dimanche 10 décembre 2023

ՍԻՐԵԼԻ՛ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ Խաչատուր Ա. Քահանայ Պօղոսեան

Այս օրերուն մեծ ու պզտիկ քու անունդ կը հոլովեն։ Քու եւ Յիսուս մանուկին անունը կը հոլովեն։ Երկուքիդ ալ ժողովրդականութիւնը շատ մեծցած է։ Եթէ հարցախոյզ մը կազմակերպող մը ըլլայ, դուք առաջին երկու տեղերը պիտի գրաւէք անպայման։ Ամէն մարդ ձեզի կը սիրէ, քանի որ երկուքդ ալ նոյն օրը կու գաք։ Կէս գիշերին Յիսուսը կը ծնի, նոյն պահուն՝ դուն կ՛իջնես երկինքէն, նախ կու գաս արեւմուտք, տուներուն բուխերիկներէն կ՛իջնես, եւ քնացած փոքրիկներուն երկարավիզ կօշիկներուն մէջ նուէրներդ կը դնես․ այդ պահուն՝ անոնք քու վրադ երազ կը տեսնեն; Սիրուն, համակրելի ծերուկ մըն ես․ Դեկտեմբեր 31ի գիշերը Նոր Տարին կու գայ եւ յետոյ դուն քնանալու կ՛երթաս։
Ամէն տարի, Դեկտեմբեր ամսուն, մարդիկ անանկ բարութեամբ մը կը լեցուին, որ կը սկսին մտածել թէ աշխարհի մէջ դժբախտ մանուկներ կան։ Կը տեսնես, ինչպէս խենթի պէս հոս հոն կը վազվզեն նուէրներ գնելու։ Փարիզի մէջ երթեւեկութիւնը անկարելի կը դառնայ․ մարդ չի բողոքեր՝ քո՛ւ սիրոյդ։ Փողոցներու զարդարանքները մեր հոգիները կ՛ազնուացնեն․ կը մանկացնեն․ կը մանկանա՛նք․ ամէնքս ալ մանկանալ կ՛ուզենք․ երազել կ՛ուզենք։


Ամէն տարի Դեկտեմբեր ամսուն, մարդիկ անանկ բարութեամբ մը կը լեցուին, որ կը սկսին մտածել թէ աշխարհի մէջ դժբախտ մանուկներ կան։ Կը տեսնես, ինչպէս ամէնքն ալ խենթի պէս հոս հոն կը վազվզեն նուէրներ գնելու։ Փարիզի մէջ երթեւեկութիւնը անկարելի կը դառնայ, մարդ չի՛ բողոքեր՝ քո՛ւ սիրոյդ։ Փողոցներու զարդարանքները մեր հոգիները կ՛ազնուացնեն․ կը մանկացնեն․ կը մանկանանք․ ամէնքս ալ մանկանալ կ՛ուզենք․ երազել կ՛ուզենք։
Երբ մանուկ էի, Նոր Տարուան գիշերը անհամբերութեամբ կը լեցուէի։ Ցուրտին, խանութը, հօրս շարժուձեւերուն կը հետեւէի, երբ ան մեր նուէրները կը պատրաստէր։ Քարիւղէ ճրագը տան ճամբան, մութին մէջ, հոս հոն վազվզող շուքեր կը գծէր․ հօրս ձեռքը պինդ կը բռնէի։
Վայրկեան առաջ քու գալուդ կը սպասէինք որ չքնանայինք։ Արտաւազդը կը մտնէր, գալուստդ կ՛աւետէր, մեծ ու պզտիկ երգի ծափի կը սկսէին, մենք ալ երկիւղած՝ «Կաղանդ Պապան եկեր է» կ՛արտասանէինք։ Դուն կու գայիր սենեակին մէջտեղը կը կենայիր, եւ երգերուն հետ հոս հոն կը ցատկռտէիր։
Ինչ մեղքս պահեմ, երբ քիչ մը մեծցեր էինք, կը նկատէինք որ դուն անձամբ չէիր գար․ Շաւարշը կը ղրկէիր․ մենք իր կօշիկէն, կամ ժամացոյցէն, կամ ձայնէն կը հասկնայինք, բայց դող մը կ՛անցնէր մեր ներսէն, երբ «Արարատի ծեր կատարին ձիւներուն մէջէն եկեր եմ ձեզի նուէր բերելու» կ՛ըսէիր։ Յասմիկ, Համբիկ, Արփիկ, Նարդիկ, Ծովիկ, Աննիկ, Լուսին, Մարօ, Գեւօ, Գոգո, շուրջդ կը հաւաքուէինք՝ երգելու եւ գոց ըսելու, երբ գաւազանդ կը շարժէիր՝ սարսափահար, Սեդրակ մեծ հօրս ետեւը շունչերնիս կ՛առնէինք։ Յետոյ, լալով, ձեռքդ կը պագնէինք՝ որ նուէրդ տայիր՝ երթայի՛ր։ Ժամանակին հազարէ աւելի հայեր կ՛ապրէին Արաբ-Բունար, հիմա, կ՛ըսեն թէ միայն 4-5 ընտանիք մնացեր են։ Արդեօք ի՞նչ եղան մեր եկեղեցին, երկու դպրոցները եւ երկու ակումբները։
Եթէ Յիսուս մանուկը չծնէր, ամէն տարի պիտի գայի՞ր մանուկներուն նուէր տալու։ Լաւ որ ծնաւ Յիսուս մանուկը եւ Մելքոն, Գասպար ու Պաղտասար երկնքին մէջ ի փայլուն աստղը տեսան եւ նուէրներ տարին Յիսուս մանուկին։ Ամէն տարի նուէրով կու գաս։ Ուրկէ՞ կու գաս։ Առաջ մեզի կ՛ըսէին թէ Արարատի ձիւներուն մէջէն կու գաս։ Հիմա ալ կ՛ըսեն թէ կեդրոնդ Նորվեկիոյ Օսլօ քաղաքը հաստատած ես, եւ հոն է որ աշխարհի ամէն կողմէն մանուկները քեզի նամակ կը գրեն, եւ քու հարիւրաւոր քարտուղարներդ կը պատասխանեն անոնց։ Ինչո՞ւ մեր Արարատը ձգեցիր եւ մինչեւ Օսլոները գացիր․ թուրքերը քեզի՞ ալ ջարդելու եւ աքսորի քշելու ելան։ Ձիւնոտ տեղերը շա՞տ կը սիրես, եւ անոր համա՞ր մինչեւ Օսլոները գացիր․ յուսամ հոն՝ տեղդ հանգիստ է։
Գիտե՞ս, երբ մանուկ էի եւ օրերը, շաբաթները, ամիսները հաշուել չէի գիտեր, կ՛ուզէի որ շուտ-շուտ գայիր, որպէսզի մամաս Ծնունդի համով հոտով կարկանդակը պատրաստէր, առտուները թէյին մէջ թաթխէինք, հաց պանիրով ուտէինք՝ եւ շա՛տ դրամ ու խաղալիք ունենայինք։

Անցեալ տարուան դեկտեմբերին Արփիկն ու Արիստը կ՛ըսէին թէ քեզի նամակ գրելու հոգէն ազատուեր էին։ Այլեւս նամակ գրելու պէտք չունէին, քանի որ հետդ հեռաձայնով կը խօսէին։
Այս տարի, ես ալ կ՛ուզէի հետդ հեռաձայնով խօսիլ, քեզի այնքա՛ն ըսելիք բաներ ունիմ․․․ մանաւանդ այն՝ որ չմոռնաս մեր տունը գալու․ մանչուկը քեզի կը սպասէ։ Բուխերիկէն իջնելու փորձ մի՛ ըներ, ինչ կ՛ըլլայ ինչ չըլլար․ անցեալ օր մեր ջեռուցիչը նորոգող մարդը ածխացած խեղճուկ թռչուն մը հանեց գործիքին մէջէն։ Դուռը թակէ՛, մեզմէ մէկն ու մէկը կը բանայ․ աւելի՛ ապահով է։
Անցեալները, Արփին ու Արիսթը թիւդ գտեր էին, եւ հետդ խօսելու սկսեր էին։
Կաղանդ Պապային հետը խօսեցայ, թիւը ունիմ,- ըսաւ Արիսթ։
- Խօսեցա՞ր, ի՞նչ ըսիր, թիւը կու տա՞ս։
Վազեց, թուղթին վրայ գրեց 45 67 33 33, տուա՛ւ։
Անցեալ օր քու ներկայացուցիչներէդ մէկուն հետ նկարուեր էին շուկան․ տեսնե՛ս ինչ ուրախ-ուրախ, հպարտ-հպարտ նկարները ցոյց կու տային։
Անկէ ի վեր, թիւդ ունենալէս ի վեր, գիտես արդէն, երբ որ սիրտս նեղուի, կամ բան մը ուզէ՝ հետդ կը խօսիմ։

Երեք տարեկան Ճոն Ժիրիկը հայերէն կը սորվի․ ամէն անգամ 5-10 բառ կը սորվի, բայց կը մոռնայ․ իմ երթալէս վերջը, Շանթալին կը հարցնէ,-
- Հայերէն ի՞նչ կ՛ըսեն բանթալոնին, եւայլն։ Շանթալը ուրկէ՞ գիտնայ․․․ Ճոնը երթալուս կը սպասէ իր հարցումները Շանթալին վրայ տեղացնելու․ դժուար հարցումներ են․ բաներ՝ որ իմ մտքէս բնաւ չեմ անցներ։ Անցեալ օր նորէն սկսաւ,-
- Հայերէն ինչպէ՞ս կ՛ըսե
ն Միւսքլոր,- հարցուց ֆրանսերէնով, արդէն գիտես, ֆրանսերէն կը խօսինք։
- Միւսքլոր կ՛ըսեն, անունը չի՛ փոխուիր Ճոն, Միւսքլոր կ՛ըսեն,- պատասխանեցի․ հապա ի՞նչ պատասխանէի։
- Է՛, ինչպէ՞ս կ՛ըսեն Սնուբի։
Այս տեսակ դժուար հարցումներու ես ի՞նչ պատասխանեմ․ հայերէն ասանկ գիրքեր, խաղեր, բաներ չկա՛ն․ ստիպուած՝ նիւթը կը փոխեմ որ ամօթով չմնամ։
- Դուն Կաղանդ Պապան կը ճանչնա՞ս,- անցեալ օր հարցուցի իրեն, երբ նորէն Սնուբիին նիւթը բացաւ։
- Այո՛, կը ճամչնամ։
- Գիտե՞ս ուր կ՛ապրի Կաղանդ Պապան։
- Երկնքին մէջ։
- Երկնքին մէ՞ջ, ի՞նչ կ՛ընէ երկնքին մէջ։
- Կը դիտէ՝ տեսնելու համար թէ մանուկները բարի՞ են։
- Եթէ բարի են ի՞նչ կ՛ընէ։
- Նուէր կը բերէ։
- Դուն բարի՞ ես։
- Այո՛, բարի եմ։
- Դուն Կաղանդ Պապան տեսե՞ր ես։
- Այո՛, մեր տունը եկեր է։
- Ի՞նչ նուէր պիտի բերէ քեզի Կաղանդ Պապան։
- Թրեն։
- Ինչպէ՞ս թրեն։
Խաղալիքներուն պատկերագիրքը բերաւ, սեղանին դրաւ։
- Կ՛ուզե՞ս որ Կաղանդ Պապան քեզի այս թրենը բերէ։
- Ո՛չ, ասիկա իմ տունիս համար մեծ է․ ասիկա մեծ է։
- Թրենին՝ հայերէն շոգեկառք կ՛ըսեն,- յետոյ ըսի,- կ՛ուզե՞ս կաղանդ Պապային հետը խօսիլ։
- Այո՛, բայց չեմ կրնար․ երկինքն է։
- Եթէ ես քեզի թիւը տամ կը խօսի՞ս։
Վազեց, Շանթալը կանչեց որ քեզի զանգէ, քեզմէ ուզեց Թրեն, Տէ բթի պոն օմ (պզտիկ մարդիկ) Ղիղի, Ժիժի, Միքէ, Տոնալտ, Միւսքլոր, Սնուբի ուզեց։ Հասկցար չէ՞;