mercredi 13 septembre 2017

ՊԶՏԻԿ, ԱՂՈՒՈՐ ԱՂՋԿԱՆ ♥ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

ՊԶՏԻԿ, ԱՂՈՒՈՐ ԱՂՋԿԱՆ

Պըզտիկ աղջիկ, աղուոր աղջիկ,
Ինձմէ հեռո՜ւ
Կը վայլեն քու վարդ ու յասմիկ
Լոկ աստղերու․․․

Ի զո՛ւր ճակատդ ինձ կ'երկարես,
Որ համբուրեմ
Թախիծն առա՛ւ լոյսն աչքերէս,
Ու ես կո՜յր եմ․․․

Ու ես քեզի, տես, կը բերեմ
Հոգի մը ծեր․․․
Աստղերո՛ւն տար ― ես կը ներեմ ―
Համբոյրդ ու սէր․․․

Պզտի՛կ աղջիկ, անո՛յշ աղջիկ,
Ինձմէ հեռո՛ւ
Կը վայլեն քու վարդ ու յասմիկ
Աստուածներո՜ւ․․․


ՊԶՏԻԿ ԱՂՋԻԿԸ

I

Պզտիկ աղջիկը նորէն,
Այս իրիկուն, դառնօրէն,
Վիշտերուս վրայ - որ նո՜ր են-
Գլուխը դրաւ ու լացաւ...
Ա՜հ, բայց իրա՜ւ,
Այնքան ցաւ
Իր հոգիէն ե՞րբ անցաւ...
Իր հոգիէն տղայի՝
Որ ճամբէ մը ամայի,
Երբ լուսինին կը նայի,
-Կարծես լուսինը ըլլար
Միակ աղջիկն, որ չի լար-,
Կ՛ըսէ. «Հոգիդ ի՛մս ըլլար»:
Իրա՛ւ, իրա՛ւ, այսքա՜ն ցաւ
Իր հոգիէն ե՞րբ անցաւ:

II

Երբ քով-քովի լուռ նստանք,
Ըսի. «Մի՛ լար, անրջա՛նք
Լոկ քեզի հետ ունենանք.
Ալ ոչ մէկ խօսք թախծանքի
Թող արցունքի չյագնի»:
Եւ սկսանք հեշտանքի...

Պզտիկ աղջիկ մ ՛երբ սիրէ
Տղայ մը, որ տխուր է,
Այդ սէրն իր հետ կը բերէ
Անմեղութիւն մ ՛երկնային,
Որով աչքերն երբ լեցուին,
Լոկ երկինքին կը նային:
Ու մեր աչքերն անձկագին,
Ա՜հ, երկնքին կը նային...:

III

Հեշտանքը մեր... ոչի՜նչ էր,
Համբո՞յր...սակայն շատ ջի՜նջ էր,
Օ՜, մեր սէրը լոկ նինջ էր,
Նինջ մ ՛ուր ցաւերը կեանքին
Երկու րոպէ կը ցամքին...

Իրա՜ւ, մեր սէրը ի՞նչ էր...
Չէ, հեշտանք չէր, շա՜տ ջինջ էր.
Համբոյրն իսկ հոն ինչ քի՜չ էր,
Ուստի ի՞նչ էր,
Արդեօք սէր չէ՞ր...

IV

Ահ, սէ՜ր էր -լոյսը վկայ-,
Զի երբ կուրծքին վրայ ինկայ,
Տեսայ, թէ հոն հրդեհ կայ.
Ու երազ մը՝ լուրթ եթեր՝
Հոգին հոգւոյս կը ձուլէր:

Օ՜, նազանքն իր աչքերուն,
Երբ կը դիտէր, քիչ հեռուն,
Ծառ մը հիւանդ, երերուն:

Սէ՜ր էր, սէ՝ր էր,
Որ վարդի պէս կը բուրէր


ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ