mardi 19 septembre 2017

ԾԱՌԸ ♥ ՁՄԵՌ ԻՐԻԿՈՒՆ ♥ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

ԾԱՌԸ

Ձմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մռայլ,
Ես կ՛երթայի խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:

Սլա՞ցքն անոր...
Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերթ պարմանի մ ՛իր հարսին.
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին...

Ինծի համար
Խորհրդանիշն էր ան Ոյժին ու Կեանքին...
Ու ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան...
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով՝
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր...:

Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով...
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.-
Կը խնդային վհուկի պէս...:

Հսկայ մուրճովն իր արեւուն
Աստուած դարե՜ր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն...

Իր մահէն ետք
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայլ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումըս իջեր էր վա՜ր Լեռներէն...

Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի...

Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
-Սեւ գերեզման մը խոժոռ-
Բայց իր կողէն՝
Արծուաթըռիչ նիզակներու խրոխտանքով՝
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:

Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին...:


ՁՄԵՌ ԻՐԻԿՈՒՆ

Դագաղի պէս նեղ օրեր,
Գերեզմանի փայտեայ խաչի պէս տխուր...
Դեռ երա՞զ, սէ՞ր-
Զո՜ւր է, զո՜ւր...
Գերեզմանի փայտեայ խաչի պէս տխուր...:

Ահա կ՛անցնին դիակի գոյն երկնքէն՝
Խուճապահար տարմերն անբախտ ագռաւի...
Ջարդէ փախչող մարդերու պէս կը հեծե՜ն.
Երկնքին մէջ ալ կը ջարդե՜ն՝ երեւի...

Ու փոթորկոտ իրիկունով,
Նախիրն ահա՝ լեռներու մէջ ցանուցիր...
Ո՞վ գրեց, ո՞վ,
Կեանքի օրէնքը կարմիր...:

Այս առտու,
Մարդ մը հուժկու,
-Որ ունէր բիրտ ու արիւնոտ աչուըներ-
Մեծ կացինով մը ջարդեց
Լելակի ծառ մը տարէց:

Խորհեցայ թէ, երբ իյնար
Ծառն իր վտիտ հասակով՝
Այդ մարդն անշուշտ պիտի լար,
Ան հեռացաւ սուլելո՜վ...

Ո՞վ գրեց, ո՞վ...

Ահա կոչնակն Հայ ժամուն.
Հիմա հարկաւ մութ գռիհներն են լեցուն
Հայ մայրերով, մամերով,
Որ ժամ կ՛երթան իրկուն-առտու՝
Աւետարանն համբուրելու...

Անոնց տժգոյն բերաններէն,
Հարկաւ, նորէն
Պիտի քակուի աղօթքն երկար՝
Մեռելներուն հոգւոյն համար...

Յետոյ անոնք, հարկաւ, նորէ՛ն
Իրենց տժգոյն բերաններով պիտի ներէն
Նոյնի՛սկ, նոյնի՛սկ թշնամիին...

Ու երբ մեկնին
Դողդողուն՝
Պիտի նորէ՛ն ունենան
Յիսուսի Ձեռքը շուշան՝
Ուսերնուն...:

Իրիկնամուտ. երկինքն ինչպէ՜ս կը բռնկի...
Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ,
Մարդիկ՝ ծունկի,
Կարծես կ՛այրի՜ն
Դիւային
Սա ամպերուն մէջ նետուած...

Ու կարծես թէ՝
Հեռուն,
Գլխատուած մարդ մ ՛աստղերուն
Դեռ կ՛աղօթէ
Բազկատարած.-
Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ...:

Մա՜հ:
Ո՞վ հզօր իրեն պէս:
Մա՜հ, մա՜հ...
Պէտք է դնել, վերջապէս,
Մեր հոգիները յստակ՝
Իր երկարած սուրին տակ...
Ժպտելո՜վ...

Ո՞վ գրեց, ո՞վ...:

Մեծ-Կղզի, Ապրիլ 1923
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ