ԴԷՊԻ
ԽՈՐՈՒՆԿԸ
Գիշեր:
Մինակ՝ հոգիիս հետ, ինչպէս միշտ:
Հին ցաւերէն՝
լոկ
մութ
յուշեր.
Ո՛չ մէկ վիշտ:
Մինա՜կ, մինա՜կ, հոգիիս հետ ու ծովուն...
Ծովն ալ հոգիս է արդէն՝
Հպարտ, թշուառ, խռովուն...
Մութին մէջէն ալիքներն
իր
կը
վազեն
-Մտրակուած ո՞ր երազէն-
Գունատ հեռուն...
Ժայռերը հոն կը սպասեն.
Ու ժայռերը ճակատագրին
բռունցքներն
են...
Մինա՜կ, մինա՜կ հոգիին հետ այս ծովուն...
Տակաւ,
Օրօրումով
մը
ամբաւ,
Նուագն իր մութ ջուրերուն
Կը զգամ, թէ զիս մտածումէս
կը
բաժնէ...
Ու գիշերին մէջ դժնէ՝
Կը տանի զիս
Դէպի խորունկն
իմ
Եսիս...
Հոս ամէն ինչ, նոյնիսկ Գիշե՛րը դժնէ,
Ի՜նչ դաշն է...
Օ տատրակնե՜րը
ճերմակ
Ծառերուն
տակ...
Մանիշակներն
ի՛նչ
շատ
են՝
Ձմեռ ատեն...
Բայց ինչո՞ւ այս օրհասի լացը հեռուն...
Կարծես կարապ մը կը մեռնի թախիծէն,
Ու կարապներն
ամէ՛ն,
ամէ՛ն
լիճերուն
Իրեն համար կը հեծեն...
Ահա աստղե՜ր կը տեսնեմ...
Ու անտառնե՜ր՝
լուսնկայով
կապուտցած՝
Որոնց խորէն, աղօթելով
երկիւղած,
Կոյսե՜ր կ՛անցնին
տրտմադէմ...
Ու կը տեսնեմ, թէ լելակներ
Մայիսի՝
Ձիւնով լեցուն ճամբաներու
երկայնքին՝
Պատերն ի վար կը թափին...
Անոնցմէ քի՛չ մը անդին՝
Ագռաւ մը ծեր կը մսի
Որբ հիւղակի մը քիւին...
Օ սո՜յզն այս լուռ ու մթին
Դէպի խորունկն
իմ
հոգիիս
անդունդին...
Մարգագետի՛ն
մը,
ծովերու
պէս
անհուն,
Որուն խոտերն ու ծաղիկները
մեկին
Ալիք-ալիք կը թեքին...
Մինչ հեռուն,
Բլուրի մը կողերուն՝
Գառնուկներ
սուրբ,
նորածին՝
Մոխի՜ր, մոխի՜ր կ՛արածին...
Արիւնի գոյն շուշաններ...
Անոնց մէջէն
Գերեզմանի
քամիներ
մերթ
կը
փչեն...
Եւ այդ ճամբուն քովն ի վեր
Հիւծախտաւոր
մանուկներ՝
Կմախքն իրենց ճերմակներու
մէջ
փաթթած՝
Բոպիկ-բոպիկ կը քալեն,
Տքալէն,
Սառած գետնի մը վրայ...
Ու վիզերնին
պաղատագին
կ՛երկննայ
Դէպի երկինք մը կարմիր՝
Ուրկէ Աստուած անոնց ցաւին կը տեղայ
Արհամարհա՜նքն
իր
անծիր...
Ու մինչ, տժգոյն, կը փախչիմ այս երազէն՝
Մութին մէջէն ջուրերը դեռ կը վազեն...:
♥ ♥ ♥
ՍՊԱՍՈՒՄ
Այս իրիկուն,
Ահ, տարօրէ՛ն
քաղցրութիւնը
իմ
աչքերուս...
Իմ աչքերուս՝
որոնց
շքեղ
գիշերին
մէջ՝
Ահա՜, ահա՜,
Հոգիս եկեր կը քնանայ...
Իրա՛ւ, իրա՛ւ, աչքերուս
մէջ,
-Ահ, չէ՞ք տեսներ-
Հոգի՛ս է որ պառկած հիմա
Յստակ-յստակ կը քնանայ...
Կը քնանայ՝ անտառներու
կոյսի
մը
պէս,
Իր Երազին շղարշներով
փաթթուած...
Ու երազին մէջ կ՛երգէ.-
Ան հիմա
Պիտի գա՜յ...
Այս իրիկուն,
Ահ, տարօրէ՛ն
քաղցրութիւնը
ճամբաներուն...
Իրաւ, իրաւ չէ՞ք լսեր դուք,
Ե՜ րգը՝ երկինք նետուոծ շքեղ սա հասկերուն,
Որ հովին հետ կը պարեն պար մը հեթանոս՝
Արեգակին
ու
Աստուծոյ
փառքին
համար...
Ահ, անոնց Կեա՜նքը խորունկ...
Եւ Ո՜յժն անոնց
Քարէն աւիշ ստեղծող սէգ արմատներուն...
Եւ անոնց Սէ՜րն, ու անոնց Կա՜մքն Ըլլալու...
Տեսէ՛ք, տեսէ՛ք,ի՜նչ երկիւղած
պաշտամունքով
Սա ծերունի բաղեղն երկինք կը մագըլցի՝
Համբուրելու
գեղեցկութիւնն
արեգակին...
Այս որքա՜ն վարդ՝ հնամենի պատերն ի վար...
Իրաւ, իրաւ. չէ՞ք լսեր դուք,
Ե՜րգը Յոյսին,
Որ այս գոյն-գոյն ու կըքոտած վարդերէն
դուրս
Ծիածանի շքեղանքով
մը
կը
հոսի...
Ան հիմա
Պիտի գա՜յ...
Ու կը քալե՜մ, ու կը քալեմ,
Այս բռնկող կանանչ ու մեծ հրդեհին մէջ,
Հպարտ, պայծառ քայլերով...
Ու կը հոսի մազերս ի վար, ծոծրակս ի վար,
Դղրդելով
գորշ
թմրութիւնն՝
Իմ այս վտիտ մարմինիս՝
Ուրախութի՜ւնն
արեգակին...
Ան հիմա
Պիտի գա՜յ...
Ահ, խելայեղ վա՜զքը իմ նոր արիւնիս...
Շրթունքներէս
ահա
վարդե՜ր
կը
բռնկին...
Եւ ուղեղիս գիշերին վրայ,
Արշալոյսի
ցօղերուն
պէս,
Ստեղծագործ
հաւա՜տքն
է
որ
ահա
անվերջ
Կ՛իջնէ՜,
կ՛իջնէ...
Ան հիմա
Պիտի գա՜յ...:
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ