samedi 23 janvier 2016

♥ ՍԻՐՈՅ ԲԱՐԵԽՕՍ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԸ ♥

Որքա՜ն գեղեցիկ կը հնչէ մեր հոգեկանին «սիրոյ բարեխօս» արտահայտութիւնը...: Մեր ազգային սիրահարներու օրն է Սուրբ Սարգիսի տօնը, որ կը տօնուի հազարամեակներէ ի վեր:
Ակնթարթ մը հետևինք մեր անցեալի սուրբերուն առաջնորդութեանը, վերյիշելու համար իրենց աղօթքներուն զօրութիւնը, որոնք անուշահոտ խունկի նման Աստուծոյ սուրբ գահին առջև կը հասնին:

Ըստ սովորութեան, երիտասարդուհիները ալիւրով լի ամանը կը տեղաւորէին տանը երդիքին, գիշեր մը առաջ, որպէսզի Սուրբ Սարգիսի սպիտակ ձին պայտին հետքը թողու իբր նշան իրենց երազանքներու կատարման: Նաև գիշերը աղի բլիթ ուտելով, իրենց ծարաւի զգացումը առանց հագեցնելու կը քնանային որպէսզի երազէին այն երիտասարդը որ իրենց ջուր պիտի հրամցնէր ու կողակիցը դառնար:

Անձնական վկայութիւնս կը ցանկամ կիսել այստեղ. Երեւան ժամանած օրերուս բախտաւորութիւնը ունեցայ ծանօթանալ՝ աղի բլիթը ճաշակելէ յետոյ երազած երիտասարդին հետ սրբալոյս ընտանիք կազմաող հաւատացեալ հայուհի «Թ» ին հետ: Աստուծոյ շնորհքներովը օժտուած այս երիտասարդ մայրը իր զօրաւոր հաւատքով առաջնորդուած էր Աստուծոյ գեղեցիկ դրոշմը տեսնելու օրուայ աւարտին, արևմարի խաղաղութեանը ու պերճանքին համազօր, հոյակապ կողակիցին հանդիպելով: 

Ներկայիս, ցաւալի է վկայել երիտասարդութեան բարոյական անկումին և ինքնարդարացման հպարտութեանը, մեղքերի ծուղակը իյնալով: Մարդիկ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը, դարձած են անձնասէր, ինքնակեդրոն, անպարկեշտ, ըսուածը սխալ հասկնալու հակամէտ, շատ շուտ վշտացող, առանց ընդունելու թէ այդ տեսակի զգայնութեան վիճակը հպարտութեան հետևանք է: Ոչ բանականութիւնը, ոչ ալ ներհայեցողութիւնը կրնան բաւարար լինել իրենց ներաշխարհի խուճապը խաղաղեցնելու:

Վերոյիշեալ բարի օրինակը քաջալերանք մըն է սուրբերու առաջնորդութիւնը և բարեխօսութիւնը ներմուծելու մեր կեանքերէն ներս: Ներկայ սերունդը թերեւս պիտի չժառանգէ ծնողներուն տաղանդը, սակայն կրնայ ներշնչուիլ անոնց արժէքներէն ու սկազբունքներէն եթէ զանոնք հիմնուած են գիտութեամբ ու իմաստութեամբ շաղախուած սիրոյ ժայռերուն վրայ:

Սիրոյ պահապան «Արագահաս Սուրբ Սարգիսի» համար յօրինուած ժողովրդական երգերէն մի մէջբերում.

«Մեր գետը վարարել ա, սիրտս հետը տարել ա,  
Ինձ պէս զուարթ աղջիկը, ծաղկի պէս թառամել ա:  
 Կարմիր աղլուխը ձեռքիդ, ալ թիկնոցը կռներիդ,  
Սուրբ Սարգիսը զինաւոր, երնէկ հասնի հաւարիդ: Մուրազատուր Սուրբ Սարգիս, դու հասնես մեզ երկուսիս,  
Ջիվան ջաններս պահես, չուզողին ճամբից հանես:

Սուրբ Սարգիսի բարեխօսութիւնը առաջնորդէ ձեր կենաց ուղիները յարգարժան Հայորդիք:
Բարին ընդ ձեզ՝

Սիլվի Սրբուհի Մարազեան