mercredi 27 janvier 2016

ԵՐՋԱՆԻԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՄԵԾԱՐԳՈՅ Ռ.ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Պէյօղլուի Նարեկեան Սրահին Մէջ Յոբելենական Մտերմիկ Հաւաքոյթ 

Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի Հովանաւորութեամբ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ 90ամեակը

 Պէյօղլու Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ մեծահանդէս հաւաքոյթով, բայց մտերմիկ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Ռ.Հատտէճեանի ծննդեան 90ամեակը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մարմարա օրաթերթի փոխ-խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ:
Հանդիսավարն էր Մարիամ Տրամէրեան որ այս մտերմիկ հաւաքոյթը բացաւ տաքուկ արտայայտութիւններով ու ողջունեց Խմբագրապետին այս պանծալի հանգրուանը, խօսք տուաւ զանազաններու, որոնք սրտի կարճ խօսքերով յայտնեցին իրենց խանդավառութիւնն ու շնորհաւորական արտայայտութիւնները հանդէպ մէկու մը, որուն գործակիցը, կամ բարեկամը, կամ ընթերցողը եղած էին: Ան ըսաւ որ Ռ.Հատտէճեան ունի խիզախ գրիչ մը, բայց խաղաղասէր է և երբեք չէ եղած անջատող, իր տեսակէտները պարզած է առանց յարձակում գործելու դիմացինին վրայ:
Կարգաւ խօսեցան Վաղարշակ Չիլճեան որ ըսաւ որ Հատտէճեան տուած է առանց սակարկելու. յիշեց որ երանելի է տալը քան առնելը՝ Աւետարանի ասութեամբ:

Մաքրուհի Պ.Յակոբեան ըսաւ որ Ռ.Հատտէճեան սորվեցուցած է մեր բոլորին թէ որքա՜ն հրապուրիչ է յամառ աշխատասիրութիւնը, անմեղունակ բարութիւնը, անսեթևեթ համեստութիւնը, պարկեշտութիւնը, համբերատարութիւնը, ճշմարիտ ազգասիրութիւնը, անդաւաճան եղբայրասիրութիւնը և իրաւ հայրենասիրութիւնը, որոնք իր կեանքի անխախտելի նշանաբանը դարձուցած է:

Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդէն Ժագլին Էրմէն ըսաւ որ Ռ.Հատտէճեան իր մեղրածոր գրիչով մեզի սիրցուց հայ գիրն ու գրականութիւնը, մեր հոգիներուն մէջ ներմուծեց անմահական հայոց լեզուն:

Ելոյթ ունեցաւ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ դիտել տուաւ որ Հատտէճեան 1926ին ծնած էր դարձեալ Երեքշաբթի օրով: Ան ըսաւ որ Հատտէճեան բառերով ու տառերով զարդարուած ճաշասեղաններ կը հրամցնէ, շքեղանշաններ կը հրամցնէ ո՛չ միայն մեզի, այլ նաև վաղուան սերունդներուն:

Մարմարաի անձնակազմէն Նաիրա Սիւզմէ ևս իր սրտի խօսքը ըսաւ: Քսան տարիէ ի վեր երջանկօրէն կը բաժնէ Պր. Ռոպէրին հետ Մարմարա-ի յարկը որ լուսատու փարոս մը եղաւ լրագրական և խմբագրական իր փորձառութիւններու ճամբուն վրայ: Աւելցուց որ մեծապէս շնորհակալ է իր ճակատագրին որ դէպի Մարմարա առաջնորդեց իր քայլերը:

Խօսեցաւ նաև Ռ.Հատտէճեանի տարեկից գրչեղբայր Վարդ Շիկահերը որ փայլուն նախադասութիւններով պանծեցուց մեր Խմբագրապետը ու ըսաւ որ ան Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երեք խորաններուն քով չորրորդ խորան մըն է մշակոյթի ու գրականութեան ուղիով:
 
Իր սրտի իմաստալից խօսքը ըրաւ նաև Սահակ Եպսկ. Մաշալեան որ օրուան մեծարեալին մասին գովասանքի արտայայտութիւններ շռայլելով հանդերձ ունեցաւ ուշագրաւ դիտարկումներ Ռ.Հատտէճեանի սերունդի մտաւորականութեան մասին: «Այս սերունդի մարդիկը քաղաքականութիւնը լաւ գիտէին- բայց հեռատես մերձեցումով մեր հարցերը կը ջանային լուծել մեր կաթսայի մէջ», ըսաւ Սահակ Սրբազան:

Ամէնէն վերջ իր սրտի խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ ինքը, օրուան մեծարեալը, Ռ.Հատտէճեան, որ սիրով ողջունեց իրեն համար այս այնքան անակնկալ հաւաքոյթի մասնակից սիրելի դէմքերը: Իր զարմանքը յայտնեց այս անակնկալ հաւաքոյթին համար:

Ըսաւ որ երանի թէ հո՛ս ըլլային Մաշտոցն ու Պարոնեանը, որպէսզի տեսնէին որ հայ գիրը կը շարունակուի ու մարդիկ հոս են ո՛չ թէ ուտել-խմելու համար, այլ՝ մեծարելու համար:
Արձագանգելով Իգնա Սարըասլանի, ըսաւ որ ինք բախտաւոր եղած է և չէ վախցած խոստովանելէ ատիկա: Իրեն շնորհուած բարիքներէն մէկը եղած է գեղեցկութիւնները ճանչնալ ու չնախանձիլ ուրիշներու ստեղծած գեղեցկութիւնէն ու զայն բաժնել բոլորին հետ:

Այնուհետև,  ծափահարութիւններու տարափին տակ մէջտեղ բերուեցաւ օրուան տարեդարձի հսկայ կարկանդակը, որուն վրայ կար մեծարեալին պատկերը: Ռ.Հատտէճեան և իր կողակիցը միասնաբար կտրեցին կարկանդակը:

Իսկապէս շատ տպաւորիչ ու ներշնչող մթնոլորտ մըն էր որ ստեղծուած էր: Բոլոր ներկաներուն աչքերուն մէջ զգալի էր այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուած ըլլալու ու Ռ.Հատտէճեանի մտերմութիւնը շնչած ըլլալու գոհունակութիւնն ու երջանկութիւնը:
 
 
համառօտ՝ ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ-27-01-2016
http://www.normarmara.com/index.html 
Նկարները քաղուած են 
Նուպար Կիւզէլտէվլէթեանի և Սօնա Մէնթէշէի դիմատետրի էջերէն