ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ
Կաղանդ պապա,
Դուն որ ահա
Սա պերճագեղ վաճառատան շողշողուն Ցուցափեղկին մէջ բազմած
Կը բաշխես լոյս, ոսկի ժպիտ ամէնուն,
Կը կանչես ներս գրկաբաց
Մեծ ու պզտիկ, մանչ ու աղջիկ հմայուն.
Կաղանդ պապա,
Դուն որ ահա՛
Շուրջդ շարած անհամար գանձ ու ընծայ,
Խաղալիքներ այլազան,
Արագասոյր եւ ինքնաթիռ մեքենայ,
Կապուտաչուի պուպրիկներ,
Գլխովդ աղուոր ձիւնահեր,
Կու տաս ողջոյն եւ խոստումներ օրհնաբեր,
Տե՛ս սա տղան քու դիմաց,
Զմայլահար, շփոթած,
Զոյգ ձեռքերն իր դրած փեղկին ապակի՝
Կարծես կ՚ուզէ հասնիլ քեզ,
Որ զինք գրկես
Եւ ինք քու մօտ գայ ծունկի...
Տե՛ս սա տղան անօթի,
Փողոցն ըրած իրեն տուն,
Ամբոխին մէջ, ամբոխին դէմ չարանենգ,
Իր թեւերովն ազազուն
Կեանքին համար ու հացին
Կը մաքառի առանձին։
Կաղանդ պապա,
– Օ՜ մեղա՛յ, –
Այս մանչուկին պիտի չերթաս դուն այցի,
Պիտի չտաս Ամանորի իր ընծան,
Ո՛չ օդանաւ եւ ոչ ձի.
Եւ ան այսպէս պիտի դիտէ քեզ միայն
Ցուցափեղկէն երազի...
Բայց կը ճանչնա՞ս գոնէ թշուառ այս տղան,
Ընկերներն իր փողոցի,
Որ կը տենչան սպիտակ շերտ մը հացի
Եւ սպիտակ ձեռքի շոյանք մը ջերմին՝
Իրենց տժգոյն, գորովազուրկ ճակատին...
Կաղանդ պապա,
Եղիր դուն քաջ մէկ րոպէ,
Դարձուր աչքերդ ու դիտէ
Վիշտն անսահման սա մանչուկի նայուածքին,
Մատներն այրող որ կը գրկեն ապակին
Ցուցափեղկիդ դիւթական
Եւ եթէ դուն կրնաս ժպտիլ տակաւին
Քու ժպիտով տօնական,
Ժպտէ մարդոց ու կեանքին...
«Մուշեղ Իշխան»
ԽԱՂԱՂՈՒԹՅՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ
ԵՐՆԷԿ, ԹԷ ԱՅՍ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ...
Կաղանդ պապա,
Դուն որ ահա
Սա պերճագեղ վաճառատան շողշողուն Ցուցափեղկին մէջ բազմած
Կը բաշխես լոյս, ոսկի ժպիտ ամէնուն,
Կը կանչես ներս գրկաբաց
Մեծ ու պզտիկ, մանչ ու աղջիկ հմայուն.
Կաղանդ պապա,
Դուն որ ահա՛
Շուրջդ շարած անհամար գանձ ու ընծայ,
Խաղալիքներ այլազան,
Արագասոյր եւ ինքնաթիռ մեքենայ,
Կապուտաչուի պուպրիկներ,
Գլխովդ աղուոր ձիւնահեր,
Կու տաս ողջոյն եւ խոստումներ օրհնաբեր,
Տե՛ս սա տղան քու դիմաց,
Զմայլահար, շփոթած,
Զոյգ ձեռքերն իր դրած փեղկին ապակի՝
Կարծես կ՚ուզէ հասնիլ քեզ,
Որ զինք գրկես
Եւ ինք քու մօտ գայ ծունկի...
Տե՛ս սա տղան անօթի,
Փողոցն ըրած իրեն տուն,
Ամբոխին մէջ, ամբոխին դէմ չարանենգ,
Իր թեւերովն ազազուն
Կեանքին համար ու հացին
Կը մաքառի առանձին։
Կաղանդ պապա,
– Օ՜ մեղա՛յ, –
Այս մանչուկին պիտի չերթաս դուն այցի,
Պիտի չտաս Ամանորի իր ընծան,
Ո՛չ օդանաւ եւ ոչ ձի.
Եւ ան այսպէս պիտի դիտէ քեզ միայն
Ցուցափեղկէն երազի...
Բայց կը ճանչնա՞ս գոնէ թշուառ այս տղան,
Ընկերներն իր փողոցի,
Որ կը տենչան սպիտակ շերտ մը հացի
Եւ սպիտակ ձեռքի շոյանք մը ջերմին՝
Իրենց տժգոյն, գորովազուրկ ճակատին...
Կաղանդ պապա,
Եղիր դուն քաջ մէկ րոպէ,
Դարձուր աչքերդ ու դիտէ
Վիշտն անսահման սա մանչուկի նայուածքին,
Մատներն այրող որ կը գրկեն ապակին
Ցուցափեղկիդ դիւթական
Եւ եթէ դուն կրնաս ժպտիլ տակաւին
Քու ժպիտով տօնական,
Ժպտէ մարդոց ու կեանքին...
«Մուշեղ Իշխան»