jeudi 7 janvier 2010

ԾՆՈՒՆԴԻ ԳԻՇԵՐ


ԾՆՈՒՆԴԻ ԳԻՇԵՐ
Լուռ գիշեր էր, ուշ գիշեր էր,
Երկինքն աստղերով կը փայլեր,
Ու մսուրին մէջ աղքատիկ,
Կը քնանար Յիսուս Մանկիկ:

Երկինքէն ան վար էր իջած,
Որ մեր հոգիները մաշած,
Վերականգնէր՝սրբացնէր,
Հօր Աստուծոյ բարձրացնէր:

Իր հետ բերաւ խաղաղութիւն,
Եւ նաեւ եղբայրութիւն,
Հարուստ, աղքատ, մեծ ու պզտիկ,
Կազմեցինք մենք մէկ ընտանիք:

Լայն բացաւ դուռն արքայութեան,
Անխտաբար ողջ մարդկութեան,
Ու հոգիով աղքատներուն
Խոստացաւ ան երջանկութիւն:

Քարայրէն այդ խեղճ, աղքատիկ,
Յոյս ներշնչեց, Յիսուս Մանկիկ,
«Եղբայր ենք մենք» յայտարարեց,
Իր գալուստով զայն հաստատեց:

Ծնունդ է այս բոլոր գիշեր,
Զայն կ'աւետեն հրեշտակներ,
Հոգիներու մէջ վրդոված,
Լոյսի նշոյլներ են բացուած:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս՛
Մարմին առաւ ու մարդացաւ,
Որ փրկուի, քո'ւ ի'մ հոգիս: