jeudi 30 avril 2009
ՔՆԱՐԱԿԱՆ, ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
Երգ սիրեցէք կեանքի բոլոր վայելքներից աւելի,
Երգն է բուժիչ բալասանը անդընդախոր ցաւերի,
Երգ հիւսեցւք, առանց երգի վիշտն աշխարհը կ'աւերի:
ՍԱՐՄԵՆ
vendredi 24 avril 2009
lundi 20 avril 2009
ԿԱՐՆՈՅ ՇԱՐԺՈՒՄԸ
ԿԱՐՆՈՅ ՇԱՐԺՈՒՄԸ
Ձայն մը հնչեց Էրզըրումի Հայոց լեռներէն,
Թունդ թունդ ելան Հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն:
Հայ գիւղացին դարուց ի վեր սուր զէնք չը տեսած,
Դաշտը թողուց, սուր, հրացան բահի տեղն առաւ:
Ցնծա՛ մայր մեր, ո՛վ Հայաստան, որդիքդ միացան,
Ութ դարերու սուգ ու թախիծ քեզնից վերացան:
Ուրախացաւ Մայր Հայաստան, ելաւ կանգնեցաւ
Հին դարերու սուգ, տառապանք մի քիչ մեղմացաւ:

samedi 18 avril 2009
vendredi 17 avril 2009
mercredi 15 avril 2009
mardi 7 avril 2009
ԶԱՏԻԿ ԵՒ ԿԱՐՄԻՐ ՀԱՒԿԻԹ
Զ Ա Տ Ի Կ
Ինչպէս շատ մը քրիստոնէական տօներ' Զատիկն ալ եկած պատուաստուած է արեւելեան

հին տօնի մը վրայ, որ նուիրուած էր գարնան:
Ինչ կը վերաբերի հայերուն' կ'ըսուի, թէ մեր մէջ եւս այդ օր կ'ողջունէին գարունը:Ընդհանուր զուարճութիւններու մէջ կերուխում կը կազմակերպէին, կ'երգէին, կը պարէին: Մինչեւ վերջերս' հեթանոսական ձեւով Զատիկ տօնելու սովորութիւնը պահուած էր Նոր Ջուղայի մէջ: Զատկուան պատարագէն ետք, երիտասարդ աղջիկները կը շրջապատէին պատարագիչ քահանան, անոր առաջնորդութեամբ պար կը բռնէին բակին մէջ. այնուհետեւ կը սկսէր կերուխումը:
Գալով Զատկուան առթիւ հաւկիթը կարմիր ներկելուն' Արիական ցեղերու յատուկ հին սովորութիւն մըն էր ասիկա եւս, որ յետոյ «քրիստոնէացուեցաւ»:
Գրիգոր Տաթեւացի իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կու տայ քրիստոնէական բացատրութիւնը.-«Աշխարհը կլոր է. հաւկիթը կը խորհրդանշէ այդ կլորութեան ամբողջութիւնը եւ Քրիստոսի Աւետարանը տարածուած է ամէն կողմ...Կարմիր ներկը կը նշանակէ, թէ ամբողջ աշխարհը գնուեաւ Քրիստոսի արիւնով»:

jeudi 2 avril 2009
Inscription à :
Articles (Atom)