին անգամ աշխարհի վրայ ամենէն կարեւոր ու էական բաները կը փոխանցէ իր մանկան, մայրերն են, որ կը գծեն անոնց ապագայ անհատականութեան ծրագիրը, զանոնք կը ներշնչեն զանազան ուղղութեամբ եւ անոնց մէջ կ՛ուռճացնեն ձգտումներ, զիրենք նախաձեռնութիւններու կամ պատասխանատուութիւններու մղելով: Ուրեմն մի զարմանաք, եթէ կարգ մը զաւակներ գահավիժին, իսկ ուրիշներ բարձունքներ նուաճեն:Անհրաժեշտ է մօր մը զարգացումը առողջ սերունդներու գիտակից եւ առարկայական պատրաստութեան համար, սակայն զարգացումը միակ բաւարար ազդակը չէ լաւ մայրութեան մը համար, ակնարկ մը եթէ նետենք մեր իսկ անմիջական շրջապատի վրայ, պիտի տեսնենք յաճախ համեստ ընտանիքներէն բարձունքներ հասած տղաք, կամ ոչ մէկ տեղ հասած զաւակներ մեծահարուստ կամ ուսեալ ընտանիքներէն:Տանք Ձեզի կենդանի կեանքէն առնուած օրինակ մը:


 Կախաղանի չուանին մօտ աւազակին վերջին իղձը արտայայտելու առիթը կուտան: Վայրկեան մը լուռ մտածելէ ետք, երիտասարդը կը խնդրէ կախուելէ առաջ տեսնել ու համբուրել իր մայրը: Կը կատարեն աւազակ զաւկին ցանկութիւնը եւ լալահառաչ մայրը կը նետուի իր զաւկին բաց թեւերուն մէջ: Զաւակը կը խնդրէ իր մօրմէն, որ դուրս հանէ լեզուն եւ մեռնելէ առաջ անգամ մը համբուրէ զայն. եւ երբ մայրը կը կատարէ փափաքը իր որդուն, այս վերջինը կատաղանքով մը կը նետուի, կը խածնէ եւ կը պոկէ զայն զարմանքի մատնելով բոլոր ներկաները: Երբ հարց կուտան աւազակին, իր այս վայրագ արարքին պատճառը, այն նոյն կատաղանքով մը կը բացատրէ հեկեկանքին մէջ խեղդուած ձայնով:

-Եթէ դուք զիս այսօր կախաղանին վրայ կը տեսնէք, ատոր միակ պատճառը մօրս լեզուն էր: Այդ լեզուն էր, որ առաջին գողութիւններուս մէջ քաջալերեց զիս: Պաշտպանեց զիս եւ վէճ ունեցաւ դրացիներուն հետ, երբ առաջին անգամ հաւ մը գողցայ, նոյնքան բուռն կերպով պաշտպանեց, երբ մեծցան գողօնները եւ դարձայ դրամատան կողոպտիչը: Ոչ մէկ յանդիմանութիւն, ոչ մէկ դիտողութիւն:Սիրելի մայրեր, այս եւ բազմաթիւ այլ օրինակներ կարելի է թուել մեր առօրեայ փորձառական աշխարհէն, ինչպէս եւ գրականութենէն, ապացուցանելու համար այն անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը, որ կը ծանրանայ մայրերու ուսերուն:

 ՄԱՅՐԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ամէն ժողովուրդի գրականութիւնն ու արուեստները հարուստ են բարձրորակ ստեղծագործութիւններով, ուր այնքան գեղեցկօրէն կը փայլի մայրական տիպարը, իր զանազան երեսներով: Հայ գրականութիւնը եւս, յատկապէս իր բանաստեղծութեամբ գեղեցիկ եւ յուզական իրաւ ապրումներ նուիրած է հայ մօր: Հայրենի բանաստեղծութեան վարպետ՝ Աւետիք Իսահակեանի քերթողական վաստակի ամենէն յուզիչ քերթուածները կը  բացայայտեն մայրական անհուն սէրը: «Պանդուխտ Որդին», մօր բնազդական սիրոյ մասին կը վկայէ, իսկ «Մօր մը Սիրտը» վէպը մօր անհուն սիրոյն կը հակադրէ որդիական ապերախտութիւնը: Աւելի խոր եւ հիմնաւոր են այն բազմաթիւ քերթուածները, որոնք Յ. Շիրազի կողմէ նուիրուած մօր, զայն այնքան հոգեգրաւ եւ անհրաժեշտ կը դարձնեն: 

Յ.Շիրազ, այն քիչ հայ թէ օտար գրողներէն է, որոնք մայրական սիրոյ հետ եւ ուժգին արտայայտութեամբ մը կը դրսեւորեն նաեւ որդիական սէրը հանդէպ մօր, կը  շեշտէ ան այն կարեւորութիւնը, բոլոր այն առաքելութիւնները, զորս մայր մը միայն կրնայ կատարել: Հայ արձակի մէջ  մայրական սիրոյ կողքին որդիական ապերախտութեան յուզիչ դրուագ մըն է Վահէ Հայկի «Կաթիդ փարան չմոռնաս» պատմուածքը:
 ՄԱՅՐԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Եթէ կարդանք աշխարհի ճակատագրի մէջ իրենց հեղինակութեամբ բաժին ունեցած մարդոց կեանքը, այնտեղ անպայման պիտի հանդիպինք խոստովանութիւններու, որոնց մէջ յիշուած է մայրական առաքելութեան կատարած նախախնամական դերը: Այսպէս, Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացիին սէրը հանդէպ իր մօր, ծանօթ է պատմութեան ինչպէս եւ ծանօթ է կարգ մը բռնապետ մարդոց ընթացքի բացատրութիւնը մայրական խնամքէ զրկուած ըլլալու իրողութեամբ:

Մեր պատմութեան մէջ օրհնեալ եւ բարեյիշատակ համբաւով մը կը ներկայանան հայ մայրերը եւ ասիկա սկսեալ մեր պատմութեան ամենէն վճռական հանգրուանին: Հայոց Աշխարհի փափկասուն տիկինները, հայ մայրերը, իրենց հայրենիքի եւ սուրբ գաղափարի համար այնքան վճռական եւ օրինակելի կեցուածք ունեցան, մինչեւ իսկ ուրանալով իրենց զաւակները: Ահաւասիկ ճշմարիտ դաստիարակութեան գործնական ապացոյց:Նուարդը պարտուած հայ կինն էր, որուն բարոյական զօրութիւնը սնուցեց դարեր շարունակ իր ժողովուրդը, մինչ յաղթական եւ կայսրութեան մը գլուխ նստած վաւաշոտ Շամիրամ կորսուեցաւ, իրեն հետ պատմութեան տանելով իր ժողովուրդը:

 Անցէք ժամանակագրական կարգով մեր պատմութեան բոլոր հանգրուաններէն եւ պիտի հանդիպինք հայ մօր մը, որ իր մայրական սիրոյ հետ իր զաւկին փոխանցած է այն վառ սէրը, որ անհրաժեշտ է սերունդ մը իր ազգային արժէքներուն եւ ազգութեան կապելու:

Ճէնկիզ Խան, որուն մօր շատ քիչ անգամ բարոյական ուժը նկատի առնուած էր, զարմանալով հայկական կեանքին տոկուն եւ յարատեւութեան վրայ եւ ըմբռնած անոր գաղտնիքը, հայկական քաղաքները քանդումէ զերծ կացուցանելու համար կը պնդէր միայն 50 աղջիկ, 50 հայ աղջիկ կաշառ վերցնել, թաթարներուն մէջ ընտանեկան սրբութիւն մտցնելու առաջադրութեամբ:

Հայ մայրերուն բացառիկ առաքինութիւնները երեւան եկան մանաւանդ Եղեռնի օրերուն, երբ զարնուած, հալածուած ու կոտորուած, իր պատիւով ամէն տեսակ աշխատանք կատարել յանձն առաւ մայրը պահելու համար իր ազգային արժանապատուութիւնը եւ այդ հաւատքով պահեց իր խնամքին յանձնուած զաւակները:
 ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐ

Հոգեբանները կը փորձեն վերլուծել զանազան սէրեր եւ անոնց տարողութեան բացատրութիւններ կուտան: Այսօրուայ ձգտումները շեշտը կը դնեն ֆիզիքական սիրոյ վրայ: Ճիշդ ըլլալով հանդերձ առոյգ եւ անսպառ ֆիզիքականի տէր անհատին համար սեռային իրականութեան գոյութիւնը սակայն անիկա իր յարատեւութեամբ չի կրնար նմանիլ եւ հաւասարիլ մայրական սիրոյ, որ այնքան անսակարկ է, այնքան անխարդախ է, անշահախնդիր: 

Միւս ամէն սէր ժամանակաւոր է, սակայն ոչ մէկ պարագայի տակ մայր մը իր սիրոյ մէջ տկարանալ գիտէ, իր նուիրումին մէջ թեթեւանալ գիտէ: Ասիկա գլխաւորաբար անոր համար, որ հոգեկանին եւ զգացականին կը միանայ ֆիզիքականը: Որովհետեւ իրաւունք ունի Ֆրէօյտ, երբ կ՛ըսէ թէ կինը ամէն բանէ առաջ գոհացում կը փնտռէ, սակայն, նոյնքան իրաւունք ունի իր աշակերտը, երբ կ՛աւելցնէ թէ կինը իր իսկական դերը կը կատարէ եւ իր իրաւ լինելութեան մէջ կը գտնուի այն ատեն միայն, երբ մայր կը դառնայ, որովհետեւ իր զաւակը իր մարմնին, իր հոգեկանին մէկ շարունակութիւնն է, որ յարատեւութիւնն ու երկարաձգտումն է, իր առարկայական գոյութիւնն ու պատկերն է:

Մայրական անսակարկ սիրով կը բացատրուի նաեւ հարս-կէսուր վէճը: Արդարեւ, իր զաւկին կապուած, զայն տարիներով իրը նկատած մայրը չի կրնար հաշտուիլ զայն իրմէ խլուած տեսնելու իրականութեան հետ:
 ՄԱՅՐԵՐ ԳԱՂԱՓԱՐԱՓԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ

Չեն մեռնիր այն ժողովուրդները, որոնց մայրերը գաղափարապաշտութիւն ունին, որոնց մայրերը սիրել գիտեն իրենց զաւակները եւ զանոնք հայրենասիրական, մարդկային ուղիին մէջ դնել գիտեն: Մանաւանդ սիրոյ հետ անոնց կարգապահութիւն ներշնչել գիտեն, զանոնք մեթոտներու վարժեցնել գիտեն:

Այսօր մենք մեր մայրերէն կը պահանջենք գաղափարապաշտութիւն. անցեալին նման տէր կանգնին հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներուն: Այս գաղափարաբանութիւնը՝ մայրերը այսօր կը տանի այլ ծայրայեղութիւններու: Անոնք մոռցած իրենց մայրական առաջնահերթ պարտաւորութիւնները, մուտք կը գործեն ընկերային գործունէութեան այլազան կալուածներէն ներս: Դէմ չենք այս բոլորին, դէմ չենք կանացի աշխատանքին, բայց բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք այդ աշխատանքին, եթէ ատոր պատճառով մայրեր պիտի թերանան իրենց պարտականութեանց մէջ: 

Այս պարագային այս աշխատանքը կը դադրի քաղաքակրթութեան ընծայուած բարիք մը հանդիսանալէ: Քաղաքակրթութեան անուրանալի բարիք մըն է, երբ մայրեր ամէն բանէ առաջ իրենց մայրական պարտականութիւնը կատարեն եւ հեռու մնան ամբոխավարական լոզունգներէն:
  
Հաւասարութիւն...համաձայն ենք քաղաքացիական գետնի վրայ այրերու եւ կիներու նոյն իրաւունքներու տուուչութեան, բայց բառին ո՞ր իմաստով այս երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութեան մասին կը խօսուի: Ինչպէ՞ս կարելի է հոգեբանախօսական տարբեր կազմութիւններ ունեցող իգական եւ արական սեռի ներկայացուցիչներու միջեւ բացարձակ հաւասարութիւն փնտռել: Կարելի է մտածել, այր ու կին ամբողջութիւն մը կազմելու մասին, լծակից ըլլալու մասին, բայց բոլորովին անհեթեթ է հաւասարութեան առասպելը: Բազմաթիւ մարզերու մէջ կարելի է հաւանաբար հաւասարութեան մասին խօսիլ, բայց ո՞վ կրնայ ձեզմէ խլել մայրութեան մենաշնորհը, որուն մէջ դուք բնազդական օժտուածութիւն մը ունիք: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսիլ աշխատանքի բաժանումներու, պատասխանատուութիւններու բաժանումի մասին:
 ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Մայրութիւնը պէտք չունի մասնագիտացած տիկիններու, բայց պէտք ունի մայրերու, հարազատ, նուիրուող, զարգացած, իր զաւակը սիրող մայրերու:Դուք պէտք է յաջողիք երիտասարդութեան խանդավառութիւնը ուղեդրել, դուք պէտք է յաջողիք առաջքը առնել այս խօլ ու քանդիչ արշաւին, որուն մէջ կը տուայտի մարդկութիւնը: Դուք էք աղը մարդկութեան, դուք էք մշակները մեր հոգիներուն, առանց ձեր սիրոյ կը ցամաքի, կը վայրենանայ աշխարհը, առանց ձեր դաստիարակութեան, ձեր սիրոյ կ՛որբանան սերունդները:

Տարին ամէն օր, սակայն անգամ մը այսպէս պաշտօնական եւ հանդիսաւոր մենք կը յայտարարենք, որ եթէ երէկ բանաստեղծներ զիրար կը գերազանցէին երգելու համար ձեր անգին զոհողութիւնները, ձեր անսակարկ, ձեր մոմանման հալումն ու մաշումը, այսօր հոգեբաններ ու ընկերաբաններ միացած դաստիարականներու կը խնդրեն ձեզմէ, որ միայն ու միայն մայրութեամբ ծառայէք մարդկութեան, փրկէք մարդկութիւնը: Այս հաւատքով է, որ պիտի շարունակենք մեր ապերախտ զաւկի շրթներուն մէջ պահելու ձեր մայրական մեղրածոր անունը եւ կրկնելու յաւերժօրէն:Փա՜ռք, հազար փառք մայրերուն:


 ՄԱՅՐԻԿԻՍ

Հին օրերու քաղցր խօսք մը՝ բարեկամի մը պէս կ՛անցնի քովէս ու կը յուզէ զիս այս գիշեր:
Հին օրերու ձայն մը խիղճիս կը հպի. մօրս ժպիտն է, մօրս ժպիտը որ կ՛արթննայ իմ մէջս:
Ա՜հ, մայրս հիւանդ ,մայրս նիհար, լքուած կին:
Պատմութիւն մը կը շրջի ականջիս մօտը, անորոշ աղու շեշտերով:
Մայրիկիս ձայնն է որ կը յիշեցնէ այնքան անուշ օրերգ մը թախծոտ:
Օ՜հ, հին բարի երգ, սո՜ւրբ առասպել, ո՞ւրկէ եկար այս գիշեր՝ մօրս ժպիտին հետ:
Ո՜րքան ապրեցայ, Աստուած իմ, մոռցած եմ իր դէմքը տմոյն:
Երանի՜, ո՜վ մայր, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ՝ տանէին հոգիս հովերուն հետ,
ու մեղրամոմի հիւսքերով պատէիր թաթերս մանրիկ:
Հիմա մեղրամոմի թևեր կը խեղդեն զիս ամէն օր, ու հոգիս կը փռուի մութ խորշերու,
խոնաւ լորձնոտ գետիններու վրայ, կատաղի վիրաւոր սողունի մը պէս:
Երանի՜, ո՜վ մայր, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ, ձորին ոգիները հովերուն հետ վազցնէին իմ հոգիս,
ու քու արցունքներուդ մէջ ու քու արցունքներուդ տակ տանէին զիս:
Հիմա արցունքները մեղքի՝ բիւրեղ կ՛ըլլան սուր ու այստերս կը խոցոտեն:
Հիմա համբոյրները հրաշէն երկաթներու պէս դէմքս կը մրկեն, ու սիրտս, տե՛ս, աւերակ:
Օ՜ մայր, համբոյրիդ տակ, արցունքիդ տակ, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ՝ պիտի ուզէի ննջել ու մեռնի՜լ...:

ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ
անվերադարձ մտաւորականներէն...







mercredi 26 avril 2017

ԺԱԳ Ս.ՅԱԿՈԲԵԱՆ ♥ ԾԻԱԾԱՆ ☺ ՅՈ՛ՅՍ


ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԾԻԱԾԱՆ
ՅՈ՛ՅՍ

Ա.
Պիտի յուսա՛մ:
Գլխուս վերեւ՝ մութ ու ցուրտ ամպերու պատանք մը կը գերեզմանէ երկինքը:
Ոտքերուս տակ՝ ճամբան եղիճներու եւ խիճերու տափաստան մըն է:
Հեռուն կամ մօտը ո՛չ մէկ ճդագի կայծոռիկ չի կայծկլտար:
Եւ վերը՝ ո՛չ մէկ աստղ չի վառեր իր ադամանդին ժպիտը:
Ես կը յուսա՜մ սակայն:

Բ.
Արեւ չկայ վրաս՝ որ քայլերս լուսաւորէր:
Ծաղիկներ չկան շուրջս՝ որ ուղիս զուարթացնեն:
Ամայաստա՜ն ափէ ափ, ծայրէ ծայր, առանց նո՛յնիսկ ծառի մը կանաչօրէն յուսադրիչ հրաւէրին:
Ի՜նչ փոյթս, որ հեղձուցիչ մշուշը Անստոյգին կը պարառէ միտքս, եւ ուժերուս դիմաց կը պարըսպանայ պողպատեղէն Անկարելին:
Պիտի չվախնա՜մ:
Պիտի չընկճուիմ:
Պիտի չիյնամ:
Որո՛վհետեւ:
Նե՛րսս, անպեղելի խորութեանցս մէջ, անմատչելի անդունդներուս մէջ ունիմ բա՛ն մը, որ կրակներուն ամէնէն բոցավառն է, որ ապրումներուն ամէնէն յաղթականն է:
Օ՜, կանաչներուն ամէնէն կանաչն է ան:

Գ.
Յոյսս ինքնին յաղթանակ է, մթամած երկինքներուն դէմ, տատասկոտ ճամբաներուն դէմ, Անկարելիի եւ Անստոյգի հազար խուժաններուն դէմ:
Որովհետեւ գիտեմ, թէ Ա՛ն, որ յոյսին աստուածատիպ մարմնացումն է,
Ան, վաղ կամ ուշ-բայց շուտո՜վ, պիտի պայծառացնէ երկինքը իր արշալոյսով ու փառքով, վերեւս.
Եւ փուշերը շուշանի պիտի հրաշափոխէ քայլերուս առջեւ.
Եւ հառաչելու պէս այս շնչելը, կաղալու պէս այս քալելը, մեռնելու պէս այս ապրիլը պիտի դարձնէ ե՛րգ ու պար ու թռի՛չք...

Դ.
Եւ ես, այս յոյսով երջանի՜կ եմ.
Իրմով պայծառակերպուած երկնքին պէս:
Ես արփաւո՜ր եմ՝
Իրմով ջահաւորուած ճամբուն պէս:
Ես գեղեցի՜կ եմ՝
Իր աղուորցուցած բաներուն պէս:
Ողջ էութիւնս հիմա յոյսին յաղթական զանգակներով ղօղանջուն զանգակատու՜ն մըն է.
Ու թէեւ շուրջս մո՛ւթ, առջեւս մո՛ւթ, ես կը քալեմ լոյսի մէջէն:
Թէեւ շուրջս ձմե՛ռ, առջեւս ձմե՛ռ, ես կը քալեմ գարունի մէջէն:
Ես ինքս դարձած գարնան կանաչ ճիւղ, դարձած այգի ճառագա՛յթի՝ այն երկնածին յոյսով որ ծաղկեցուցած եւ բռնկեցուցած է սիրտս:

Ե.
Եւ հիմա, յոյսի ե՛րգ մը ունիմ հազա՛ր հազա՜ր բջիջներուս մէջ:
Յոյսի երգով մը հարուստ եմ այս անյոյս մութին եւ այս անյոյս ցուրտին եւ այս անյոյս մահաստանին մէջ, որ կը կոչուի աշխարհ:
Ե՛րգ մը, աւելի՛ բարձր ու յաղթական՝ քան բամբ ձայնը հողին, որ լախտի պէս կ՛իյնայ նաւաբեկեալ դագաղին վրայ:
Յոյսի ե՛րգ մը ունիմ, ո՛վ աներգ աշխարհ, արեւի պէս պայծա՛ռ, մայիսի պէս ծաղկո՛ւն:
Ե՛րգ մը, որ, արեւի շողին պէս ու գարնան շունչին պէս, թռչունները դուրս կը քաշէ իրենց ձմեռնային թմբիրէն ու ձիւնածաղիկ խորշերէն:
Որովհետեւ՝ ան ե՛րգ է յարութեան...
Յոյսս կ՛երգէ ինչպէս կ՛երգէ մշակը՝ ի տես յուռթի հունձքի խոստումին, որ ոսկի ոսկի կը հեղեղէ սերմնալից ակօսներն ի վար:
Սպասման անճամբորդ քարափներուն վրայ յոյսս կ՛երգէ միշտ. բարի գալուստի թաշկինակը ճօճուն ձեռքին, ի տես ձիւնափէշ նաւուն. որ կը փալփլի ու կը ծեքծեքի հորիզոնին:

Զ.
Յոյսիս երգին առջեւ՝ մշուշները կը չքանան եւ մութերը կը պայծառանան:
Գիշերներս ա՛լ գիշեր չեն մնար յոյսիս արեւուն տակ:
Ձմեռներս ա՛լ ձմեռ չեն յոյսիս մայիսին մէջ:
Յոյսս քուն չունի. նո՛յնիսկ երբ գիշերը կը կնքէ ամէն արտեւանունք իր խաւարով, իր կապարով:
Յոյսս չի՛ մսիր, նո՛յնիսկ երբ ձմեռը իր պաղ թեւերով կը գրկէ ամէն բան իբրեւ պատանք:
Ընդհակառա՜կը:
Յոյսս իր ճերմակ ճրագը կը ծագեցնէ անո՛նց, որ գիշերուան սարսափը կ՛ապրին, որպէս թէ գերեզմանին մէջ:
Եւ իր ծիծղուն կրակը կը վառէ անո՜նց, որ ձմրան սարսուռով կը ծիւրին, ի խոհ իրենց վրայ գոցուելիք դագաղներուն:
Յոյսի նետը կը պատռէ կապար երկինքը եւ կը ճախրէ անկէ հեռու, անկէ անդին:
Սահման չի ճանչնար իր թեւը:
Գերեզմանը յոյսիս համար չէ՜...
Ընդհակառա՜կը, յոյսս՝ իր ցնծութեան ծնծղայով կը ծածկէ ամէն արցունք, ամէն հառաչ, ամէն ողբ:
Յոյսս բարեւ ու արեւ ունի բոլոր մոկոտ ու որբ երազներուն եւ իղձերուն:

Է.
Սիրոյ երգը ուրախ չէ միշտ:
Հաւատքի երգը միշտ խնդուն չէ:
Բայց յոյսի երգը մի՛շտ ալ ցնծալից է Զատիկի առաւօտեան պէս ու Ծաղկազարդի ծափերուն եւ ճիւղերուն պէս:
Որովհետեւ՝ եթէ սէրը երջանիկ կը դարձնէ կեանքը.
Եթէ հաւատքը կը լուսաւորէ զայն.
Ապա յոյսը, օ՜, յոյսը կը  գեղեցկացնէ՜ կեանքը:
Կը գեղեցկացնէ զայն, իր ծիծղուն ծիածանը կախելով ու կամարելով նո՛յնիսկ ամէնէն մութ եւ ցուրտ ամպերուն վրայ, ամէնէն մռայլ ու անփայլ սիրտերուն վրայ:
Ու ես, թէեւ փուշերու եւ մութերու մէջ կանգնած, ինչպէ՞ս, այս աստուածահիւս ծիածանին տակ ինչպէ՞ս սիրտս չպահեմ երգո՜ւն՝ ձիւներուն մէջտե՛ղ ալ իր շարականը գլգլացող թռչնիկին պէս:
Այս ծիածանին տակ, ինչպէ՞ս ճակատս չպահեմ պայծա՛ռ՝ ձմրան մէջ ալ իր կանաչը եւ մայիսը ծածանող ծառին նման:
Եւ ինչպէ՞ս, սիրահարի մը տրոփումով եւ թրթռումով՝ ինչպէ՞ս չսպասեմ Անոր. որ անպայման պիտի գայ ծիրանիով ու ծիածանի գոյներով, ծիածանի գոյներուն մէջէն, հրաշակերպելու այս տգեղցած աշխարհը, այս դժբախտացած կեանքը:
Եւ հարսի մը սուրբ անհամբերութեամբը, կեանքիս բոլոր համբոյրներովն ու վարդերովն ու ծափերովը՝ կը պատրաստուիմ ա՛րդէն դիմաւորելու զԱյն-Փեսան:
Որուն անունը, օ՜, անունը ոտնաձայնն է յաւիտենութեան, տրոփն է երկինքին ու միակ շունչն է սրտիս:
Եւ յո՛յսս աւետաբեր:

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ


dimanche 19 février 2017

ՈՉ ԵՒՍ Է ՄՈՒՐԱՏ ՊԵՊԻՐՕՂԼՈ...╬



Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ե­րէկ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի յայտ­նի գոր­ծիչ­նե­րէն Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու։ Դժբախ­տա­բ ան վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ երէկ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ աւանդած է իր հոգին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բարեկամական շրջանակները։

Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու 1942 թուա­կա­նին ծնած էր Ա­րաբ­կի­րի մէջ։ Ծննդա­վայ­րին մէջ սկսած ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած էր Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի մէջ։ Ա­պա յա­ճա­խած Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր­կէ վկա­յուած էր որ­պէս տնտե­սա­գէտ։ Յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն ան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած էր հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս՝ հիմ­նե­լով գո­վազդ­նե­րու գոր­ծա­կա­լու­թիւն մը։ Այդ գետ­նին վրայ ձեռք բե­րած էր դրա­կան համ­բաւ եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն։ Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու հա­մայն­քա­յին կեան­քին ալ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէր իր մտա­ւո­րա­կան պա­շա­րով։ Հե­ղի­նա­կած էր գիր­քեր եւ յօ­դուած­ներ։ Միշտ միտք կը յոգ­նեց­նէր մեր հա­մայն­քի վար­չա­կան խնդիր­նե­րուն շուրջ, մա­նա­ւանդ կե­դրո­նա­նա­լով ա­նոնց ի­րա­ւա­կան հէն­քին վրայ։

1998 թուա­կա­նի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու ընտ­րուած էր պատ­գա­մա­ւոր։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լուի հոգ­ւոյն ու կը ցա­ւակ­ցինք իր այ­րիին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ հա­մայն ըն­տա­նի­քին։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017


dimanche 23 octobre 2016

ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ «ՍԻՊԻԼ»

Մեր մեծասքանչ մայրենին...

ՍԻՊԻԼ

Լուի Սէզ փառաւոր գրասեղան մը: Վրան սիրուն փոքրիկ կիսարձաններ Պայրըն, Միւսէ, Լամարթին: Խել մը գրքեր Պուռժէ, Ռիշբէն, Տոտէ, Լօթի, Մօբասան և ընկերութիւն:
Ծաղկամանի մը մէջ մանուշակ և յափուկ: Բիւրեղեայ արծաթափայլ սրուակիկներու մէջ «էքսթռէներ, մարէշալ, քօրիլօբսիս տը ժաբոն, էլիօթրօփ»: Մէկ կողմը գունաւոր ժանեակներու կոյտ մը կարմիր, վարդերանգ, ճերմակ, կապոյտ, մանիշակագոյն: Միւս կողմը ժապաւէններու, ասեղնագործութեանց, սնդուսի ու թաւիշի խառնուրդ մը: Մէջտեղը Միլօի Վէնիւս մը, աջ կողմը Կուպիտօն մը և ձախը՝ Բօմբատուրի գլուխը: Կաղամարը, պղինձէ գոհար մը, լեցուն ոսկեգոյն մելանով: Գրիչը՝ կապոյտ փետուր մը ոսկեզօծեալ: Պատերուն վրայ պատկերներ, Ռօմէօ և Ժիւլիէթ պատշգամի տեսարանին մէջ: Ֆաուսթ և Մարկրիթ՝ պարտէզին մէջ: Սեղանին զուգահեռապէս դիմացը խոշոր հայելի մը, ջինջ ու պայծառ: Այդ սեղանին առջև, փետրալից լայն թիկնաթոռի մը մէջ, այդ հայելիին ճիշդ դիմացը, այդպէ՛ս կ՛երևակայեմ որ բազմի և գրէ Սիպիլ, բաց կապոյտ սիւրայէ մաթինէ մը հագած, կաթնաթոյր ժանեակներով զարդարուած....
ծիծաղ մը իր շրթներուն վրայ, ինչպէս գիտեն ունենալ գթութեան քոյրերը երբ իրենց որբերուն համար հանգստութեան կ՛ելլեն: Վերջին պահուն գնաց աչքէ անգնել Նոր Թատրոնին արդուզարդը, յաջողութիւն մաղթեց իր ընկերուհիներուն և դռնէն դուրս ելաւ:

Գիշերը երբ ամէն ոք կը պարէր, կը խօսուըռտէր, կը զուարճանար, Սիպիլ իր փոքրիկ աղջկան ձիւնաթոյր անկողնին քով, զայն քնացնել կ՛աշխատէր: Ինծի համար, այս ալ բանաստեղծութիւն մըն է, և ի՜նչ գերագոյն բանաստեղծութիւն:
Իբր գրագիտուհի, կրնայ պարծիլ թէ հայերէն լեզուն շատ քիչ անգամ հանդիպած է այնքան նուրբ գրչի մը: «Կապոյտ Աղջիկ»ին և «Ժանեակներ»ուն հեղինակին տեղը երբեք չպիտի մոռցուի հայ բանաստեղծութեան մէջ:

Յ.ԱԼՓԻԱՐ «1892 Հայրենիք»



Հայ Լեզուին

Դո՛ւն, առաջին վանկ շրթունքիս,
առաջին ձայն իմ հոգւոյս,
Նախկին հնչիւն իմ մանկական լեզուիս հեզ,
Որով լացի ու երգեցի միշտ յուզումներս,
իղձս ու յոյս,
Իմ մայրենի քաղցրի՜կ բարբառ, ողջո՜յն քեզ:

Տարիներով թափառական օտար երկիր ու վայրեր,
Զուրկ մնացի ընտանիքէս, տընակէս.
Այլ քու կարօտդ անդարման
ցաւն եղաւ սրտիս կարեվեր,
Ո՜վ իմ լեզուս, ամէն իղձ զո՜հ ըլլայ քեզ:

Զարմանահրաշ վըսեմ թարգման դուն սրբութեանց անմատոյց,
Դուն արձագանք Հայ անցեալին, կեանքին վէս,
Տիտաններու, քերթողներու անմահ փառքին
ապացոյց,
Ո՜վ վեհ բարբառ իմ հայրերուս, պատի՛ւ քեզ:

Ալեծաղիկ կատարներու անմահ զաւակ դարաւոր,
Ծոցէդ անշէջ ճառագայթներ կը ժայթքես,
Մշտափթիթ գարուն մÿանանց
կը պըսակէ դէմքդ աղուոր,
Անզուգական, քնքուշ լեզուս, համբո՜յր քեզ:

Դուն Մեսրոպին ու Սահակին շունչին
թրթռումը ոսկի,
Որ հայրենի յուշերն անդուլ կÿեղերգես.
Իր պաշտելի աւանդութեանց,
նշխարներուն սուրբ ըսկիհ,
Ով աննման չքնաղ լեզու, բուրվա՜ռ քեզ:

Ծով ծիածան որ կը գըլես լայն կոհակներդ
այգաբեր,
Մերթ գոհարներ ծաւալելով, մերթ բեհէզ.
Մերթ սաղմոսներ ծփծփալով, մերթ վէպեր,
Ո՜Վ Հայ լեզուս իմ պաշտելի, ողջո՜յն քեզ:

Դուն թրթռացիր անտառներու սօսիներուն տակ ըստէպ,
Հայ աշուղին քնարին պարծանք եղար վէս.
Հիմա կÿերգես զաւակներուդ նժդեհ կեանքը
երաշխէպ,
Քերթողներու անմահ բարբառ, բիւ՜ր փառք քեզ:

Օրհնեա՜լ ըլլան մեր հայրերը,
որոնք թէեւ ցիր ու ցան,
Մութ օրերուն՝ մոլորած չոր շիւղին պէս,
Մոռցան իրենց տունն ու տեղը,
զաւակներնին ուրացան,
Իրենց անձն ալ, բայց չըմոռցան երբեք քեզ:

Քու բառերէդ՝ արեւէն վառ ու բիւրեղէն վճիտ
Իմ հոգւոյս մէջ բոց մը կաթեց մշտակէզ,
Հուր ծարաւը անհունութեան, բարւոյն, մեծին ճըշմարիտ.
Ո՜վ մանկութեանս ազնիւ լեզուն, կÿօրհնե՛մ քեզ:

Օրհնեա՜լ ըլլան մեր մայրերը, որոնք զքեզ սնուցին
Իրենց շունչովն ու աղօթքով սրտակէզ,
Խարխուլ, փլած կտուրին տակ,
կարօտ՝ պատառ հացին,
Գուրգուրանքո՜վ պահպանեցին միշտ ըզքեզ:

Թող որ ե՛ս ալ, յետին զաւակն հայրենիքիս
իմ թշուառ,
Սուրբ տաճարիդ ոտքը բերեմ ողջակէզ՝
Միշտ տառապած, երբեք շիջած սրտէս կայծ մը խանդավառ,
Հոգւով պաշտեմ ու քնարովս օրհնեմ քեզ:


 ԾՆՈՒՆԴԻ ԳԻՇԵՐ

Այն աստեղավառ Ծնունդին գիշեր
Ամպերէ ծաղիկ թափեր կը ձիւնէ,
Ինչպէս նշենին հովէն տարուբեր
Արփագոյն՝ լոյսէ աստղեր կը ձիւնէ:
Իմ մանուկ հոգիս, իմ հոգիս դեռ կոյս,
Ոհ, ի՜նչ ջերմեռանդ խանդով ըզմայլուն՝
Կաթոգին խնդրեց քեզմէ, ո՛վ Յիսուս,
Որ աստղ մ'ինձ ղրկես երկինքէդ փայլուն:

Այն խորհրդաւոր Ծնունդին գիշեր,
Ճաճանչի մը մէջ տեսայ ես Աստուած,
Սիրտը արիւնած, ճակատը փուշեր,
Թշուառ մարդկութեան երազին զոհուած,
Ծաղկատի հոգիս, հոգիս խանդավառ
Խնդրեց որ կեանքով օծես, ո՛վ Յիսուս,
Դուն որ մեր անհուն պատրանքը տեսար
Ոսկի սկիհը իմ երազներուս:

Հիմա ծնունդի գիշերն է խաւար
Ու Բեթղեհէմի աստղին տեղ արծաթ՝
Հորիզոնին մէջ կը շարժին երկար
Ծով անյուսութեան կուռ ամպեր երկաթ:
Բայց միշտ ջերմեռանդ՝ այլ հիւծուած հոգիս,
Կու գայ պաղատիլ քեզի, ո՛վ Յիսուս,
Զի շիջան աստղեր, երազներ կեանքիս,
Դուն ցօղէ ինծի նոր հաւատք, նոր յոյս:

ԽՕՍՔ ԸՆԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

Աստուածաբանութեամբը բարի հոգւոյդ անծայր ու անծիր,
Եթէ դուն մայր ըլլայիր,
Փոխանակ հայր ըլլալու,
Արդեօք աշխարհ չէ՞ր թաւալեր առանց արցունք մը լալու:

Դեռ նորածիլ կը մեռնէ՞ր դաշտին ծաղիկն՝ առաթուր
Նախիրներու կաշըմբուռ
Սըմբակին տակ ոգեսպառ.
Աստուածային հոգիդ գըթած եթէ գրգար մայրաբար:

Անշուշտ խուժին կը յաղթէր գութը ուժէն ալ արի,
Թըփուտներուն կամ սարի
Թռչնիկն անզէն ու տըկար
Արիւնախանձ ուրուրներուն ճիրանին տակ չէր տըքար:

Եթէ դուն մայր ըլլայիր, մարդը կ՛ըլլար անձին տէր,
Ազատ, անկեղծ, անվեհեր.
Երախտիքի բեռան տակ
Հոգին երբեք չէր կորանար անարգ նիւթին նահատակ:

Ո՜հ, եթէ մայր ըլլայիր. հանդուրժէի՞ր պիտի լուռ,
Երբ գեղարդին ներքեւ սուր
Կողէն արիւն կը պոռթկար
Յիսուսիդ որ կը պաղատէր. «Գթա՛, մարմինս է տըկար»:

Եթէ դուն մայր ըլլայիր, բիբովդ անհուն որ բոց էր,
Արդեօք չէի՞ր թափանցեր.
Խորախորհուրդ ալքերուն
Հոգիին որ յաւէտ կ՛ողբայ մարած երազն իր գարուն:

Ո՜հ, կ՛ըղձայի, կ՛ըղձայի՝ մայր ըլլայի՜ր պահ մը լոկ
Հանդէպ կեանքին անողոք
Օրէնքներուն անսասան,
Եւ ըզգայի՜ր թէ մեծ սրտէդ մարդիկ ի՜նչ սէր կը յուսան:

ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ-ՍԻՊԻԼ

  
ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐ

Մայրն է վիշտերու, դժբախտութեանց միակ ցաւակիցը, հրճուանքներու, յաջողութեանց միակ խնդակիցը, որ զմեզ կը սիրէ առանց փոխարինութեան, որ կուլայ և կը ժպտի մեզի հետ և կը զոհէ իր կեանքը ամէն օր մեզի. գիտնալով որ մենք գէթ օր մը չպիտի նուիրենք իրեն:
Ամէն մարդու համար կարելի է ըսել թէ գերագոյն երջանկութիւնը սրտակից մը ունենալու մէջ կը կայանայ և ամէն անոնք որ կը գանգատին կեանքէն ու անհամ կը գտնեն
զայն, գտած չեն կեանքի մոգական գաղտնիքը ճշմարիտ մտերմութիւնը, զայն՝ որուն հետ կարելի ըլլայ տանիլ բոլոր դժբախտութիւնները անտրտունջ և ճաշակել բարձրագոյն վայելքները:
Ի զուր մարդ կը փնտռէ այդ հազուզագիւտ սիրտը որ պատասխանէ իրենին. աւա՜ղ, ճերմակ կեռնեխն է որ ամպերէն վար կ՛իջնէ գիշերները, երբ կը քնանանք և առտուն կը թռչի երազներու հետ: Եւ մինչ մեր շուրջը մեր ներքին կեանքին մէջ, տերեւները կը թափին, շողերը կը մարին, յոյսերը կը նուաղին, հոն է մեր սրտին մօտիկ՝ մեր ճշմարիտ բարեկամը, պաշտելի իր ալևոյթին մէջ, իր անշէջ գովասանքովը յաւիտենապէս խանդավառ՝ թևերը բաց զմեզ սփոփելու համար, և իր անսպառ ներողութեամբը և գուրգուրանքովը ներշնչելու մեզի հաւատքը անմահ սէրերուն:



ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՄՕՏ

Լոյսի փունջ մը, շող շիւղերու կուռ հիւսկէն,
Հորիզոնէն վար հուր և բոց կը թափէ.
Լերան ծայրը ցոլքեր մութը կը պըրկեն

Ցանցի մը մէջ լայն վերտերով սատափէ:

Քունէն զարթած կ՛երգէ մարին վարուժան
Ոստերն ի վար կախուած բոյնին մէջ տամուկ,
Դաշտերուն մէջ հոյլ հոյլ գառներ կը խըժան
Շաղով օծուած մարմանդներուն մէջ ճամուկ:

Շամբերուն հոծ շուքին տակէն դողդոջուն՝
Դէպի ծովուն ափերն ի վար աւազէ,
Ուր փրփուրին կը նշմարես վախկոտ չուն,
Լուսածիծաղ առուն վէտ վէտ կը վազէ:

Ոչ հմայքէն առուին տենդոտ կարկաջին,
Շողին ցօղին լոյս ծիծաղէն արծաթի,
Ոչ ալ այգուն ջերմ համբոյրէն առաջին
Մեր սրտին մէջ վարդ անուրջ մը կը ծաթի:

Մենք չենք սիրեր կեանքն յորդաշունչ, կենդանի.
Անցնելու մօտ իրերն ըզմեզ կը կարթեն.
Ու կը ցաւինք, երբ բախտն հեռու կը տանի
Ինչ որ երէկ արհամարհած ենք արդէն:

Մենք կը սիրենք, երբ արևը ծիրանի՝
Հսղած, հատած մոմի նման ոգեվար՝
Ալիքներուն գոգն իյնալով շիջանի
Սողոսկելով խարակներէն զառ ի վար:

Ծաղիկները, զոր կը թողունք որ ցամքին
Թօնուտ օդին, ցուրտ արևին տակ աշնան,
Ծառաներու յանձնած կոպիտ խընամքին,
Թոռմելու մօտ՝ կարծես յանկարծ կ՛անուշնան:

Սըրուակները, որոնց բոյրը կը հատնի,
Ալ աւելի մեզ սիրելի կը դառնան,
Ինչպէս դեղնած սիրոյ թղթիկ մը գաղտնի,
Զոր կը պահենք գուրգուրանքով անսահման:

Եւ մեր սէրը ոսկեփետուր թռչուն բիլ,
Զոր անսըւաղ կը լքանենք շատ հեղ մենք,
Երբ թև կ՛առնէ, կ՛ուզէ մեզմէ խուսափիլ,
Դողդըղալով մեր հոգւոյն մէջ կը սեղմենք:

Մըրմունջները որոնք հեռուն կը մարին,
Կոչնակները, հաչիւնն անգամ շուներուն,
Գորշ ամպերն իսկ փակած կապոյտ կամարին,
Մեկնելու մօտ՝ հըմայք մ՛ունին օրօրուն:

Յուզմունքներն ալ կը վրդո՛վեն մեր հոգին
Եթէ չըլլան երազի պէս թևաւոր.
Եւ կեանքն արդեօք կ՛ըլլա՞յ այնքան թանկագին,
Ա՜յնքան անուշ, երբ չըսպառնայ մահն անոր:
 ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ

Արցունքներ կան, շիթ շիթ, տրտում, մելամաղձոտ,
Որոնք կու լան, կաթկըթելով այտին վրայ.
Ամէն կաթիլ՝ հեծկլտանք մը, կոծ մ՛է թախծոտ.
Իր ցօղին մէջ տառապանք մը կը թըրթըռայ:

Արցունքներ կան, պայծառ ու ջինջ և անխըռով
Որ արեւու նշոյլներով կը փողփողեն.
Ծիածանին անձրևի պէս հանդարտ ու զով:
Երբոր տեղան, օդը բոյր մը կ՛առնէ հողէն:

Լուռ, անշըշուկ խորհրդաւոր արցունքներ կան.
Որ կը բխին հոգւոյն խորէն սիրոյ կարօտ.
Անոնք ցաւեր մեզ կը պատմեն երկայն, երկայն.
Թաղուած սէրեր, զոր կընքած է սուգին նարօտ:

Արցունքներ կան որոնք քըրքիչ ինձ կը թըւին,
Միշտ գոռացող ամպին նըման փոթորկայոյզ,
Որ փայլակներ թօթափելով ծովին, հովին,
Մշուշի պէս կը տարտղնին կեդրոնախոյս:

Արցունք մ՛ալ կայ որ միշտ կ՛այրէ, բայց չի կաթիր,
Հեղուկ բոց մը, բուռն, ըսպառիչ ահեղ կրակ,
Ցամքած արցունք, որ չի հատնիր՝ մինչև մոխիր
Կըտրին աչքերն, հոգին դառնայ կոյտ մ՛աւերակ:

Ո՜վ արցունքներ ամէնքնիդ ալ ես կը ճանչնամ,
Թէև դժբախտ իմ օրերուս յուշերն ըլլաք.
Ջերմ յուզմունքով ըզձեզ կ՛օրհնեմ ես յարաժամ,
Ձեզմով կը զգամ սըրտիս ապրիլն ես շարունակ:

ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՍԷՐ

Մի՛ թողուք զիս, յուշե՛ր քաղցրիկ,
Տարէ՛ք, տարէ՛ք մօտ օրրանիս,
Ուր խոնարհած կին գեղեցիկ,
Սրտի մեղրով դիեցնէ զիս:

Մայրիկս է ան, հոգի՛ բարի,
Էա՛կ վըսեմ, քա՛ղցր արարած,
Թէպէտ տըկար, բայց սիրտն արի,
Ժըպտի փոխէ արցունք ու լաց:

Օրրանիս քով իր երգն անուշ,
Զըւարթ շեշտերն աղու ձայնին,
Իր անձնըւէր խնամքներ քնքուշ,
Զիս կը յուզեն բոլորովին:

Գորովանքի իր դերին մէջ,
Հայրիկս միայն է իր ընկեր.
Նոյն սիրտն ունի, նոյն սէրն անշէջ,
Լաւ կ՛ըմբռնէ ամէն պարտքեր:

Հուժկու ձեռքով, ո՜վ հայր, դու միշտ,
Բանաս ակօս աշխատութեան,
Քուկիններուդ օրեր անվիշտ,
Կ՛ընծայես դու մինչ յաւիտեան:

Բի՜ւր օրհնութիւն, մաղթանք այնքան,
Հոգւոյս խորէն կ՛ուղղեմ յաւէտ,
Ձեզ, ո՜վ ծնողք իմ սիրական,
Մաղթեմ ձեզ կեանք երանաւէտ:

Փոխան խնամքին ձեր անձնուրաց,
Ձեզ նըւիրեմ սէր անսահման,
Թող ձեզ խնայէ բախտն իր հարուած
Քաղցրի՛կ ծընողք իմ աննըման:

ՄԵՆԱՍՏԱՆԻՆ ԿՈՅՍԸ

Կէս գիշեր է. սենեակիս մէջ միայնակ
Կանթեղ չունիմ, ոչ ալ երկինքն ունի շող.
Իր լոյսն յետին մարեց դարպասն ու տընակ,
Եւ մընացի իմ խոհերուս հետ մաշող:

Կը թափառին շուրջս ըստուերներ թանձրահոծ
Մերձենալով, հեռանալով յամրաբար,
Եւ կը լսեմ իրենց վայիւնն ողբակոծ,
Երբ կանգ առնել կու գան յոգնած ու մոլար:

Տըխուր մտքիս ուրւականներն են համակ
Ցընորք հոգւոյս հազիւ հասած արբունքի,
Եւ մինչ կ՛անցնին օրերըս ցուրտ ու ցամաք՝
Անոնք կու տան ինձ ըսփոփանքն արցունքի:

Զի մինակ եմ հոս դէմքերու հետ տըրտում,
Կոյսերու հետ, որոնք չունին իղձ ու խանդ,
Որոնց ձայնին վանկերն՝ աղօթք անպատում
Կը խորտակէն երազս ու յոյս մանաւանդ,
Ապրիլ կ՛ուզեմ, անոնք երկինք ցոյց կու տան:

Սիրել կ՛ըղձամ, կը գոչեն. «Սէր է Աստուած:
Եւ կը պատմեն Դաւիթը, Յոբն ոպ Յուդան.
Կ՛ըսեն. «Միայն մահւան համար ենք հաստւած:
Ջուր կը վառէ երկինք արևն ու լուսին,
Ձօնելով կեանք ծաղկին, դաշտին ու մարրդուն,
Ես կը դառնամ նորէն համեստ այն լոյսին,
Որուն ներքև լուռ կը հըսկէ աչք մ՛արդուն:

Բոցեղ շունչ մը կը խընդրեմ ես, սիրտ մը տաք,
Որ խառնըւի տենդոտ հոգւոյս յորձանքին,
Եւ Սաղմոս մը կը դընեն, ա՛հ, բարձիս տակ,
Խաչ մ՛ալ փայտէ ընդդեմ սըրտի փորձանքին:

Այդ փորձանքներն ես կ՛երազեմ անդադար,
Կեանքի բոլոր մեծ պայքարներն, հուրն անհուն,
Աշխարհի մէջ չընչին բաժինս իմ արդար,
Եւ կը թողում երկինքն իրեն սուրբերուն:



ՄԻ՛ ԸՍԷՔ

Մի՛ ըսէք ինձ թէ բարութիւնն է կեղծիք,
Թէ ժըպիտը կնճիռ մըն է սնգուրուած,
Թէ ոչինչ կայ ազնիւ, ոչինչ գեղեցիկ,
Թէ պատրանք են սէրը, ծաղիկն ու քերթուած:

Մի՛ ըսէք ինձ թոյն է բուրումը գարնան.
Ախտի սերմեր ջուրերն ունին խաժ ակին,
Թէ լուսագեղ ցօղերն ամպրոպ կը դառնան,
Եզերքն է լոկ մեղրը՝ կեանքի բաժակին:

Ո՜հ, մի՛ ըսէք շրթունքները կը սըտեն,
Երբ կը զեղուն հըրայրքներ, գութ ու գորով,
Թէ յոյզն ու խանդ չեն ցայտեր միշտ մեր սրտէն.
Թէ կայծեր են անոնք մտքի մ՛անխըռով:

Ո՜հ, մի, ըսէք նայուածքները բոցավառ
Չոր քարեր են, սուտակ, զմրուխտ կամ ոբալ,
Որոնք օծուած սուտի փայլովը բուրվառ՝
Գիտեն տրտմիլ, ըզմայլիլ, լալ ու ողբալ:

Ո՜հ, մի, ըսէք թէ ձայները կը խաբեն,
Իրենց անկեղծ հնչիւններովը ծալ ծալ,
Մի՛ ըսթափէք սիրտս իր անուշ տագնապէն.
Թողէ՛ք ինծի, երազներովս պանծալ:

Մի՛ ըսէք ինձ թէ մարդիկ չեն անձնըւէր,
Թէ շահերով ըստոր լեցուն է աշխարհ,
Եւ ուխտերը, երդումները օդն ի վեր
Կը փարատին ինչպէս թերթեր հողմավար:

Մի՛ մի՛ ըսէք խաւար է ծայրը կեանքին.
Անմահութեան յոյսն աղուոր տենդ մ՛է փարթամ,
Թէ հող, մոխիր պիտի դառնայ մեր հոգին...:
Ո՜հ, թողէ՛ք որ ցընորքներուս հաւատամ:

ՍԻՊԻԼ- Բերա, 16 Սեպտ. 1913


ԹԻԹԵՌՆԻԿԸ ԵՒ ՄԵՂՈՒՆ

Կէս օրին մօտ, յոգնած դադրած՝
Մեղուն փեթակ կը փութար:
Առտուն կանուխ, արևուն հետ էր ելեր,
Եւ ծիլէ ծիլ ոստոստելով օդայած,
Ծաղիկներուն ծըծեր էր հիւթն ու նեկտար,
Աւարելով առէջներուն նուրբ թելեր:
Իր բեռան տակ ճնշըւած խոնջ ու անձայն,
Եկաւ վարդին վըրան թառիլ խաւարծի,
Ուր կը տաքնար թիթեռնիկ մը գունագեղ,
Արևուն ջերմ ցոլքերուն տակ ջինջ, շըքեղ:

Թևիկները թաւիշ էին
Փետուրի պէս, դեփ դեղին,
Վըրան մանրիկ կիտուածներով թաւարծի
Ուր սև նիշեր բանուած էին ցիր ու ցան:

«Խօ՛լ թիթեռնիկ, ըսաւ մեղուն ծաղկասուն,
«Դո՛ւն, անպիտա՛ն անասուն,
«Ի՞նչ կ՛ընես հոդ արևուն տակ
«Պարզած թևերդ այլանդակ:
«Աղուրորութի՞ւն ցուցադրելու կ՛ելլես դուն,
«Ժիր մեղուներն երբ կ՛աշխատին եռանդուն:

«-Կարծածիդ պէս անպիտան չեմ,
«Թիթեռն ըսաւ մեղմաբար,
«Մի՛ նախատեր զիս, կ՛աղաչեմ,
«Մ՛ըլլար այդքան սընափառ:
«Աղուոր ըլլալ մե՞ղք կը կարծես
«Որ երեսիս կը զարնես:
«Տըգե՛ղ ես դուն, սակայն ըսի՞
«Երբեք կոշտ բառ մը քեզի:

«-Օգուտդ ի՞նչ է, ըսէ՛ նայիմ, թո՛ւն էակ,
«Եթերին մէջ, վեր վար թըռիլ ու թառիլ,
«Հիրիկէն վարդ, վարդէն յասմիկ թափառիլ,
«Բան գործ ընել օրն ի բուն խաղն ու կատակ:
«Լիրբ ձևերով խեղկատակ:
«Մինչ ես կռէզէն ոսկեփրփուր
«Կը քաղեմ մեղր անուշակ,
«Եւ փեթակիս մէջ կը շինեմ թաքթաքուր
«Մարդոց համեղ կերակուր,
«Թալլելով թիւմ, մանուշակ:

«-Տիկի՛ն մեղու, մըտի՛կ ըրէ, գոչեց թիթեռն օդապար
«Կը կարծես թէ կերուա՞ծն է լոկ օգտակար.
«Գեղեցիկն ալ չունի՞ օգուտ մեր սրտին.
«Շատեր իրենց տաղանդն անոր կը պարտին:
«Մարդիկ, իրա՛ւ, յարգ կ՛ընծայէն ցորենին
«Ու կուշտ մընայ փորերնին,
«Բայց գրգանքով կը հոտոտեն թաւշալանջ
«Շէկ քրքումներն ու յափուկները կանաչ:
«Եթէ մեղրով քիմքին հաճոյք կու տաս դուն,
«Իմ հըմայքս ալ աչքին հրճուանքն է մարդուն:

«Մի՛ նախանձիր իմ ձիրքերէս,
«Գիտցի՛ր արդար է Աստուած.
«Քեզ ուժ տըւաւ որ բեռ կըրես,
«Իմ թևերուս ալ՝ կիտուած:
«Ես քու մեղրիդ, ոչ ալ մոմիդ չեմ տենչար,
«Դուն ալ մ՛ըլլար լեզուով խայթող՛ սրտով չար:»

ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ-ՍԻՊԻԼ

dimanche 5 juin 2016

ԱՆԱԶՆԻՒ ՄԱՐԴԿԱՆՑ ԿԵՂԾ ԾԻԾԱՂԸ ☺ Սիլվի Սրբուհի Մարազեան

 Կան մարդիկ որոնց հոգին ազնիւ է,
Բարի են, համեստ ու հեզահամբոյր.
Բայց արտաքինով, մունջ, անհրապոյր,
Խինդը խնայուն, դէմքով մ՛ալ մռայլ,
Թախիծը թաքուն, պատրանքը շռայլ:

Կան նաև մարդիկ, ծիծաղը քիմքին,
Բայց սիրտը նախանձ, բիրտ ու մոլեգին,
Նենգոտ են, հեգնոտ՝, կիրքերով յախուռն
Յոռի ու յախորտ, լիրբ, շողոքորթում:

Ստորակայական բարթոյթով թաքուն,
Հասարակ կէտը մարդկանց խղճալի,
Տեսքն մ՛է  յարգարժան, թանկ երեւելի,
Կարծես մի ոմն, բորբ զմայլելի:

Կերպարանքը կեղծ անարժան մարդուն,
Խաբուսիկ խօսքին, շողշողուն տեսքին,
Զառամած ես դուն եթէ զիջանիս,
Պատիւ, մեծարանք, շուք բարեհաճիս:

Զաւեշտ է միթէ՞ ողբերգութիւն,
Դիմագրաւել մարդկանց նենգութիւն,
Փոխրէն սիրոյ ու անկեղծութեան,
Այս ի՛նչ  շլմորիչ  յուսախաբութիւն...:

 
Սիլվի Սրբուհի Մարազեան