ՍԻՐՈՅ ԲԱՐԵԽՕՍ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ
Որքա՜ն գեղեցիկ կը հնչէ մեր հոգեկանին «սիրոյ բարեխօս» արտահայտութիւնը...:
Մեր ազգային սիրահարներու օրն է Սուրբ Սարգիսի տօնը, որ կը տօնուի հազարամեակներէ ի վեր:
Բարին ընդ ձեզ՝
Սիլվի Սրբուհի Մարազեան
Որքա՜ն գեղեցիկ կը հնչէ մեր հոգեկանին «սիրոյ բարեխօս» արտահայտութիւնը...:
Մեր ազգային սիրահարներու օրն է Սուրբ Սարգիսի տօնը, որ կը տօնուի հազարամեակներէ ի վեր:
Ակնթարթ
մը հետևինք մեր անցեալի սուրբերուն առաջնորդութեանը, վերյիշելու համար
իրենց աղօթքներուն զօրութիւնը, որոնք անուշահոտ խունկի նման Աստուծոյ սուրբ
գահին առջև կը հասնին:
Ըստ
սովորութեան, երիտասարդուհիները ալիւրով լի ամանը կը տեղադրէին տանը
երդիքին, գիշեր մը առաջ, որպէսզի Սուրբ Սարգիսի սպիտակ ձին պայտին հետքը
թողու իբր նշան իրենց երազանքներու կատարման:
Նաև
գիշերը աղի բլիթ ուտելով, իրենց ծարաւի զգացումը առանց հագեցնելու կը
քնանային որպէսզի երազէին այն երիտասարդը որ իրենց ջուր պիտի հրամցնէր ու
կողակիցը դառնար:
Անձնական
վկայութիւնս կը ցանկամ կիսել այստեղ. հայրենիքս ժամանած շրջանիս
բախտաւորութիւնը ունեցայ ծանօթանալու՝ աղի բլիթը ճաշակելէ յետոյ երազած
երիտասարդին հետ սրբալոյս ընտանիք կազմաող հաւատացեալ հայուհի «Թ» ին հետ:
Աստուծոյ շնորհքներովը օժտուած այս երիտասարդ մայրը իր զօրաւոր հաւատքով
առաջնորդուած էր Աստուծոյ գեղեցիկ կնիքը տեսնելու օրուայ աւարտին, արևմարի
խաղաղութեանը ու պերճանքին համազօր, հոյակապ կողակիցին հանդիպելով:
Ներկայիս, ցաւալի է վկայել երիտասարդութեան բարոյական անկումին և ինքնարդարացման հպարտութեանը, մեղքերի ծուղակը իյնալով: Մարդիկ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը, դարձած են անձնասէր, ինքնակեդրոն, անպարկեշտ, ըսուածը սխալ հասկնալու հակամէտ, շատ շուտ վշտացող, առանց ընդունելու թէ այդ տեսակի զգայնութեան վիճակը հպարտութեան հետևանք է: Ոչ բանականութիւնը, ոչ ալ ներհայեցողութիւնը կրնան բաւարար լինել իրենց ներաշխարհի խուճապը խաղաղեցնելու:
Վերոյիշեալ բարի օրինակը քաջալերանք մըն է սուրբերու առաջնորդութիւնը և բարեխօսութիւնը ներմուծելու մեր կեանքերէն ներս: Ներկայ սերունդը թերեւս պիտի չժառանգէ ծնողներուն տաղանդը, սակայն կրնայ ներշնչուիլ անոնց արժէքներէն ու սկազբունքներէն եթէ զանոնք հիմնուած են գիտութեամբ ու իմաստութեամբ շաղախուած սիրոյ ժայռերուն վրայ:
Սուրբ Սարգիսի բարեխօսութիւնը առաջնորդէ ձեր կենաց ճանապարհը:Ներկայիս, ցաւալի է վկայել երիտասարդութեան բարոյական անկումին և ինքնարդարացման հպարտութեանը, մեղքերի ծուղակը իյնալով: Մարդիկ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը, դարձած են անձնասէր, ինքնակեդրոն, անպարկեշտ, ըսուածը սխալ հասկնալու հակամէտ, շատ շուտ վշտացող, առանց ընդունելու թէ այդ տեսակի զգայնութեան վիճակը հպարտութեան հետևանք է: Ոչ բանականութիւնը, ոչ ալ ներհայեցողութիւնը կրնան բաւարար լինել իրենց ներաշխարհի խուճապը խաղաղեցնելու: