dimanche 10 septembre 2017

ՅԱՂԹԱՆԱԿ ♥ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Մութ գիշերին խորութեանը ապաւինած,
Աստղերուն տակ,
Փոթորիկին հեծեծանքին ունկնդրելով,
Սրտիս վէրքը կը դարմանեմ
Ես կրկին...
Հոգիս անդորր է՝ հերոսի մ՛հոգիին պէս.
Աչքերուս մէջ, կամքիս կրակը լուռ ցասումով կը վառի:
Ինձ անծանօթ հեգնութիւն մը, այնպէս վայրի,
Լուռ շրթներուս վրայ թառած՝ կը ժպտի:
Ի՜նչ հոյակապ վեհութիւն այս, գիշերին մէջ,
Աստղերէն վար, նոճերէն վար, ճակատէս վար կը ծորի:
Հոգիս տակաւ կը մթնէ,
Բայց ինչպէս լա՜ւ է այսպէս.
Ա՜հ, ինչու որ,
Այս վայրենի տրտմութիւնով է որ լոկ
Հոգիս կրնայ
Ասանկ յուզուած գիշերներուն խորհուրդին մէջ ընկղմիլ...:

Փոթորիկին հեծեծա՜նքն այս...
Լեգէոններ կարծես թշուառ ու գեղեցիկ հոգիներու,
Սա նոճերուն գիշերին մէջ ծնրադրած,
Ցաւին պայծառ երգը կ՛երգեն.
Ցաւին երգը ի՜նչ խորունկ է եւ ի՜նչ հզօր...
Մեծ բնութի՛ւն, ես քեզ ինչպէ՜ս չպաշտեմ,
Երբ քեզի՛ է որ կը պարտիմ ճանաչումը հոգիիս:
Աստղածորան մէկ գիշերին խորհուրդովը գինովցած,
Ես զգացիխո՜ր զգացի
Աստուածութիւնը թախիծին ու կամքին...

Ու երբ արեւը ծագեցաւ, եւ աշխարհին ես դարձայ,
Նոր մարդ էի,
Հին հոգիովըս՝ նո՜ր մարդկը ժպտէի՜...

Աստղերուն տակ դեռ կը քալեմ
Փոթորիկին հեծեծանքին ունկնդրելով-
Այնպէս անդորր, այնպէս տրտում...
Սրտիս վէրքը դեռ կ՛արիւնի՜,
Արիւնն անոր՝ վարդերու պէս կը ժայթքի
Աղօտ յուշքի մ՛իսկ հպումէն:
Այտերս դեռ
Վերջալոյսի ամպերու պէս գունաթափ են:
Ատեն-ատեն
Դեռ աչքերուս մէջ կ՛իջնէ՝
Իր է՛ն մռայլ, է՛ն սգաւոր մշուշով՝
Գիշերը լուռ Տանջանքին...:

Սակայն, ոչի՜նչ.
Ես յաղթած եմ, ես հերոս եմ:
Ահա տժգոյն դէմքիս վրայ
Եւ աչքերուս գիշերին մէջ,
Յաղթանակի գինովութեան բոսոր քրքիջը կ՛ալեկոծի-
Ես յաղթած եմ...:

Ես յաղթած եմ իր աչքերուն լուրթ գիշերին՝
Իմ թախիծովս ու կամքովս...
Լուսեղ սուրը, զոր անոր դէմ ճօճեցի,
Ես աստղերէն էի առեր այն գիշեր.
Իր շեղբին վրայ, ուրկէ շանթեր կը սողային,
Գիշերի գոյն տառերով՝ «հպարտութիւն» գրուած էր...:

Դեռ փոթորիկը կը կոծկոծի,
Դեռ կը քալեմ...
Ձեռքս՝ հիւանդ սրտիս վրայ,
Աչքերս յորդ՝ հրդեհումովը կամքիս,
Հպարտութեան սուրը ճակտիս՝
Դեռ կը քալեմ...:

1920
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ