dimanche 25 juin 2017

ՕԳՍԷՆԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ☺ Ալփասլան ✉️ՀՈՌՈՓԻԿԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ՕԳՍԷՆԻՆ






ՕԳՍԷՆԻՆ ՆԱՄԱԿԸ
Ռամկական բանաստեղծութիւն
 
Իլք պահարին էր, սօխախին վարէն
Էս քեզի օր մը տեսայ բէնճիրէն.
Կըլօխըդ կապած կէճէլիք եազմա,
Կըռնակդ տալլը շապիկ մը պասմա,
Սուռաթըդ փառլախ թիւլպէնտի կըտոր,
Հէմէն կիտես քի մարէի պըտոր...:
 
Ներսիդիս ալթ իւսթ եղաւ մէյ մըն ալ,
Անճախ քի կրցայ պէրանըս պանալ,
Ծանըս ձըգեցի, կիտե՞ս Հոռոփիկ,
-«Թարչին պահարլը նօհուտլու թօփիկ»:
Տուն էրէրցուցիր տուտախըդ քիրազ,
Ըսիր- «Տատընա պագայըմ պիր ազ»:

Տուռը կայնեցայ, վար ինջար հէմէն,
Ան թազէ ֆիտան, չայիր ու չիմէն
Պօյ պօս էնտամըդ, աշկըդ քէսթանէ,
Բիլիճ պօղազըդ, թուշըդ տեսայ նէ՝
Ա՜լ չի տիմացայ- «Կիւզէլ գըզ, ըսի,
Սանա հէլալտըր թօփ, թօփճու, հէ՜փսի,
Բարա իսթէմէզ, եէթէր քի պր սէն
Պէնի կէօրտիւքճէ եիւզիւմէ կիւլսէն»:
 
Պէրանըս կօցվէ՜ր, քէշկէ՛ չըսէի,
Կասկարմիր էղար ա՛լ նառ չիչէյի,
Ներս փախար, տուռը կոցեցիր պիրտէն
Բէնճէրէն կացիր, քաշեցիր բէրտէն...:
Ա՜խ, իշտէ անկէ, ա՛ն օրէն պէրի
Ճիյէրս, ա՛յ Հոռոփ, աշկովըդ կ՛էրի,
Շաշխըն էմ դարձեր, առտու իրիկուն,
Նէ իստէկ ունիմ, նէ ըռահաթ քուն,
Նէ կըլօխս խելք, նէ վըրաս տէրման,
Աշկէս տուրս կ՛ելլայ կիտէս քի տիւման...
 
Ան քանի միտկըս չե՞ս իգար, կիւլիւմ,
Կ՛ըսեմ աս էօմրէն աղէկ է էօլիւմ
Խօվուշը, խախվէն, չարշին, մահալլէն,
Կը նստիմ, կ՛ելլամ ախ վախ ընելէն,
Նէ՛ ըռախին խէր կ՛ընէ, նէ՛ թիւթիւն,
Արխատաշներս կը խնտան պիւթիւն,
Կ՛ըսեն քի՝ «Եազըգ, զավա՛լլը Օգսէն,
Կընիկ մը խուրմիշ ըրեր է էօքսէն
Տուն ալ խուշի պէս սէրսէմ պուտալա,
Պիրազ գօնայըմ ըսիր պու տալա...
 
Տուզախը ինկար, ա՛լ պոռա, կանչէ...»
Չէ՛ վալլահա՛ աս կաշվելու պան չէ:
Մընե՛ր, խըյանէթ, կիւնա՜հ է ինծի,
Աճապ ա՞շք ունիս զէնկինի, մենծի.
Քի մէյ մը ինծի չես նայիր պիլէ...
Էս քեզի էսիր, խուլ խուրպան, քէօլէ,
Մէյ մը վըրանիս կարդա տէրպապան,
Արթըխ տուն ինէ կիտցիր ամէն պան...
 
Էս քեզի տարին տասվերկու ամիս
Հաց, մում, շաբաթը օխա մըն ալ միս
Պակաս չեմ ըներ էս մա՛րդ եմ, հէմ ալ
Կ՛առնեմ, կը ծախեմ հարուր թիւրլիւ մալ
Ձըմեռը՝ միտիա, թորիկ, քարիտէս
Պահարին՝ զէրէն, ֆուլիա խունկի պէս,
Էտքը վախիթը կուգայ չիլէնկին,
Էտքը պօսթանը, խառբուզին սէրկին,
Էտքը խայիսի, շէֆթալի, արմուտ.
Էտքն ալ ուսկումրի, քէֆալ, փալամուտ:
 
Մեր տունէն պակաս չըլլար լաքէրտան,
Կը տատիմ քեզի կը շինեմ ֆիստան...:
Տուն իմին տիւշկիւն հալիս մի՛ նայիր,
Խասըմին հետըդ էրթանք բանայիր
Տէ հոն նայէ քի մէկ հատ մը օլսուն
Կա՞յ Օգսէնին պէս պապայիթ թօսուն:
 
Հոռոփիկ, ներսըս կը վառի ալէֆ,
Վա՜խ ճիվան էօմրիս քի կ՛ըլլայ թէլէֆ,
Հաչան քի քեզի կէօնիւլ տուեր եմ
Քեզի չառնեմ նէ էս կ՛ըլլամ վէրէմ...:

Ներսըս կը պանի թէստէրէ, քէսէր
Մէրհամէթ ըրէ, էկու չէ՛ մ՛ըսեր:
Տուն մէշքիս խուշախ, կըլօխիս մանտիլ,
Էս ֆէնէր ըլլամ, տուն մէջը խանտիլ,
Էս սախսի ըլլամ, տուն զէրէն զիւմպիւլ,
Էս խաֆէս ըլլամ, տուն մէջը պիւլպիւլ,
Տուն տիրէկ ըլլաս, ես եէլքէն պէզի,
Հովը փըչէ տէ փաթտըւիմ քեզի...:
 
Կէնե կ՛ըսեմ քի չեմ դիմանար կոր,
Իշտէ մընացի տէրիյով օսկոր,
Տահա ի՛նչ գըրեմ, հալըս եաման է,
Թախ քի մէքթուպիս ճուղապը գայ նէ,
Պըտոր պէքլէյէմ, ամա չէ՛ չըսես,
Զիրա, խապիլ է, քէտէրէս, խըռսէս,
Կ՛ուզես նէ հաւտա, կ՛ուզես մը հաւտար,
Էտքը կէշութիւն կ՛ըլլայ...: Ա՛ս խըտար:
ԱԼՓԱՍԼԱՆ-ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
 
ՀՈՌՈՓԻԿԻՆ ՆԱՄԱԿԸ՝
 ՕԳՍԷՆԻՆ
Պատասխան՝ Ալփասլանի «Օգսէնին Նամակը»ին
գրեց՝ ՏՐԴԱՏ ՆՇԱՆԵԱՆ (Գրեմ Սիմօն)

Իլք սահաթին էր, մէքթուպըդ առի,
Սիրտըս տող էլաւ, աճապա ըսի,
Ասլան Օգսէնըս՝ մոռցա՞ւ մի ինծի,
Քի ջէյրան պօյով՝ թապլան կլօխին,
Չասնիր կոր ալթըխ, առտուն շաֆախին:
Առտու իրիկուն փէնճիրէս պաց էր,
Քեզ տեսնամ տէյի՝ աշկըս տուրսերն է:
 
Ֆիտան պօյովըդ, տուն պապաեիղիթ
Մեղքս առիր քիմ՝ հետըդ չեղանք ֆիթ,
Մի մեղքըս առնէր, էս ինտո՞ր կըրնամ
Առջի տեսնալուս, հէմէն՝ հա՜ կուգամ
Ըսեմ, դրացիք ի՞նչ պիտոր ըսեն,
Վերջն ալ նամուսըս փարայի մ՛ընեն,
Հետըս ալ տահա՝ մուհապէթ չընեն:
 
Կիտցիր քիմ էս ալ՝ իլք տեսած օրէս,
Սիրտըս չը՛թ ըրաւ, հիչ չելլար միտքէս,
Հէլէ ծանովդ՝ ան ծանիդ ղուրպան,
Պիւթիւն կէնճերուն, կարդայիր մէյտան,
Չինար պօյովդ շէօհրէթ հանեցիր,
Ի՜նչ աղջիկներու սիրտեր վառեցիր:
 
Ամմա ի՜նչ ես տուն... աշկըդ ինծի էր,
Օլսա տա, օ՛ տուր, խաս ալթըն տէյէր
Ըսեր ես չորս դին, ինտո՞ր ընէի,
Չտիմացայ ալ, խալէմըս առի
Ճուղապըս կրեմ՝ Օգսէնիս ըսի,
Սրտիս մէջինը տուրս պիտոր թափեմ
Օլտուգճա օ տուր՝ Օգսէնըս ըսեմ:
 
Ամմա խըյանէթ՝ պիտոր գաս հէլպէթ,
Նըշանիս մատնին պէրէս՝ մուխայէթ,
Նէ էլմաս կ՛ուզեմ՝ նէ ալ պոլանթի
Խալպ եա ճամ ըլլայ՝ կամ տէմիր չիվի,
Կը բաւէ քիմ տուն՝ ծառքըդ տաս ինծի,
Մէյ մ՛ալ տէր պապան կարդա վրանիս
Աղուոր մը կ՛ուտենք միտիա տօլմանիս:
 
Հէմ տահա ինչե՜ր, ինչե՜ր ունիմ էս.
Ի՜նչ մարիֆէթներ, ինչերո՜ւ հավէս,
Երբ քովըս ըլլաս, չորս պատին մէջը,
Լուսն ալ մարի նէ՝ թևերուդ մէջը
Ճէննէթին ճամբան...ա՜խ պիտոր պռնենք
Մինչօք շաֆախը... ա՜խ պիտոր քաշենք
Աս խըտար տէրտին՝ ալ աճին հանենք:
 
Իշտէ Օգսէնըս՝ կիրըս լմնցայ,
Մարած ֆէնէրիդ՝ խանտիլը էղայ
Սախսիդ մէջի՝ մօռ մէնէքշէն էմ
Խաֆէսիդ մէջի՝ ճանլը պիւլպիւլն էմ
Տուն մախառաս էս, էս խըլ եօռղանի
Մինչօք էօմրիս վերջ՝ փաթթուիմ քեզի,
Ալ տէրտ չընես հա՝ պաչիկ մը քեզի:
 
Էկուր ալթըխ տուն՝ ալ չեմ տիմանար
Էկուր Օգսէնըս՝ Հոռոփիկդ տար,
Էկո՛ւր, պէր հետըդ՝ Լիւֆէր ուսկումրի
Աղուոր մը տապկեմ, տանք կլօխ կուլխի,
Չի մոռնաս ամա, քի Սուրբ պսակէն
Առաջ չի կայ հա... ուտել պտուկէն:
 
ճանդ՝ ՀՈՌՈՓԻԿ-1955



dimanche 18 juin 2017

♥ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ ♥

Աստուած օրհնէ ընկերային կեանքի բարոյական սկզբունքներուն համաձայն ապրող, աւանդապահ Հայ ընտանինքի. հայրը, մայրը, տատիկը, պապիկը, երախաները:


ՀԱՅՐԵՐԵԳ

Ես թող շիջիմ մո՛մ օրհաս,
Դուն բորբ վառիս, բո՛ց տղաս.
-Եւ շունչովը կրակիդ՝
Ձմեռըս տաք մնայ միշտ:

Շուք շուք մթնեմ ցայգ մ՛իբրև,
Դուն շողշողաս իբր արև.
-Եւ ճաճանչիդ փառքով պերճ՝
Յուշըս ցոլայ անցքէս վերջ:


Ես թող փլիմ օրէ օր,
Դուն բարձրանաս՝ տո՛ւն աղուոր,
-Եւ քու հասակդ իմ վրան
Դառնայ շքեղ յուշարձան:


Թօշնիմ աշուն առ աշուն,
Դուն բողբոջիս՝ նո՛ր գարուն,
Հասակ նետես կաղնօրէն,
-Եւ սաղարթիդ ներքու շէն՝

Ապրիմ երազըս վերջին...

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ



Հայրերու օր

Բարի հայրիկ իմ սիրելի,
Տօնդ է այսօր ի˜նչ հաճելի:
Արագ եկուր գործէն դուն տուն,
Քեզ կը սպասեմ աշխուժ, ժպտուն:


Հայրերու օր, ի˜նչ ուրախ օր,
Հայրերու օր, տարին մէկ օր,
Մեզ տայ յուշեր տարին բոլոր:


Ուրախ - զուարթ ցատկենք խաղանք
Տօնենք այսօր զուարճանանք:

Քեզի համար երգեր երգեմ,
Ցոյց տամ որ քեզ շատ կը սիրեմ

Հայրերու օր, ի˜նչ ուրախ օր,
Հայրերու օր, տարին մէկ օր,
Մեզ տայ յուշեր տարին բոլոր:


Արմիկ Փանոսեան - Ղազարեան



ՀԱՅՐՍ

Հայրս տանիքն էր մեր տան,
Մայրս թոնիրն էր լռիկ,
ներսում էինք մանկութեան,
Որպէս բերդում անառիկ:


Ձմեռ-գարուն մենք ներսում
Մինչ կ՛երգէինք անտարբեր՝
Մեր տան տանինքն էր մրսում
Դրսում՝ գլխին սեւ ամպեր...


Կայծակներ էր բռնում միշտ
Հայրս՝ տանիք-շանթարգել,
Ներս չէր թողնում հողմ ու վիշտ՝
Մեզ բիւր ցաւից կը փրկէր:


Ի՞նչ գիտնայինք մենք ներսում,
Որ հողմերում անողոք
Կուչ էր գալիս սեւ դրսում
Տանիքի պէս անբողոք:


Գղխին ամպ ու փոթորիկ...
Ու... չզգացինք յաւիտեան,
Որ դողում էր նա լռիկ,
Որ տանիքն էր նա մեր տան...


Յովհաննէս  Շիրազ



«Ան մարդը որ անզօր է հայրական պարտականութիւնները կատարելու մէջ, ինքզինք յանցաւոր պէտք է զգայ հայր դառնալով. ան իր այս աններելի թերացումէն կրած վշտի դառնութեանց մէջ պիտի մնայ անմխիթար:»

Արժ. Սարգիս Աւագ Քհնյ. Անտրէասեան





ՀԱՅՐՍ

Թռչունի գաղջ հայեացքին մէջ
Կ՛արթննար.
Օրուան բոսոր ծաղիկներուն
Հազար ու մէկ լուսամուտներ
Բանալու...

Ու ցայգամերձ փողոցներու լռութեամբ,
Կ՛ունկընդրէի
Ծեր աքաղաղն,
Որ որբացած հրեշտակներ աչքերուն՝
Կը ձայնագրէր,
Թէ արեգակն ամենարդար
Հօրս կիզուած ափերո՛ւն մէջ
Կը ծագէր...

Իր ստուերով,
Կը հանդերձէր
Դաշտերուն մերկ տարածութիւնն օրն ի բուն,
Որ մայրամուտն
Երբ տունէ տուն դատարկէր
Կախարդանքն իր ցորենահա ափերուն,
Թռչուններ կուշտ՝
Հա՛ցն օրհներգեն
Երդիքներու արևախանձ քիւերուն:

Ու երբ յոգնած
Փակեց աչքերն,
Իր ափերուն գմբէթային հեքիաթներէն՝
Դեռ կ՛առկայծէր
Նշո՜յլ մը լոյս,
Մեր աղօթքին
Հանապազօրեայ բառերն լուսաւորելու...

Մատնեմատին,
Վաղնջական լիալուսնի շողը վրան՝
Լռութիւն էր մատանին:
Իր շուրթերուն հեռուներէն,
Համբոյրի պէս հոն ամփոփուած՝
Մօրս շշուկն ամէն րոպէ
Կը յօրինէր
Սրտիս տրոփն առաջին...:


ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ



ՀԱՅՐՍ

Կը գար հայրս Շիրակի հովերի հետ իրիկուայ,
Կը շողշողար բահն ուսին՝ սարից իջնող լուսնի պէս,
Կը գար հայրս, կը յիշեմ երազի պէս երէկուայ,
Կարծես աշխարհն էր մտնում մեր խրճիթի դռնով ներս...


Կը գար բոլոր Շիրակի բոստանների բոյրերով,
Կը շողշողար բահն ուսին՝ մեր տան ոսկի յոյսի պէս,
Եւ ինձ կ՛առներ ուսերին, ու խրճիթում զնգալով
Իմ թոթովանքն էր թռչում՝ «հայրի՛կ ուսիդ բահն եմ ես»...


Բոստաններից միշտ կը գար՝ տու բերելով բոյրն հողի,
Ու ես գիրկը կ՛ընկնէի՝ կը սուզուէի ողջ գիշեր,
Համեմների մարգերը ու մարգերը թարխունի
Մանուկ սիրտս հէքեաթի դրախտներում կը շրջէր...


Կը գար հայրս ու բոյրով եաշտերը մեզ կը բերէր,
Էլ չէի մօրս հաւատայ թէ՝ ախ չունենք մենք բոսդան,
Թէ՝ ուրիշի ջրւորն էր ամպի նման հայրս ծեր,
Կը գար հայրս, կը յիշեմ, ու մանկան պէս դեռ կու լամ:


ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ



Հ Ա Յ Ր Ը

Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ զարդը երդիքին,
Սեղանը բարի օրուան յոգնութեամբ,
Արդար պտուղն է իր բարօրութեամբ:


Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ գանկը երդիքին,
Ան հոգերն, հրճուանք, կ՛ապրի միասին
Զաւակներուն հետ, յոյզերով անգին...:


Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ վարդը երդիքին,
Հայր ու մայր երկու նուիրեալ նմոյշ,
Հիմերն են տանը, կեանքի մը անուշ...:


Սեղանը առանց մօրը ու հօրը,
Անհամ ու անլի է կերակուրը...
Զրկել հայրիկը տանը երդիքնէն,
Մեղքն է մեծագոյն, հեռու բարիքէն...:


Ապրի՛ հայրիկը տանը երդիքին,
Քանի փրկարար սիւնն՝ ընտանիքին,
Մի քանդէ՛ք տունը, անոր պակասով,
Սեղանը չըլլայ տխրամած ու սով...:


Հայրը պատուական, իր ընտանիքին,
Պէտք է որ ըլլայ կամքը երդիքին,
Ան օրինակը իր շաւիղներուն,
Որոնք պիտ՛ պահեն հարազատ անուն...:


Ծեր հայրն ալ նեցուկ իր զաւակներով,
Մենք, և բոլորս կը պարծինք անով,
Յարգանք հայրիկին, փարքը երդիքին,
Յոգնա՜ծ, պարտասա՜ծ, անոր քրտինքին...:


Գիշերին լո՜յսն է հայրիկը տունին,
Ա՜խ ինչ տխուր է, անոնք որ չ՛ունին...
Որբ ըլլալ հօրմէ, հարազատ մօրմէ,
Թախիծը սրտիդ, մե՜ծ տարապանք չէ...:


ՎԱՀՐԱՄ  ԾՈՒԼԻԿԵԱՆ


ՀԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդ­կա­յին կեան­քը իր խորհր­դա­ւոր կազմ­ուած­քով իր մէջ կը ներգ­րա­ւէ այն­պի­սի նկա­րա­գիր­ներ, որոնք իս­կա­պէս կշիռք մը ու բա­րո­յա­կան պատ­կեր մը կը պար­գե­ւեն անոր:
Ծնող­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը կեան­քի առա­ջին իսկ օրե­րէն, տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն եղած է պատ­մու­թեան մէջ: Հո­գա­տա­րու­թեան, ապա­հո­վու­թեան եւ սի­րոյ կեդ­րոն մըն է ըն­տա­նի­քը որ կը բաղ­կա­նայ ծնող­նե­րէ ու զա­ւակ­նե­րէ:
Ամէ­նէն նուի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւնը մար­դուն հա­մար ըն­տա­նիքն է, եւ հարկ է որ այդ­պէս ըլ­լայ: Ըն­տա­նի­քը եւս ու­նի իր նուի­րա­պե­տա­կան կա­ռուց­ուած­քը, զոր ինք­նին ըն­կե­րու­թիւն մըն է, զայն առաջ­նոր­դող հօր եւ մօր տի­պար­նե­րով, անոնց հսկո­ղու­թեան եւ իմաս­տուն ղե­կա­վար­ման ներ­քեւ:
Ըն­տա­նի­քը իր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ շատ խոր ու բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճան յար­գան­քի ար­ժա­նի մի­ջա­վայր մըն է, որուն եր­դի­կին ներ­քեւ սե­րունդ­ներ ծիլ կ՛առ­նեն, կը ճիւ­ղա­ւոր­ուին եւ կ՛ար­մա­տա­ւոր­ուին: Անոնց առըն­թեր, անոնք կը դաստ­ի­ա­րակ­ուին, կ՛ուռ­ճա­նան բա­րո­յա­կան եւ մարդ­կա­յին սկզբունք­նե­րով, կրօ­նա­կան ու ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեամբ, որոնք ան­մասն մէկ բա­ժինն են այս կեան­քին:
Հայ­րու­թեան մա­սին խօ­սե­լով կամ անոր մե­ծու­թեան մա­սին խոր­հե­լով, ինք­նա­բե­րա­բար կը խօ­սինք ըն­տա­նի­քի մա­սին: Ըն­տա­նի­քը կը հիմ­նադր­ուի հօր ու մօր ներ­կա­յու­թեամբ եւ անոնց որո­շու­մով: Հայ­րու­թիւնը ինք­նին խոր­հուրդ մըն է, զոր հայ­րու­թեամբ կ՛ըմբռն­ուի, հաս­կա­ցո­ղու­թեան կու գայ, կը լից­քա­ւոր­ուի եւ առա­ւել կը հա­սուն­նայ ան­ձի մը հա­մար, ինչ­պէս է պա­րա­գան մայ­րու­թեան:
Հայ­րու­թիւնը, պաշ­տօ­նէ մը կամ տիտ­ղո­սէ մը աւե­լի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն է, նուի­րում ու հա­ւա­տար­մու­թիւն: Բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի գի­տակ­ցու­թիւն, եւ մնա­յուն օրի­նա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ըն­տա­նի­քէն ներս:
Տի­ե­զեր­քի երե­սին չկայ ոե­ւէ հայր, որ ինք­զինք կրնայ զերծ նկա­տել այս պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, որով­հե­տեւ հայ­րու­թիւնը իր էա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, կը տա­րած­ուի բո­լոր հայ­րե­րուն վրայ ու բո­լոր հայ­րե­րուն հա­մար:
Կա­րե­ւոր չէ թէ այ­սօր կրնանք նա­եւ հա­կա­ռակ տի­պար­ներ տես­նել մեր չորս­դին, սա­կայն անոնք միայն դժբախ­տու­թիւն­ներ են, որոնք եր­բեք չեն կրնար խա­թա­րել հայ­րու­թեան նուի­րա­կա­նու­թիւնն ու գու­ցէ սրբու­թիւնը:
Հօր մը տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւնը իր ըն­տա­նի­քի գլխուն, որ­պէս հո­գա­տար ու խնա­մա­կալ, աշ­խա­տա­սէր ու նուիր­եալ էակ, կրնան ար­դա­րաց­նել իր հայ­րու­թիւնը, այ­լա­պէս ան կը դառ­նայ պար­զա­պէս ներ­կա­յու­թիւն եւ անօ­րի­նա­կե­լի ան­հա­տա­կա­նու­թիւն:
Հայ ժո­ղո­վուր­դի մօտ հայ­րու­թիւնը վա­ղուց ար­դէն նուի­րա­կա­նա­ցած իրո­ղու­թիւն է, որով­հե­տեւ մեր կեան­քին մէջ մեծ դեր ու­նե­ցած են եւ ու­նին մեր հայ­րե­րը, որոնք իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ան­կէ դուրս հա­մայ­նա­կան մեր մեծ ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ իրենց վիթ­խա­րի դե­րը ու­նին:
Մեր հայ­րե­րը ուղ­ղա­կի եւ գործ­նա­կան ներշն­չում են մեր ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս, լա­ւա­գոյն տի­պար ու վստա­հե­լի յե­նա­րան մեր մայ­րե­րուն նման: Պատ­մու­թեան էջե­րը երբ ան­գամ մը եւս թեր­թա­տենք, հոն պի­տի տես­նեք, թէ հայ հայ­րե­րը ինչ տե­սակ նկա­րագ­րի տէր մար­դիկ եղած են, որոնց հա­մար իրենց ըն­տա­նի­քը ան­գե­րա­զան­ցե­լի եւ մաք­րա­մա­քուր կա­ռոյց է:
 Ճիշտ այդ պատ­ճա­ռով, թշնա­մի­նե­րը առա­ջին հեր­թին մեր հայ­րե­րուն վնաս հաս­ցու­ցին, զա­նոնք ան­հե­տա­ցու­ցին, հե­ռու քշե­ցին իրենց տու­նե­րէն ու ըն­տա­նիք­նե­րէն, զի­րենք զրկե­լով իրենց հայ­րա­կան կո­չու­մէն, որ­պէս­զի շատ աւե­լի դիւ­րաւ կա­րե­նա­յին ոչն­չաց­նել մեր ան­մեղ մայ­րե­րը, քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը: Սա­կայն այդ ծրա­գի­րը եր­բեք ալ չյա­ջո­ղե­ցաւ, որով­հե­տեւ մեր հայ­րե­րուն թո­ղած աւան­դը, անոնց օրի­նակն ու բարձ­րա­գոյն տի­պա­րը փո­խանց­ուե­ցաւ մեր ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, որոնք ար­ի­ա­բար շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ, գո­յա­տե­ւել եւ հայ­րե­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նել:
Հայ հայ­րե­րուն ու մայ­րե­րուն չար­չա­րանքն ու նա­հա­տա­կու­թիւնը նոր աւի­շով զար­դա­րեց իրենց ըն­տա­նիք­նե­րը, որոնք աշ­խար­հով բո­լոր ներ­կա­յու­թիւն ցոյց տուին ու իրենց ծնո­ղաց դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան հի­ման վրայ սե­րունդ­ներ կեր­տե­ցին:
Ու­րեմն այ­սօր եւս մեր ներ­կայ ըն­կե­րու­թեանց ճգնա­ժա­մա­յին պա­հե­րուն, նոյն գի­տակ­ցու­թիւնը կը պա­հանջ­ուի հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն, ըլ­լա­լու գի­տա­կից, նուիր­եալ, ըն­տա­նի­քը սի­րող ու ամէն մի­ջո­ցի դի­մող, այդ ըն­տա­նի­քի ամուր գո­յու­թեան, շա­րու­նա­կու­թեան ու բեղմ­նա­ւոր­ման ի խնդիր:
Ըն­տա­նիք կազ­մե­լը ար­ժէք մըն է, սա­կայն այդ ըն­տա­նի­քը պա­հե­լը պա­տիւ, ար­ժա­նիք, նուի­րա­կան առա­քե­լու­թիւն եւ օրհ­նու­թիւն է: Ուս­տի ոե­ւէ ան­հատ իրա­ւա­սու չէ զայն քայ­քա­յե­լու, այ­լա­պէս այդ առա­քե­լու­թիւնը զուրկ կ՛ըլ­լայ բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քէ, մարդ­կա­յին չա­փա­նիշ­նե­րէ, Աստ­ուա­ծա­յին օրհ­նու­թե­նէ եւ կը ծա­ռա­յէ միայն այ­լոց վատ օրի­նակ հան­դի­սա­նա­լու եւ այս աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւնը խան­գա­րե­լու:
Որ­քան ալ որ խառն­ուինք օտար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ օտա­րա­մուտ եւ ին­չու չէ շատ յա­ճախ քան­դիչ ու քայ­քա­յիչ մի­ջա­վայ­րե­րու, որ­պէս հայ ազ­գի զա­ւակ­ներ պար­տա­ւոր ենք պա­հել մեր դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րը, որոնց կար­գին է ըն­տա­նի­քի կազ­մու­թիւնը, անոր պահ­պա­նու­թիւնն ու ան­շար­ժու­թիւնը, այ­լա­պէս չենք կրնար կոչ­ուիլ ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­ներ այս դա­րա­ւոր ու ան­գե­րա­զան­ցե­լի ուժ ու­նե­ցող ազ­գին` Հայ­կազն­եան ազ­գին:
Ողջ ու առողջ մնան բո­լոր հայ­րե­րը, եւ անոնց լաւ, բա­րի, ազ­նիւ ու քաջ օրի­նա­կը խթան հան­դի­սա­նայ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն:

ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՊԵ­ՏՈՒՐ­ԵԱՆ

dimanche 4 juin 2017

♥ Հայկական անձնանուններ եւ իրենց իմաստները ♥


ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ  ՑԱՆԿ
 Պատրաստեց՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան

Սոյն ցանկը կը ծառայէ երկու նպատակի.

 1-Պատրաստ անուանացանկ մը այն ծնողներուն՝ որոնք կ՛անճրկին երբ նորածինի մը հայկական անուն դնել կը ցանկան: 
2-Զուտ հայկական կամ ժամանակի ընթացքին հայացած անունները ծնողներուն մատուցանելով՝ արգելք ըլլալ օտար անձնանուններու գործածութեան (ներմուծուած են կարգ մը նորամուտ անձնանուններ՝ որոնք իրենց կազմութեամբ եւ հնչիւնով գեղեցիկ նկատուած են):
 
Գեղեցիկ հայկական իգական անձնանուններ եւ իրենց իմաստները

1) Ագապի = սէր:
2) Ագնէս = մաքուր, պարկեշտ, սուրբ:
3) Ազատուհի = ազատ բառով եւ ուհի մասնիկով կազմուած անուն:
4) Ազգանոյշ = ազգ եւ անոյշ բառերով կազմուած անուն:
5) Ազնիւ = համեստ:
6) Ալիծ = ազնիւ ուրախ:
7) Ալիս = տե՛ս Ալիծ:
8) Աղաւնի = համանուն թռչունը:
8-2) Այծեմնիկ =այծեամ
9) Այտա =  ունի Ռուսական ծագում:
10) Անահիտ = 1. անարատ, անբիծ 2. Անահիտ չաստուածուհին:
11) Անայիս = կրնայ Անահիտ անունի աղաւաղեալ ձեւերէն ըլլալ:
12) Անգինէ = ծագումը անյայտ:
13) Անթառամ = չթառամող:
14) Անժէլ = հրեշտակ:
15) Անի = Անի քաղաքին անունով կազմուած անուն:
16) Աննա = շնորհ, գթութիւն:
17) Անոյշ = 1. անմահ 2. քաղցր:
18) Աշխէն = իշխանուհի:
19) Աստղիկ = պզտիկ աստղ:
20) Ատրինէ = Ատրիական ծովէն կամ քաղաքէն:
21) Արաքսի = Հայաստանի գէտերէն:
22) Արեգնազան = արեւ եւ նազանք բառերով կազմուած անուն:
23) Արմենուհի = Հայկուհի:
24) Արմիկ = Արմինէի կրճատուած ձեւ:
25) Արմինէ = Արմէն անունէն շինուած անուն:
26) Արշալոյս = արեւածագ:
27) Արշակուհի = տե՛ս Արշակ:
28) Արուս = հարս:
29) Արուսեակ = լուսաստղ:
30) Արսինէ = Արսէն անունէն շինուած անուն:
31) Արտա = ծագումը անյայտ:
32) Արտեմիս = Յոյն չաստուածուհի. կը նշանակէ առողջ:
33) Արփինէ = արեւ, արեգակ:

 Աղբիւրակ-ակ
Ալվարդ- կարմիր վարդ
Արծուիկ-փոքր արծիւ
Արևալոյս- արեւի շող
Ազգանոյշ-ազգ և անոյշ բառերէ կազմուած
 34) Բերկրուհի = բերկրանք բառով եւ ուհի մասնիկով շինուած անուն:
35) Բերսաբէ = երդումի աղջիկ:
36) Բրաբիոն = յաղթութեան մրցանակ:

Գարուն- յայտնի եղանակը
  37) Գայիանէ = Լատինական ծագումով անուն:
38) Գեղանոյշ = գեղ եւ անոյշ բառերով շինուած անուն:
39) Գեղուհի = գեղեցկուհի:
40) Գոհար(իկ) = թանկագին քար:
41) Դեղձանիկ = դեղձանիկ  թռչունը:
42) Դշխոյ = թագուհի:
43) Եղիս(աբեթ) = Աստուած է անոր երդումը:
44) Եսթեր = աստղ մը, բարի բախտ:
45) Երանիկ = երջանիկ:
46) Երանուհի = երջանկուհի: Կրճատեալ ձեւն է Երան:
47) Եւա = 1. կեանք 2. իգական սեռ:
48) Եւգինէ = բարեծնունդ, ազնուատոհմ, ազնուական: Օտար ձեւն Էօժէնի:
49) Եպրաքսի = բարեբախտութիւն, բարի վարմունք:

Եռանդուհի-եռանդ բառէն ուհի մասիկով կազմուած է
  50) Եւփիմէ = բարի բախտ բերող խօսք, գովեստ:
Զարդար- զարդ, զարդեղէն
  51) Զապէլ = Եղիսաբեթ անունին կրճատեալ ձեւերէն:
52) Զարուհի = զար (ոսկի) բառով եւ ուհի մասնիկով շինուած անուն:
53) Զեփիւռ = թեթեւ հով:
54) Զմրուխտ = թանկագին քար մը:
55) Զուարթ = ուրախ:
56) Էլիզ = Եւրոպական անուն. տե՛ս Եղիսաբեթ
56-2) Էմմա =ճարտար, կենսունակ
57) Էօժէնի = տե՛ս Եւգինէ:
58) Ըղձանոյշ =իղձ եւ անոյշ բառերով կազմուած անուն:
59) Թագուհի = թագաւորի կին:
60) Թալին = Թալին տեղանունէն շինուած անուն:
61) Թամար(ա) = արմաւենի:
62) Թերեզ = կոտոշէ ականջներ կրող՝, ունեցող:

Թուխիկ- թուխ բառով եւ իկ մասնիկով կազմուած է
  63) Ժանէթ = Աստուծոյ շնորհքը:
64) Ժիւլիէթ = փետրալի, մօրուսաւոր:

Իշխանուհի- թագուհի, իշխանին կողակիցըԻմաստուհի - իմաստուն կին
  65) Իսկուհի = իսկական տիրուհի:
66) Իւղաբեր = իւղ բերող:

Լևոնթին - Լևոնին իգականըԼորիկ- կաքաւներու ընտանիքին պատկանող փոքրիկ, չվող թռչունԼուսանուշ- լոյս և անուշ բառերէն կազմուած
  67) Լենա = տե՛ս Հեղինէ:
68) Լիզա = կրնայ յառաջացած ըլլալ Ֆրանսական Լուիզա անունէն՝ որ կը նշանակէ հռչակաւոր պատերազմիկուհի: Կամ՛ Էլիզապէթ անունին կրճատեալ ձեւերէն է:
69) Լիլի = կրնայ օտար lily (շուշան) բառէն յառաջացած անուն ըլլալ:
70) Լիտի(ա) = Լիտիա երկրի բնակիչ:
71) Լիւսի(ա) = մայրամուտին ծնած:
72) Լուսաբեր = լոյս բերող:
73) Լուսածին = լոյսի ծնունդ:
74) Լուսարփի = լոյս եւ արփի բառերէն շինուած անուն:
75) Լուսիկ = լուսին անունին փաղաքշական ձեւը:
76) Լուսին = լուսին բառէն:
77) Լուսնթագ = լուսնթագ մոլորակին անունէն:
78) Խաթուն = ազնուական տիկին:
79) Խնկաբեր = խունկ բերող (ինչպէս կայ Իւղաբեր):
80) Խոսրովիդուխտ = Խոսրով անունով եւ դուխտ (դուստր) բառով շինուած անուն:

Ծաղկանոյշ- ծաղիկ եւ անոյշ բառերով կազմուածԾիածան- բազմագոյն, աղեղնաձեւ երկնակամարի գոտի
  81) Ծաղիկ = ծաղիկ:
82) Ծաղկանոյշ = ծաղիկ եւ անոյշ բառերով շինուած անուն:
83) Ծովակ = պզտիկ ծով:
84) Ծովիկ = պզտիկ ծով:
85) Ծովինար = փայլակ:
86) Կատար = գագաթ: Կրնայ նաեւ Կատարինէ անուան կրճատեալ ձեւը ըլլալ:
87) Կատարինէ = մաքուր:
88) Կարինէ = Գայիանէ անունէն՝ հնչումի փոփոխութեամբ: Պատահական նմանութիւն ունի Կարին քաղաքի անունին հետ
89) Կիւլիզար = ոսկեվարդ:
90) Կիւլվարդ = ոսկեվարդ:
91) Կրէյս = շնորհիկ անուան անգլիական ձեւը:

Հայկաշէն- հայկական քաղաք
  92) Հազարվարդ = հազարվարդ:
93) Համեստուհի = համեստ բառով եւ ուհի մասնիկով շինուած անուն:
94) Հայկանոյշ = Հայկ անունով եւ անոյշ բառով շինուած անուն:
95) Հայկուհի = Հայկ անունով եւ ուհի մասնիկով շինուած անուն:
96) Հեղինէ = 1. գեղեցիկ կողով՝ զորա զարդարելով կը նուիրէին Արտեմիս չաստուածուհիին 2. Լոյս:
97) Հերա = տե՝ս Հերանոյշ:
98) Հերանոյշ = հեր եւ անոյշ բառերով շինուած անուն:
99) Հերմինէ = կապ ունի Հերմէս չաստուծոյ հետ:
100) Հնազանդ = հլու, խոնարհ:
101) Հուրի(կ) = երկնային, սեւաչեայ գեղեցկուհի:
102) Հռիփսիմէ = ընկեցեալ:
103) Հրանոյշ = կրակ եւ անոյշ բառերով շինուած անուն:
104) Ձուիկ = պզտիկ ձու, հաւկիթ:

Մայրանուշ- մայր եւ անուշ բառերէն կազմուածՄագթաղինէ- ֆրանսերէն Magdelaine, MadeleineՄաննիկ- ֆրանսերէն MoniqueՄարիժան-ֆրանսերէն Marie-Jeanne
  105) Մաթիլտ = քաջ պատերազմիկուհի:
106) Մակի = մարգրիտի կրճատեալ ձեւերէն:
107) Մանիշակ = Մանուշակ = ծանօթ ծաղիկի անունը:
108) Մաննիկ = ծագումը անյայտ:
109) Մարալ = եղնիկ:
110) Մարգ(ա)րիտ = թանկագին քար:
111) Մարկ = տե՝ս Մարգ(ա)րիտ:
112) Մարթա = տիրուհի:
113) Մարի(ամ) = 1. լուսաւորեալ 2. պարկեշտ, համեստ կին. 3. աղախին:
114) Մարիցա = տե՝ս Մարի:
115) Մատլէն = Մագթաղենիի Ֆրանսական ձեւ:
116) Մաքրուհի = մաքուր բառով եւ ուհի մասնիկով շինուած անուն:
117) Մելինէ = հացի (ծառ):
118) Յասմիկ = ծանօթ ծաղիկը:

Նանէ-Քաղդէական դիցուհի, Արամազդի աղջիկը AthénaՆարգէս-համանուն ծաղիկըՆարինէ- Պարսկական ծագում ունիՆարդուհի- նարդոս, (անուշահոտ իւղ մը)- բառէն ձեւափոխուածՆուշիկ-փոքր նուշՆունէ-Կովկասեան ծագում ունի
  119) Նազելի = ծեքծեքուն, սիրուն:
120) Նազենիկ = տե՝ս Նազելի:
121) Նազիկ = տե՝ս Նազելի:
21-2) Նայատ = ըստ Յունական դիցաբանութեան՝ հոսուն ջուրերու չաստուածուհին, գետերու յաւերժահարսը
122) Նայիրա = Հայաստանի հին անուններէն:
123) Նելլի = տե՝ս Հեղինէ:
124) Նեկտար = հիւթ, հոյզ:
125) Նոյեմզար = Նոյ նահապետի կնոջ անունը:
126) Նոյեմի = իմ քաղցրութիւնս:
127) Նորա = Լէոնորա, Էլիանոր, անուններուն կրճատեալ ձեւը: Կը նշանակէ լոյս:
128) Նուարդ = 1. ընծայ, պարգեւ. 2. նորաբաց՝ նորածիլ վարդ:
129) Նուէր = ընծայ:
130) Նունուֆար = ծանօթ ծաղիկը:
131) Նուրիցա = լուսաւոր, լուսեղէն:

 Շայիկ, Շահինիկ- Շահանին իգականըՇամիրամ- Պարսկական ծագում ունի Sémiramis
131-2) Շաղիկ =Շաղոսկի անուան փաղաքշական ձևը
132) Շահանդուխտ = թագաւորներու դուստր:
133) Շաքէ = ծագումը անյայտ:
134) Շնորհիկ = շնորհ բառէն:
135) Շողեր = շող բառի յոգնակին:
136) Շողիկ = պզտիկ շող:
137) Շուշան(իկ) = ծանօթ ծաղիկը:
138) Շուշիկ = Շուշանիկի կրճատեալ ձեւերէն:
139) Ոսկեհատ = ոսկի եւ հատ բառերով շինուած անուն:
140) Ոսկի = ոսկի բառէն:
141) Ովսաննա = օրհներգութիւն:
142) Պայծառ = լուսաւոր, փայլուն:
143) Պեթթի = կրնայ Էլիզապէթ անուան կրճատեալ ձեւերէն ըլլալ:
144) Պերթա = փայլուն:
145) Պերճանոյշ = պերճի դուստրը:
146) Պերճուհի = փառաւորուհի:
147) Պէաթրիս = երջանկացնող:
148) Ռեբեկա = հանգոյց, կապ: (Եբրայերէն):
149) Ռեհան = ծանօթ բոյսը:
150) Ռիթա = Մարկարիթա (Մարգրիտ) օտար անունին կրճատուած եւ գգուական ձեւն է: Կը նշանակէ թանկագին քար:
151) Ռոզ(ին) = տե՛ս Վարդուհի:

Սիմա- Հռիփսիմէին կրճատուած ձեւըՍիրազարդ- սէր եւ զարդ բառերով կազմուած էՍիրոյշ- քաղցր սէրՍիրուհի- սիրեցեալ
  152) Սաթենիկ = սաթ (թանկագին քար) բառով եւ ենիկ մասնիկով կազմուած անուն:
153) Սալբի = նոճի:
153-2) Սանդուխտ =սան եւ դուխտ (դուստր) բառերէն կազմուած անուն
154) Սառա = իշխանուհի, թագուհի:
155) Սեդա = տիրուհի:
156) Սեզա = ծագումը անյայտ:
157) Սեսիլ = կոյր:
158) Սիլվա = անտառաբնակ:
159) Սիրան(ոյշ) = սէր եւ անոյշ բառերով շինուած:
160) Սիրարփի = սիրոյ արեգակ:
161) Սիրուն = գեղեցիկ, անուշիկ:
162) Սիրվարդ = սիրոյ վարդ:
163) Սիւզան, Սիւզի = շուշան:
164) Սոնա = բարձրահասակ 2. էգ բադ
165) Սոնիա = տե՝ս Սոնա:
166) Սոֆի(ա) = իմաստութիւն:
167) Սրբուհի = Սուրբ կին կամ աղջիկ:
168) Սօս, Սօսի = ծանօթ ծառը:

Վանոյշ- Վան քաղաքին անունով եւ ուշ մասնիկով կազմուած էՎարդահեր-վարդ եւ հեր բառերով կազմուած էՎարդենի- վարդի թուփ
  169) Վալանթին = ուժեղ, զօրաւոր:
170) Վանուհի = վան բառով եւ ուհի մասնիկով շինուած անուն:
171) Վարդանոյշ = Վարդան անունէն եւ անոյշ բառէն շինուած անուն:
172) Վարդիթեռ = վարդի թերթ:
173) Վարդուհի = վարդի թերթ:
174) Վարդուհի = վարդ բառով եւ ուհի մասնիկով շինուած անուն:
175) Վարսենիկ = լաւ մազերով:
176) Վեհանոյշ = վեհ եւ անոյշ բառէն շինուած անուն:
177) Վերա = ծագումը անյայտ:
178) Վերգինէ = կոյս, աղջիկ:
179) Վերժին = տե՛ս Վերգինէ:
180) Վիքթորիա = յաղթութիւն:
181) Վրէժուհի = վրէժ բառով եւ ուհի մասնիկով կազմուած անուն:
182) Տալիթա = աղջիկ (Եբրայերէն)
183) Տիանա = չաստուածուհի: (Անաիտ)
184) Տիգրանուհի = Տիգրան անունով ուհի մասնիկով կազմուած անուն:
185) Տիրուհի = տէր բառով ուհի մասնիկով կազմուած անուն:
186) Ցօղիկ = ցօղ բառէն յառաջացած անուն:

 Փառուհի-փառաւորՓայլիկ-ճառագայթՓաթիլ-ձիւնահատ
186-2) Փայլածուն = ծանօթ մոլորակը
187) Փայլուն = լուսաւոր, լուսացող:
188) Փառանձեմ = կրնայ Պարսկական ծագում ունենալ:
189) Փերուզ = երկնագոյն թանկագին քար մը:
190) Քլարա = փայլուն:
191) Քնար(իկ) = լարաւոր նուագարան մը:
192) Քրիստինէ = Քրիստոսի պատկանող:
193) Օֆելիա = օձ:
194) Ֆլորա = ծաղիկներ:
195) Ֆիմի = տե՛ս Եւփիմէ 
 Ֆիլօմէն-Լատիներէն ծագում ունի

 
Գեղեցիկ հայկական արական անձնանուններ եւ իրենց իմաստները:

1) Աբգար = կաղ:
2) Աբէլ = 1. սուգ 2. հօտի առաջնորդ 3. ունայնասիրութիւն:
3) Աբիսողոմ = խաղաղութեան հայր:
4) Աբրահամ = ժողովուրդի կամ բազմութեան հայր:
5) Ադամ = հող, երկիր:
6) Ազատ = ոչ-ստրուկ, անկախ:
7) Ազնաւուր = հսկայ, վիթխարի մարդ, դիւցազն:
8) Աթանաս = անմահ:
9) Ալիշան = ծագումը անյայտ:
10) Ալեքս = Աղեքսանդրի կրճատուած ձեւերէն:
11) Ալեքսան = տես Աղեքսանդր:
12) Ալպեր = ազնուօրէն փայլուն:
13) Ահարոն = լեռնաբնակ:
14) Աղաթօն = լաւ, բարի:
15) Աղան = ազնուական, իշխան:
16) Աղասի = իր աղան:
17) Աղեքսանդր – մարդոց պաշտպան՝ օգնական:
18) Անանիա = աստուածաշնորհ:
19) Անդրանիկ = մեծ, երէց, աւագ, առաջին:
20) Անդրէաս = առնական:
21) Անուշաւան = 1. անմահ հոգի 2. քաղցր գիւղ:
22) Անտոն = աշխարհի հայր:
23) Անտրէ = առնական, առնացի:
24) Աշոտ = ծագումը անյայտ:
25) Առաքել = ղրկել, ուղարկել:
26) Ասատուր = աստուածատուր անունին կրճատուած ձեւերէն:
27) Ասպետ = ձիաւոր իշխան:
28) Աստուածատուր = Աստուծոյ տուածը:
29) Ատոմ = ծագումը անյայտ:
30) Ատրուշան = հեթանոսական բագին:
31) Արա = դիցաբանական անուն:
32) Արամ = 1. Արամէ թագաւորի անունին կրճատեալ ձեւը, 2. հանգիստ:
33) Արամայիս = քաղցր, մեղմ, քաղցրաբարոյ:
34) Արարատ = լերան անուն:
35) Արեւիկ = արեգակ, արփի:
36) Արթիւր = բարձր, ազնիւ:
37) Արթուն = ոչ-քնացած:
38) Արիստակէս = 1. մեռեալներու յարութիւն: 2. գերագոյն իշխան:
39) Արծիւ = ծանօթ թռչնազգին:
40) Արման = փափաք, կարօտ:
41) Արմենակ = Հայոց նահապետներէն:
42) Արմէն = 1. Արմենակ անունին կրճատուած ձեւը: 2. Հայ:
43) Արշակ = 1. արջուկ: 2. արու:
44) Արշամ = արջի ոյժ ունեցող:
45) Արշաւիր = այր մարդ, տղամարդ:
46) Արսէն = այր, տղամարդ:
47) Արտակ =  փաղաքշական ձեւ
Արտաւազդ, Արտաւան անուններուն :
48) Արտաշէս = արդարութեան իշխող:
49) Արտաւազդ = որուն արդարութիւնը հաստատուն է:
50) Արփիար = հաւանաբար արփի եւ այր բառերով շինուած անուն:
51) Աւագ = երէց, անդրանիկ, մեծ:
52) Աւետիք, Աւետիս = բարի լուր:
53) Բաբգէն = հայրիկ:

Անաստաս = հին Յունարէն- յարութիւն
Արամազդ = Իրանեան Ահուրամազդա չաստուածն է որ կը համապատասխանէ Զեւսին: Բոլոր բերքերու եւ պտուղներու չաստուածը կը համարուի:
Արեգ = արեգակ, արեւ. Արեգնազի արական ձեւը
Արևշատ = երկար կեանք
Արիս = Արիստագէսի կրճատուածը
Արդաւան = պատուաւոր 54) Բագ(ա)րատ = Միհր չաստուծոյ ստեղծածը կամ տուածը:
55) Բակուր = Աստուածորդի:
56) Բարթողիմէոս = Աստուծոյ որդի կամ եղբօրորդի:
57) Բարունակ = Ճիւղ, ոստ:
58) Բարսեղ = թագաւոր:
59) Բիւզանդ = Բիւզանդիոն (Պոլիս) քաղաքի անունէն շինուած անուն:

Բիւրակ = հազարաւոր ակ
  60-1) Բենիամին = 1. աջ ձեռքի զաւակ՝ (այսինքն բախտաւոր) 2. Տան կրտսեր զաւակը:
60-2-) Բօլ- Պօղոս անուան եւրոպական ձեւը
61) Գաբրիէլ = Աստուծոյ մարդ, Աստուծոյ հերոս:
62) Գագիկ = Ասորիական ծագում ունի:
63) Գալուստ = հոգեգալուստ բառին կրճատուած ձեւը:
64) Գամեր = լուսին:
65) Գառնիկ = գառն (ոչխարի ձագ) բառի փաղաքշական ձեւը:
66) Գասպար = արեւելեան ծագում ունի:
67) Գարեգին = ծագումը անյայտ:
68) Գեղամ = կրնայ Գեղամայ ծով տեղանունէն շինուած անուն ըլլալ:
69) Գերասիմ = պատուաւոր, յարգելի:
70) Գէորգ = երկրագործ, հողագործ:
71) Գիսակ = վարս, ծամ, մազ:
72) Գիւտ = գտնուած բան:
73) Գնէլ = գնուած:
74) Գուրգէն = գայլի պէս քաջ:
75) Գրիգոր = արթուն, պահակ:
76) Դանիէլ = Աստուած դատաւորս է:
77) Դաւիթ = սիրելի, սիրեցեալ:
78) Դերենիկ = վանքի որդի, ուխտի զաւակ:
78-2) Դրաստամատ- ան որ ուղիղ քալուածքով եկաւ
79) Եդուարդ = լաւ պահակ:
80) Եզեկիէլ = Աստուած պիտի զօրացնէ:
81) Եզնիկ = պզտիկ եզ:
82) Եղիա = Եհովան է Աստուածս:
83) Եղիազար = Աստուած օգնական է:
84) Եղիշէ = Աստուած Տէր է:
85) Ենովք = նուիրեալ:
86) Եսայի = Տիրոջ փրկութիւն:
87) Երանոս = խաղաղարար, խաղաղասէր:
88) Երեմիա = 1. Աստուած դրաւ հիմը 2. լքեալ:
89) Երկաթ = ծանօթ մետաղը:
90) Երուանդ = արագընթաց:
91) Եփրեմ = պտղաւէտ, փարթամ:
92) Զատիկ = Յարութիւն:
93) Զարեհ = Իրանական ծագում ունի:
94) Զարմայր = զարմանալի այր:
95) Զաւէն = օգնող, օգնական:
96) Զաքար (իա) = Տիրոջ յիշատակը:
97) Զգօն = խելացի, իմաստուն:
98) Զօհրապ = կարմրափայլ:
99) Էմմանուէլ = Աստուած մեզի հետ է: Կրճատ ձեւերէն է Մանուէլը:
100) Էտկար = Գեղարդ:
101) Ընծայ = պարգեւ:
102) Թագւոր = թագաւոր:
103) Թադէոս = իմաստուն:
104) Թաթուլ = թաթ (անասուններու առջեւի ոտքը) բառին փաղաքշական ձեւը:
105) Թովմաս = բուն նշանակութիւնն է երկուորեակ. սակայն յետագային նշանակած է նաեւ թերահաւատ՝ Թովմաս առաքեալի պատճառով:
106) Թորգոմ = Աստուածասէր:
107) Թորոս = Աստուածասէր: Թէոդորոս անունին կրճատեալ ձեւն է:
108) Ժագ = Յակոբ անունին Ֆրանսական ձեւը:
109) Ժան = Յովհաննէս անունին Ֆրանսական ձեւն է:
110) ժիրայր = ժիր տղամարդ:
111) Ժորժ = Գէորգ անունին Ֆրանսական ձեւն է:
112) Իգնատիոս = հրեղէն, լուսաւոր:
113) Իշխան = իշխող, ազնուական:
114) Իսահակ = տե՛ս Սահակ:
115) Լեւոն = առիւծ:
116) Լիպարիտ = ծագումը անյայտ:
117) Լութֆի(կ) = Լուդովիկոս անուան Գերմանական ձեւն է: Կը նշանակէ հռչակաւոր պատերազմիկ:
118) Լուտեր = Հրչակաւոր պատերազմիկ:
119) Խադ = Թուր, սուր:
120) Խաժակ = Կապուտաչեայ:
121) Խաչատուր = Խաչի տուածը:
122) Խաչեր = Խաչ բառի յոգնակին կամ խաչերես անունին կրճատումը:
122-2) Խաչերես- խաչ եւ երես բառերէն կազմուած անուն:
123) Խաչիկ = պզտիկ խաչ, կամ՛ Խաչատուր անունին փաղաքչական ձեւը:
124) Խոսրով = բարեհամբաւ, հռչակաւոր, անուանի:
125) Խորէն = արեւիկ:
126) Ծատուր = Աստուածատուր անուան կրճատուած ձեւերէն:
127) Ծերօն = ծեր բառէն յառաջացած անուն:
128) Կայծակ = փայլակ:
129) Կարապետ = թագաւորին առջեւէն գացող եւ ճամբայ բացող առաջնորդ, կարաւանի պետը: Կրճատուած ձեւերէն է Կարօ:
130) Կարէն = Իրանական ծագում ունի:
131) Կարպիս = Կարապետ անունին կրճատուած ձեւերէն:
132) Կիրակոս = տէրունի, տէրունական:
133) Կիւրեղ = տիրաբար, իշխանաբար:
134) Կոմիտաս = երկար մազերով, մազոտ:
135) Կոմս = իշխան:
136) Կոստանդին = դիմացկուն, հաստատուն, ամուր:
137) Կորիւն = առիւծի ձագ, հերոս:

Կիւլպէնկ = վարդէ խալ
  138) Համազասպ = ան որ խումբով ձիեր ունի:
139) Համբարձում = Քրիստոսի համբարձման ակնարկութեամբ ստեղծուած անուն:
140) Հայկազ(ուն) = Հայկի սերունդէն:
141) Հայկ(ակ) = հսկայ:
142) Հայրապետ = կաթողիկոս, վանահայր:
143) Հանրի-Հենրի
= տուն կառավարող
144) Հմայեակ = օրհնեալ:
145) Հրայր = կրակէ մարդ:
146) Հրանդ = կրակ:
147) Հրաչ(եայ) = կրակէ աչք ունեցող:
148) Ղազար(ոս) =  Յունարէն «Աստուած իմ օգնականս է»: Եղիազար անունին կրճատուած ձեւն է:
149) Ղարիպ = 1. պանդուխտ 2. զարմանալի, տարօրինակ:
150) Ղեւոնդ = Լեւոն անունն է:
151) Ղուկաս = Յարութիւն:
152) Ճանիկ = հաւանաբար նշանակէ հոգեակ:
153) Ճոն = Յովհաննէս անունին անգլիական ձեւը կամ դերձակ:
153-2) Մակար = երջանիկ, բախտաւոր
154) Մամբրէ =1. յստակութիւն 2. պարարտ:
155) Մամիկոն = Չինական ծագում ունի:
156) Մանասէ = մոռացուցիչ:
157) Մանկասար = մանուկներու գլուխը՛ ուսուցիչ:
158) Մանուէլ = Էմմանուէլի կրճատեալ ձեւը: Կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ է»:
159) Մանուկ = պզտիկ երախայ կամ զինուոր:
160) Մասիս = Արարատ լեռը:
161) Մատթէոս =  ձիրք:
162) Մարգար(է) = գուշակող:
163) Մարզպետ = կուսակալ, մարզպան:
164) Մարկոս = 1. վտիտ, հիւծուած 2. Հրատ մոլորակի ծնունդ:
165) Մարտիկ = մարտիկ:
166) Մարտիրոս = վկայ, նահատակ:
167) Մելիք = իշխան, թագաւոր:
168) Մելքիսեթեկ = արդարութեան թագաւոր:
169) Մելքոն = լոյսի թագաւոր:
170) Մեսիա = օծեալ:
171) Մեսրոպ = բերկրեալ:
172) Միհրան = արեգակ, սէր, բարեկամութիւն:
173) Միհրդատ = Միհր չաստուծոյ ստեղծածը:
174) Մինաս = Պարսկական ծագում-լուսին:
175) Միսակ, Միսաք = Բաբելոն:
176) Միրաք = իշխանիկ:
177) Միքայել = ո՞վ է Աստուծոյ պէս:
178) Մլեհ = սիրուն, գեղեցիկ:
179) Մխիթար = սփոփանք, մխիթարանք:
180) Մկրտիչ = մկրտող, կնքող:
181) Մհեր = արեգակ:
182) Մովսէս = ջուրէն փրկուած կամ հանուած բայց շատ հաւանաբար եգիպտական անուն մը
183) Մուշեղ = Հաթեան ծագում ունի:
184) Մուրատ = փափաք, ցանկութիւն:

Մեղրիկ = մեղրի կաթիլ
Մեծատուր = վեհութիւն 185) Յաբեթ =  1. ընդարձակում, 2.գեղեցկութիւն:
186) Յակոբ = 1. կրունկէն բռնող, 2. Խաբող:
187) Յարութ (իւն) = Զատիկ:
188) Յովակիմ = Աստուած յարեաւ:
189) Յովան = տե՛ս Յովհաննես:
189-2) Յովէլ = Աստուծոյ սիրելի
190) Յովհաննէս = աստուածաշնորհ
191) Յովնան = աղաւնի:
192) Յովսէփ = թող աւելցնէ (պզտիկներ):
193) Յուսիկ = յոյս բառով եւ իկ մասնիկով շինուած անուն:
194) Նազար = նայուածք, հայեացք:
195) Նազարէթ = Պաղեստինի քաղաքներէն մէկուն անունը:
196) Նահապէտ = նախահայր:
197) Նայիրի = Հայաստանի տրուած հին անուններէն շինուած անուն:
198) Ներսէս = Ներսէհ անունէն յառաջացած անուն:
198-2) Նժդեհ =պանդուխտ
199) Նիկոլ = տե՛ս Նիկողայոս:
200) Նիկողայոս = ժողովրդայաղթ:
201) Նշան = նշան:
202) Նորայր = նոր մարդ:
203) Նուպար = 1. առաջին պտուղ 2. երեք տարեկան էգ գոմէշ

Նարեկ = Վան քաղաքի վանքը 
(պատմական Հայաստան)
Նաւասարդ = ամանոր
Նորվան = Հայասանի վանքերէն մին
Նուրհան = Պարսկական ծագում ունեցող անուն 204) Շահան = կրճատեալ ձեւ Շահանշահ անուան որ կը նշանակէ արքայից արքայ:
205) Շահէ = ծագումը անորոշ:
206) Շահէն = խոշոր եւ սպիտակ բազէ:
207) Շահնուր = ծագումը անյայտ:
208) Շանթ = կայծակ:
209) Շաւարշ = ան որ սեւ՝  արու ձիեր կը պահէ:
210) Շմաւոն = լսող, հնազանդող: Ասկէ յառաջացած է Սիմոն անունը:
211) Շնորհք = շնորհ:

Շիրակ = Հայաստանի գաւառներէն մին
Շիրազ = Պարսկական ծագում -առիւծ 212) Ոսկան = ոսկի բառէն:
213) Ոսկեբերան = ճարտասան:
214) Ոստանիկ = ազնուական, ազատ քաղաքէ:
215) Պաղտասար = արեւելեան ծագում ունի:
216) Պատրիկ = իշխանական աստիճան:
217) Պարգեւ = ընծայ:
218) Պարէտ = վերակացու, հսկող:
219) Պարոյր = շրջան, պտոյտ:

Պարթեւ = հսկայ, զօրաւոր
  220) Պեռնար = արջի պէս քաջ:
221) Պետիկ = Պետրոս անունին կրճատեալ եւ գգուական ձեւը:
222) Պետրոս = քար, վէմ:
223) Պերճ = փառաւոր:
224) Պսակ = տե՛ս պսակ բառը:
225) Պօղոս = փոքր, փոքրիկ, սակաւիկ:
225-2) Ռաֆայէլ =Աստուծոյ բժշկութիւն
226) Ռաֆֆի = 1. բարձրացնող 2. վրան ցոլացող փայլակ. կամ պերճ՝ մեծափառ անձ:
227) Ռեթէոս = աստուածանուէր:
228) Ռոպէր = հռչակաւոր, անուանի:
229) Ռոստոմ = ուժգին գետ կամ հեղեղ:
230) Ռուբէն = Տե՛ս որդի (կոչական)
231) Սահակ = 1.ծիծաղ կամ ուրախութիւն 2. խնդումերես
232) Սամուէլ = Աստուած լսեց:
233) Սամսոն = արեւ, արեգակ:
234) Սասուն = գաւառի անուն:
235) Սարգիս = ծիածան:
236) Սարհատ = սահման, սահմանագլուխ:
237) Սեդրակ, Սեդրաք = բաբելական ծագում ունի:
238) Սեպուհ =
Պարսկական ծագումով - սպայ
  239) Սերճ = տե՛ս Սարգիս:
240) Սերովբէ = հրեշտակներու դաս մը:
241) Սեւակ = սեւ աչք:
242) Սեւան = Սեւանայ ծովուն անունէն յառաջացած անուն:
243) Սիմոն = տե՛ս Շմաւոն:
244) Սիոն = 1. Պաղեստինի լեռներէն, 2. Երուսաղէմ:
245) Սիսակ = ծագումը անյայտ:
246) Սիրական = աիրելի:
247) Սիրաք = Եբրայական ծագում ունի:
248) Սմբատ =
Արաբական ծագում - առիւծ
  249) Սոկրատ = անվթար զօրութիւն:
250) Սողոմոն = 1. կատարեալ 2. խաղարարար:
251) Սուրէն = ուժեղ, զօրաւոր:
252) Սուքիաս = հանդարտ, խաղաղ:
253) Ստեփան(նոս) = պսակ:
254) Սրապի(ոն) = ունի յունական ծագում:
255) Վազգէն = գորտ:
256) Վահագ(ն) = յաղթական:
257) Վահան = տե՛ս Վահագն, 2. մկունդ, ասպար
258) Վահանիկ, Վահիկ = տե՛ս Վահան:
259) Վահէ =լաւագոյն:
260)
Վահրամ = Պարսկական ծագում-անձրեւ:
261) Վահրիճ = բարեհոս, լաւ հոսող:
262) Վաղարշ(ակ) = Իրանական անուն:
263) Վաղինակ =
Պարսկական ծագում ունի:
264) Վանական = վանքի միաբան:
264-2) Վանիկ=թերեւս Յովհանիկ անունին կրճատուած ձեւը. Վան քաղաքի անունէն յառաջացած կրնայ ըլլալ նաեւ
265) Վաչէ = ձագուկ:
265-2) Վարազդատ =վարազ կենդանիին անունէն շինուած անուն
266) Վարդ = ծանօթ ծաղիկը:
267) Վարդան = Իրանական ծագում ունի:
268) Վարդավառ = ծանօթ տօնէն շինուած անուն:
269) Վարդգէս = վարդագոյն մազեր ունեցող, ոսկեհեր:
270) Վարուժ(ան) = տատրակ  թռչունին արուն:
271) Վիգէն = յաղթական:
272) Վռամ = տե՛ս Վահագն:
273) Վռամշապուհ = Վռամ եւ Շապուհ անուններէն շինուած անուն:
274) Վրէժ = ոխ, ոխակալութիւն:
275) Վրթանէս = ծագումը անյայտ:
276) Տաթեւ = Տաթեւ վանքի անունով շինուած անուն:
277)
Տաճատ = Պարսկական ծագում- ընծայ, նուէր, պարգեւ :
278) Տատուր = Աստուածատուր անունէն ձեւափոխուած :
279) Տարօն = համանուն գաւառէն առնուած:
280) Տաքէս = ծագումը անյայտ:
281) Տիգրան = Իրանական անուն:
282) Տիրայր = Տիրոջ մարդ:
283) Տիրան = Տիր չաստուծոյ անունով կազմուած անուն:
284) Տրդատ = Տիր չաստուծոյ տուածը:
285) Տօնապետ = տօնակատարութեան մը կամ խնճոյքի մը պատասխանատու:
286) Տօնիկ = պզտիկ տօն կամ տօնական բառին կրճատուած ձեւը
287) Րաֆֆի = տե՛ս Ռաֆֆի:
288) Ցաւակ = թերեւս ցաւող աչք իմաստով:
288-2) Ցոլակ =յառաջացած է ցոլ, ցոլալ բառերէն
289) Փայլակ = կայծակ:
290) Փանոս = փայլուն, մաքրափայլ:
291) Փառէն = փառք բառէն յաոաջացած:
291-2) Փարամազ =կուսակալ
292) Փիլիպպոս = ձիասէր:
293) Քաջայր = քաջ մարդ:
294) Քերոբ = տե՛ս Քերովբէ:
295) Քերովբէ = հրեշտակ:
296) Քրիստափոր = Քրիստոսաբեր, Քրիստոսակիր:
297) Օգսէն = Յունական ծագում ունի:
298) Օննիկ = հաւանաբար Յովհաննէս անունէն յառաջացած է
299) Օշին = ծոթրին, ուրց, անուշահոտ բոյս մը:
300)ֆիրուզ-Յաղթող, յաղթական
301)Ֆրանսուա-Ազատ