mercredi 6 janvier 2016

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԲԵՐԷ՛ ԲԱՐԻՆ


Տարի մը եւս  բոլորեցինք,  քաղցր ու դառն յուշերու հետքերով:  Խանդաղատանքով ու տագնապներով ծանրաբեռնուած օրերը հեւ ի հեւ սահած, սլացած են մեր կեանքէն:  Հեռացող տարին, ալ գաղտնիք մը չունի մեզի համար, իսկ նոր տարին, անակնկալներով լիառատ, ծածուկ յուզումներով ու անսպասելի արարքներով բեղուն կը ծաւալի մեր առջեւ:

Կը դիմաւորենք այս նորածին հսկան, բարեփոխուած ապագայ օրերու հեռանկարով, բուռն ցանկութիւններով ու ամէն տարի կրկնուող բարեմաղթութիւններու կաղապարեալ բանաձեւումով:

Նոր տարին մեզի պիտի ընկերակցի չորս եղանակներու ընթացքին,  կախարդական բնանկարներ հրամցնելով:
Այս անծանօթ ու անստոյգ ծաւալումին նկատմամբ մերթ ուրախ մերթ տխուր տրամադրութիւններով,  համահունչ առօրեայի մը խուճապը պիտի դիմագրաւենք ըստ մեր զգացմանց ազնուութեան ու բնածին իմաստութեան:

Ի՜նչ զարտուղի ու աներեւակայելի դէպքեր ու հանդիպումներ պիտի վայելենք  ներկան անցեալի վերածող այս ժամանակաշրջանին,  չենք գիտեր:

Պահ մը թեւածենք երեւակայական աշխարհի մը նրբանցքներէն ներս,  անզուսպ զգացումներու հեղառատ հմայքին ու ճախրանքին հետեւելով:

 Ո՜րքան հաճելի պիտի լիներ անդորր ու հեշտալուր դաշնակութեամբ շաղախուած իրերայաջորդ առօրեայի մը վերացական ենդարթրութեամբ,  մատչելի ու համախոհ մարդկանց հետ հրաշք հանդիպումներ ունենալ...:

Օրէ օր գունատած  ընկերային կեանքի ապրումներուն առկայ ամայութիւնը փարատող,  գերզգայուն հոգիներու հետ բանաստեղծային ու սանձարձակ տրամախօսութիւններ վայելել...:

Ազնիւ, բարեկիրթ ու քաղաքավար քաղքենիի մը կենցաղով թրծուած,  անգերազանցելի մտքի մշակներու հետ յափշտակութիւն առթող զուգադիպութիւններու մասնակցիլ...:

Բարոյական սկզբունքներու հաւատարիմ, ընկերային կեանքի ու Հայկական ընտանեկան աւանդութիւններուն պատշաճ՝ անշահախնդիր ու անանձնական առաքինութիւններով օժտուած մարդկանց հետ ծանօթանալ...:

Ազնիւ ու անխարդախ զգացումներով ծանրակշռուած, քրիստոնէական հաւատքի շունչով օծուն,  քնարերգական ներաշխարհի մէջ ապաստանեալ,  ժանեակէ  շղարշի  նման փափուկ ու հմայիչ ներդաշնակութեամբ Հայաբարբառ՝  ոճի, խօսքի ու գիրի նուիրեալ մշակներու հետ անպարոյր ու բազմաբեղուն զրոյցներ ունենալ... որքա՜ն երանելի պիտի լիներ  Աստուա՛ծ  իմ...:

Յանկարծ  ուժգին հնչող դռան զանգով կը սթափիմ հեզամրմունջ մտորումներէս.  նամակացրուիչն է որ ըստ սովորութեան նոր տարուան օրացոյցները կը վաճառէ թաղեցիներուն,  յապաղումէս  ջղայնացած երիտասարդը  ալ աւելի երկար ու արագ կը հնչեցնէ զանգը, կառչելով ցանկապատին:

Կը մտածեմ այս վերացական հանդիպումներու մասին.  ըստ ինքեան «թերեւս մի օր...ո՞վ գիտէ» ըսելով կը մեկնիմ երազանքներուս փապուղիէն:

Սիրելի Հայորդիք, վայելէ՛ք, անմոռանալի հանդիպումներ,   զուսպ ու անկեղծ մարդկանց հետ, շնորհառատ Աստուծոյ անգերազանցելի սիրոյն արժանանաք, հաւատքի և յոյսի յորդառատ աղբիւրներէն յագեցնէք ձեր բարոյացուցիչ խաղաղութեան  ծարաւը:
Հուսկ յետոյ, Աստուծոյ շնորհքներովը և օրհնութիւններովը լիաբուռն բարեստուեր տարի մը բոլորիդ՝ անխռով և անտրտունջ:

♥ Շնորհաւոր Նոր Տարի և Երանելի Սուրբ Ծնոնդ ♥
  Բարւոք ընդ ձեզ՝ 
 
ՍԻԼՎԻ-ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ

http://www.azator.gr/yoduatsagrutiw/14480-2016-01-05-11-26-28