lundi 23 août 2010

ՃՇՄԱՐԻՏ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ


ԻՐԱԿԱՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
Գրաւիչ շրթներու համար՝- քաղցր խօսքեր խօսէ.
Փայլուն աչքերու համար՝ -մարդոց մէջ լաւը փնտռէ.
Բարեձեւ մարմնի համար՝- ուտելիքդ անօթիի մը հետ բաժնեկցէ.
Գեղեցիկ մազերու համար՝- թոյլ տուր որ պզտիկ մը, օրը անգամ մը մազերուդ հետ խաղայ.
Կայուն քալուածքի համար՝- քալէ այն գիտակցութեամբ թէ երբեք առանձին չես քալէր.

Մարդիկ՝ առարկաներէն աւելի, պէտք ունին նորոգուելու, վերաշինուելու եւ վերստեղծուելու: Երբեք մէկը անպէտ մի սեպեր: Երբ օգնութեան կը կարօտիս, ձեռքերուդ ապաւինէ: Մինչ տարիքնիս կ'առնենք գիտակցինք որ Աստուած երկու ձեռք տուած է. մէկը ինքզինքիդ օգնելու եւ միւսը ուրիշներուն: Հպարտ ըլլանք մենք մեզմով եւ զԱստուած փառաւորենք մեզ յատուկ ստեղծելուն համար:

«Ձայելչութիւնը սուտ է, ու գեղեցկութիւնը ունայն է. Սակայն Տէրոժմէ վախցող կինը պիտի գովուի»: Առակ.31:30